ԻՄ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԸ ՈՒՆԻ ԱՆՈՒՆ
Իմ դարմանումի անունը Զաւէն է՝ Զաւէնիկ:
Ամէն անգամ, երբ կը խճճուիմ տխրութեան ոլորապտոյտներու մէջ կամ բանէ մը կը վախնամ, ինքզինքս կը զգամ անզօր ու անօգնական, կը բռնեմ իմ առջինեկի ձեռքը: Անոր բերմնական բուժիչ ուժը զգացի, երբ զայն առաջին անգամ իմ գիրկը առի: Յիրաւի, իմ Զաւէնիկը իմ խաղաղութիւնն է: Իմ փոթորկած հոգին միայն ան կրնայ խաղաղեցնել: Միայն ան կրնայ ցրուել իմ տխրութիւնը: Անկէ ես կ՚առնեմ անսահման ուժ ու զօրութիւն: Զաւէնս՝ իմ անդրանիկ զաւակը, իմ հոգիի լաւագոյն բալասանն է:
Ճիշդ հասկցաք, իմ հոգին նորէն ալեկոծած է: Նորէն կանգնած ենք անդունդի եզրին, թէպէտ երրորդ տարին է, այնտեղէն չենք հեռանար… Նորէն շատցաւ ցաւը, տառապանքը: Ամէն անգամ այդ ցաւը այնպէս մը կը խուժէ, որ մոռացութեան կը մատնէ նախորդը, նախորդները…
Այո՛, Արցախը կրկին կ՚արիւնահոսի, իսկ իմ գրեթէ բոլոր աշակերտները կը ցնծան: Անոնք երեխայ չեն, պատանիներ են՝ անհոգ ու անտարբեր: Իր առօրեայ հոգերով կ՚ապրի նաեւ հայ ժողովուրդը: Կարծես բոլորը մոռցած ըլլան Արցախի մասին: Ո՛չ, ցաւը չկոփեց այդ մարդիկը, անոնք անտարբեր են ու եսասէր: Անոնց հայրենիքը, սրբութիւնը, մտահոգութիւնը իրենց որովայնն է, բարեկեցիկ կեանքը. կարեւորը մենք լաւ ըլլանք, Արցախի ցաւով թող արցախցիները տապակուին:
Օր մը իմ մարդասէր մանչ աշակերտներէն մին իր կարծիքը բարձրաձայնեց. «Գիտէք, ես կը կարծեմ, թէ այսուհետ Արցախի հարցով պիտի զբաղին, Արցախը պիտի պահեն ու պաշտպանեն միայն արցախցիները: Մենք մեր պարտքը կատարեցինք՝ տարիներ շարունակ զոհուելով ու օգնելով Արցախին»: Այսպիսի մտածողութիւնը, անշուշտ, զիս շատ ցաւցուց, սակայն ես չնեղացայ, չզայրացայ իմ աշակերտին: Չէ՞ որ ան տասնհինգ տարեկան պատանի մըն է: Տողատակերուն ակնբախ էր ընտանիքի պատկերը, մտքերը… Պարզապէս կարմիր գրիչով ուղղեցի անոր սխալները. «Արման, տարիներ շարունակ «դուք» զոհուեցաք եւ օգնեցիք ո՛չ թէ Արցախին ու արցախցիին, այլ դուք ձեզի, մեր հայրենիքին՝ Հայաստանին…»:
Երբ տուն դարձայ, անմիջապէս գրկեցի, բռնեցի իմ Զաւէնիկի ձեռքը եւ ցրուեցան իմ բոլոր ցաւերը, տխրութիւնը: Այսօր ալ տխուր եմ: Արցախը որբացաւ: Այս որբուկը Աստուծմէ զատ ոչ ոք կը նկատէ: Անօթի, ցնցոտաւոր որբուկի քիթը արիւնեցաւ: Ո՛չ մէկը կը փորձէ մաքրել այդ արիւնը: Յոգնատանջ Արցախը առանձին ու մինակ է: Անցեալ կիրակի դարձեալ զոհեր… Երեք զոհ, մէկ ծանր վիրաւոր: Այդ ոստիկանները հայրենիքի նկատմամբ իրենց պարտքը կը կատարէին, երբ ինկան անողոք հակառակորդի գնդակէն:
Իմ դարմանումի անունը Զաւէնիկ է: Նորէն բռնեցի անոր ձեռքը՝ փարատելու համար իմ վիշտը: Առիթով մը խոստովանեցայ իմ փոքրիկին.
-Զաւէ՛ն, գիտես, երբ ձեռքդ կը բռնեմ՝ մեծ ուժ կը ստանամ:
Անմիջապէս լալու սկսաւ.
-Ի՞նչ պատահեցաւ, տղաս:
-Իմ բոլոր ուժերը կը տանիս: Ես այլեւս ուժեղ պիտի չըլլամ,- տամուկ աչքերով պատասխանեց ան:
-Ո՛չ որդիս, այդպէս չէ: Քու ուժը այնքան շատ է, որ կը փարատէ մայրիկիդ տխրութիւնը, վատ մտածումները:
Հասկցաւ: Ուրախացաւ, որ կրնայ օգտակար ըլլալ իր մայրիկին: Մեր այս խօսակցութենէն վերջ, ամէն անգամ երբ զիս անտրամադիր կը տեսնէ, կը մօտենայ.
-Մա՛մ, ձեռքս բռնէ, որպէսզի ուժով ըլլաս, որպէսզի չտխրիս:
Այդ մէկ նախադասութիւնը, այդ ուշադրութիւնը, հոգատարութիւնը կ՚երջանկացնէ, կը ջերմացնէ զիս:
Այստեղ կ՚ուզեմ քիչ մը պատմել Զաւէնիկի սրամտութիւններէն.
Անցեալներս եկեղեցիէն տուն կը վերադառնայինք.
-Մամ, երբ ես մեծնամ, դուն պիտի պզտիկնա՞ս:
-Այո՛, Զաւէն:
-Իսկ ո՞վ քեզ պիտի քնցնէ:
-Դուն,- պատասխանեցի ես:
-Բայց ես կաթիկ չունիմ,- տխրեցաւ Զաւէնիկ:
Օր մըն ալ կը դիտէինք մեր սիրելի երգի «Եկ քինինք Արցախ» տեսահոլովակը, որու մէջ կ՚երեւի Շուշին: Հայոց բերդաքաղաքի մուտքին կը ծածանին Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի դրօշակները: Զաւէնիկ շատ զարմացաւ:
-Թուրքիոյ դրօշակը ի՞նչ գործ ունի Շուշիի մէջ:
Արին բացատրեց, որ պատերազմի հետեւանքով Շուշին կորսնցուցինք.
-Պապ, եաեան ալ հո՞ն է, Շուշիի մէջ:
Աւելի քան ամիս մը Պոլիս բնակելով, Զաւէնիկ իւրաքանչիւր քայլափոխին կը տեսնէր Թուրքիոյ դրօշակը եւ այլեւս կը ճանչնայ զայն: Գիտէ, թէ ո՛ր մեծ հայրն ու մեծ մայրը կը բնակին Պոլիս՝ Թուրքիոյ մէջ: Քանի որ թրքական դրօշակը հասաւ Շուշի քաղաք, ան խորհեցաւ, թէ իր սիրելիները նոյնպէս եկան Շուշի:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 01/20/2025