Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ԽԱՄԱՃԻԿՆԵՐՈՒՆ ԽԱՂԸ
Խամաճիկները օդին մէջ կախուած- առանց չուանի
Առանցքին շուրջ գլխիկոր կը տապլտկին.
Իրենց դերը կը խաղան
Թատրոնի ունկնդիրները՝ թագաւորներ
Նեղ- լայն սենեակներու մէջ
Չուանը բռնած կը զուարճանան, կուշտ ու կուռ խնդան,
Քրքիջի սուր դանակը կը մխրճուի կողերուն մէջ:
Խամաճիկներ են անոնք
Իրարու վրայ թաւալող
Իրարու վրայ տապլտկող
Առանց չուանի- օդին մէջ կախուած
Լարուած, թուլցած մարմնով...
Դեռ շա՜տ դերեր պիտի ներկայացնեն
Քրքիջի՝ ենթակայ:
Սակայն՝ քրքիջը անզուսպ,
Քրքիջը սուր՝ դանակի շեղբին նման
Կողին մէջ կը մխրճուի...
Ու թագաւորներ կը տապալին...:
ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ
Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2015