ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ 75 ՏԱՐԵԿԱՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունի այսօր կը դառնայ 75 տարեկան։ Սա պոլսահայութեան տեսակէտէ շատ յատկանշական յոբելեան մըն է՝ որովհետեւ Շահան Արծրունի մեր համայնքէն ծնունդ առած բացարձակ արժէք մըն է եւ իր նուաճումները միշտ կը համարուին հպարտութեան առիթ։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Շահան Արծրունիին 75-ամեակը։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018