ԿՈՐՆԹՈՍԻ ՋՐԱՆՑՔԸ ՆԱԵՒ ՄՈՒՇԻ ՀԱՅ ՔԱՐԱԳՈՐԾՆԵՐՈՒ ՈՒԺԵՐՈՎ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾ Է
Վերջերս յունական «Կորնթոսի ձայն» թերթին մէջ լոյս տեսած է յոյն յօդուածագիր Եւանկելոս Քոքինիուի «Հայ աշխատաւորներուն ներդրումը Իսթմուի ջրանցքի շինարարութեան գործին մէջ» խորագրով հետաքրքրական յօդուածը, որուն մէջ կը նկարագրուի Մուշէն Յունաստան գացած շուրջ 1400 հայ բանուորներու աշխատասէր համբաւը։
Այս յօդուածին մասին տեղեկութիւններ տարածած է Յունաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը, նշելով, որ յօդուածը անդրադարձ է պատմական այն իրողութեան, թէ ինչպէ՛ս 1882 թուականին քարագործներով ծանօթ Մուշ քաղաքէն խումբ մը աշխատաւոր հայեր Յունաստան գացած են՝ աշխատելու որպէս հմուտ վարպետներ։
Յոյն յօդուածագիրը կը գրէ, որ հայ քարագործներուն առաջին խումբը բաղկացած էր 500 հոգիէ։ Սակայն երբ Իսթումի (Կորթնոս) ջրանցքին համար աշխատուժի պահանջարկը մեծցած է, Մուշէն աւելի շատ արհեստաւորներ կանչուած են։ 2500 հիմնական բանուորներէն մօտաւորապէս 1400-ը Մուշէն հասած հայերն էին, որոնք մնացած եւ աշխատած են մինչեւ Իսթումի ջրանցքին կառուցման գործին աւարտը։
Պատմական տեղեկութիւններ մէջտեղ բերելով՝ յօդուածագիրը կը յայտնէ, որ հայ քարագործներուն մեծ մասը կը գտնուէր Լուտրաքիի շրջանը:
Յոյն հրապարակագիրը իր այս յօդուածով դիմած է տեղի քաղաքապետարանին՝ անհրաժեշտ նկատելով յուշարձան մը հիմնել այն հազարաւոր հայերուն համար, որոնք Մուշէն գացած են Յունաստան եւ աշխատած Կորնթոսի մէջ, յիշեցնելով, որ հայերը առհասարակ մեծ ներդրում ունեցած են Յունաստանի շէնացման գործին մէջ, եւ այդ այն ժողովուրդն է, որ այսօր հայրենիքին մէջ կ՚ապրի դժուարին օրեր: Ան ակնարկած է նաեւ Լաչինի միջանցքի արգելափակման արդիւնքին Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին:
Յունաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը իր կարգին յաւելած է, որ հայ աշխատաւորներուն մասին ուշագրաւ ու հետաքրքրական նկարագրութիւններ կան ժամանակին լոյս տեսած որոշ թերթերու մէջ. ինչպէս՝ 1897 թուականի մայիսի 10-ի «Էսթիա» թերթին մէջ, ուր անդրադառնալով հայերուն աշխատասիրութեան, շահեկան կերպով կը նկարագրուի նաեւ անոնց արտաքին տեսքը՝ որպէս լայն ուսերով ջանասէր ու տքնաջան մարդիկ, ինչպէս նաեւ նկարագրութիւններ կը տրուին անոնց հագուստին մասին:
Յունական մամուլին մէջ երեւցած եւ ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած այս յօդուածը անգամ մը եւս առիթ է անդրադառնալու աշխարհի ամենազարմանալի ջրանցքներէն մէկուն՝ փորուած ժայռերու մէջ, եւ որը մեծ նշանակութիւն ունի Յունաստանի տնտեսութեան մէջ:
Կորնթոսի ջրանցքը բացուած է համանուն նեղուցի երկայնքին՝ 19-րդ դարուն, որպէսզի դիւրացնէ ծովային առեւտուրը եւ արագացնէ նաւերուն ճամբորդութիւնը։ Բայց մինչեւ 19-րդ դարը բազում փորձեր եղած են՝ այդ տարածքին մէջ ջրանցք կառուցելու ուղղութեամբ:
Նախքան Քրիստոս 7-րդ դարուն յոյները կը փորձէին նեղուցին երկայնքին ջրանցք մը բանալ, սակայն այդ ժամանակի ճարտարարուեստական միջոցները չեն ներած այդ մէկը։
Նախքան Քրիստոս 6-րդ դարուն, անոնք կը կառուցեն Տիոլքոս քարաշէն ուղին։ Կրկին Նախքան Քրիստոս Ա. դարուն, Յուլիոս Կեսար, նախատեսելով նեղուցին կարելիութիւնները, կը ծրագրէ ջրանցք բանալ, սակայն ան ալ միջոցներու չգոյութեան պատճառով կը հրաժարի:
Ներոն կայսր, Նախքան Քրիստոս 67 թուականին 6 հազար ստրուկներ կ՚աշխատցնէ, որպէսզի ջրանցք բանան։ Մեծածախս այս գործը անոր մահով անաւարտ կը մնայ։
Յոյն փիլիսոփայ եւ Հռոմի Ծերակոյտի անդամ Հերովդէս Ատիկեցին Բ․ դարուն մտածած է նեղուցին երկայնքին ջրանցքի պեղումը։ Վենետիկցիներն ալ Փելոփոնէսի գրաւումէն ետք նոյն մտածումը կ՚ունենան 1687 թուականին, սակայն կրկին կեանքի չի կոչուիր: ԺԹ. դարուն, 1882-ին, կը սկսի շինութիւնը համանուն ջրանցքին եւ կը լրանայ տասնմէկ տարիներ ետք։ Այսօր ջրանցքով աւելի քան յիսուն երկիրներէ տարեկան շուրջ տասնմէկ հազար նաւ կ՚անցնի: Միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ կ՚այցելեն՝ հիանալու նեղուցի եւ համանուն ջրանցքի գեղեցկութեամբ: Պատմական ջրանցքն ու նեղուցը միշտ ուսումնասիրութեան վայրեր են հետազօտողներուն համար:
Կորնթոսին մօտ կը գտնուի Կորնթոս գեղեցիկ քաղաքը, որ կառուցուած է Հին Կորնթոսին տեղը: Իսկ Հին Կորթնոսն ալ, ինչպէս ծանօթ է՝ հին աշխարհի ամենահարուստ քաղաքն էր: Բազում օտար գրողներու, հետազօտողներու կարգին հայ հրապարակագիրներ, գրողներ, պատմաբաններ նոյնպէս բազմիցս անդրադարձած են յունական այդ հնագոյն վայրերուն, անոնց պատմութեան:
1938 թուականին Պուքրէշի մէջ լոյս կը տեսնէ հայ գրող Գրիգոր Նշանեանի «Կորնթեան նամականի. Խոհեր եւ տպաւորութիւններ Ելլաթայէն» գիրքը, որուն մէջ գրողը կը նկարագրէ Յունաստանը, իբրեւ երկրորդ հայրենիքը՝ քաղաքակիրթ բոլոր ժողովուրդներու: Ան Յունաստանը կը կոչէ նաեւ Ելլաթա հելլէններու երկիրը, ինչպէս յոյները կը կոչեն իրենց երկիրը:
Գրիգոր Նշանեան երկար պտտած է երկիրը, թափառած իբրեւ ուխտաւոր՝ անտեսելով բոլոր դժուարութիւնները, երբ ստիպուած եղած է ժամերով քալել արեւին տակ…
Կը ներկայացնենք Կորնթոսին վերաբերող հատուածներ՝ հայ հեղինակի այդ գիրքէն:
ԿՈՐՆԹՈՍ
ԳՐԻԳՈՐ ՆՇԱՆԵԱՆ
Կորնթոս իր աշխարհագրական դիրքով, կարեւոր դեր մը խաղաց երբեմնի Յունաստանի պատմութեան մէջ, եւ իբրեւ Փելոբոնէսի մուտքին վրայ հաստատուած քաղաք՝ շա՜տ կանուխէն շփում ունեցաւ փոքր-ասիական երկիրներու եւ Եգիպտոսի հետ: Անոր ծաղկեալ վաճառականութիւնը զինք ճարտարարուեստի քաղաք մը դարձուց առաւելապէս, ուր պերճանքն ու ճոխութիւնը, շքեղութիւնն ու վայելչութիւնը մրցեցան իրարու հետ, զայն կերտելու համար իբրեւ մէկը՝ աշխարհի ամենէն փարթամ քաղաքներէն: Անոր ժողովուրդը, հակառակ իր դորիական ծագումին, զուրկ մնաց գրեթէ ռազմական ոգիէն, եւ անոր հետեւորդ ժուժկալ կեանքի մը պարզութենէն, եւ աւելի՛ ցայտեցուց իր կենցաղին մէջ՝ արեւելեան նկարագրին թոյլ ու մեղկ կողմերը: Ասորեստան եւ Փիւնիկէ իրենց դիրքերուն հետ Կորնթոսի փոխ տուին նաեւ պաշտամունքը՝ անսանձ հաճոյքին, զգայական հեշտութեան ու ցոփութեան, անոնց նրբութեանց բազմապիսի երանգներով, եւ այդ պատճառաւ է անշուշտ, որ անոր ժողովուրդը, ճարտարարուեստի եւ վաճառականութեան երկրորդական, գրեթէ հասարակ ճիգէն անդին, չկրցաւ նուիրուիլ երբե՛ք հոգեկան բարձրագոյն ձգտումներու եւ ազնուական տեսիլներու:
Կարելի չէ ստուգել ճշդիւ, թէ այս քաղաքին պագշոտ ու ցոփ կեա՞նքն էր, որ տեղի տուաւ Ափրոտիթէի պաշտամունքին ասիական ամօթալի գործադրութեանը, թէ՞ այդ պաշտամունքին հետեւեցան բարքերու ապերասան ազատութիւնը եւ աճող ապականութիւնը: Բայց յայտնի է, որ պոռնկութիւնը հոս ալ սրբազան նկարագիր ստացաւ, եւ քաղաքին ամենէն բարգաւաճ շրջանին՝ հազարէ աւելի հեթայիրներ, իբրեւ քրմուհի, նուիրուեցան Ափրոտիթէի տաճարին սպասարկութեան, մարմնացնելով իրենց վրայ աշխարհական եւ նուիրական կրկնակ հանգամանք: Անոնք, ստուգիւ, նշանաւոր ալ դարձան բոլոր Յունաստանի մէջ, եւ նոյնիսկ անկէ դուրս, իրենց մտաւորական փայլուն զարգացման եւ անուանի գեղեցկութեան, շնորհալի ձեւերու եւ վայելուչ շարժումներու կողմէ:
Սակայն աշխարհի ամենազգի հեշտասէրները, որոնք կ՚այցելէին հոս, իբրեւ «Պոռնիկներու մայրաքաղաք», պահ մը մոռնալու կեանքի առօրեայ ձանձրոյթը՝ զգայական հեշտութեան սպառիչ գինովութեան մէջ, ստիպուած էին նաեւ առասպելական գին մը վճարել՝ իրենց վայելած հաճոյքին մէ՛ն մի վայրկեանին համար:
Պերճանքի եւ փարթամութեան այս քաղաքը անհրաժեշտօրէն պէտք ունէր զարդարուելու նաեւ վեհաշուք մեհեաններով, հանրային հսկայ շէնքերով եւ արուեստի հրաշալիքներով, ու Կորնթոս «աշխարհի թանգարանը» կոչուելու չափ առատօրէն ունեցաւ անոնցմէ, որոնք ձեռակերտները եղան սակայն՝ օտար քաղաքացի արուեստագէտներու: Ճարտարապետական ոճերու ամենէն գեղեցիկն ու ճոխը, որ «կորնթական» կոչուեցաւ իր անունով, գիւտն եղաւ նոյնպէս աթենացի ճարտարապետի մը, Քալիմաքոսին:
Չենք գիտեր, թէ որքա՛ն ստոյգ է նաեւ այն աւանդութիւնը, որ Կորնթոսի կը վերագրէ նկարչութեան գիւտը, եւ կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս մանկամարդ աղջիկ մը գաղափարը յղացաւ պատին վրայ գծելու իր սիրահարին դիմաստուերը, զոր հոն կը ցոլացնէր կանթեղի մը աղօտ լոյսը: Իր հայրը կաւով լեցուց յետոյ այդ շրջանակը, եւ այսպէս հնարուեցաւ ձեւաւորելու արհեստը:
Ամբողջ դա՜ր մը անցեր էր Կորնթոսի քանդումէն ու լքումէն յետոյ, երբ Յուլիոս Կեսար զայն վերականգնեց, օտար գաղթականութիւններ ալ բնակեցնելով հոն, եւ ան քիչ յետոյ վերստին հասաւ նախկին բարգաւաճութեան, իր հետ վերակենդանացնելով նաեւ իր հին անառակութիւններն ու համբաւաւոր շուայտութիւնները:
Սակայն Կորնթոս քրիստոնէական պատմութեան մէջ ալ ունեցաւ իր ոչ նուազ կարեւոր տեղը, իբրեւ գլխաւոր կեդրոններէն մէկը այն առաջին եկեղեցիներուն, որոնք հաստատուեցան հին աշխարհի զանզան կողմեր, Պօղոսի՝ մեծագոյն առաքեալին քարոզութեանց շնորհիւ:
Եւ եթէ Կորնթոսի բազմաթիւ մեհեանները, իրենց աստուածներու կաճառով, տեղի տուին քրիստոնէական տաճարներու եւ «անծանօթ Աստուծոյ» պաշտամունքին, մարդ չի կրնար իր հիացումը զսպել որքան քրիստոնէական կրօնի բարձրութեան, նոյնքան ալ Պօղոսի եռանդուն ու անձնուէր գործունէութեան համար, որով ան կրցաւ քրիստոնէական սրբութիւնն ու ժուժկալութիւնը քարոզել եւ հաստատել զգայական հաճոյքի եւ ցոփութեանց այս պատմական քաղաքին մէջ, ուր նժդեհ մ՚եմ ես ալ հիմա:
Համբաւաւոր Կորնթոս՝ օտար տիրապետութեանց մրցումին քանիցս ենթարկուելէ սուրի, աւարի եւ հրդեհի մատնուելէ յետոյ վերջին անգամ ալ հիմնայատակ քանդուեցաւ զարհուրելի երկրաշարժէ մը, որ 1858 թուականին աւերակոյտի վերածեց արդէն իսկ աննշան աւան մը դարձած պատմական քաղաքը:
Այսօրուան Նոր Կորնթոսը իր հարթ դիրքով, լայն ու կանոնաւոր փողոցներով եւրոպական փոքրիկ քաղաքի մը տպաւորութիւնը կու տայ ոեւէ մէկուն, որ առաջին անգամ կ՚այցելէ հոն: Ան շինուած է ծովեզրին վրայ, քիչ հեռու այն համանուն պարանոցէն, զոր մարդկային ճիգը տարիներ առաջ պեղեր ու վերածեր է ջրանցքի, փրկելով բազմաթիւ նաւերը՝ Փելոփոնէսի ամբողջ շրջանն ընելու երկար տաժանքէն:
Գրեթէ ոչ ոք կը հանդիպի փողոցներուն մէջ, վայրկեան մը ոգեկոչելու համար հին կորնթուհիներու հեթանոս գեղեցկութիւնն ու նրբութիւնը:
Ո՞ւր են այսօր այն զարգացած բազմաթիւ հեթայիրները, իրենց երգչուհիներու ու պարուհիներու ստորաբաժանումով, որոնք հանրային վայրերու մէջ կը ճեմէին ճոխ արդուզարդով ու չարաճճի պչրանքով, եւ անոնց ժպտուն դիմագիծներուն նոր կենդանութիւն մը կու տար Ելլաթայի ջինջ կապոյտ երկինքն ու պայծառ արեւը:
Պատմական քաղաքին հետ այս սերունդն ալ շատո՜նց անհետացեր է այս շրջանէն, իր տեղը տալով հիմա ալպանական գաղութի մը՝ կիսովին հելլէնացած, որու կիները մեծամասնօրէն անշնորհք ու կոշտ քալուածքով, թափթփած, գեղջական յարդարանքով եւ իրենց գլուխը ծածկող ճերմակ կամ սեւ լաչակով զարմանալի հակադրութիւն մը կը կազմեն՝ քսան եւ հինգ դարեր առաջ հոս ապրող վայելուչ եւ շնորհալի կորնթուհիներու հետ:
ԻՍԹՄԻԱ
Կորնթոս պատմութեան մէջ նշանաւոր չեղաւ միայն իր հարստութեամբ, իր արուեստական հրաշալիքներուն ճոխութեամբ եւ իր հեթայիրներուն աննման բազմութեամբ, այլ նաեւ ժողովրդական այն անուանի խաղերով, որոնք ծանօթ են Իսթմեանք անունով, որ տեղի կ՚ունենային իր պարանոցին ամենէն նեղ մասին, Եգէան ծովու գրեթէ եզերքին վրայ: Անոնք հաստատուած կը նկատուէին Թեսէոսի, Աթէնքի դիցաբանական հերոսին կողմէ, բայց կարելի չէ գիտնալ, թէ ի պատիւ Փոսիտոնի, ծովերու աստուծո՞յն տեղի կ՚ունենային անոնք, թէ՞ փիւնիկեան ծոցային ուրիշ աստուածութեան մը, որու պաշտամունքը շատ կանուխէն եկեր, հաստատուեր էր հոս, շնորհիւ Կորնթոսի վաճառականութեան: Սակայն այս երկու աստուածութիւններն ալ, ինչպէս նաեւ ուրիշներ, իրենց մեհեաններն ունէին պարանոցին վրայ, եւ Իսթմիայի մարզադաշտը, որ Ելլաթայի պատմութեան ընծայեց կարեւոր դրուագներ, խորհրդածութեան առատ նիւթ կը մատակարարէր նաեւ ինձ նման հետաքրքրիր նժդեհի մը համար, եւ կրնար շատ դիւրաւ աննկատ առնել տալ՝ երեք ժամ ճամբայ քալելու տաժանքը…
ԿՈՐՆԹՈՍԻ ՀԱՅԵՐԸ
Պատմութենէն յայտնի է, որ Կորնթոսի ջրանցքի կառուցման աշխատանքներու լրումէն ետք, Մուշի բանուորներէն շատեր հաստատուած են այդ շրջանին մէջ:
Նոյն թուականներուն հայ բանուորներ Աթէնք կ՚երթան՝ մասնակցելու Աթէնքի մէջ կայացած հայրենասիրական առաջին ձեռնարկին։ Բանուորներու մէկ մասը կը հաստատուի Աթէնք:
1922 թուականին, աղէտէն փրկուած մօտաւորապէս 8 հազար որբեր, մարդասիրական կազմակերպութիւններու միջոցաւ Յունաստան կը փոխադրուին։ Անոնք նախապէս կը բնակէին Թուրքիոյ տարածքի կարգ մը որբանոցներու մէջ։ Յունաստան կը խնամուին հաստատութիւններու մէջ։ Անոնցմէ գլխաւորներն են՝ Սիրոսի, Կորնթոսի եւ Քերքիրայի (Քորֆու) որբանոցները։
Կորնթոսի որբանոցին մէջ կը խնամուին 1670 հայ որբեր։ 1927 թուականին, այս որբանոցներուն մեծամասնութիւնը այլեւս չի գործեր։ Որբերէն մաս մը, որոնք արդէն հասակ նետած են, կը փոխադրուին Մակեդոնիոյ հայահոծ շրջանը՝ հողագործութեամբ զբաղելու համար, իսկ ուրիշ որբեր տնտեսական դժուարութիւններու պատճառով կը ներգաղթէին դէպի Հայաստան, ուրկէ կ՚արտագաղթէին Ֆրանսա։ Ամերիկեան «Near East Relief» մարդասիրական կազմակերպութիւնը 2500 որբեր Եգիպտոս կը ղրկէ հայկական ընտանիքներու կողմէ որդեգրումի յատուկ ծրագրի մը գործադրութեան պատճառով:
1938 թուականին յունահայոց Ազգային կեդրոնական վարչութեան Յունաստանի տարածքին կազմակերպած մարդահամարին, Կորնթոսի մէջ մնացած հայերու թիւը 100 է։ Իսկ 1960-ական թուականներուն՝ 25։
Ըստ տեղեկութիւններու, ներկայիս Կորնթոսի մէջ հայեր չկան, կամ անուանափոխուած են:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան