ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

«Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք: Հոս չէ՛ Ան. յարութի՛ւն առաւ: Յիշեցէ՛ք ինչ որ ըսաւ՝ մինչ տակաւին ձեզի հետ Գալիլեա կը գտնուէր, թէ Մարդու Որդին պէտք էր յանձնուէր մեղաւոր մարդոց ձեռքը, պէտք էր խաչուէր եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէր» (Յհ 24.5-7)։

Առաւօտ կանուխ էր, տակաւին լոյսը ամբողջութեամբ իր տիրակալութիւնը չէր հռչակած երկրի վրայ: Թռչունները տակաւին նոր կը սկսէին իրենց ամէնօրեայ ճռուողիւնը՝ մարդոց ու բնութեան յայտարարելով նոր արշալոյսի մը սկիզը:

Անդին, երեք կիներ, անձայն, լուռ, իրարու ետեւէ փոքրիկ քայլերով կը շտապէին դէպի գերեզմաններ: Այդ պահուն ոեւէ մէկը եթէ տեսնէր զանոնք, պիտի կարծէր, թէ անոնք գինովցած ու իրենց ճանապարհը կորսնցուցած էին: Իրականութեան մէջ, անոնք գինովցած էին, սակայն տարբեր գինովութեամբ մը, որ այս աշխարհին համար անծանօթ էր:

Շուրջ երեք տարիներ անոնք հանդիպած էին Մէկու մը, որ իրենց ամբողջ կեանքը փոխած էր: Անոնց կեանքին վրայ գործած էր դրական ազդեցութիւն մը, որ տակաւին չէին կրցած հասկնալ: Նորութիւն մը, որ իրենց ուժ տուած է առաւօտեան այս կանուխ ժամերուն իրենց տուներէն դուրս գալ եւ ուղղուիլ դէպի գերեզմաններ…

Երեք կիներն ալ իրենք իրենց ներսիդին կը մտածէին եւ երբեմն-երբեմն կը վիճէին նոյնիսկ՝ երբ կասկածը կու գար այցելելու իրենց եւ խառնելու իրենց մտածումները… Արդարեւ, այդ իւրայատուկ Անձնաւորութեան, որուն հանդիպած էին, լսած էին Անկէ, թէ ժամանակ պիտի գար, երբ Ինք Իր հակառակորդներուն ձեռքը պիտի մատնուէր, անոնք պիտի չարչարէին ու տանջէին զինք, նոյնիսկ մահուան պիտի դատապարտէին, սակայն, ո՛չ բնական մահուան, այլ՝ խաչի մահուան, որ այդ ժամանակներուն մահուան ամենէն անարգ ձեւերէն մէկն էր:

Իրենք երբ լսած էին այս բոլորը, սարսափած էին, չէին ուզած հաւատալ, նոյնիսկ ուզած էին հակառակիլ իրենց Վարդապետին, սակայն վստահութիւնն ու հաւատքը, որ ունէին Անոր նկատմամբ, թոյլ չէին տը-ւած իրենց, որպէսզի ձայն բարձրացնեն:

Չխօսելուն կամ Անոր չհակառակելուն կարեւորագոյն պատճառներէն մէկը այն եղած էր, որ Ան հակառակ անոր, որ խօսած էր իրենց Իր կրելիք չարչարանքներուն մասին, միւս կողմէ, սակայն, անոնց յուսադրած էր, թէ գերեզման դրուելէ ետք այնտեղ պիտի չմնար, այլ՝ երեք օր ետք յարութիւն պիտի առնէր:

Կիները ականատես եղած էին կամ լսած էին, թէ Ան ինչպէս որոշ ժամանակ մը առաջ յարութիւն տուած էր չորսօրեայ մահացած իր մտերիմին՝ Ղազարոսին: Եւ հիմա, երբ Ան իրենց կը խօսէր Իր յարութիւն առնելուն մասին, մէկ կողմէ կը հաւատային, միւս կողմէ, սակայն, կասկածը կը կրծէր զիրենք եւ չարը ամէն կերպով կը փորձէր խառնել ու պղտորել անոնց միտքերը…:

Այս բոլորը, սակայն, պահուան մը համար շոգիացած էին, երբ անոնք իրենց սիրելի Վարդապետը տեսած էին խաչին վրայ՝ ձեռքերը պարզած ու արիւնաքամ եղած ատեն… Տեսած էին, թէ ինչպէս Ան Իր հոգին աւանդած էր: Աւելի ուշ տեսած էին, թէ ինչպէս զԻնք խաչէն իջեցնելէ ետք տարած էին ու թաղած ժայռափոր նոր գերեզմանի մը մէջ…: Ատկէ ետք խոր լռութիւն մը եւ ճնշող զգացումներ տիրած էին իրենցմէ իւրաքանչիւրին էութենէն ներս… Կը փորձէին հասկնալ կատարուածը, սակայն չէին կրնար ըմբռնել, չէին կրնար զուտ մարդկային տրամաբանութեամբ հասկնալ կատարուածը եւ այդ ալ աւելի կը ճնշէր իրենց վրայ եւ չէին գիտեր, թէ ինչ ընեն…

Եւ ահա, Անոր թաղումէն երեք օրեր ետք, կիրակի առաւօտեան կանուխ, համաձայն իրենց ազգի աւանդութեան, կը շտապէին գերեզման, որպէսզի իրենց ծիսական սովորութիւնները կատարէին: Լուռ ու մունջ փոքրիկ քայլերով կը յառաջանային դէպի գերեզման, միւս կողմէ, սակայն, իրենցմէ իւրաքանչիւրը ինքն իրեն կը մտածէր, թէ ո՞վ իրենց համար ո՞վ պիտի գլորէր գերեզմանին դիմաց հսկայ ժայռը, որպէսզի կարենային ներս մտնել…

Մինչ այս մտածումներով տարուած էին, կը հասնին գերեզման. եւ ի՜նչ զարմանք, գերեզմանին մուտքին դրուած քարը չկար, գլորուած էր: Կը շտապեն ու ներս կը մտնեն… եւ ապշահար ու սարսափած կը կանգնին... Իրենց սիրելի Վարդապետին մարմինը այնտեղ չէր…: Յանկարծ, սակայն, կը նկատեն, որ գերեզմանին մէջ կը յայտնուին երկու սպիտակազգեստ մարդիկ… Կիները վախնալով իրենց դէմքերը դէպի գետին կը դարձնեն: Սպիտակազգեստ մարդիկը տեսնելով կիներուն սարսափն ու վախը անոնց դիմելով կ՚ըսեն. «Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք: Հոս չէ՛ Ան. յարութի՛ւն առաւ: Յիշեցէ՛ք ինչ որ ըսաւ՝ մինչ տակաւին ձեզի հետ Գալիլեա կը գտնուէր, թէ Մարդու Որդին պէտք էր յանձնուէր մեղաւոր մարդոց ձեռքը, պէտք էր խաչուէր եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէր» (Յհ 24.5-7):

Կիները այս լսելով, ներքին փոթորիկ մը կ՚ապրին, կը վերիշեն իրենց Ուսուցիչին խօսքերը այս մասին, կը մտաբերեն, թէ ինչպէս Ան մի քանի անգամ խօսած էր իրենց այս բոլոր պատահածներուն մասին եւ յուսադրած ու քաջալերած էր անոնք՝ ըսելով, թէ այդ բոլոր չարչարանքներն ու տանջանքները, խաչն ու գերեզմանը վերջը չեն, որովհետեւ ձեզի եւ ձեր միջոցով բոլոր մարդոց սիրոյն համար այդ բոլորին մէջէն պէտք է անցնիմ, որպէսզի կարենամ ձեզ Աստուծոյ որդեգրութեան վերադարձնել ու փրկել ձեզ մեղքի ճիրաններէն: Դուք տեսնելով Իմ կրած չարչարանքներս ու նեղութիւններս մի՛ նեղուիք եւ ձեր սիրտերը թող չխռովին, որովհետեւ գերեզման դրուելէ երեք օր ետք յարութիւն պիտի առնեմ, վերջնականապէս յաղթանակ տանելով չարին ու անոր արբանեակներուն դէմ եւ մարդը վերստին պիտի դարձնեմ իր նախկին վիճակին:

Կիները այս մտածումներով տոգորուած եւ կամաց-կամաց վերագտնելով իրենց ներքին անդորրութիւնն ու վստահութիւնը, այն զգացումը, որ միշտ կ՚ունենային երբ կը լսիէին իրենց սիրելի Վարդապետին ձայնը՝ դուրս գալով գերեզմանէն, շտապեցին առաքեալներուն մօտ եւ աւետեցին անոնց իրենց Վարդապետին յարութիւն առած ըլլալուն մասին…:

Ի՜նչ երանելի են այդ կիները, որոնք առաջին վկաները եղան Տէր Յիսուսի յարութեան փաստին եւ առաջին աւետիս փոխանցողները եղան Քրիստոսի յարութեան:

Այսօր, երբ քրիստոնէական աշխարհը կը նշէ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան հրաշափառ տօնը, միլիոնաւոր մարդիկ զիրար կ՚ողջունեն, ըսելով՝ «Քրիստոսի յարեաւ ի մեռելոց» եւ ի դիմաց կը ստանան հետեւեալ պատասխանը. «Օրհնեա՜լ է յարութիւնն Քրիստոսի»:

Աւետումի այս ձեւը վաղուց կորսնցուցած է իր արժէքն ու իմաստը, որովհետեւ մեզմէ շատեր զայն մեքենայական կերպով կը գործածէ, առանց անոր խորքը թափանցելու եւ հասկնալու իր տուած աւետիսին իմաստը: Եթէ փորձենք հասկնալ, թէ ինչո՞ւ համար այդպէս անիմաստ դարձած է այս աւետումը, ապա պատասխանը շատ պարզ է. որովհետեւ այսօրուան մարդը յարութեան հետքերով չ՚ընթանար, այլ՝ յարութեան աւետիսը պատրաստի՝ մեքենայական կերպով կը վերցնէ ու կը փոխանցէ:

Երեք կիները, որոնց մասին վերը անդրադարձայ, յարութեան աւետիսը ոչինչէն կամ պատրաստի չստացան կամ առին, այլ՝ հակառակ հրեաներու պատճառած վախին ու սարսափին, հակառակ վտանգներուն ու ծանրագոյն պատիժներուն, որոնց կրնային ենթարկուիլ, եթէ հրեաները բռնէին զիրենք ու գիտնային, թէ ուր կ՚երթան, իրենք այս բոլոր վտանգները մէկ կողմ ձգած, անտեսելով ամէն տեսակի սպասուող պատիժ կամ նեղութիւն, կը շտապէին իրենց սիրելի Վարդապետին գերեզմանը, իրենց վերջին պարտականութիւնը մատուցելու Անոր, սակայն ի՜նչ հրաշք, ի՜նչ երանութեան արժանացան անոնք՝ լսելով սպիտակազգեստ մարդոց տուած աւետիսը, թէ՝ ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք: Հոս չէ՛ Ան. յարութի՛ւն առաւ: Պահ մը պատկերացուցէք կիներուն ուրախութիւնը, երբ լսեցին այս աւետիսը: Իրենք մարդկային մտածելակերպի սահմաններուն ներածին չափով՝ եկած էին վերջին տուրքը մատուցելու, սակայն, ստացան ամբողջ մարդկութեան կեանքին ընթացքը փոխող եւ նոր իմաստ տուող աւետիսը, կեա՛նքի աւետիսը, կեանքին մահուան դէմ վերջնականօրէն յաղթանակ տանելուն աւետիսը եւ այդպիսով առաջին վկաները հանդիսացան այդ պատմական ու յաւիտենական անխախտ փաստին:

Այսօր իւրաքանչիւր մարդ պէտք է ընթանայ յարութեան հետքերով, փնտռէ՛ յարութիւնը, գտնէ՛ զայն եւ վկա՛ն դառնայ այդ յարութեան իր կեանքով: Յարութեան այս դէպքը առասպել մը չէ ինչպէս անհաւատները կը պնդեն, կամ հրեաները կը շարունակեն ստել հիմնուելով իրենց նախնիներուն դրամով հնարած կեղծիքին վրայ, որով հրապուրեցին գերեզմանին պահակութիւն ընող զինուորները եւ անոնց թելադրեցին, որ ըսեն, թէ՝ «Իր աշակերտները գիշերով եկան եւ գողցան մարմինը, երբ մենք քնացած էինք» (Մտ 28.13): Եթէ այդպէս ըլլար, շուրջ հարիւ կամ հարիւր յիսուն տարի պիտի խօսուէր Անոր մասին եւ ապա անցնէր պատմութեան գիրքերուն մէջ եւ այսօր միայն որոշ պատմաբաններ պիտի իմանային Անոր մասին: Սակայն, ճիշդ հակառակ փաստը ունինք. այն, որ այսօր միլիոնաւոր մարդիկ կը յիշատակեն Անոր Հրաշափառ Յարութեան փաստը: Ճի՛շդ է, որ շատեր մեքենայականօրէն առանց հասկնալու յարութեան խորքը, միւս կողմէ, սակայն, շատեր կան, որոնք ամբողջական գիտակցութեամբ կը մօտենան յարութեան փաստին, անոր մէջ տեսնելով իրենց յարութիւնը, իրենց կեանքը:

Աւարտենք մեր գրութիւնը Սուրբ Գրիգոր Աստուածաբանի հետեւեալ մտածումով.

«Յիսուս մեռելներէն յարութիւն առաւ՝ դուք ալ յարութիւն առէք հետը:

Յիսուս վերադարձաւ Իր տեղը, դուք ալ վերադարձէք Անոր հետ:

Յիսուս ազատուեցաւ գերեզմանի կապանքէն, դուք ալ մեղքի կապանքէն ազատուեցէք:

Դժոխքին դռները բացուեցան, մահը կը լուծուի:

Հին Ադամը կը հեռանայ, եւ Նորը կու գայ մեզի»:

Յարութի՛ւն առնենք Տէր Յիսուսի հետ, վերադառնա՛նք մեր նախկին վիճակին, երբ Աստուծոյ հնազանդութեան մէջ էինք տակաւին, գերեզման չիջած՝ մեղքի կապանքներէն ազատուինք, որովհետեւ մէյ մը եթէ այդ կապանքներով գերեզման իջնենք, այլեւս չե՛նք կրնար ազատուիլ ատոնցմէ: Հեռո՛ւ մնանք դժոխքի դռներէն, որոնք մահուամբ լեցուն են: Հանե՛նք մեր վրայէն Հին Ադամը եւ հագնի՛նք Նորը, որպէսզի Նոր Ադամով նորոգուած հասնինք յարութեան, ի Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս, Որդուն, Հօր եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին, փա՜ռք եւ երկրպագութիւն յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:

Յարութեան հետքերով ընթանալով ու արժանապէս հասնելով յարութեան, ուրախութեամբ ողջունենք զիրար, ըսելով՝

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ,

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

*

ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ

Աւագ շաբաթը հանգիստի օր է Քրիստոսի մարմինին եւ Իր աշակերտներուն, իսկ միւս կողմէ նախապատրաստութիւն՝ մարդկութեան պատմութեան անկիւնադարձային դէպքին՝ յարութեան, որ յեղաշրջեց ամբողջ մարդկային ցեղը, անոր տալով յաւիտենականին յոյսն ու խոստումը։

Եկեղեցւոյ վարդապետութեան համաձայն, մեր Տէրը մահանալէ ետք իջած է դժոխք, աւերած է զայն եւ արդարներու հոգիներուն փրկութիւն շնորհած։

Առաւօտեան Ժամերգութիւն կը կատարուի, իսկ երեկոյեան Ճրագալոյցի Պատարագ։ Ճրագալոյց կը նշանակէ ճրագները վառել։ Անցեալին, կիրակի երեկոները ճրագներուն մէջ ձէթ կը լեցնէին ու կը վառէին։ Աւելի ուշ, ճրագալոյց ըսուած է երեկոյեան մատուցուած պատարագներուն։

Հայ Եկեղեցին երկու ճրագալոյցի Պատարագ կը մատուցէ՝ Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներուն նախորդող երեկոներուն։ Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին երբ Յիսուսի յարութեան աւետիսը կը տրուի, Մեծ պահքի շրջանը կը լրանայ։ «Մեռաւ՝ անօրէններուն հետ խաչակից ըլլալով, սակայն հարուստին հարուստ գերեզմանին մէջ թաղուեցաւ՝ հարուստներու եւ իշխաններու ձեռքով, ժայռափոր նոր գերեզմանի մէջ՝ սուրբ կտաւներով, խունկերով, զմուռսներով եւ հալուէներով պատանքուելով, Նիկոդեմոս իշխանէն եւ Յովսէփ Նախարարէն (Յհ 19.38-42: Մր 15.42-46: Ղկ 23.50-53), եւ շատ մեծազօր իշխաններու եւ իշխանազուններու նման, Իր գերեզմանին շուրջ պահակ զինուորներ դրին (Մտ 27.62-66). հարուստին հետ եղաւ, մարգարէին ըսածին համաձայն (Ես 53.9)։

«Իշխանաբար յարութիւն առաւ երրորդ օրը՝ Աստուածահրաշ սքանչելիքներով. որպէս առաջին օրինակ մեռելներու յարութեան (Ա.Կր 15.20). այն օրը, երբ ցորենի երախայրիքը նուէր կը մատուցէին տաճարին (Ել 23.16). եւ Իր հետ յարութիւն առին բազմաթիւ սուրբ ննջեցեալներու մարմինները, եւ Սուրբ Քաղաքը՝ Երուսաղէմ մտնելով շատերու երեւցան (Մտ 27.52-53)» (Սահակ Քհնյ. Տէր-Սարգսեան)։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2023