13-ՐԴ «ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ»Ը

Ե­րե­ւա­նի մէջ 10-17 Յու­լիս թուա­կան­նե­րուն տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Ոս­կէ ծի­րան» շար­ժան­կա­րի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը, որ այս տա­րի կը կազ­մա­կեր­պուի 13-րդ ան­գամ։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին ձօ­նուած պի­տի ըլ­լայ այս տա­րուան փա­ռա­տօ­նը, ո­րուն շրջագ­ծով աշ­խար­հի 91 եր­կիր­նե­րէն 900 ֆիլ­մե­րու պա­րա­գա­յին դի­մում­ներ կա­տա­րուած են։ Մրցու­թա­յին եւ ար­տամր­ցու­թա­յին ծրագ­րե­րուն մէջ ընդգր­կուած են շուրջ 135 ժա­պա­ւէն­ներ։ «Ոս­կէ ծի­րան»ի կա­րե­ւո­րա­գոյն եւ ան­բա­ժան մա­սը դար­ձած են «Ե­րե­ւա­նեան փրէօ­միէր­ներ», «Հե­տա­հա­յեաց ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ» եւ «Յար­գան­քի տուրք» ծրագ­րե­րուն գծով ալ նոյն­պէս պի­տի ներ­կա­յա­ցուին հա­մաշ­խար­հա­յին շար­ժան­կա­րի վար­պետ­նե­րու հին ու նոր լա­ւա­գոյն գոր­ծե­րը։

Փա­ռա­տօ­նի բաց­ման ըն­դա­ռաջ գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պիչ­ներն ու հո­վա­նա­ւոր­նե­րը մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քե­ցին՝ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լով 13-րդ «Ոս­կէ ծի­րան»ին ա­ռըն­չու­թեամբ։ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան այս կա­պակ­ցու­թեամբ ը­սաւ. «Այս փա­ռա­տօ­նը ան­կա­խու­թեան ծնունդն է եւ կը նե­րառ­նէ ա­նոր բնո­րոշ բո­լոր հաս­կա­ցու­թիւն­նե­րը՝ խա­ղա­ղու­թիւն, մար­դա­սի­րու­թիւն, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն։ «Ոս­կէ ծի­րան»ը բե­րաւ ա­զա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փար­նե­րը, ո­րոնք մեր մօտ ար­ժե­ւո­րուե­ցան եւ ար­մա­տա­ւո­րուե­ցան»։ Նա­խա­րա­րը ա­ւել­ցուց, թէ փա­ռա­տօ­նը ար­դէն կա­յա­ցած է եւ շա­տեր ա­մէն տա­րի ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սեն ա­նոր։

Փա­ռա­տօ­նի գլխա­ւոր հո­վա­նա­ւոր «Վի­վա­սել»ի ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ռալֆ Եի­րի­կեան հա­մո­զուած է, թէ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եր­կա­րա­տեւ տա­րի­նե­րը կ՚ա­պա­ցու­ցա­նեն հաս­տա­տա­կամ աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քին ա­ւե­լի լաւ ա­պա­գայ մը ստեղ­ծե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։ Ան յոյս յայտ­նեց, որ այս փա­ռա­տօ­նի եւ յատ­կա­պէս հիւ­րե­րու մի­ջո­ցաւ հա­յու­թեան ա­նունն ու ար­ժէք­նե­րը տա­րա­ծում կը գտնեն ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ։

Փա­ռա­տօ­նի հիմ­նա­դիր-տնօ­րէն Յա­րու­թիւն Խա­չատ­րեան յայտ­նեց, թէ ար­դէն 13-րդ ան­գամ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի «Ոս­կէ ծի­րան»ը։ «Կը կար­ծէինք, թէ մար­դիկ կրնա­յին մեզ­մէ յոգ­նած ըլ­լալ, մենք՝ նոյն­պէս, բայց նոյ­նիսկ այս դժուար ժա­մա­նակ­նե­րուն «Ոս­կէ ծի­րան»ը մատ­նուած չէ ա­նու­շադ­րու­թեան», ը­սաւ Յա­րու­թիւն Խա­չատ­րեան, որ տե­ղե­կա­ցուց, թէ փա­ռա­տօ­նը պի­տի սկսի «Զա­րեհ» ֆիլ­մով։ Այս վեր­ջի­նը նկա­րա­հա­նուած է ինն­սուն տա­րի ա­ռաջ եւ ան ա­ռա­ջին գործն է, որ ձօ­նուած է ե­զի­տի­նե­րուն ու քիւր­տե­րուն։ Յա­րու­թիւն Խա­չատ­րեա­նի հա­մոզ­մամբ՝ շատ կա­րե­ւոր է ար­տա­ծել հայ­կա­կան ֆիլ­մե­րը, ցոյց տալ ա­րուեստն ու ստեղ­ծա­գոր­ծող մար­դոց աշ­խա­տան­քը։

Փա­ռա­տօ­նի ծրագ­րե­րու տնօ­րէն Մի­քա­յէլ Ստամ­բոլ­ցեան նշեց, թէ փա­ռա­տօ­նի ծրագ­րե­րը բազ­մա­զան են, ինչ­պէս ա­մէն տա­րի։ Բա­ցա­ռու­թեամբ կար­ճա­ժամ­կէտ ֆիլ­մե­րու մրցոյ­թին, բո­լոր ծրագ­րե­րը ան­փո­փոխ են։ Տե­ղի պի­տի ու­նե­նան մի­ջազ­գա­յին խա­ղար­կա­յին ժա­պա­ւէն­նե­րու մրցոյթ, մի­ջազ­գա­յին վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն­նե­րու մրցոյթ եւ «Հայ­կա­կան հա­մայ­նա­պատ­կեր» ազ­գա­յին բնոյ­թով մրցոյթ։ Այս վեր­ջի­նը բա­ւա­կան հա­րուստ պի­տի ըլ­լայ այս ան­գամ։

Փա­ռա­տօ­նի գե­ղա­րուես­տա­կան տնօ­րէն Սու­սան­նա Յա­րու­թիւ­նեան ընդգ­ծեց, որ այս տա­րուան «Ոս­կէ ծի­րան»ին ըն­թաց­քին ա­ւե­լի մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ծա­յուի հայ­կա­կան շար­ժան­կա­րին նկատ­մամբ՝ ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին բե­րու­մով։ Փա­ռա­տօ­նի ծրագ­րին վրայ տեղ գտած է «Հայ­կա­կան շար­ժան­կար. ար­դի ժա­մա­նակ­ներ» նա­խա­գի­ծը, ո­րու շրջագ­ծով պի­տի ներ­կա­յա­ցուին՝ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան տա­րի­նե­րուն նկա­րա­հա­նուած խա­ղար­կա­յին կամ վա­ւե­րագ­րա­կան 17 գոր­ծեր։ Ա­ռա­ջին ան­գամ պի­տի ներ­կա­յա­ցուին նաեւ «Շէյքս­փիր կ՚ապ­րի շար­ժան­կա­րի մէջ», «Դա­նի­կան նոր շար­ժան­կար» եւ «Պաս­քեան նոր շար­ժան­կար» ծրագ­րե­րը։ Շէյքս­փի­րին վե­րա­բե­րեալ ծրա­գի­րը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի Բրի­տա­նա­կան խոր­հուր­դի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

Բաց աս­տի, Ե­րե­ւա­նի Շարլ Ազ­նա­ւու­րի հրա­պա­րա­կին վրայ պի­տի զե­տե­ղուին ա­նուա­նա­կան աստ­ղեր՝ Տի­միթ­րի Կե­սաեան­ցի, Էտ­մոնտ Քէօ­սաեա­նի եւ Ալ­պերթ Եաւ­րուեա­նի յո­բե­լեան­նե­րուն առ­թիւ։ Ե­րե­ւա­նի Փոխ-քա­ղա­քա­պետ Ա­րամ Սու­քիա­սեան տե­ղե­կա­ցուց նաեւ, թէ փա­ռա­տօ­նի օ­րե­րուն նոյն հրա­պա­րա­կին վրայ նա­խա­տե­սուած են հա­մերգ­ներ՝ ճա­զի ա­նուա­նի վար­պետ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Ծրագ­րին այս ե­րե­սա­կը կը վե­րահս­կէ յայտ­նի ա­րուես­տա­գէտ Լե­ւոն Մալ­խա­սեան։ «Ոս­կէ ծի­րան»ին շրջագ­ծով նա­խա­տե­սուած են նաեւ բա­ցօ­թեայ ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ։

Միւս կող­մէ, յայտ­նի են նաեւ փա­ռա­տօ­նի դա­տա­կազ­մի նա­խա­գահն ու պա­տուոյ հիւ­րե­րը։ Գլխա­ւոր դա­տա­կազ­մի նա­խա­գահ ընտ­րուած է հռչա­կա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ Տիգ­րան Ման­սու­րեան։ Այս տա­րի «Ոս­կէ ծի­րան»ի յա­տուկ հիւ­րը պի­տի ըլ­լայ աշ­խար­հահռ­չակ դե­րա­սա­նու­հի Ժագ­լին Պի­սէ, ո­րու դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ ար­տադ­րուած ե­րեք նշա­նա­ւոր գոր­ծեր պի­տի ներ­կա­յա­ցուին փա­ռա­տօ­նի օ­րե­րուն։

Մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը պի­տի եզ­րա­փա­կուի պել­ժիա­ցի աշ­խար­հահռ­չակ Տար­տեն բե­մադ­րիչ եղ­բայր­նե­րու վեր­ջին ֆիլ­մի՝ «Ան­ծա­նօ­թու­հին»ի ցու­ցադ­րու­թեամբ։

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2016