ԴԻՏԵԼ ՅՈՅՍԻ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԻ ՄԸ

Յաճախ կը պնդուի, թէ դժուար ժամանակներու մէջ պէտք է դիմել յոյսի փիլիսոփայի մը։ Ճիշդ այդպիսի ժամանակներուն յիշենք Արթուր Շոփենհաուըրը, որ կը համարուի յուսահատութեա՛ն փիլիսոփայ։ Սա անոր անհասկնալիութեան, ծայրայեղ յոռետեսութեան պատճառով չէ, այլ, ընդհակառակն, ան կը մտածէ այնպիսի հոգեվիճակներու մասին, որոնք յանկարծ մեզ կ՚անհանգստացնեն՝ ձանձրոյթ, առանձնութիւն պատճառելով եւ անհնար թուացող երջանկութեան գիրկը նետելով… Այս պարագաներուն վերաբերեալ Շոփենհաուըրի պատկերացումները կրնան մեզի հնարաւորութիւն տալ նախ սահմանելու մեր անհանգստութիւնները, իսկ յետոյ դիմակայելու անոնց եւ հաշտուելու միջոցներ գտնելու անոնց հետ։ 

ՁԱՆՁՐՈՅԹ

Մի արտօնէք, որ ոեւէ մէկը ձեզի ըսէ, թէ ձանձրոյթը լաւ է ձեր հոգեբանութեան համար։ Ծայրայեղ պարագային ձանձրոյթը նոյնքան վատ է՝ որքան պատժուիլը։ Շոփենհաուըր կը յիշեցնէ այն դատապարտեալները, որոնք առանձնութեան եւ անգործութեան մէջ մնացած են ու նոյնիսկ ինքնասպան եղած։ Ձանձրոյթը չափազանց լուրջ է, ինչ որ կրնայ ճակատագրական ըլլալ։ 

Տառապանքի երկու ձեւերէն մին է ցաւալի ձանձրոյթը, որմէ չենք կրնար խուսափիլ մեր կեանքի ընթացքին։ Այս կապակցութեամբ Շոփենհաուըր կ՚ըսէ. «Կեանքը ցաւի եւ ձանձրոյթի միջեւ ետ ու յառաջ կը շարժի եւ սա է անոր բաղադրիչը»։

Մեզի ցաւ կը պատճառէ մեր ցանկութիւններէն զրկուիլը։ Եւ երբ ցանկութիւն չենք ունենար, կ՚ընկճուինք։ Մենք յաճախ կ՚ապաւինինք մեր ցանկութիւններուն՝ մենք մեզ զբաղեցնելու համար. անոնք մեզ կը փրկեն դատարկ կեանքէ։ Ցանկութեան բացակայութեան պարագային դատարկութիւնը կ՚աճի մեր ներաշխարհին մէջ։ Ապրիլն ու գոյատեւելը կը դառնան անտանելի բեռ մը։ 

Երբ կը ձանձրանանք, կը ձգտինք «շարժումի» մը։ Ձանձրոյթը գործողութեան մը ձեռնարկելու շարժիչ ուժն է։ Հետեւաբար, կան ոմանք, որոնք կ՚ըսեն, թէ ձանձրոյթը երբեմն լաւ է։ Բայց ձանձրոյթը կը յառաջացնէ միայն չնչին աշխատանք։ Սակայն ձանձրոյթի եւ ստեղծագործ մտածողութեան միջեւ իւրայատուկ կապ մը կայ։ Ըստ Շոփենհաուըրի, հանճարի միտքը «անընդհատ կ՚աշխատի առանց նպատակի եւ այսպէսով անոր համար միշտ կ՚ըլլայ անընդհատ հոսող «հաճոյքի գէտ» մը. ձանձրոյթը չի կրնար մօտենալ անոր»։ Ներքին հարուստ աղբիւրով սնուող մտաւոր գործունէութիւնը՝ ձանձրոյթը մեղմել չէ, այլ ձանձրոյթին դէմ դիմադրութիւն է։ Աշխոյժ միտքը կը վայելէ ստեղծագործ բանականութիւն, այլ ոչ թէ ցանկութիւններու շարան։ Այսպէսով ձեւով մը ուշադրութիւն գրաւող միջավայրը իտէալ է ծաղկուն մտաւոր կեանքի համար։ Գրգռութիւնը հնարաւոր կը դարձնէ աւելի բարձր մտաւոր գործունէութիւն։

ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԻՒՆ

Ձանձրոյթին դիմակայելէ յետոյ մտաւոր արժէքներու երկրորդ նշանը, ըստ Շոփենհաուըրի, առանձին մնալու կարողութիւնն է։ «Բոլորի մարդամօտութիւնը գրեթէ ներհակ է անոր սեփական մտաւոր արժէքին»։ Շոփենհաուըր հարց կու տայ, թէ եթէ հանճարի մը մտաւոր կարողութիւնը այնքան բարձր է, ապա ինչո՞ւ անոր ուշադրութիւնը դիւրութեամբ կը շեղի ամենաչնչին ընկերային խանգարումէ։ Արդեօք հանճարին միտքը, որ այդքան հզօր է, պէտք ունի՞ առանձնութեան։ Լուծումը այն է, թէ միտք մը որքան ալ ուժեղ կամ ընդունակ ըլլայ, անհանգստացնող հանգամանքներու դէմ բարձր զգայնութիւնը ցոյց կու տայ, այսպէսով միտքը աշխատած կը համարուի։

Շոփենհաուըր ինչպէ՞ս կրնայ առանձնութիւնը պաշտպանել՝ որպէս մտաւոր առաքինութիւն՝ միեւնոյն ժամանակ պնդելով, թէ իւրաքանչիւր գիտելիք ձեռք կը բերուի աշխարհէն, կեանքէն ու փորձառութեամբ։ Իր պատասխանը հետեւեալն է. մարդիկ, որոնք իրենց ժամանակը կ՚արժեւորեն կարդալով եւ իրենց իմաստութիւնը ձեռք կը բերեն գիրքերէն, կը նմանին անոնց, որոնք երկրի մասին պատկերացում ունին միայն ճամբորդագրութիւններէն կարդացածներով։ Իսկ իրենց ժամանակը մտածելով արժեւորողներ կը նմանին անոնց, որոնք ճամբորդելով փորձառութիւն ձեռք բերած են։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2022