«ԱՐԱՍ» ԼՈՅՍ ԸՆԾԱՅԵՑ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ՆԻՒԹՈՎ ԳԻՐՔ ՄԸ. «YOK HÜKMÜNDE»

«Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը այս շրջա­նին գրա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան տրա­մադ­րու­թեան տակ դրած է եր­կու նոր ու հե­տաքրք­րա­կան գիրք։ Ա­նոնց­մէ մին կը կո­չուի «Ճամ­բոր­դու­թիւն դէ­պի Լա­զաս­տան», ո­րու հե­ղի­նակն է Նի­քո­լայ Մարր։ Ռու­սե­րէ­նէ թարգ­մա­նու­թիւ­նը կա­տա­րուած է Եուլ­պա Մու­հուր­ճի­շիի կող­մէ։ Գիր­քին խմբա­գի­րը ե­ղած է Ար­թուն Կե­պեն­լիօղ­լու։

«Ա­րաս»ի հրա­տա­րա­կած միւս գիր­քը կը կո­չուի «Yok Hükmünde»։ Այս գիր­քը կը վե­րա­բե­րի Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան եւ ի­րա­ւա­բա­նա­կան ան­ձի կամ պաշ­տօ­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կի խնդիր­նե­րուն։ Գոր­ծին հա­մախմ­բա­գիր­ներն են Ռո­պէր Քոփ­թաշ եւ Պիւ­լենտ Ուս­տա։ Գիր­քի զա­նա­զան բա­ժին­նե­րուն մէջ տեղ տրուած են պատ­մա­կան ակ­նարկ­նե­րու, կեն­դա­նի վկա­յու­թիւն­նե­րու, գործ­նա­կան գետ­նի շօ­շա­փե­լի օ­րի­նակ­նե­րու, աշ­խար­հի օ­րի­նակ­նե­րու հետ բաղ­դա­տու­թեանց եւ պաշ­տօ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մօ­տե­ցում­նե­րուն։ Ա­կե­դա­մա­կան­նե­րու վեր­լու­ծու­թիւն­նե­րուն ալ տեղ տրուած է այս գիր­քին մէջ, որ ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նայ շատ այժ­մէա­կան նիւ­թի մը շուրջ խոր­քա­յին պատ­կե­րա­ցում մը կազ­մե­լու։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 8, 2016