Յ. ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԱԾ

Շարժանկարի յայտնի բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեան հրաժարեցաւ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնի տնօրէնի պաշտօնէն։ Ինչպէս ծանօթ է, այս փառատօնի հաստատման ու կայացման ուղղութեամբ լուրջ ներդրում մը ունեցած է Յարութիւն Խաչատրեան, որ առաջին օրէն ի վեր աշխատանք կը տանէր՝ որպէս փառատօնի հիմնադիր-տնօրէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Յարութիւն Խաչատրեան իր փափաքով հրաժարած է՝ նոր ֆիլմաշարի մը նկարահանման աշխատանքներու ծանրաբեռնուածութեան պատճառով։

Փառատօնի հիմնադիր խորհուրդի որոշումով՝ «Ոսկէ ծիրան»ի նոր տնօրէնը դարձած է շարժանկարի մասնագէտ Սուսաննա Յարութիւնեան, որ երկար տարիներէ ի վեր փառատօնի գեղարուեստական տնօրէնն ու Յարութիւն Խաչատրեանի անմիջական գործակիցներէն մին էր։

Յարութիւն Խաչատրեան հայկական շարժանկարի արդի ամենահեղինակաւոր անուններէն մին է։ Միջազգային գետնի վրայ ան նուաճած է զանազան մրցանակներ։ Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնի հիմնադրութեան եւ կայացման ճանապարհին վրայ ան ունեցած է անփոխարինելի դերակատարութիւն՝ այդ միջազգային փորձառութեան շնորհիւ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2017