ՍՈՒՐԲ ՄԱՐԻԱՄ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԸ ՅԱՐԳԵԼՈՒ, ՄԵԾԱՐԵԼՈՒ ԵՒ ԱՆՈՐ ՓՐԿԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՈՒՆԵՑԱԾ ԴԵՐԻ ՄԱՍԻՆ
Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը քրիստնէութեան պատմութեան եւ ընդհանրապէս մարդկութեան պատմութեան ան իւրայատուկ անձնաւորութիւնն է, որուն Արարիչը, հաճեցաւ անոր միջոցով մարդանալ եւ իրագործել Իր փրկագործական ծրագիրը: Անձնաւորութիւն մը, որ իր մաքրութեան, անարատութեան, պարզութեան, ազնուութեան, խոնարհութեան պատճառով իր մէջ կրեց անբաւելին երկնի եւ երկրի, անպարփակելին, ամբողջ տիեզերքի Արարիչին, զօրութիւններու Տիրոջ, մահուամբ մահուան յաղթողին:
Քրիստոնէութեան առաջին դարերէն սկսեալ, քրիստոնէական Եկեղեցին յատուկ տեղ եւ նշանակութիւն տուած է Սուրբ Կոյսին: Աւանդական գրեթէ բոլոր եկեղեցիները Սուրբ Աստուածածինին նուիրուած մի քանի յիշատակութեան տօներ ունին: Ծիսական-արարողական-աղօթական կեանքին մէջ Աստւածածինը միշտ ներկայ է: Շարականներու եւ հոգեւոր երգերու մէջ եւս Սուրբ Կոյսը յատուկ տեղ ունի: Եկեղեցւոյ հայրեր ու եկեղեցական գրողներ բազմաթիւ ճառեր, քարոզներ, ներբողներ գրած են Սուրբ Աստուածածինի մասին:
Մինչեւ այսօր ալ, Աւանդական եկեղեցիները իրենց յարգանքը ու մեծարանքը կը շարունակեն ընծայել Սուրբ Կոյս Աստուածածինին: Միւս կողմէ, Բողոքական հոսանքին պատկանող եկեղեցիներ Սուրբ Աստուածածինին նոյն յարգութիւնն ու մեծարանքը չեն ընծայեր, պատճառաբանելով, թէ ան սովորական մարդ մըն է, զոր Աստուած օգտագործեց Իր ծրագիրին համար: Ո՛չ միայն չեն ընծայեր, այլ՝ կը մեղադրեն Աւանդական եկեղեցիները…: Այո՛, Սուրբ Աստուածածինը որպէս մարդ, սովորական արարած մըն էր՝ ինչպէս բոլորը, սակայն իր բարութեան եւ Աստուածահաճոյ կեանքին համար արժանացաւ Տիրոջ Մայրը դառնալու, եւ ո՛չ միայն այսքան, իր Զաւկին՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութենէն եւ համբարձումէն ետք, երբ ինք եւս ննջեց, ըստ աւանդութեան մեր Տէրը զինք երկինք վերափոխեց, եւ անոր մարմինը փտութիւն չտեսաւ: Վերափոխման այս դէպքին յիշատակութիւնը աւանդական բոլոր եկեղեցիները օգոստոս ամսուան կէսերուն կը նշեն: Աւելին, մեր Տէրը երբ խաչին վրայ էր՝ նեղութեան ու տառապանքի մէջ, երբ արդէն իսկ մօտեցած էր Իր հոգին աւանդելու, այս տանջալից պահին իսկ չմոռցաւ Իր մայրը, եւ զայն յանձնեց Իր սիրելի աշակերտին՝ Յովհաննէսի խնամքին:
Սա իրողութիւնն ալ պէտք է իմանալ, որ Աւանադական եկեղեցիները երբ կը յարգեն ու կը մեծարեն Սուրբ Աստուածածինը, այդպիսով ո՛չ թէ կ՚աստուածացնեն զինք, այլ՝ անոր կեանքին օրինակը միշտ ի մտի ունենալով, կը թելադրեն իրենց հետեւորդներուն՝ հետեւելու Սուրբ Կոյսին օրինակին, որպէսզի մենք եւս արժանանանք Տիրոջ այցելութեան ու շնորհին:
Այստեղ կ՚ուզեմ ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնել Շնորհք Եպսկ. Գալուստեանի (Շնորհք Պատրիարք) անդրադարձը Սուրբ Աստուածածինը յարգելու եւ մեծարելու մասին: Երջանկայիշատակ Պատրիարք Հօր այս հատուածը քաղուած է իր՝ «Տեղիք Աստուածաբանութեան» գիրքէն, որ տպուած է Պոլիս 2014-ին, էջ 124-125:
Եւ այսպէս.
• «Ե. ԳԵՐՅԱՐԳՈՒԹԻՒՆ ՏԻՐԱՄՕՐ. Իրականութիւն է, որ եկեղեցին սրբոց մէջ գերագոյն յարգանքը կը տածէ Տիրամօր հանդէպ: Այս իր շատ բանաւոր պատճառներն ունի: Առաջինը բնականաբար իր՝ Աստուծոյ Մայր ըլլալն է: Երկրորդ՝ իր գերազանց սրբութիւնն է եւ երրորդ՝ իր վերափոխուած ըլլալը:
“Զանապական կոյսն Մարիամ Աստուածածին խոստովանի սուրբ եկեղեցի”, կ՚երգէ Հայց. Եկեղեցին: Ասիկա ալ Ս. Գրական է. որովհետեւ երբ Մարիամ կը հանդիպի Եղիսաբէթին, վերջինս կը գոչէ. “Ուստի՞ է ինձ այս զի եկեսցէ Մայր Տեառն իմոյ առ իս” (Ղկ 1.43): Մեր Փրկչին Մայր ըլլալու իր հանգամանքը Ս. Կոյսը կ՚ընէ եկեղեցիին ամենէն սիրելի եւ յարգելի սրբուհին:
Բաց աստի Ս. Կոյսը օժտուած է սրբութեան գերազանց շնորհքով: Նարեկացին կ՚ըսէ անոր համար. “Հրեշտակ ի մարդկանէ, մարմնատեսիլ քերովբէ, երկնաւոր արքայուհի, անխառն իբրեւ զօդ, մաքուր որպէս լոյս”: Այլուր կ՚ըսէ. “Սլացեալ հասեր ի բարձունս երկնից իբր անընդունակ ապականութեան եւ մահու լուծման”: Եկեղեցին բազում բարձրագոյն ածականներով կ՚որակէ զայն, “անբիծ, անարատ, անթառամ ծաղիկ, անդատապարտ շառաւիղ”, եւ այլն, եւ այլն:
Եկեղեցին յատկապէս կը հայցէ բարեխօսութիւնը Ս. Կոյսին եւ առաւել պատիւ կ՚ընծայէ իրեն ի մէջ սրբոց: Պատճառն այն է, որ բոլոր հողեղէն էակներու մէջէն ամենէն նուիրական եւ ամենէն սրբազան պաշտօնը իրեն եղաւ. այսինքն մայր եւ սնուցիչ ու դաստիարակիչ եղաւ մեր Փրկչին: Այդ բարձր եւ սրբազան պաշտօնին արժանի ըլլալու համար ան առաւել քան ոեւէ հողեղէն էակ արժանացաւ աստուածային շնորհաց, եւ ապրեցաւ անարատ կեանք մը զարդարուած գրեթէ ամէն առաքինութեամբ: Հայց. Եկեղեցին թէեւ չ՚ընդունիր Ս. Կոյսին առանց սկզբնական մեղաց ծնած ըլլալը, ինչ որ կը դաւանի Լատին եկեղեցին, սակայն կը հաւատայ, որ Աստուած շնորհեց իրեն մինչեւ վերջ անարատ ապրելու անգերազանցելի շնորհքը: Այնքան մեծ էր Ս. Կոյսին սրբութիւնը, որ Աստուած թոյլ չտուաւ, որ իր անարատ մարմինը ապականութիւն տեսնէ, եւ մասնաւոր տնօրինութեամբ զինք վերափոխեց յերկինս: Բոլոր պատմական եկեղեցիներ կ՚ընդունին եւ կը տօնախմբեն Ս. Կոյսին վերափոխման յիշատակը օգոստոս ամսոյ կէսերուն:
Ուրեմն Ս. Կոյսի վերոյիշեալ գերազանցութիւնները կը բացատրեն, թէ ինչու եկեղեցին, եւ յատկապէս բոլոր իրական սուրբերը, մասնաւոր յարգանք եւ բարեպաշտութիւն ունեցած են Աստուածամօր նկատմամբ: Գրուած են բազում շարականներ եւ գովքեր եւ սահմանուած են շատ մը տօներ ի պատիւ Տիրամօր: Եկեղեցւոյ յարգանքը Ս. Կոյսին նկատմամբ կարելի է ամփոփել առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերգութեանց Ս. Աստուած երգին կցեալ յաւելուածով. “Փառաւորեալ եւ օրհնեալ միշտ սուրբ կոյս Աստուածածին Մարիամ, մայր Քրիստոսի, մատո՛ զաղաչանս մեր Որդւոյ քոյ եւ Աստուծոյ մերոյ”»:
Իսկ Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանը անդրադառնալով Աստուածամօր փրկագործութեան մէջ ունեցած դերին մասին՝ կ՚ըսէ.
• «Այդ դերին մասին կարելի է շատ կարճ եւ համառօտ ըսել, միաժամանակ կարելի է շատ ընդարձակ կերպով խօսիլ: Աստուածամօր դերը ինքնին շատ մեծ է, կը նմանի Եկեղեցւոյ խորհուրդին, եւ զուր տեղ չէ, որ Մարիամ Աստուածամայրը տաղաւար դարձաւ Աստուծոյ բնակութեան: Ճիշդ այնպէս ինչպէս եկեղեցին Աստուծոյ բնակավայրն է՝ զԱստուած իր մէջ ունի, այնպէս նաեւ Աստուածամայրն է:
Եկեղեցւոյ հայրերը կ՚ըսեն, թէ ան մեր փրկութեան առիթն է բազմաթիւ կերպերով: Այսպէս կը բացատրեն.
1. Որովհետեւ իրմո՛վ էր, որ Աստուած ուզեց ծնունդ տալ Իր Որդիին: Ատիկա մէկ բան կը նշանակէ՝ մարդկային բնութիւնը պատուել առահասարակ, նաեւ՝ Մարիամի ոչ-բացարձակ, բայց կարելի է ըսել՝ յարաբերական արժանաւորութեան մասին վկայութիւն մըն է:
2. Մարիամ բացառիկ ծնունդ մը չէր մարդոց մէջ, ուրիշ ծնուդներու պէս ծնունդ մըն էր, բայց ինչպէս մարդոց մէջ կրնան արժանաւորներ ըլլալ, այնպէս իր սերունդին կամ իր ժամանակին մէջ այն արժանաւորագոյն անձը հանդիսացաւ, որուն Աստուած տուաւ նաեւ Իրեն մայր ըլլալու բացառիկ պատիւը:
3. Այդ պատիւին մէջ կայ նաեւ դեր մը, որ պարզ կամ կրաւորական դերակատարութիւն մը չէ, որովհետեւ Մարիամի դերը Աստուած ապահովեց Իր կամքով: Եթէ Մարիամ չընդունէր, Աստուած անոր պիտի չպարտադրէր Տիրոջ մայր ըլլալ: Ատոր համար ալ Գաբրիէլ հրեշտակապետը ղրկեց աւետիսը տալու անոր: Երբ Մարիամ հարցուց, Գաբրիէլ բացատրութիւնը տուաւ, որուն իբրեւ պատասխան Սուրբ Կոյսը պատասխանեց. «Տիրոջ աղախինն եմ, ինչպէս որ կ՚ուզէ՝ թող այդպէս ըլլայ»: Այսպիսով, ինչպէս մեր Եկեղեցւոյ հայրերը կը կրկնեն, կը բացատրեն կամ կը մեկնեն, Մարիամ կատարեալ հնազանդութիւն ցոյց տուաւ եւ իր այդ հնազանդութեամբ նաեւ ձեւով մը հանդիսացաւ Եւայի հակառակ օրինակը:
Առաջին կինը առաջին ստեղծագործութեան մէջ՝ Եւան, հանդէս եկաւ անհնազանդութեամբ եւ Ադամի ամբողջ սերունդին դէպի մահ առաջնորդելուն պատճառ դարձաւ:
Այս՝ երկրորդ ստեղծագործութեան փուլին մասին երբ անգամ մը խօսեցանք, Քրիստոսով փրկագործութիւնը կոչեցինք հոգեւոր, նոր ստեղծագործութիւն: Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրին մէջ առաջին կինը, որ կը տեսնենք, Մարիամ ինքն է: Մարիամ կը ներկայանայ իբրեւ նոր Եւա մը, սակայն ճիշդ հակառակ դերով, ինք որ մեղանչական ծնած էր, իր մեղանչականութեան մէջ սակայն, անհնազադութեան փոխարէն կատարեալ հնազանդ դարձաւ Աստուծոյ կամքին, եւ այդպիսով եղաւ փրկութեան միջնորդ մը: Փրկագործութեան մէջ անոր դերը պարզապէս կրաւորական չէ, երկրորդական չէ, այնպէս ինչպէս ծայրայեղ բողոքական հոսանքներ կամ մտածողութիւններ երբեմն կ՚ըսեն՝ «Մարիամ կին մըն էր, պարզապէս ծնաւ Քրիստսը եւ վերջացաւ»: Լա՛ւ, կին մըն էր, ծնաւ Քրիստսը, բայց չվերջացա՛ւ, ատով չի՛ կրնար փակուիլ այս հարցը: Քրիստոս Իր խաչին վրայ ալ Իր մայրը չմոռցաւ, այլ՝ զայն յանձնեց Իր Եկեղեցիին պահպանութեան, Յովհաննէս Աւետարանիչին յանձնեց, իր մայրը ձեւով մը կտակ տուաւ Եկեղեցիին, զայն մայր դարձուց ամբողջ Եկեղեցիին, հովանաւորը դարձուց ամբողջ Եկեղեցիին:
Չենք կրնար մոռնալ այն ինչ որ Գործք Առաքելոց գիրքը կը վկայէ, թէ, օրինակ, Մարիամ առաջին հաւատացեալներուն եւ Քրիստոսի եղբայրներուն (իմա՝ առաքելաներուն) հետ էր: Նաեւ Եկեղեցւոյ ամբողջ կեանքին մէջ յետոյ ներկայ եղաւ:
Իսկ ինչո՞ւ այդ դերին մասին ՆԿ-ը այլեւս չի գրեր: Պարզապէս չի գրեր այնպէս ինչպէս չի գրեր Թադէոս, Բարթուղիմէոս, Փիլիպպոս, Թովմաս կամ միւս առաքեալներուն մասին, կը յիշատակէ քանի մը հոգին եւ անոնցմէ երկուքին գործունէութիւնն է, որ մանրամասն կը նկարագրէ: Մարիամի դերակատարութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ թէ՛ մեր փրկագործութեան, թէ՛ մեր փրկութեան մէջ կարեւոր է, անկիւնադարձ մըն է, որ չենք կրնար մոռնալ: Կրնանք արագ անցնիլ վրայէն եթէ չուզենք մտածել, բայց եթէ մտածենք՝ Մարիամի ընդմէջէն կը կարդանք մեր փրկութեան ամբողջ պատմութիւնը»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
3 օգոստոս 2020
Վաղարշապատ