ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՇԱԳՈՐԾ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴՈՒ ՎՐԱՅ
Երաժշտութիւնը կ՚ոգեշնչէ ամբողջ աշխարհը, թեւեր կու տայ հոգիին, իսկ երեւակայութեան՝ թռիչք: Ան կարելի է անուանել՝ վսեմի եւ գեղեցիկի մարմնաւորում:
ՊՂԱՏՈՆ
Լոնտոնի կրթական համակարգի աշխատակիցներու հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ երաժշտական կրթութիւն ստանալը եւ երաժշտական գործիքի վրայ նուագելը կը նպաստէ մարդու շարժումներու կողմնորոշման բարելաւման: Նկատի ունենալով, որ նուագելու ժամանակ ձեռքերը եւ մատները կը կատարեն բազմաթիւ մանր զգայական շարժումներ, աջ եւ ձախ ձեռքերը միաժամանակ կը կատարեն տարբեր գործողութիւններ՝ կապուած ստեղծագործութեան բնոյթին, ուժգնութեան եւ արագութեան: Երաժշտական գործիքի վրայ նուագելը բարենպաստ ազդեցութիւն կը յառաջացնէ ուղեղի գործունէութեան վրայ, կը բարձրացնէ մարդու մտային ընդունակութիւնները, ինչպէս նաեւ կարեւոր դեր կը խաղայ ուշադրութեան կեդրոնացման վրայ:
Իտալացի անուանի ջութակահար Նիքոլօ Փականինին ընդհանրապէս աշակերտներ չ՚ուներ, իսկ աւելի ստոյգ միայն մէկը՝ նուագախումբի մէջ նուագող երիտասարդ ջութակահար մը: Տարիներ շարունակ ան կը հետապնդէր մեծ երաժիշտը՝ աղաչելով, որ զինք ընդունի որպէս աշակերտ… Վերջապէս մեծ վարպետը կը համաձայնի: Մէկ տարուան տքնաջան աշխատանքէ ետք նուագախումբին մէջ նուագող ջութակահարը կը դառնայ արհեստավարժ երաժիշտ եւ կը սկսի իր ելոյթներուն մենակատարութեամբ: Եւ երբ նորաթուխ երաժիշտին կը հարցնեն Փականինիի աշխատելակերպի մասին, ան կարճ ձեւակերպում մը կու տայ. «Փականինին սորվեցուց ինծի կեդրոնացնել ուշադրութիւնս»:
Երաժշտական կրթութիւնը կը զարգացնէ կարգապահութիւնը, համբերատարութիւնը, կողմնորոշումը, յիշողութիւնը եւ ինչպէս նշուեցաւ ուշադրութեան կեդրոնացումը: Երաժշտական պարապմունքները կը զարգացնեն այս շատ կարեւոր յատկութիւնները, որոնք պէտք են ոչ միայն երաժիշտին, այլ նաեւ որեւէ մասնագիտութեամբ զբաղող մարդու համար: Ան զինուած այս յատկանիշներով կը շարունակէ իր կեանքի ուղին:
Անգլիացի գիտնականները պարզած են, որ երկու տարեկան փոքրիկները երաժշտութեան նուագակցութեան ներքոյ աւելի արագ ընթացքով կրնան յիշել նոր բառեր եւ առանձին արտայայտութիւններ, եւ եկած են այն եզրակացութեան, որ փոքրիկներու պարբերաբար երաժշտութեան պարապմունքները՝ շաբաթը մէկ կամ երկու անգամ, կ՚օգնեն հարստացնելու անոնց բառապաշարը: Նաեւ կը զարգացնեն թուաբանական հմտութիւնները, լսելու կարողութիւնը եւ տեղեկութիւններու իւրացումը: Փոքրիկներու խօսակցական կարողութիւններու զարգացման նպատակով իրականացուած են փորձարկումներ:
Պարապմունքներու ընթացքին գործածելով երաժշտական նուագարաններ, ունկնդրելով երաժշտական տարբեր ստեղծագործութիւններ եւ երգեր՝ փոքրիկները սկսած են ճանչնալ իրենց մայրենի լեզուն եւ աւելի մօտէն ու դիւրին հաղորդակցիլ իրարու հետ: Ինչպէս կը նշեն հետազօտողները, երաժշտութիւնը շփման այն ձեւերէն է, որ խթան կը հանդիսանայ երախային հաղորդակցութիւն եւ փոխյարաբերութիւն ստեղծելու իր անձին եւ այլ երախաներու հետ:
Երաժշտաթերափիա՝ հոգեկան ինքնաբաւարարուածութեան լաւագոյն միջոց, որ կ՚օգնէ ձերբազատիլ բացասական զգացումներէ եւ տպաւորութիւններէ: Ինչպէ՞ս կարելի է ձեւակերպել «երաժշտաթերափիա» եզրը: Ան ունի յունալատինական ծագում եւ կը թարգմանուի՝ երաժշտութեամբ բուժում (musical therapy): Գիտնականներու մեծամասնութիւնը կ՚ենթադրէ, որ երաժշտաթերափիան օգնող միջոց է նաեւ հոգեբուժութեան (psychotherapy):
Յոյն գիտնական եւ փիլիսոփայ Փիւթակորասը առաջիններէն էր, որ հաստատեց երաժշտութեան կարեւորութիւնը մարդու հոգեկան եւ ֆիզիքական վիճակի բարելաւման: Արիստոտէլը կը վստահեցնէր, որ երաժշտութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի մարդու զարգացման վրայ: Հայ բժշկագիտութեան հիմնադիրը՝ Մխիթար Հերացին նոյնպէս նշած է երաժշտաթերափիայի դրական եւ կարեւոր դերին մասին:
Գոյութիւն ունին երաժշտաթերափիայի երկու հիմնական ձեւեր՝ ներգործական (active) եւ կրաւորական (passive): Ներգործական երաժշտաթերափիան ունի հոգեթերափիայի ուղղուածութիւն՝ երաժշտական գործունէութեամբ, որ կը կայանայ երաժշտական կտորի վերարտադրութեամբ՝ սեփական ձայնով կամ որեւէ երաժշտական գործիքի օգնութեամբ, նաեւ՝ երաժշտութեան բնոյթին համապատասխան շարժողական դրսեւորումներով: Կրաւորական երաժշտաթերափիան կ՚են-թադրէ երաժշտութիւն ունկնդրելու, ընկալելու ընթացքը՝ հոգեբուժման նպատակով: Եթէ երաժշտութիւնը ճիշդ ընտրուած է, կը մեղմացնէ լարուածութիւնը, ջղագրգռութիւնը, կը բարձրացնէ դիմադրողականութիւնը, նաեւ կը վերականգնէ շնչառութիւնը:
Ժամանակակից վկայութիւնները՝ հիմնուած հնագոյն գիտելիքներու վրայ, ցոյց կու տան, որ տարբեր երաժշտական գործիքներ զանազան ազդեցութիւններ կը ձգեն մարդու օրկանիզմի ինքնազգացողութեան վրայ: Օրինակ՝ հարուածային նուագարանները կրնան ապագայի նկատնամբ յառաջացնել կայունութեան, հաստատակամութեան զգացողութիւններ, աշխուժութիւն եւ ուժ կու տան մարդուն: Փչողական նուագարանները կը ձեւաւորեն զգացական աշխարհը: Մետաղեայ փչողական նուագարանները անհուն եռանդ, աշխուժութիւն կ՚արթնցնեն մարդուն մէջ: Ստեղնաշարային նուագարանները, յատկապէս դաշնամուրը, հզօր ազդեցութիւն ունին մտային կարողութիւններու զարգացման վրայ: Պատահական չէ, որ դաշնամուրային հնչողութիւնը մաթեմաթիկական երաժշտութիւն կը կոչուի, իսկ դաշնակահարները կը դասակարգեն այն խաւին, որ օժտուած է յստակ դատողութեամբ եւ ճկուն յիշողութեամբ: Լարային նուագարանները ուղիղ ազդեցութիւն ունին սրտի վրայ, յատկապէս ջութակը, թաւջութակը եւ կիթառը մարդուն մէջ կը զարգացնեն կարեկցութեան եւ բարութեան զգացողութիւնը:
Աւստրիացի հանճարեղ երաժիշտ Վոլֆկանկ Ամատէուս Մոցարթի երաժշտութիւնը, հիասքանչ իր պարզութեամբ, գերբնական ուժ կը բովանդակէ իր մէջ: Ըստ ամերիկացի հետազօտող բժիշկ Ֆրանցիս Ռաուշերի, Մոցարթի երաժշտութիւնը բներեւոյթ է (phenomenon) հնչիւններու դրական ազդեցութեան կենդանի օրկանիզմի վրայ: Ան կը զարգացնէ միտքը, կը բարձրացնէ մտաւոր կարողութիւնները, օժտուած է ցաւազրկող ազդեցութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ տեսողութեան վերականգման կարողութեամբ:
Պատկերացնենք պահ մը, որ այցելած ենք բժիշկի, եւ ան որոշակի հետազօտութիւններ կատարելէ ետք մեզի կու տայ դեղագիր մը: Հայեացք մը կը նետենք բովանդակութեան, այնտեղ կը տեսնենք մէկ անուն՝ Մոցարթ: Զարմացած կը նայինք բժիշկին, իսկ ան կը հաստատէ. «Այո՛, Մոցարթ՝ երկու անգամ օրը մէկական ժամ»: Կը մտածենք՝ անհեթեթութիւն է, նման բան հնարաւոր չէ: Այնուամենայնիւ, Չինաստանի դեղարաններուն մէջ կարելի է տեսնել երաժշտական սկաւառակներ, որոնք կը կոչուին հետեւեալ անուններով՝ «Մարսողական», «Երիկամունք», «Լեարդ», «Սիրտ», «Թոքեր»… Չինացիները «կ՚ընդունին» այդ երաժշտական ստեղծագործութիւնները որպէս դեղահատեր կամ դեղաբոյսեր: Նոյնութեամբ կարելի է հանդիպիլ Ճաբոնի եւ Հնդկաստանի մէջ:
Մոցարթի երաժշտութեան ցնցող ազդեցութիւնը ի յայտ եկած է ոչ վաղ անցեալին եւ ամբողջովին չէ բացատրուած: Սակայն փաստ է, որ Մոցարթի երաժըշ-տական ստեղծագործութիւնները իրենց ապաքինող զօրութեամբ կը գերազանցեն բոլոր միւս հանճարեղ երաժիշտներուն ստեղծագործութիւնները:
Փաստուած է, որ Մոցարթի երաժշտութիւնը կ՚օգնէ անբաւարար ծանրութիւն ունեցող երախաներուն՝ բարելաւել իրենց մարմնի ծանրութիւնը եւ զօրացնել զայն:
Կատարուած է փորձարկում, որուն ընթացքին շուրջ քսան նորածիններ, որոնք ծնած են վաղաժամ, բաժնած են երկու խումբերու: Առաջին խումբին համար ստեղծած են հնարաւորութիւն օրը կէս ժամ լսելու հանճարեղ Մոցարթի երաժշտութիւնը, իսկ երկրորդ խումբը զրկուած էր այդ հնարաւորութենէն: Քանի մը օր ետք պարզուած է, որ Մոցարթի երաժշտութիւնը ունկնդրած խումբի փոքրիկները աւելի հանդարտ եղած են, ուստի վատնած են քիչ քանակով ուժանիւթ՝ համեմատութեամբ երկրորդ խումբի նորածիններուն: Բժշկական տեսանկիւնէն դիտուած, երբ երախան քիչ քանակով ուժանիւթ կը սպառէ, շատ ջերմուժի անհը-րաժեշտութիւն չ՚ունենար, հետեւաբար ան շատ աւելի արագ ծանրութիւն կ՚աւելցնէ եւ կ՚աճի:
Հետաքրքրական դրուագ մը կապուած ֆրանսացի անուանի դերասան Ժերար Տեփարտիէօի կեանքէն՝ դեռ 60-ականներու կէսերուն մեծանուն դերասանը բանաւոր արտայայտութեան (խօսակցական) խնդիր ունեցած է, նոյնիսկ՝ չկարողանալով նախադասութիւնները ամբողջութեամբ արտայայտել եւ իրենց աւարտին հասցնել իր թոթովութեան պատճառով: Դերասանին ստեղծագործական կեանքը ուսումնասիրողները կը բացատրէին հարցին թոյլ տուող պատճառները՝ ընտանեկան անհամաձայնութիւններ, անձնական անյաջողութիւններ, ուսում ստանալու խնդիրներ, ցած ինքնագնահատում: Այս բոլորով հանդերձ, Տեփարտիէօի միակ ցանկութիւնն էր դերասան դառնալ, բայց լեզուական այդպիսի խնդիրո՞վ… Դերասանական վարպետութեան իր ուսուցիչը զայն կ՚առաջնորդէ Փարիզ՝ յայտնի բժիշկ Ալֆրետ Թոմատիսի մօտ, որ իր կեանքի երկար տարիները նուիրած էր երաժշտադարմանման մասին ուսումնասիրութիւններ կատարելով եւ յատկապէս՝ Մոցարթի հրաշագործ ստեղծագործութիւնները հետազօտելով:
Տեփարտիէօի հիւանդութիւնը ուսումնասիրելէ ետք ան ըսած է. «Ես կ՚ուզեմ, որ դուք ամէն օր այցելէք բուժարան, քանի մը շաբաթ տեւողութեամբ եւ իւրաքանչիւր օր երկու ժամ Մոցարթ ունկնդրէք»: Հակառակ Տեփարտիէօի զարմանքին, այնուամենայնիւ, յաջորդ օրն իսկ ան այցելեց Թոմատիսի կեդրոն, որպէսզի սկսի բուժման՝ ունկնդրելով հռչակաւոր երաժիշտի ստեղծագործութիւնները: Քանի մը ամիս անց արդիւնքը ապշեցուցիչ էր՝ խօսակցութիւնը դարձած էր յստակ եւ սահուն:
Տեփարտիէօն ինքնավստահ վերադարձաւ դերասանական դպրոց եւ աւարտելով ուսումը դարձաւ սիր-ւած եւ հանրայայտ դերասան:
Վոլֆկանկ Ամատէուս Մոցարթ. երախայ մը, որ օժտուած էր աստուածային շնորհքով: Դեռ տասներկու տարեկանը չբոլորած, ստեղծեց՝ օփերաներ, սիմֆոնիաներ, քոնչերթոներ, սոնաթներ դաշնամուրի համար, երաժշտութիւն երգեհոնի համար, քլարինէթի եւ այլ գործիքներու համար: Կարծես գիտնալով, որ դատապարտուծ է վաղաժամ մահուան, աշխարհին պարգեւեց զարմանալի եւ անկրկնելի գանձեր, որոնց հզօր ուժը եւարժէքը պարտինք գնահատել մենք եւ մեր յաջորդ սերունդները:
ԳԱՅԵԱՆԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ-ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ