ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ
- Ի՞նչ կը նշանակէ աղօթք եւ ինչո՞ւ կ՚աղօթենք։
- Աղօթք կը նշանակէ խօսակցութիւն Աստուծոյ հետ, Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մտնել աղօթելով։ Աղօթքը մեր հոգեկան սնունդն է, եւ այդ սնունդը՝ Աստուծոյ պատուիրաններն ու Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումներն են, որոնց գործադրութեամբ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը զգանք եւ մնայուն կերպով կապի մէջ կ՚ըլլանք Անոր հետ։ Կ՚աղօթենք, որպէսզի մեր երախտագիտութիւնը յայտնենք Աստուծոյ՝ Իր պարգեւած բոլոր բարիքներուն համար։ Տակաւին, կ՚աղօթենք զԱստուած օրհնաբանելու եւ փառաբանելու համար։ Դարձեալ, կ՚աղօթենք մեր նմաններուն՝ ամբողջ մարդկութեան համար։ Եւ ի վերջոյ կ՚աղօթենք մենք մեր անձերուն համար, թողութիւն հայցելով Աստուծմէ մեր գործած սխալներուն ու մեղքերուն համար եւ խնդրելով, որ մեր հաւատքը, յոյսը, սէրը, ներողամտութիւնը եւ համբերութիւնը աւելցնէ։
- Քանի՞ տեսակ աղօթք կայ։
- Երկու տեսակ աղօթք կայ. հաւաքական կամ հասարակաց եւ անձնական կամ առանձնական։
Հասարակաց աղօթքը այն է, որ առաւօտուն եւ երեկոյեան եկեղեցիներէն ներս ժամերգութիւններու ընթացքին կը կատարուի ճշդուած ժամերուն՝ եկեղեցականներու կողմէ եւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Իսկ առանձնական աղօթքը ճշդուած ժամ ու տեղ չունի, եւ կը կատարուի ուր որ ալ ըլլայ՝ տան, գործատեղիին, դպրոցին մէջ, ճամբուն ընթացքին, եւ այլն։
- Մարդ քանի՞ անգամ պէտք է աղօթէ:
- Աղօքը քանակ ու չափ պէտք չէ ունենայ, այսինքն՝ մարդ պէտք չէ աղօթէ մեքենայական ձեւով, որովհետեւ եթէ այդպէս աղօթէ, աղօթքը կը դադրի աղօթք ըլլալէ: Լաւ կ՚ըլլայ սակայն, որ իւրաքանչիւր անհատ հետեւի որոշ կերպի մը, որով ինքզինք դաստիարակէ այդ կերպ աղօթելու: Այս ուղղութեամբ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ վարդապետներէն՝ Յովհաննէս Երզնկացին այսպէս կ՚ըսէ.
«Քրիստոնեան պարտի օրը երեք առիթներով աղօթել, առաւօտուն՝ երբ քունէն արթննայ, ճաշի ժամուն եւ գիշերը՝ քնանալու պահուն։ Իւրաքանչիւր աղօթքի ժամուն այր մարդիկ ու կտրիճ երիտասարդներ պէտք է 12 անգամ ծնրադրեն, որ կ՚ընէ օրը 36 անգամ. իսկ կիներն ու աղջիկները պէտք է 20 անգամ ծնրադրեն, օրական՝ 60 անգամ։
Մարդ երբ արթննայ, պէտք է աղօթէ, գոհութիւն տայ Աստուծոյ որ զինք խաւարէն լոյսին հանեց։ Ճաշի ժամանակ պէտք է շնորհակալութիւն յայտնէ՝ որ կերակուր տուած է, եւ ոչ թէ անասունի նման անգիտակցաբար վայելէ Աստուծոյ բարիքը։ Գիշերը պէտք է աղօթէ, որպէսզի մութին ու գիշերուան մէջ Աստուած անփորձ պահէ, նաեւ գոհութիւն յայտնէ որ օրը խաղաղութեամբ վերջացաւ։ Մի՛ ձգէք, որ ձեր զաւակները առանց աղօթքի հաց ուտեն կամ քնանան»:
- Ինչո՞ւ մատաղ կ՚ընենք։
- Մեր ըրած մատաղը Հին Օրէնքին զոհը չէ, այլ՝ զայն կ՚ընենք աղքատներուն կերակուր բաժնելու համար եւ ի յիշատակ ննջեցեալներուն, որ մեզի աւանդուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն։
- Ի՞նչ է Տնօրհնէքը։
- Տնօրհնէքը առաքելական դարէն սկսած է, որ Աստուածայայտնութեան եւ Զատկի տօներուն առաքեալները եւ իրենց հետեւորդները, հաւատացեալներուն տուները կը շրջէին, աւետելով Քրիստոսի Ծնունդը եւ Յարութիւնը։ Ներկայիս, քահանաները դպիրներուն հետ միասին ժողովուրդին տուները կ՚երթան շուրջառով եւ Աւետարանով, ըստ պատշաճի կ՚երգեն շարական եւ Աւետարան կը կարդան։ Տնօրհնէքը, քրիստոնեայ բոլոր ազգերուն մօտ կայ, սակայն չորրորդ դարուն կարգ մը վայրերու մէջ թուլցաւ այս աւանդութիւնը։ Այդ պատճառով, մեծն Բարսեղ Կեսարացին, նզովք դրաւ չկատարողներուն վրայ. «Քահանան, որ Մեծ Զատկին եւ Յայտնութեան, ժողովուրդին բոլոր տուները եթէ չաւետարանէ, նզովեա՛լ թող ըլլայ»։
- Ինչո՞ւ Տարելից կը կատարենք։
- Ամէն տարի Պատարագով յիշելով ննջեցեալի մահուան օրը, մենք կը վկայենք, թէ մահուան օրը, քրիստոնեաներուն համար երկրորդ ծնունդն է՝ դէպի յաւիտենական կեանք։
- Տարուան ընթացքին յատուկ օրեր կա՞ն ննջեցեալները յիշելու համար։
- Այո՛, տարուան ընթացքին կան քանի մը առիթներ, որոնց ընթացքին մեր ննջեցեալները կը յիշենք, անկախ պարագայական առիթներէ, որ ննջեցեալի մը պարագաները փափաք կը յայտնեն իրենց ննջեցեալներուն համար հոգեհանգիստ ընել։ Իսկ եկեղեցական յատուկ օրերն են, Ծնունդի, Զատկուան, Վարդավառի, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման եւ Խաչվերացի յաջորդող երկուշաբթի օրերը, որոնք կը կոչուին «Մեռելոց յիշատակի օր»եր։
- Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հայրապետներէն ո՞ր Հայրապետը մարդասիրական առաքելութիւն ծաւալած է առաջին անգամ. խօսէ՛ անոր մասին։
- Մեծն Ներսէս, Սուրբ Ներսէս Ա. Պարթեւ Հայրապետը։ Ծնած է մօտաւորապէս 329-ին եւ վախճանած 373-ին։ Կաթողիկոս եղած է 353-ին եւ յաջորդած Փառէն Ա. Աշտիշատցիին, Արշակ Բ. թագաւորի օրով։ Կրթութիւնը ստացած է Կեսարիայի մէջ։ 356-ին իր նախաձեռնութեամբ կը գումարէ Աշտիշատի Բ. ժողովը։ Մեծն Ներսէս Հայ Եկեղեցւոյ առաջին բարեփոխիչ Հայրապետն է։ Իր օրով հոգեւոր կրթութիւնը զարկ առած է։ Պայքարած է պարսկական ազդեցութեան տարածման դէմ. ոչնչացուցած է զրադաշտական ատրուշաններն ու մոգութեան դպրոցները։ Բացած է բազմաթիւ դպրոցներ, հաստատած է հիւանդանոցներ, անկելանոցներ, աղքատանոցներ եւ բարեխնամ այլ հաստատութիւններ։ Նորոգած է կարգ մը վանքեր ու եկեղեցիներ։ Հայ Եկեղեցին, Մեծն Ներսէսի տօնը կը նշէ Խադ Եպիսկոպոսին հետ, Սուրբ Էջմիածինի տօնին յաջորդող շաբաթ օրը։ Մեծն Ներսէսը հանդիսացած է «Լուսաւորիչ սրտից»՝ իր կատարած բարոյական եւ կրօնական բարեկարգութիւններուն եւ հաստատած մարդասիրական հաստատութիւններուն համար։
- Խօսէ՛ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին մասին։
- Կոչուած է Ներսէս Դ. Կլայեցի, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եւ Երգեցող։ Ծնած է մօտաւորապէս 1100 թուականին Ծովք բերդին մէջ եւ վախճանած՝ 13/8/1173-ին Հռոմկլայի մէջ։ Կաթողիկոս եղած է 1166-ին եւ յաջորդած իր աւագ եղբօր՝ Գրիգոր Գ. Պահլաւունիին։ Մեծցած է Գրիգոր Բ. Վկայասէրի եւ ապա Բարսեղ Ա. Անեցի կաթողիկոսներուն խնամքին ներքեւ։ Ուսումը ստացած է Քեսունի մօտ գտնուող Շուղրի Կարմիր վանքի դպրոցին մէջ, աշակերտելով Ստեփանոս Մանուկ Եպիսկոպոսին։ Տասնվեց տարեկանին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է եւ Ներսէս վերանուանուած։ 1121-էն 1135 զբաղած է եկեղեցական-ազգային գործունէութեամբ։ Իր կաթողիկոսութեան տարիներուն սերտ կապեր հաստատած է Հայաստանի բոլոր նշանաւոր վանքերուն եւ Արեւելեան վարդապետներուն հետ, թղթակցելով անոնց հետ՝ դաւանաբանական, եկեղեցագիտական, ազգային, ինչպէս նաեւ գրական ու գիտական զանազան հարցերու մասին։ 1141-ին, իր կաթողիկոս եղբօր՝ Պահլաւունիի հետ մասնակցած է Անտիոքի ժողովին, որմէ ետք սկսած են Հայ-Լատին եկեղեցիներու յարաբերութիւնները։ Ճանչցուած է որպէս միջեկեղեցական անձնաւորութիւն, այլ եկեղեցիներու հետ իր ունեցած յարաբերութիւններուն համար։ Յոյները, ասորիները եւ հռոմայեցիները զինք 3-5-րդ դարերու մեծ Հայրերուն նմանցուցած են։ Այդ ժամանակուան յունական եւ ասորական աղբիւրները զինք «Նոր Գրիգոր Աստուածաբան» կոչած են։ Բացի «Շնորհալի» կոչումէն, կոչուած է նաեւ «Երկրորդ Լուսաւորիչ Հայոց», «Եռամեծ Վարդապետ», «Երանաշնորհ Սուրբ», «Աղօթք հայ եկեղեցւոյ եւ հայ հոգիին», «Տիեզերալոյս Վարդապետ», «Համահրեշտակ» եւ այլ պատուանուններով։ Գրիչի վաստակը բազմաբեղուն է, ունի քանի մը տասնեակէ աւելի ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ են.
1. «Ատենաբանութիւն»,
2. «Թուղթ Ընդհանրական»,
3. «Մատթէոսի Աւետարանի մեկնութիւն»։ Նաեւ ունի բազմաթիւ նամակներ ու թուղթեր,
4. «Առ Մանուէլ թագաւոր Հոռոմոց»,
5. «Թուղթ առ Միքայէլ Պատրիարք Հոռոմոց»։ Ունի նաեւ թարգմանական աշխատանքներ,
6. Դաւիթ Անյաղթի «Բարձրացուցէք»ը եւ
7. Գրիգոր Նիւսացիի «Ամենայն չար» ճառին մեկնութիւնը, եւ ասոնց կողքին այլ թարգմանութիւններ։
Չափածոյ ստեղծագործութիւններ ունի եւս.
8. «Վիպասանութիւն», բաղկացած 1600 տողերէ,
9. «Ողբ Եդեսիա քաղաքին» չափածոյ հայրենասիրական ստեղծագործութիւնը, որ 2096 տողերէ բաղկացած է,
10. «Բան Հաւատոյ»։
Նշանաւոր ստեղծագործութիւններէն է նաեւ «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքը, որ քսանչորս տուներէ բաղկացած է։
Եղած է նաեւ երաժիշտ. իր ստեղծագործութիւններէն են՝ Տէրունական, Պահոց օրերու, Սուրբերու նուիրուած, դաւանաբանական, վարքագրական, ազգային-հայրենասիրական բովանդակութիւն ունեցող շարականներ, տաղեր, գանձեր, մեղեդիներ, որոնցմէ յատկանշական են՝ «Առաւօտ Լուսո»ն, «Նորաստեղծեալ»ը, «Յարեւելից Մինչ ի Մուտս»ը, «Նահապետացն Աբրահամու», «Նայեաց Սիրով», «Ի Քէն հայցեմք», եւ այլն։
Ունի նշանաւոր այլ գործ մըն ալ՝ «Յիսուս Որդի» բանաստեղծութիւնը։
Հայ Եկեղեցին Շնորհալիի յիշատակը կը տօնէ Խաչվերացի հինգերորդ կիրակիի նախորդող շաբաթ օրը Թարգմանչաց Սուրբ Վարդապետներուն հետ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ