ԼԻՒՍԻ ՍԱՐՈՅԵԱՆ՝ ԻՐ ՀՕՐ՝ ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Լիւսի Սարոյեան ամերիկահայ նշանաւոր գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի երկու երեխաներէն մէկն է: Դուստրը կը կրէր գրողին մեծ մօր՝ Լուսնթագին անունը, որ սիրելի էր Սարոյեանին, իսկ որդին Արամ կոչած էր, որ Սարոյեանի քեռիի անունն էր, իսկ Արամը՝ գրողի սիրած անունը: Ուիլիըմ Սարոյեան ըսած էր, որ եթէ իր անունը ինքը ընտրելու ըլլար, անպատճառ «Արամ» կը կոչէր զինք:

Արամ Սարոյեան ընտրած է հօր ուղին՝ գրող դարձած է, մինչդեռ Լիւսին դերասանուհի էր, կը զբաղէր նաեւ լուսանկարչութեամբ: Ան կեանքէն հեռացած է հիւանդութեան մը պատճառով՝ 2003 թուականին, 57 տարեկանին:

Սարոյեանի որդին՝ Արամ Սարոյեան, կը բնակի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր կը հրատարակէ իր անգլերէնով ստեղծագործութիւնները, մրցանակակիր գրող է:

Լիւսի Սարոյեան ծնած է Սան Ֆրանսիսքօ, իր մայրը՝ Քերըլ Կրէյս, նոյնպէս դերասանուհի էր, որմէ Սարոյեան երկու անգամ բաժնուած է: Երկրորդ ամուսնալուծութենէն յետոյ Սարոյեանի կինը ամուսնացած է դերասան Ուոլթըր Մեթիուի հետ եւ Լիւսի Սարոյեան սկսած է աշխատիլ խորթ հօրը հետ՝ նկարահանուելով անոր շարժանկարներուն մէջ: Ունեցած է կարգ մը ուշագրաւ դերեր: Իր մահուան տարին մահացած է նաեւ իր մայրը:

Լիւսի Սարոյեանի անձնական արխիւը այժմ կը գտնուի Ֆրեզնոյի հանրային գրադարանին մէջ: Ուսումնասիրելով իր մասին նիւթերը՝ կը տեսնենք, որ ան նոյնպէս վառ կերպար մը եղած է իր հօրը պէս: Մահէն ետք իր լուսանկարներու ցուցահանդէսները կազմակերպուած են, արժեւորած են անունը:

Լիւսի Սարոյեան ծաւալուն հարցազրոյց մը տուած է Նիւ Ճըրզիի մէջ լոյս տեսնող «Արարատ» անգլերէն հանդէսին, ուր ան պատմած է իր եւ հօր յարաբերութիւններուն մասին: Հարցազրոյցը վարած է անգլիագիր գրող-լրագրող Կիւլիսէն Յարոյեան, որ հարցուցած է մանաւանդ Սարոյեանի պատմուածքներու մէջ Լիւսիի համար գրուած պատմութիւններու մասին: Կը ներկայացնենք ուշագրաւ հատուածներ այդ հարցազրոյցէն:

«ԱՆ ԻՄ ԿԵԱՆՔԻՍ ՍԷՐՆ ՈՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆՆ ԷՐ»

-Ձեր հայրը իր պատմուածքներէն մէկուն մէջ կը պատմէ ձեր մանկութենէն մտերմիկ յուշ մը: Պատմուածքը կը կոչուի «Չհրատարակուող գրողը, անձրեւը եւ իր դուստրը», իսկ պատմութիւնը հետեւեալն է. դուք անընդհատ չմուշկ ուզած էք ձեր հայրիկէն, իսկ ան կը յուզուի, որ չի կրնար չմուշկ գնել: «Ի՞նչ ընեմ, երթամ չմուշկնե՞ր գողնամ իմ զաւկիս համար», գրած է Սարոյեան: Կը յիշէ՞ք այդ դէպքը, Լիւսի՛ եւ ընդհանրապէս, ո՞րն է ձեր հօր մասին ունեցած առաջին յիշողութիւնը:

-Իմ առաջին յիշողութիւնս այն է, որ երբ ան Նիւ Եորք եկաւ ինծի այցելելու, իր հետ անուշիկ թռչնակ մը բերաւ՝ փոքրիկ թռչնավանդակի մէջ, որ փաթթուած էր Փորթուգալ տպուած օրաթերթով մը: Իսկ տարիներ յետոյ, երբ արդէն շուրջ 13-14 տարեկան էի, կրկին փափաքեցայ ունենալ նոյն թռչունէն՝ իր վանդակով, փնտռեցինք եւ վերջապէս գտանք «Թռչունի վանդակ» կոչուող ճաշարանին մէջ: Ես իր առաջին այցելութիւնը մեզի շատ լաւ կը յիշեմ՝ ան տպաւորած է իր պեխերով, գլխարկով, այդ թռչունի վանդակը իր ձեռքին բռնած: Յուզուեցաւ, երբ տեսայ զինքը եւ նաեւ երջանիկ էի: Իմ կեանքիս առաջին յիշողութիւնն է այդ մէկը:

-Իր մէկ ուրիշ պատմուածքին մէջ՝ «Ազատութիւն եւ զուարճութիւն» խորագրով, Սարոյեան կը նկարագրէ, թէ ինչպէս Մալիպուի ձեր տունէն ինքնաշարժ նստաք եւ գացիք հասաք ովկիանոս: Կը յիշէ՞ք այդ մէկն ալ:

-Ես կը յիշեմ այդպիսի բազմաթիւ ուղեւորութիւններ, որովհետեւ ամրան ամիսներուն եւ դպրոցական արձակուրդի ժամանակ ան յաճախ մեզ զբօսանքի կը տանէր: Ես եւ եղբայրս կ՚երթայինք Մալիպուի իր տունը եւ գիշերը հոն կը մնայինք, իսկ առտու կանուխ ճամբայ կ՚ելլէինք դէպի Ֆրեզնօ կամ ալ դէպի հիւսիս՝ Սան Ֆրանսիսքօ: Այդպիսի ճամբորդութեան մը ժամանակ էր, երբ կեցանք ինքնաշարժի վառելիք լեցնող կայանի մը քով, որ իմ հօրս տունի շրջանը կը գտնուէր: Այդ կայանի ետեւի կողմը տեսայ սրճագոյն ճագար մը՝ վանդակի մը մէջ: Ես խենթի պէս սիրեցի այդ կենդանին եւ կ՚երազէի, որ ան իմս ըլլար: Հայրս տեսնելով իմ փափաքը, ջանաց գնել զայն, բայց տէրը ըսաւ, թէ ատիկա իր թոռնուհիին ճագարն է եւ չի կրնար ծախել: Իսկ ես պոռացի. «Հայրի՛կ ես շատ կը սիրեմ այս ճագարը»: Հայրս ուզեց զիս հանգստացնել. «Վնաս չունի, այս մէկ հատին տեղը, երբ որ Ֆրեզնօ հասնինք, ես քեզի համար տասը հատ ճագար պիտի գնեմ», ըսաւ ան: Ես հանգստացայ եւ նորէն ինքնաշարժ նստանք: Մենք Ֆրեզնօ ուղեւորուած էինք՝ տեսնելու համար իմ հօրաքոյրս՝ Զապէլը եւ Փափազեան ընտանիքը: Հայրս ինքնաշարժը կեցուց ճագարաբուծարանի մը առջեւ եւ գնեց մայր ճագար մը՝ իր ինն ձագերով: Մենք զանոնք տարինք Զապէլին տունը: Հօրաքոյրս, անշուշտ, շատ ուրախացաւ՝ տեսնելով Արամը, զիս, հայրս, բայց միւս «հիւրերը»՝ տասը ճագարները, բնաւ անոր սիրտով չէին: Ճագարներուն համար կացարաններ շինեցինք եւ մինչեւ ամառուան վերջ անոնց թիւը արդէն ութսունի հասած էր: Ես մէկ անգամէն ճագարներու իսկական հաւաքածոյ ունեցայ եւ ատիկա իմ վառ յիշողութիւններէս մէկն է, որովհետեւ գրեթէ ես նաեւ ճագարապահ դարձած էի: Հայրս ալ միշտ կը յիշեցնէր. «Այսօր հոգ տարա՞ծ ես քու ճագարներուդ»: Ամէն օր ես զանոնք կը կերակրէի՝ հազարաթերթիկ կու տայի եւ թարմ ջուր: Այդ պատմութիւնը իմ հօրս արկածախնդրութեան մասին կը խօսի՝ ան ամէն ինչին սովոր էր մեծ արկածախնդրութեամբ մօտենալու…

Մեր ճանապարհորդութիւններուն ժամանակ մենք երբեք չէինք կրնար հասկնալ, թէ ի՛նչ կու գայ անոր խելքին եւ ի՛նչ կ՚ընէ: Երբեմն ան ճանապարհին հետաքրքրական մարդու մը կը հանդիպէր եւ ամբողջութեամբ կը տարուէր անոր հետ զրուցելով, կը հարցնէր անոր կեանքի, գործի, ընտանիքի մասին: Եւ հայրս ալ մարդիկը խօսքի մէջ ներքաշելու տաղանդ մը ունէր:

«Ողջոյն, ինչպէ՞ս էք», սկիզբը այսպէս կը հարցնէր հանդիպած անծանօթին, եւ մենք շուտով այդ մարդուն մասին կը գիտնայինք ամէն ինչ:

Նոյնպէս լաւ կը յիշեմ հօրս հետ Եւրոպա կատարած ուղեւորութիւններէս մէկը: Հոն հանդիպեցանք Սեմ Փեթհեմ անունով մարդու մը, որու պայթուցիկ ձայնը կարծես ռումբի ձայն ըլլար: Ան դարձաւ մեր սիրելի մարդոցմէ մին: Յետոյ ամբողջ մեր կեանքի ընթացքին մենք յաճախ կը յիշէինք այդ մարդը, հակառակ որ մօտէն չէինք ճանչցած, բայց քանի որ հայրս այնպիսի վարպետ կերպով կը ծաղրէր անոր ձայնը, մենք չէինք կրնար մոռնալ Սեմ Պեթհեմը: Իմ հօրս ձայնն ալ բամբ էր եւ բարձր:

Մեր ուղեւորութիւններէն մէկուն ժամանակ ալ նաւի վրայ հանդիպեցանք աղջկայ մը, որուն անունը Չա-չա էր: Անոր հետ նոյնպէս բարեկամացանք եւ հայրս անոր մասին գրեց:

Այդ բոլոր մարդոց մենք կը հանդիպէինք բոլորովին պատահական եւ հայրս անոնց հետ անմիջապէս բարեկամութիւն կը հաստատէր:

-Սարոյեան իր մէկ պատմուածքին մէջ կը նկարագրէ ձեր մէկ այլ զուարճալի ճամբորդութիւնը, որ կատարած էք Թրիսէթէ, Պելկրատ, Նափոլի, Վենետիկ, Աթէնք: Ան կը պատմէ յատկապէս, որ Աթէնքի մէջ, ծովափին դուն մանր քարեր հաւաքած ես ու ան միշտ պահած է զանոնք:

-Օ՜, այդ ալ կը յիշեմ՝ Աթէնքէն դուրս գտնուող այդ ծովափը, կը յիշեմ, քանի որ ծովեզերքը շատ մուկեր կային: Բայց ոչ՝ մուկերը ես Ճիպրալթարի մէջ տեսայ:

Կը յիշեմ, որ շատ սիրեցի Պարսելոնայի պարողները, հոն էր, որ ունեցայ հօրս կողմէ ինծի խոստացուած իշուկը՝ նշանաւոր Լէոփոլտ Ֆրէքլը: Մենք Պարսելոնա գացինք, պանդոկը կը մնայինք: Ատիկա մեր յայտնի արկածախնդրութիւններէն մէկն էր, մեր խելքին փչեց քշել երկար եւ երթալ ծովու կողմ, հոն մնալ, որպէսզի ինք կարենայ ինծի իշուկ մը առնել: Մեզ խենթ վարորդ մը կը տանէր, այնքան սրընթաց կը քշէր ինքնաշարժը, որ ես փառք կու տամ, որ ողջ մնացած եմ: Մենք գացինք այն բնակարանը, որ վարձած էինք առանց տեսնելու: Լուացարանէն ջուր չէր հոսեր, ելեկտրականութիւն չկար, մենք ալ մոմ չունէինք: Քանի մը լուցկի ունէինք միայն: Փողոցը մոմերու լոյսերու տակ շատ մարդիկ հաւաքուած էին եւ անոնք շատ ուրախ էին: Մենք շատ խնդացինք այդ գիշեր, երբեք չեմ մոռնար: Անկողնի ճերմակեղէնը, վերմակները մգլոտած էին, դաժան փորձութիւն էր այդ ճամբորդութիւնը, բայց ես հիմա կը մտածեմ, որ կեանքիս մէջ այդքան լաւ ժամանակ չեմ անցուցած:

Գիշերը հազիւ քանի մը ժամ քնացանք, յաջորդ առաւօտ վեցին ինքնաշարժով մօտաւորապէս երկու ժամ ճանապարհորդեցինք եւ կրկին Պարսելոնա հասանք: Ապա շարունակեցինք մեր ուղեւորութիւնը:

Ես կը յիշեմ բոլոր վայրերը, ուր եղած եմ հօրս հետ: Աթէնքը, անշուշտ, կը յիշեմ, հայրս հոն մեծ համբաւ ունէր, անոր հետ մամուլի ասուլիներ կ՚ընէին: Կը յիշեմ՝ Աթէնքի մէջ շատ աղքատ թաղամասեր կային, մենք այցելեցինք նաեւ բազմաթիւ հայերու, տեսանք պատմական յուշարձանները, հայրս նոյնիսկ նաւակ վարձեց, որպէսզի մեզ տանի Իտրա կոչուող կղզին:

Երբ այնտեղ հասանք, կնոջ մը հանդիպեցանք, ան յանձն առաւ, որ մեզի ցոյց տայ կղզիին տեսարժան վայրերը: Ան լողազգեստով էր, յանկարծ լողազգեստին վերի մասը սահեցաւ: Նաւակին մէջ ես կայի, նաեւ հայրս ու Արամը: Հայրս եւ Արամը իրենց հայեացքները փախցուցին դէպի ծովը, մինչդեռ կինը չէր նկատած, որ լողազգեստէն մաս մը իջած էր եւ ինք մերկ էր: Իմ հայրս նման պարագաներու շատ ամչկոտ էր եւ նաեւ՝ բարեկիրթ, ան ամէն ձեւով կ՚ուզէր Արամին ուշադրութիւնը շեղել, ծովի հեռուները ինչ-որ բաներ ցոյց կու տար եւ կը պատմէր: Արամն ալ շփոթած էր, չէր գիտեր, թէ ինչպէս վարուի, մանաւանդ այդ կինն ալ մեծ կուրծքեր ունէր: Ես ուղղակի հիացած էի իմ հօրս եւ եղբօրս նրբակիրթ պահուածքով:

-Ապա Ձեր հայրը կը գրէ 1959 թուականին Փարիզի մէջ անցուցած ձեր համատեղ օրերուն մասին, կը պատմէ, որ դուք կը նկարէիք: Ան հաւնած էր ձեր այն նկարները, որոնք ինքնանկարներ էին, ձեր անձը ցոյց կու տային:

-Ես միադէմ նկարներ կը նկարէի՝ արդիւնքին կը ստացուէին Մոտիլիանիի ոճի դէմքեր: Բայց հայրս համոզուած էր, որ ատոնք ես եմ: Թերեւս ատոնք որոշ չափով նման էին ինծի՝ մեծ աչքերով, երկար շիտակ մազերով, երկար եւ ձգուած դէմքի ձեւով: Իմ նկարներս հիմնականը այդպիսին էին. բան մը, որ հօրս հաճելի չէին: Իսկ ես կը ջանայի իմ մէջս եղած ազատութիւնը թաքցնել, բայց փոխարէնը գրագէտ նկարել: Ծաղիկները շատ ճշգրիտ կը գծէի՝ թերթիկները՝ աւարտուն: Օր մը ան չհամբերեց եւ ըսաւ՝ ի՞նչ եղած է քու ազատութեանդ, ամէն ինչ այնքան մանրամասն գծած ես, այլեւս ազատութեան հրճուանքի շունչ չկայ քու նկարներուդ մէջ, ի՞նչ պատահած է: Ես այդ ժամանակ չէի հասկնար հօրս ըսածները, բայց երբ հիմա կը դիտեմ այդ շրջանի իմ նկարներս, կը զգամ, որ բան մը փոխուած էր:

-Մէկ ուրիշ պատմութիւն իր պատմուածքներու մէջ. Փարիզի մէջ ան գացած է օդանաւային ընկերութեան ակումբ, ուր թղթախաղի ժամանակ մեծ գումար կորսնցուցած է: Յաջորդ օրը Պուլոնյի անտառին մէջ զբօսնելու ատեն դուք մխիթարած էք անոր՝ ըսելով. «Հայրի՛կ, սիրտդ մի՛ նեղեր, մենք ամէն ինչ ունինք»:

-Ես շատ լաւ կը յիշեմ այն առտուները, երբ հայրս կ՚արթննար՝ նախորդ գիշեր թղթախաղին մէջ մեծ գումար տանուլ տուած: Ան կը տառապէր: Երբեմն նաեւ կը շահէր, բայց ատիկա չէինք զգար, իսկ երբ կը պարտուէր՝ չափէն աւելի կ՚ընկճուէր: Եղած է, որ թղթախաղի մէջ կորսնցուցած է ամառուան համար յատկացուած մեր ողջ գումարը: Ամառ մը մենք դադրեցուցինք մեր շրջագայութիւնը, քանի որ հայրս կորսնցուած էր մինչեւ վերջին ղրուշը: «Իսկ մենք ամէն ինչ ունինք, կարեւոր չէ, թէ ինչքան կը կորսնցնենք» խօսքերը ես լսած եմ իմ հօրմէս, ինքը այդ ձեւով օրերով կը փորձէր դուրս գալ իր ընկճուած վիճակէն:

…Ես շատ վատ կը զգայի, որ իմ հայրս վատ տրամադրութեամբ տեսնէի, կ՚ուզէի զայն միշտ երջանիկ տեսնել: Մօտ քսանչորս ժամ անհրաժեշտ էր, որ ան դուրս գար մեծ կորուստի պատճառած անկումային տրամադրութենէն: Հրճուանքի եւ միացումի անոր զգացումները կը վերադառնային, երբ ան կը նստէր գրամեքենային առջեւ՝ պատմուածք կամ որեւէ այլ բան գրելու: Բոլոր պարագաներու ան միշտ կրնար դուրս գալ ծանր հոգեվիճակէ:

-Ձեր՝ դերասանուհի դառնալու ցանկութիւնը հետեւանք էր ձեր հօր թատրերգութիւններո՞ւն:

-Թէ՛ հայրս, թէ՛ մայրս թատրոնի մարդիկ էին: Ծնած ըլլալով այդ միջավայրին մէջ՝ ես պզտիկ տարիքէն երազած եմ դերասանուհի դառնալ… Խաղաղ ովկիանոսի ափին գտնուող մեր առաձնատան ինքնաշարժի տնակին մէջ ես կը փորձէի փոքրիկ թատերախաղեր բեմադրել: Արամն ալ ամէն ինչ կ՚ըներ՝ բեմի հագուստ կը պատրաստէր, վարագոյր կը շինէր: Այսպէս Արամը կը կատարէր բոլոր դժուար աշխատանքները, իսկ ես մէկ դերասանուհիով ներկայացումներ կու տայի: Կը կարծեմ, որ ես բեմական անհատականութիւն ունէի, միշտ ուզած եմ դերասանուհի դառնալ: Հայրս կը կարծէր, թէ կը փոխեմ որոշումս: Ան զիս եւ Արամը գրող տեսնել կ՚ուզէր: Ես, անշուշտ, երբեմն կը գրեմ, բայց՝ ի միջի այլոց է այդ մէկը, չեմ սիրեր նիւթին վրայ աշխատիլ: Հայրս մեզի գիրքեր կու տար, որպէսզի կարդանք, զիս ամենէն շատ Սելինճըրը կը հրապուրէր: Հայրս մեզ շատ կը քաջալերէր ընթերցանութեան մէջ, իր գործերն ալ կը կարդար: Ես անոր շատ գործեր կարդացի եւ այնքան կը հիանայի, որ ի վերջոյ հասկցայ, թէ հնարաւոր չէ անոր հետ մրցիլ: Ուստի երբեք չխորացայ գրելու մէջ:

…Իմ կարծիքով՝ ես աշխարհի ամենաերջանիկ անձն եմ, քանի որ ունեցած եմ այնպիսի հայր մը, որ իմ կեանքիս սէրն ու ուրախութիւնն էր: Իմ մէջս եղած բոլոր լաւ յատկութիւններուն համար ես պարտական եմ անոր: Ան է, որ վաղ տարիքէն իմ մէջս ներարկած է այն ամէն ինչը, որու համար երջանիկ եմ՝ հրճուանք կեանքի նկատմամբ, չնուազող հետաքրքրութիւնը, համարձակութիւնը, ինքնավստահութիւնը՝ ասոնք յատկութիւններ են, որոնք բազմաթիւ կիներ չեն ստանար իրենց ընտանիքներուն մէջ: Չկար բան մը, որ ես չկրնայի ընել կամ գոնէ՝ փորձել: Ան ինծի այնպիսի քաջութիւն մը կը ներշնչէր, որ ես դժուար թէ ստանայի ուրիշ հօրմէ մը:

Ան ամէն չնչին բանէ կարող էր բան մը ստեղծել, ամէն ինչի մէջ գեղեցկութիւն կը տեսնէր: Ահա թէ ինչու դարձաւ այդպիսի սքանչելի գրող մը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2024