ԱՅԼԵՒԱՅԼ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (Միտքի խարխափումներ)
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՁԵՐԲԱԶԱՏԻԼ ԵՐԿՄՏՈՒԹԵՆԷՆ
Երիտասարդ մը քահանայի մը դիմեց՝ խօսելու համար իր դժուարութեան մասին: Սկսելով խօսիլ քահանային հետ՝ բացատրեց, թէ շատ յաճախ որոշումներ կայացնելու ժամանակ երկմտանքի մէջ կ՚իյնայ եւ չի՛ կրնար ճիշդ որոշումներ առնել այդ երկմտանքին պատճառով: Ու դիմելով քահանային հարցուց.
-Տէր Հայր, ի՞նչ պէտք է ընեմ, որպէսզի կարենամ յաղթահարել երկմտութեան այս դժուարութիւնը:
Քահանան, որ տարիքով բաւական մեծ էր եւ սպիտակ մօրուք մը ունէր, սկսաւ շոյել իր մօրուքը ու խօսքը ուղղելով երիտասարդին ըսաւ.
-Որդեա՜կս, տեղին է անհանգստութիւնդ եւ այս վիճակին մասին դարման փնտռելդ: Պիտի առաջարկեմ քեզի միասնաբար կարդանք Յակոբոս Տեառնեղբօր հետեւեալ տողերը, որոնց ընթերցումէն ետք վստահ եմ, որ որոշում պիտի կայացնես յետ այսու զգուշութեամբ վարուելու եւ աստիճանաբար երկմտութիւնը քեզմէ հեռու վանելու, որովհետեւ երկմտութիւնը անհաստատութեան բոյն է: Կարդա՛նք. «Եթէ ձեզմէ մէկը կը զգայ, թէ անհրաժեշտ իմաստութիւնը չունի, թող խնդրէ Աստուծմէ, որ բոլորին կու տայ առատօրէն եւ սիրայօժար կերպով, եւ Աստուած պիտի տայ իրեն: Բայց թող խնդրէ հաւատքո՛վ, առանց երկմտելու, որովհետեւ երկմիտ մարդը կը նմանի ծովու ալիքներուն, որոնք հովերէն կը շարժին ու կը տարուբերին: Այնպիսին թող չակնկալէ, որ Տէրը կու տայ իր խնդրածը, որովհետեւ երկմիտ մարդը իր բոլոր քայլերուն մէջ անհաստատ է» (Յկ 1.5-8):
ՅԱՃԱԽ ԿԸ ԴԺԳՈՀԻՆՔ…
Յաճախ կը դժգոհինք՝
Մեր տկար տեսողութենէն կամ ակնոցներու անյարմարութենէն, մտածե՛նք կոյրերու մասին:
Մեր տկար լսողութենէն կամ մեր ականջին մեծ ու փոքր ըլլալու հանգամանքէն, մտածե՛նք խուլերուն մասին:
Մեր շրթներէն-բերաններէն, մտածե՛նք համրերու մասին:
Մեր ձեռքերէն, թէ կը ցաւին, շատ ծանրաբեռնուած ենք, եւ այլն, մտածե՛նք ձեռքերով հաշմանդամներու մասին:
Մեր ոտքերէն, թէ ուռած են երկար քայլելէ, պէտք է անպայման ինքնաշարժ մը ձեռք ձգեմ, մտածե՛նք կաղերուն մասին:
Պա՛հ մը, միայն, եթէ այս եւ այլ նման երեւոյթներու մասին մտածենք, կը նկատենք, որ դժգոհելու ո՛չ մէկ պատճառ, աւելին՝ իրաւունքն իսկ չունինք:
«ՓԱՌՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ, ԼԱՒ ԵՄ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՄ ՀԱՐՑՆԵԼՈՒԴ…»
Երիտասարդ մը, ամէն առաւօտ գործի գացած ժամանակ կը բարեւէր իրենց կողքի ծեր դրացիին, որ նստած կ՚ըլլար իր տան դիմաց, ու անոր որպիսութիւնը կը հարցնէր, եւ միշտ գրեթէ նոյն պատասխանը կը ստանար.
-Փառք Աստուծոյ, զաւակս, լաւ եմ եւ շնորհակալ եմ հարցնելուդ:
Երիտասարդը, որ արդէն մի քանի տարի էր, որ իր ծեր դրացիէն նոյն պատասխանը կը լսէր, օր մը կ՚որոշէ հետաքրքրուիլ իրմէ ու հասկնալ, թէ ինչո՞ւ միշտ շնորհակալ սիրտով փառք կու տայ Աստուծոյ եւ իրեն շնորհակալութիւն կը յայտնէ: Այսպիսով, յաջորդ առաւօտ նոյն պատասխանը ստանալէ ետք, կը դիմէ ծեր դրացիին.
-Հայրիկ, քանի տարի է արդէն, որ ամէն օր քեզմէ նոյն պատասխանը կը ստանամ, կ՚ուզեմ գիտնալ պատճառը:
Ծերուկը ժպտալով, կը պատասխանէ.
-Զաւակս, երբ երիտասարդ էի եւ նոր աշխատանքի անցած էի, ամէն ինչէն կը դժգոհէի՝ աշխատանքէս, աշխատակակիցներէս, գործատէրէն, ընկերներէս, մէկ խօսքով, ամէն բանէ կը գանգատէի, կը գանգատէի ու կը գանգատէի, բայց միաժամանակ կը զգայի, որ դարձեալ գոհ չեմ, դարձեալ խաղաղ չեմ, դարձեալ երջանիկ չեմ: Օր մը սակայն, աղքատ ու կաղ ծերուկի մը դէմքին նկատած ժպիտը փոխեց ամէն ինչ: Այդ ժպիտը տեսնելէն ետք, սկսայ մտածել ու այպանել ինքզինքս, ըսելով, թէ տակաւին երիտասարդ եմ, աշխատանք ունիմ, ոտքեր ունիմ, կեանքը տակաւին առջեւս է, մէկ խօսքով ամէն ինչ ունիմ, բայց միշտ դժգոհ եմ, մինչ տեսած ծերուկս, որ աղքատ ու կաղ էր, կը ժպտար ու այդ ժպիտին մէջ այնքա՜ն խաղաղութիւն ու երջանկութիւն կար, որ կ՚ազդէր չորս կողմը գտնուողներուն վրայ: Այդ օրէն սկսած, որոշեցի, որ այլեւս ո՛չ մէկ բանէ պիտի դժգոհիմ ու պիտի փոխեմ իմ վարք ու բարքս, շնորհակալ պիտի ըլլամ ունեցածիս համար եւ փորձեմ կարելի եղածին չափ բարութիւն տարածեմ շուրջիններուս: Եւ, փա՜ռք կու տամ Աստուծոյ, որ զիս ճիշդ ճանապարհին բերաւ ու հասկցայ, որ այդ աղքատ ու կաղ ծերուկը, որուն այդ օր հանդիպեցայ, ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ Աստուծմէ ղրկուած առաքեալ մը, որ պատճառ դարձաւ իմ կեանքս դէպի լաւը փոխելու:
Խորհուրդս քեզի այն է զաւակս, որ դուն եւս միշտ շնորհակալ եւ գոհ ըլլաս ունեցածիդ համար, մնացածը Աստուած ժամանակին կու տայ քեզի, ինչպէս որ ինծի տուաւ:
ՎԻՐԱՒՈՐԱ՞ՆՔ, ԹԷ՞ ՈՒՂՂՈՒԵԼՈՒ ԱՌԻԹ
Այսօր մեզմէ շատեր երբ Պատարագի կը մասնակցին, վրդոված եւ նեղացած սիրտով կը հեռանան եկեղեցիէն՝ Պատարագը աւարտելէ ետք: Եւ երբ հարց տանք՝ ինչո՞ւ համար է այդ վիճակը, կը պատասխանեն, որ պատարագիչ քահանային քարոզին մէջ որոշակի խօսքեր վիրաւորեցին զիս... Պահ մը մտածենք. եթէ հոգեւոր մեր կեանքին մէջ ճիշդ ուղղութեան մէջ ըլլանք, ո՛չ մէկ քահանայի ո՛չ մէկ խօսք կրնան վիրաւորել մեզ, ընդհակառակը, անոնք մեզի ուղղութեան միջոց կրնան ըլլալ միայն: Այս ուղղութեամբ Մեղրիկ Եպսկ. Բարիքեան կ՚ըսէ. «Այսօր ալ մեր կեանքին մէջ, եթէ երբեք երբեմն կը վիրաւորուինք Եկեղեցւոյ մէջ, այդ վիրաւորանքը ո՛չ թէ վիրաւորելու համար է, ցաւցնելու համար է, այլ՝ ուղղելու համար, շիտակ ճամբան ցոյց տալու համար է: Եւ երանի՜ անոնց, որոնք կը գտնեն այդ ուղղութիւնը իրենց կեանքին մէջ եւ չեն ըսեր, վա՛ղը կը նայինք, թէ ինչ կ՚ըլլայ: Վաղը ամէն բանի համար ուշ է: Վաղը ամէն ինչի համար ուշ է: Ա՛յսօրն է կարեւորը: Եթէ այսօր մենք չնայինք Աստուծոյ, չփնտռենք զԱստուած մեր կեանքին մէջ, վաղը կրնայ ուշ ըլլալ ամէն մէկուս համար»:
ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ԲԵՐԱՆՆԵՐԸ ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՄԲ ԶԱՐԴԱՐԵՆՔ
Ծնողներ, հարազատներ, մտերիմ բարեկամներ, երբ իրենց գերդաստանին կամ մտերիմներուն ընտանիքներէն ներս զաւակ մը կը ծնի, կ՚ուրախանան: Արդար եւ իրաւ: Ծնելէն ետք, օր օրի կը հետեւին ու անհամբերութեամբ կը սպասեն, թէ այդ զաւակը ե՛րբ պիտի սկսի քալել ու խօսիլ: Արդար եւ իրաւ: Անարդարն ու անիրաւը այն է սակայն, որ խօսիլ սկսելէ ետք, մամա-պապա ըսելէ ետք, երբեմն նոյնիսկ ծնողները եւ հարազատները, կը սկսին հայհոյանք սորվեցնել այդ անմեղ մանուկին ու հաճոյք կը ստանան այդ բանը ընելով: Սակայն չարաչար կը սխալին, որովհետեւ այդպիսով այդ անմեղ մանուկին ձիւնի պէս ճերմակ հոգին կը սեւցնեն ու փոխանակ բարի սերմեր ցանելու՝ չար սերմեր կը ցանեն, որով կ՚ապականեն այդ մանուկին ամբողջ կեանքը: Այդ բանը ընողներուն ի՜նչ ազդեցիկ կերպով կը համեմատի Պօղոս Ադրիանապոլսեցի Պատրիարքին հետեւեալ խօսքերը. «Երանի հայհոյողին ականջը կտրէին ու բերանին կարէին, որ լսէր, թէ ինչ կը խօսի: Իսկապէս, եթէ հայհոյողը լսէր իր հիշոցները, ամօթէն բերանը կը փակէր: Լաւ է բերանը համր եւ մաքուր ըլլայ, քան՝ խօսող եւ անմաքուր»: Երանի՜ մեր զաւակներուն բերանները մաքրութեամբ զարդարենք, քան թէ՝ անմաքրութեամբ:
ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՓՈՐՁԵՆՔ ԸՆԵԼ
Երիտասարդ մը ժպիտը դէմքին եւ ուրախութեամբ ողողուած մօտեցաւ վանականին ու սկսաւ ոգեւորութեամբ պատմել.
-Հայր իմ, վերջապէս յաջողեցանք ամիսներով մեր տարած աշխատանքը իր աւարտին հասցնել: Մի քանի ընկերներով ամիսներ առաջ, որոշած էինք բարեգործութիւն կատարել կարօտեալներուն եւ այդ ուղղութեամբ սկսած էինք աշխատիլ, հանգանակութիւն կատարել, ապրանքներ հաւաքել, մէկ խօսքով ինչ որ կրնայինք ընել՝ ըրած ենք: Իսկ երէկ, այդ մի քանի ամիսներուն աշխատանքը իր աւարտին հասցուցինք, երբ այցելեցինք բազմաթիւ կարօտեալներու եւ մեր հաւաքած նուէրները բաժնեցինք: Չես պատկերացներ, հայր իմ, թէ ի՜նչ ուրախութիւն եւ հոգեկան մեծ բաւարարութիւն ստացանք, տեսնելով այդ մարդոց ուրախութիւնը եւ երախտագիտութեան ժպիտները: Մէկ խօսքով, այն ինչի մասին ամիսներ առաջ մտածած էինք, յաջողեցանք իրականութիւն դարձնել:
Վանականը պահ մը լուռ մնալէ ետք, աչքերը սեւեռելով դէպի երկինք՝ հարցուց երիտասարդին.
-Զաւակս, կրնայ ըլլալ ըսածս քեզի ծանր թուի, բայց ինչպէս գիտես, ճշմարտութիւնը միշտ կը ցաւցնէ մեզ: Տես, ուրախութեամբ պատմեցիր ձեր առած որոշումին եւ անոր իրագործման մասին, սակայն մէկ նախադասութիւն անգամ չգտայ ձեր գործին մէջ Աստուծոյ ներկայութեան մասին: Մարդկային հասկացողութեամբ ձեր կատարած գործը շատ լաւ է, բայց նոյն այդ չափանիշով՝ ձեր վարձատրութիւնը արդէն իսկ ստացած էք: Մինչ, մենք որպէս Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած արարածներ, մեր վարձատրութիւնը ո՛չ թէ մարդոցմէ պէտք է ստանանք, այլ՝ պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի Աստուծմէ ստանանք մեր վարձատրութիւնը, որ յաւիտենական եւ մնայուն վարձատրութիւն է, մինչ մարդոցը ժամանակաւոր եւ անցաւոր: Այս ալ ըսեմ, ձեր արարքը ո՛չ այլ ինչ եղած է, բացի ձեր մարդկային փառասիրութիւնը բաւարարելը, որովհետեւ ըստ մեր Տիրոջ աւանդած ուսուցումին, պէտք է զգոյշ ըլլանք եւ՝ «Աստուծոյ հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնները մարդոց ներկայութեան մի՛ կատարէք ցոյցի համար, որովհետեւ այդ պարագային վարձատրութիւն պիտի չստանաք ձեր երկնաւոր Հօրմէն։
Երբ ողորմութիւն կ՚ուզես տալ, փող ու թմբուկով մի՛ ըներ՝ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու համար, ինչպէս կեղծաւորները կ՚ընեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու վրայ՝ մարդոցմէ փառաւորուելու ակնկալութեամբ։ Վստա՛հ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը։ Ընդհակառակը, երբ դուն ողորմութիւն կու տաս ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ։ Այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ՚ըլլաս, եւ քու երկնաւոր Հայրդ, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.1-4): Այս խօսքերէն ետք, կը կարծեմ, որ հասկցար, թէ բարեգործութիւնդ ի՛նչպէ պէտք է կատարես:
Մէկ բան լա՛ւ գիտցիր զաւակս, թէ քու կատարած իւրաքանչիւր գործդ եւ նոյնիսկ՝ ունեցած մտածումդ, Աստուծոյ յայտնի են, այնպէս որ աշխատէ՛ Անոր հաճելի ըլլալ, Անոր կամքը կատարել եւ այդ ժամանակ կը գտնես բարեգործութեան ճշմարիտ ուղին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ