ԶԱՀՐԱՏԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԹՐՔԵՐԷՆ ԺՈՂՈՎԱԾՈՆ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը պատ­րաս­տած է ան­մահ բա­նաս­տեղծ Զահ­րա­տի գոր­ծե­րէն բաղ­կա­ցեալ թրքե­րէն ժո­ղո­վա­ծոյ մը։ Այս գիր­քը, որ ձօ­նուած է Զահ­րա­տի ծննդեան 91-րդ տա­րե­դար­ձին, կ՚ընդգր­կէ ա­նոր ա­ռա­ջին ան­գամ թրքե­րէ­նի թարգ­մա­նուած շարք մը ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ «Ferah Tut Yüreğini» խո­րագ­րեալ այս ժո­ղո­վա­ծո­յի ծա­նօ­թաց­ման հա­մար այս շա­բա­թա­վեր­ջին նա­խա­տե­սուած է շնոր­հան­դէս մը։ Թէեւ «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը ընդ­հան­րա­պէս իր հրա­տա­րա­կած գիր­քե­րուն հա­մար շնոր­հան­դէս­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու ա­ւան­դոյթ մը չու­նի, սա­կայն, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, այս պա­րա­գա­յին յար­մար դա­տուած է բա­ցա­ռու­թիւն մը ը­նե­լը։ Կա­լա­թա­սա­րա­յի «Ճե­զա­յիր» հա­մա­լի­րին մէջ նա­խա­տե­սուած ձեռ­նար­կին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը պի­տի բե­րէ նաեւ Զահ­րա­տի կո­ղա­կի­ցը՝ Ա­նա­յիս Եալ­տըզ­ճեան։ Շա­բա­թա­վեր­ջին կա­յա­նա­լիք ձեռ­նար­կը յատ­կան­շա­կան է նաեւ այն ա­ռու­մով, որ կը զու­գա­դի­պի Զահ­րա­տի տա­րե­դար­ձին՝ Մա­յի­սի 10-ին։ 
Ներ­կայ գիր­քին մէջ ընդգր­կուած գոր­ծե­րը թարգ­մա­նած է Յով­հան­նէս Շաշ­քալ, որ նա­խա­պէս ալ ե­րեք ան­գամ թրքե­րէ­նի թարգ­մա­նած էր Զահ­րա­տի գոր­ծե­րը։
Ծանօթ է, որ Զահրատի գործերը թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու եւ միշտ արժանացած՝ ու-շադրութեան։ 

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015