ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՀԻՆԳ ՀԱԶԱՐԻՆ ԿԵՐԱԿՐՈՒՄԸ

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 3.1-11:
Պօղոս առաքեալին Հռոմայեցիներուն ուղղած նամակէն 11.13-24:
Մատթէոսի Աւետարանէն 14.13-21:

Մատթէոսի Աւետարանին նշուած հատուածին մէջ կը կարդանք հինգ հազարի կերակրումի մասին հետեւեալը.

«Երբ Յիսուս Յովհաննէսի գլխատումը լսեց, առանձինը նաւակ մտնելով՝ այդտեղէն գնաց ամայի վայր մը։ Շրջանի քաղաքներուն բնակիչները լսելով ասիկա, քալելով հետեւեցան Իրեն։ Երբ Յիսուս նաւակէն դուրս ելաւ, տեսաւ մեծ բազմութիւն մը, գթաց անոնց վրայ եւ հիւանդները բժշկեց։

Երեկոյեան, Իր աշակերտները մօտեցան Իրեն եւ ըսին.

-Ամայի տեղ ենք եւ ժամանակն ալ ուշ է. արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի երթան շրջակայ գիւղերը իրենց համար ուտելիք գնելու։

Յիսուս ըսաւ.

-Իրենք պէտք չունին երթալու։ Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը։

Անոնք ըսին Յիսուսի.

-Հոս գրեթէ ոչինչ ունինք, բացի հինգ հացէ եւ երկու ձուկէ։

Յիսուս ըսաւ.

-Հո՛ս բերէք ատոնք։

Եւ հրամայեց որ ժողովուրդը նստեցնեն խոտին վրայ։ Ապա առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց, կտրեց հացերը եւ տուաւ աշակերտներուն, որոնք բաժնեցին ժողովուրդին։ Բոլորն ալ կերան ու կշտացան. եւ աշակերտները աւելցած կտորները հաւաքելով՝ տասներկու սակառ լեցուցին։ Իսկ ուտողները շուրջ հինգ հազար հոգի էին, կիներն ու մանուկները չհաշուած»:

Այս դրուագին մասին շատ բան գրուած է, տարբեր ձեւերով մեկնաբանուած ու բացատրուած, հակառակ այդ բոլորին կարելի է տակաւին անոր մասին շատ բան գրել ու մեկնաբանութիւններ տալ, մանաւանդ երբ նկատի ունենաք, որ Աստուածաշունչը կեանքի Գիրք է, եւ այնտեղ արձանագրուած բոլոր իրողութիւններն ու դէպքերը, ուսուցումներն ու վարդապետութիւնները, բարոյական խրատներն ու թելադրութիւնները, պատմական իրադարձութիւններու նկարագրութիւններն ու պատումները այսպէս կամ այնպէս այսօրուան մարդուն օգուտ մը, դաս մը, խրատ մը ունին տալիք յատկապէս մարդուն հոգեւոր կեանքին համար:

Հինգ հազարի կերակրումի այս հատուածը կարդալէն ետք մեր միտքին մէջ կու գան հետեւեալ մի քանի յատկանշական կէտերը.

ա. Ժողովուրդը Տէր Յիսուսը կը փնտռէ՝ զԻնք լսելու համար:

բ. Աշակերտները տակաւին աշխարհիկ մտահոգութեամբ է, որ կ՚առաջնորդուին:

գ. Տէր Յիսուս Իրեն եկողը կամ դիմողը ձեռնունայն չի՛ դարձներ:

դ. Աստուծոյ ներկայութեան մէջ մարդ միշտ լիացած կ՚ըլլայ ու կը մնայ:

Առնենք առանձինն.

ա. Ժողովուրդը Տէր Յիսուսը կը փնտռէ՝ զԻնք լսելու համար. Աւետարանիչը կը գրէ. «Երբ Յիսուս Յովհաննէսի գլխատումը լսեց, առանձինը նաւակ մտնելով՝ այդտեղէն գնաց ամայի վայր մը։ Շրջանի քաղաքներուն բնակիչները լսելով ասիկա, քալելով հետեւեցան Իրեն։ Երբ Յիսուս նաւակէն դուրս ելաւ, տեսաւ մեծ բազմութիւն մը, գթաց անոնց վրայ եւ հիւանդները բժշկեց». ժողովուրդը կը տեսնէ, որ Տէրը կը հեռանայ, եւ լուրը շուտով կը տարածուի, որով շրջակայ գիւղերուն ու քաղաքներուն բնակիչները կը հետեւին Անոր, Անոր ետեւէն քալելով կ՚երթան մինչեւ որ կը հասնին Անոր: Տէր Յիսուս հակառակ նեղուած ըլլալուն, որովհետեւ լսած էր Իր ազգականին՝ Յովհաննէսի գլխատումի մասին, սակայն, միւս կողմէ տեսնելով ժողովուրդին բազմութիւնը, Իր նեղուածութիւնը, Իր ներքին ապրումները մէկ կողմ ձգելով կը մօտենայ ժողովուրդին, կը խօսի անոնց, ինչպէս նաեւ Աւետարանիչին վկայութեամբ՝ գթաց անոնց վրայ եւ հիւանդները բժշկեց:

Յատկանշական երկու կէտ կայ այստեղ.

1) Տէրը փնտռելուն ժողովուրդին վճռակամութիւնն ու վստահութիւնը. ժողովուրդը վստահ էր, որ եթէ գտնէր ու հասնէր Տիրոջ, ապա Ան զանոնք ձեռնունայն պիտի չձգէ:

2) Տիրոջ պատրաստակամութիւնը հակառակ Իր ունեցած վիշտին ու նեղութեան, որովհետեւ տակաւին նոր լսած էր Յովհաննէսի գլխատման մասին: Այսօր, մեր առօրեայ կեանքին մէջ մենք արդեօք նոյն կերպով կը վարուի՞նք մեզի դիմողներուն հետ, թէ՞ նախ մենք մեր ԵՍ-ին մասին կը մտածենք, նոր միայն ուրիշներու մասին: Այստեղ կը տեսնենք, որ Տէր Յիսուս ո՛չ միայն ընդառաջ կ՚երթայ ժողովուրդին, այլեւ անոնց մէջ եղող հիւանդները կը բուժէ, այլ խօսքով օգնութեան ձեռք կ՚երկարէ անոնց:

բ. Աշակերտները տակաւին աշխարհիկ մտահոգութեամբ է, որ կ՚առաջնորդուին. հակառակ այն իրողութեան, որ աշակերտները ամէն օր Անոր հետ էին, ականատես կը դառնային Անոր գործած մեծամեծ հրաշքներուն, սակայն երբ օրը կը սկսի կամաց-կամաց իր աւարտին հասնիլ, կը մօտենան իրենց Ուսուցիչին ու կը զգուշացնեն զԻնք, ըսելով. «Ամայի տեղ ենք եւ ժամանակն ալ ուշ է. արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի երթան շրջակայ գիւղերը իրենց համար ուտելիք գնելու։

Յիսուս ըսաւ.

-Իրենք պէտք չունին երթալու։ Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը։

Անոնք ըսին Յիսուսի.

-Հոս գրեթէ ոչինչ ունինք, բացի հինգ հացէ եւ երկու ձուկէ»:

Աշակերտներուն վերաբերմունքը միւս կողմէ իրաւացի էր. ճի՛շդ է, որ անոնք ականտես եղած էին բազմաթիւ հրաշքներու, բայց այստեղ պարագան տարբեր էր: Ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր, առաւել վայրը ուր կը գտնուէին՝ ամայի էր, հետեւաբար դժուար թէ ժողովուրդը կարենար բան գտնել ուտելու համար: Եւ երբ Տէրը անոնց կ՚ըսէ, թէ ժողովուրդը պէտք չունի երթալու, դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը, անոնք ճարահատ կը պատասխանեն, թէ իրենց ունեցածը մի միայն հինգ հաց էր ու երկու ձուկ:

Աշակերտները մէկ կողմէն սկսած էին զգալ Տիրոջ ներկայութեան քաղցրութիւնը եւ Անոր ներկայութեան անօթութիւն չզգալու վիճակը, սակայն տակաւին բան մը կը խանգարէր զիրենք կատարեալ վստահութիւն ունենալէ, հսկայ բազմութիւն էր, յանկարծ ուշաթափուէին, թուլնային, մանաւանդ որ անոնց մէջ տարեցներ, կիներ ու երեխաներ ալ կային:

Եւ ահա Տիրոջ հանգստացնող, միաժամանակ զարմանք պատճառող արտայայտութիւնը. Իրենք պէտք չունին երթալու։ Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը: Առաքեալները սկսան զգալ, թէ Տէրը կը պատրաստուէր կերակրելու Իրեն եկող ժողովուրդը, միւս կողմէ կը զարմանային, թէ ինչպէս կարելի էր նման բան ընել, երբ իրենց ունեցածը շա՜տ քիչ էր, բաղդատած ներկայ եղող ժողովուրդի քանակին:

գ. Տէր Յիսուս Իրեն եկողը կամ դիմողը ձեռնունայն չի՛ դարձներ. Տէր Յիսուս լսելէ ետք, թէ ինչ ունին իրենց մօտ, կը հրահանգէ աշակերտներուն. հո՛ս բերէք ատոնք: Աշակերտները արդէն գրեթէ վստահ էին, որ ականատես պիտի դառնային նոր հրաշքի մը, սակայն մարդկային միտքը տակաւին կը չարչրկէր զանոնք, տակաւին չէին կրնար ըմբռնել կատարուածը: Եւ ահա կը պատահի զարմանալին, Տէր Յիսուս կը վերցնէ Իրեն բերուած հացերն ու ձուկերը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց, կտրեց հացերը եւ տուաւ աշակերտներուն, որոնք բաժնեցին ժողովուրդին։ Բոլորն ալ կերան ու կշտացան. եւ աշակերտները աւելցած կտորները հաւաքելով՝ տասներկու սակառ լեցուցին։ Իսկ ուտողները շուրջ հինգ հազար հոգի էին, կիներն ու մանուկները չհաշուած: Աշակերտները թէեւ զարմացած էին, բայց վերյիշելով նախապէս տեսած այլ հրաշալիքները արդէն գործի անցած էին, ու բազմացած հացերն ու ձուկերը կը բաժնէին ժողովուրդին: Այստեղ, Տէր Յիսուս մարմինին սնունդ պարգեւեց զԻնք լսելու եկած ժողովուրդին, սակայն առաւել եւս Տէր Յիսուս սնունդ եւ օգնութիւն կը մատակարարէ բոլոր անոնց, որոնք իրենց հոգիներու փրկութեան համար կը դիմեն Անոր, որովհետեւ Ան մեր հոգիներուն Փրկիչն է, Ով Իր արիւնով գնեց մեզ, եւ արդարեւ ամէն վայրկեան պատրաստ է օգնութեան ձեռք մեկնելու մեզի, կարեւորը մենք դիմենք Իրեն, հետեւինք Անոր քայլերուն, փնտռենք ու գտնենք զԻնք, վստահ ըլլալով որ Ան անպայմանօրէն պիտի լսէ ու պիտի օգնէ մեզի:

դ. Աստուծոյ ներկայութեան մէջ մարդ միշտ լիացած կ՚ըլլայ ու կը մնայ. Տէր Յիսուս Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին ուր որ ալ գնաց միշտ օրհնութիւն ու շնորհք փոխանցեց մարդոց, գթութիւն ու ողորմութիւն, վէրքերու ամոքում ու հիւանդութիւններու բժշկութիւն: Յիշենք մատնութեան գիշերը, երբ Պետրոս զինուորներէն մէկուն ականջը կտրեց, Տէր Յիսուս բժշկեց զայն: Երբ արդէն չարչարելէ ետք զԻնք խաչ բարձրացուցած էին ու կը ծաղրէին, Ան ո՛չ թէ վրէժխնդրութիւն, այլ՝ ներում կը հայցէր Հօր Աստուծմէ, մէկ խօսքով բարութիւն էր որ կը տարածէր Իր չորսդին:

Հինգ հազարի կերակրումի այս դէպքին մէջ ալ, կը տեսնենք, որ Տէր Յիսուսի բազմացուցած հացերը ո՛չ միայն կը կերակրեն ներկայ եղող ժողովուրդը, այլ ժողովուրդին ուտելէն ու կշտանալէն ետք շուրջ տասներկու լեցուն սակառներ կ՚աւելնան: Իրողութիւն մը, որ կը տարածուի մարդուն կեանքին բոլոր երեսակներուն վրայ, եթէ մարդ իրեն համար Տէր ու Փրկիչ ընդունած ու դաւանած է Տէր Յիսուսը, որով նոյնիսկ դժուարութեան, հիւանդութեան ու նեղութեան մէջ, մարդ ինքզինք լիացած կը զգայ, որովհետեւ ունի անկորնչելի գանձը, որ ո՛չ ոք կրնայ իրմէ խլել, բացի եթէ ինք հրաժարի Անկէ, եւ վա՜յ այն մարդուն որ այդ Անկորնչելի Գանձէն հրաժարելով կ՚ընտրէ աշխարհիկ, գնայուն գանձերը…, ապա այդ մարդը եթէ աշխարհի ամենահարուստն ալ ըլլայ, իր այդ հարստութիւնը ոչինչ կու տայ իրեն, որովհետեւ այդտեղ Աստուծոյ լիութիւնը չկայ: Մարդ պէտք է ամէն բանէ առաջ զԱստուած փնտռէ, Աստուծմով լիանայ եւ վստահ ըլլայ, թէ անգամ մը որ Աստուծմով լիանայ, այլեւս երբեք կարօտութիւն պիտի չունենայ, ընդհակառակը, Սաղմոսերգուին բառերով պիտի բարբառի. «Տէ՛րն է Հովիւս, ուստի որեւէ բանի կարօտ պիտի չմնամ» (Սղ 23.1):

Աւարտելէ առաջ նշեմ, որ Հինգ հազարին կերակրումին այս դրուագը յիշատակուած է նաեւ Մարկոսի (6.30-44), Ղուկասի (9.10-17) եւ Յովհաննէսի (6.1-13) աւետարաններուն մէջ:

Լուսահոգի Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանը Յովհաննէսի Աւետարանի յիշատակումին մասին հետեւեալը կը գրէ.

«Աւետարանիչներէն Յովհաննէսի մօտ, այս հրաշքը ներկայացուած է յաւելեալ բացատրութեամբ մը: Յիսուս զայն մեկնած է եւ Իր պարգեւած հացերուն նշանակութիւն մը տուած է: Ու ելքի ժամանակ անապատային կերակրումին հետ բաղդատական ընելով, ըսած է. «Ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ինչ որ Մովսէս ձեզի տուաւ՝ երկինքէն իջած հացը չէր: Հայրս է, որ ձեզի կու տայ երկինքէն իջած ճշմարիտ հացը: Որովհետեւ Աստուծոյ տուած հացը ան է, որ երկինքէն կ՚իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին… Ես եմ կեանքի հացը… Լաւ գիտցէք, որ եթէ չուտէք Մարդու Որդիին մարմինէն եւ չխմէք Անոր արիւնէն՝ կեանք պիտի չունենաք ձեր մէջ» (Յհ 6.32-33, 35, 53):

Յիսուսի այս խօսքը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ Հինգ հազարին կերակրումի դրուագը կապուած է Վերջին Ընթրիքի իմաստին: Այդ է պատճառը, որ դրուագը չորս աւետարանիչներուն մօտ արձանագրուած է:

Կ՚ուզեմ այստեղ ըսել, որ Հինգ հազարին կերակրումը նաեւ նախապատկերացումն է վախճանաբանական հարսանիքի խնճոյքին, երբ Աստուծոյ ժողովուրդը՝ Քրիստոսի հետ յաւիտեան պիտի վայելէ ուրախութեան կերակուրը եւ բաժակը:

Աստուծոյ Արքայութեան սեղանին մասնակից ըլլալու համար պայման է, որ մեր ներկայ կեանքին մէջ մնայուն կերպով շարունակենք Աստուծոյ ճշմարիտ մանանայէն ճաշակել, այսինքն՝ Քրիստոսի մարմինին եւ արեան ճաշակումը մնայուն դարձնենք, որովհետեւ ատիկա մեզ պիտի պահէ հոգեւոր աճումի մէջ: Այս աշխարհը սովի մէջ է եւ Աստուծոյ ճշմարիտ մանանային պէտքը ունի, որպէսզի կեանք ունենայ»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

4 յուլիս 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յուլիս 8, 2023