ՊՈԼՍԱՀԱՅԸ ԻՄ ԱՉՔԵՐՈՎ (Ա.)

Ա՜խ Եւրոպա, Եւրոպա…
Քաղաքակրթութեան կեդրոն
Եւրոպա, մեղքի խարան Եւրոպա…
Սրտեր գերող, անսիրտ կեդրոն,
Ի՞նչ կայ քու մէջ հմայելի…
Ա՜խ Եւրոպա, Եւրոպա…
Խառնիչ, մատնիչ, վարկաբեկիչ,
Ե՞րբ դուն հասար այս օրին…

Եւրոպական բարքերը քաղցկեղի պէս կը տարածուին ամէնուր: Աշխարհի չորս ծագերը կը շտապեն նմանելու մեղսագործութեան օճախին: Յիրաւի, բոլոր վատ ու բարի, օրինակելի գործերն ու արարչութիւնները կը ծագին այս կեդրոնի սրտին մէջ: Բոլոր միւս ազգերն ալ ինքնամոռաց կը փորձեն որդեգրել այն բոլորը, ինչ որ կը մատուցէ դրախտավայր յիշեցնող Եւրոպան: Մինչդեռ դրախտը գտնուած է, մարդկութիւնը սկիզբ առած է հայոց աշխարհէն, Հայկական Լեռնաշխարհէն: Ինչեւէ…

Չորս տարի ապրեցայ Պոլիս: Պոլսահայը եւրոպացի՞ է: Պոլսահայերուն անուններն անգամ մեծամասնութեամբ հայկական չեն՝ Գարոլին, Անապել, Ժագլին, Ռիթա, Սերենա, Քեւըն, Քրիս, Մաթիաս եւ ուրիշներ… Իսկ հայկական անունները կը սեպուին հին ու անհնչեղ՝ ականջին ոչ դուրեկան: Ասիկա ժամանակակից պոլսահայու, առհասարակ հայ մարդու մտածումն է, որու հետ ես համամիտ չեմ: Վերջին ժամանակներուն ինծի համար ամենագեղեցիկն ու սիրունը հայկական անուններն են: Թիւր է այն կարծիքը, թէ անունը ժամանակավրէպ կը դառնայ: Անունները կ՚ապրին ինչպէս մարդը, հոգին: Անունները կը շնչեն. ամէն անգամ իւրովի: Գործածելով յարմար պահը, նշեմ իմ համակրանքին արժանացած արական սեռի անունները՝ Սիփան, Սարգիս, Յովսէփ, իգականներէն՝ Գայիանէ, Նունիկ, Աշխէն, Աղաւնի, Իզապել, Իզապելլա ու Սառա: Վերջին երեքը հայկական չեն՝ գիտեմ: Նախավերջինը իմ սիրասուն մեծ մօր անունն է, իսկ վերջինը աստուածաշնչեան է:

Պոկուելով հայկական արմատներէն պոլսահայութիւնը որդեգրած է եւրոպական վարք ու բարքերը, որոնք արտաքնապէս գեղեցիկ են ու հաճելի, սակայն շատ պաղ ու դատարկ: Որքան կը մօտենաս այնքան շատ կը զգաս այդ սառնութիւնն ու դատարկութիւնը: Ջերմութիւն, կենդանութիւն չկայ: Պոլսահայը արտաքուստ ու ներքուստ եւրոպացիի պատճէնն է՝ շատ կը նմանի: Մինչեւ բացասականին անցնիլը, նշեմ դրական կէտերը՝ շատ քաղաքավար, միշտ բարեհամբոյր, հաւասարակշռուած, խնդումերես, խօսքը զէնքի պէս զգոյշ գործածող, գեղեցիկը սիրող, փայփայող հայեր: Այս բոլորին եթէ խառնենք հայու ջերմութիւնը, ազնիւ ու անկեղծ հոգատարութիւնն ու սէրը, պահ մը կրնաք երեւակայել ինչպիսի քաղցր ու անուշ, աստուածային երանութիւն պիտի ըլլայ: Աւա՜ղ, կը բացակայի:

Իմ շատ սիրելի, իմ համակրանքին ու հիացումին արժանացած պոլսահայերէն ես շատ բան սորվեցայ: Այդ պատճառաւ կամեցայ հինգ տարի ապրիլ Պոլիս, սակայն չորսը հազիւ լրացուցի ու փախայ դէպի իմ հոգիի, մտքի ու սրտի թոքեր: Հայաստանով կ՚ապրիմ ու կը շնչեմ, մասնաւորապէս Արցախով: Պոլսոյ մէջ երկարաժամկէտ ապրելու իմ փափաքի երկրորդ պատճառը զուտ մասնագիտական էր: Իւրաքանչիւր թուրքագէտի սրտի փափաքն է ապրիլ, ներսէն ծանօթանալ ու շփուիլ այդ երկրի ժողովուրդի, վարք ու բարքերուն հետ: Ես ալ դասագիրքը իրականութեան վերածելու ինծի ընձեռուած հնարաւութիւնը չմսխեցի: Սակայն չորս տարի Պոլիս ապրելով ես չկատարելագործեցի իմ թրքերէնի իմացութիւնը, պատճառը պոլսահայն է: Այսօր կը ջանամ Պոլիսէն հեռու շտկել իմ այդ բացթողումը: Թէ ինչո՞ւ պոլսահայութիւնը արգելք հանդիսացաւ իմ մասնագիտական լեզուի կատարելագործման՝ կը պատմեմ յաջորդիւ: Թրքերէնի փոխարէն սերտեցի ոսկեղնիկ հայերէնի երկրորդ ճիւղը: Արեւմտահայերէն խօսքը զիս միշտ հմայած է, ինչպէս որ տնաւեր, բնաւեր, աշխարհով մէկ սփռուած սփիւռքահայու պիտակ ստացած արեւմտահայը: Մանկուց արեւմտահայերը այնքան շատ սիրեցի, որ ի վերջոյ, արեւմտահայու՝ պոլսահայու կին դարձայ, իսկ զաւակներս՝ սեբաստա-ղարաբաղցի կամ արցախա-սեբաստացի: Հայկական հողին մէջ երկուքով խառն հունտ մը ինկաւ: Այսօր քաղցր չարչարանքով կը մշակենք, խնամքով կը ջրենք, որպէսզի Աստուծոյ ողորմածութեամբ վաղը կարենանք ըմբոշխնել ազգային ոգիով, հայրենասիրութեամբ, աստուածպաշտութեամբ, աստուածճանաչութեամբ, մարդասիրութեամբ, անսահման սիրով ու իմաստութեամբ, աստուածային շնորհով շաղախած պտուղները: Չէ՞ որ ինչ որ ցանես, այն ալ պիտի հնձես:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակելի

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2022