ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐԱՆՔ
«ՏիճիԹէք Էքսփօ» արհեստագիտութեան միջոցներու ցուցահանդէսը աւանդական դարձած ամենամեայ միջոցառում մըն է, որուն անհամբերութեամբ կը սպասէ տեղեկատուական միջոցներով զբաղող եւ անոնցով հետաքրքրուած հայ հանրութիւնը: «ՏիճիԹէք Էքսփօ»ի պատմութինը կը սկսի 2005 թուականին եւ մշտապէս տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հովանիին ներքոյ: Այս ցուցահանդէսի հիմնական նպատակը բարձր արհեստագիտական ընկերութիւններու, գործարար սպառողներու եւ հասարակութեան միջեւ հաղորդակցման բարենպաստ միջավայր ստեղծելն է: Ան նաեւ միտուած է միջազգային կապերու ընդլայնման:
Այս տարուան «ՏիճիԹէք Էքսփօ»ն, որ «Երեւան-Էքսփօ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հոկտեմբերի 2-5 թուականներուն միջեւ, բացառիկ էր այն առումով, որ այս տարի ցուցահանդէսին կը մասնակցէին նախորդ բոլոր տարիներու համեմատ աւելի մեծ թիւով ընկերութիւններ: Շուրջ հարիւր եօթանասուն ընկերութիւններ՝ տասը երկիրներէ, ցուցահանդէսին ներկայացուցած էին իրենց աշխատանքը, որոնց հիմնական մասը արհեստագիտութեան բնագաւառէն ներս հայ մասնագէտներու, հայկական խումբերու կամ հայերու մասնակցութեամբ ստեղծուած զանազան աշխատանքներ էին: Այդ աշխատանքները ցոյց կու տան հայ ճարտարագէտներու վերջին տարիներու յօրինումները, որոնք նաեւ կը ներկայանան աշխարհի տարածքին: Ցուցահանդէսը աննախադէպ էր նաեւ այցելուներու առումով: Երեք օրերու ընթացքին շուրջ քառասուն հազար այցելու ունեցած է «Երեւան Էքսփօ»ն:
Այս տարուան «ՏիճիԹէք Էքսփօ» ցուցահանդէսը կը կրէր «Տօն արհեստագիտական հայութեան համար» խորագիրը: Բացի տեղական եւ միջազգային շուկային մէջ յաջողութիւններ գրանցած հայկական ընկերութիւններէն, ցուցահանդէսին կը մասնակցէին նաեւ կարգ մը ընկերութիւններ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Չինաստանէն, Թայուանէն, Ռուսաստանէն, Շուէտէն, Ուքրայնայէն, Սպիտակ Ռուսիայէն, Վրաստանէն եւ Իրանէն:
«ՏիճիԹէք Էքսփօ»ի կարգ մը տաղաւարներ յատուկ ուշադրութեան արժանացան թէ՛ այցելուներու եւ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ բարձրաստիճան այլ անձերու կողմէ, որոնք երեք օրերու ընթացքին այցելեցին ցուցասրահ եւ շրջեցան երեք յարկերու վրայ տեղակայուած սրահներով: Հետաքրքրութեան արժանացած էին հայկական արտադրութեան անօդաչու թռչող սարքերու, մարդամեքենաներու (ռոպոթ), հայկական ճատրակային ծրագրերու, Ստուերախաղի, հայկական տեսազանգի եւ արդէն նշանաւոր դարձած ուրիշ այլ հայկական արտադրանքներու տաղաւարները, որոնք այցելուներու պակաս չունեցան:
ԺԱՄԱՆԱԿ նոյնպէս այցելեց «ՏիճիԹէք Էքսփօ» ցուցահանդէս, շրջեցաւ տաղաւաներով, զրուցեց հայկական ճարտարագիտական միտքը ներկայացնող մասնագէտներուն հետ: Կը ներկայացնենք մեր հարցազրոյցը՝ ցուցահանդէսին մասնակցած եւ 2015 թուականի ընթացքին հանրայայտ դարձած հայկական արտադրանքի մը՝ ZANGI ծրագրի հեղինակի՝ ճարտարագէտ Վահրամ Մարտիրոսեանի հետ: ZANGI ծրագիրը հեռահաղոդակցութեան ժամանակակից աշխարհի յառաջատարներէն մէկն է, որոշ տուեալներով, ան իր մատուցած որակեալ ծառայութիւններով կը գերազանցէ SKYPE, VIBER եւ նման այլ ծրագրեր առաջարկող ընկերութիւնները: Աշխարհի կարգ մը երկիրներու մէջ կը գործածեն ZANGI ծրագիրը, թերեւս առանց գիտնալու, որ անոր հեղինակները հայեր են:
-Պարոն Մարտիրոսեան, նկատելի է, որ ցուցահանդէսի օրերուն ZANGI-ն տաղաւարը լեցուն է այցելուներով: Ինչպիսի՞ ճանապարհ անցած է ZANGI-ն՝ այսօր արժանանալով նման հետաքրքրութեան:
-ZANGI-ն հեռահաղորդակցութեան ոլորտի վերջին լուծումներէն է: Մեր ընկերութիւնը ստեղծուած է 2009 թուականին, սակայն իր գոյութեան վեց տարիներուն ընթացքին ան առաւելաբար յայտնի դարձաւ այս տարի, որովհետեւ մեր պաշտօնական մուտքը մենք ծանուցեցինք այս տարուան սկզբին, մինչ այդ զբաղած էինք այլ աշխատանքներով: Անմիջապէս, երբ մենք յայտարարեցինք մեր մուտքի մասին, օգտատէրերու թիւը մէկ ամսուան ընթացքին հասաւ յիսուն հազարի, այսօր արդէն աշխարհի տարածքին շատ-շատ աւելին է այն մարդոց թիւը, որոնք բեռնած են եւ կը գործածեն հայկական ZANGI-ն:
-Իսկ ինչպէ՞ս ընտրուեցաւ անունը եւ ինչո՞ւ ZANGI, եւ ոչ՝ ZANGIR:
-Մենք նպատակ ունէինք անպայման հայկական անուն մը ընտրել, եւ նաեւ նկատի առնել, որ ան դիւրամատչելի ըլլայ զանազան լեզուներով արտասանելու համար: Ուսումնասիրութիւններ կատարեցինք արտասանելու առումով եւ ընտրուեցաւ Զանգի անունը: Որոշ երկիրներու մէջ մեր ծրագիրը «Զենջի» կ՚արտասանեն:
-Իսկ ճի՞շդ է, որ հայկական ZANGI-ն ձեռնոց նետած է SKYPE-ին, VIBER-ին եւ կը գերազանցէ այդ ընկերութիւնները:
-Ձեր նշած այդ ծրագրերը, այո, մեր մըր-ցակիցն են, բայց տեսազանգերու որակի առումով, մեր յաւելուածը, անշուշտ, աւելի որակաւոր է: Շատ քիչեր գիտեն, որ մենք մեր աշխատանքին սկսած ենք այսօր արդէն համաշխարհային առաջնորդ դարձած Whats up-ի, Viber-ի, Tango-ի, Line-ի հետ միասին, սակայն անոնք շատ միջոցներ ունէին եւ շատ արագ անուն հանրածանօթ դարձան, արագ աճեցան, բայց բովանդակային, որակային եւ յօրինումներու առումով մենք յառաջատար ենք: Ըսեմ նաեւ, որ մեր ունեցած ներուժի չնչին մէկ մասը տակաւին ներդրած ենք. մենք նորութիւններ ստեղծելու եւ համացանցային տեղեկատուական դաշտի մէջ յառաջատար ըլլալու ամէնօրեայ աշխատանք կը տանինք: Ունինք մասնագիտական բաւական մեծ փորձ ունեցող խումբ մը, որ լաւագոյնս կը ներկայացնէ հայ արհեստագիտական միտքը:
Մեր հիմնական մրցակիցը, անշուշտ, բջիջային գործարկուներն են, որոնք ամէն տեղ հասանելի են առանց համացանցի, մեր ծառայութիւնը կը մատուցուի համացանցի միջոցաւ, իսկ այսօր բոլոր վայրերու մէջ հասանելի չէ համացանցը։ Բայց ZANGI-ն առաւելութիւններ ունի Ձեր նշած ընկերութիւններու համեմատ, օրինակ՝ մենք արդէն կը տիրապետենք այնպիսի միջոցներու, որոնք ձայնի չկտրտուող որակ կ՚ապահովեն, նոյնիսկ համացանցի կապի վատացման պարագային, բան մը, որ միւս ընկերութիւնները չունին: Շատ բարձր թոյլտուութեան կենդանի տեսազանգերու ծառայութիւն կը մատուցենք: Ատկէ զատ, մենք մշակած ենք նաեւ տուեալներու փոխանցման ճանապարհին տեղի ունեցող կորուստներու վերականգնումը դիւրացնող միջոցներ: Մանաւանդ այս առումով սկզբնական շրջանին այնքան շատ ապսպրանք կը ստանայինք դուրսի երկիրներէն, որ ստիպուած կ՚ըլլայինք մէկ մասը մերժել՝ միւս մասը կարենալ հասցնելու համար:
-Ո՞ր համակարգերու մէջ հասանելի է ծրագիրը:
-ZANGI-ն հասանելի է Android, iOS, Windows համակարգերու համար, իսկ մինչ տարեվերջ ան հասանելի պիտի դառնայ բացառապէս բոլոր հարթակներու համար: Մենք շատ վաղ հասկացած ենք, որ նորագոյն բջիջային հեռաձայնային սարքերը յեղափոխութիւն պիտի կատարեն եւ այսօր արդէն արհեստագիտութեան ասպարէզի մէջ ամենէն սուղ գնահատուող ընկերութիւնները հաղորդակցային ծրագրեր մշակող ընկերութիւններն են:
-ZANGI-ին անվճար է, իսկ ինչպէ՞ս կը զարգանայ ընկերութիւնը:
-Սկզբնական շրջանին ներդրումներով կատարած ենք մեր քայլերը, իսկ այսօր արդէն մենք ունինք վճարովի ծառայութիւններ, որոնք կ՚առաջարկենք մեր օգտատէրերուն եւ եկամուտ կը ստանանք: Այս տարի մենք թողարկեցինք ZANGI-ի ամպային ծառայութիւնը, որ հնարաւորութիւն կու տայ բոլոր զանգերն ու տեսազանգերը պահպանել ու որեւէ պահու փնտռել ու լսել զանոնք: Նոյն այս ամպային ծառայութեան ծիրէն ներս ալ վճարովի ծառայութիւններ ունինք:
Իսկ առհասարակ, տեսազանգի ընթացքին մենք երբեք գովազդ չենք ցուցադրեր, պաստառը պէտք է զերծ ըլլայ գովազդէն, որպէսզի մարդիկ իրարու հետ աւելի հանգիստ շփուին: Մեր պաշտպանական համակարգերը ա՛լ աւելի զօրաւոր են: Առցանց յանցագործներուն համար շատ դժուար է կոտրել մեր յաւելուածը եւ լսել խօսակցութիւնները: Մանաւանդ SKYPE-ի համեմատ՝ մեր պաշտպանական համակարգը մէկ շերտ աւելի անվտանգ է եւ գաղտնալսումները անհնար են կամ գրեթէ անհընար են: Մենք հայկական արտադրանք ենք, բայց գրանցուած ենք Սինկափուրի մէջ, իսկ այնտեղ նման հարցերը շատ խիստ դրուած են:
-Ո՞ր երկիրներէն հետաքրքրուած են հայկական ծրագրով:
-Այն երկիրներու մէջ, ուր աշխատանք տարած ենք, յաջողած ենք: Ունինք հետաքրքրութեան եւ բեռնումներու մեծ քանակ, լայն տարածում Քուէյթի, Պահրէյնի, Սլովաքիոյ, Ղազախիստանի, Ռուսաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ եւրոպական երկիրներու մէջ՝ Ֆրանսա, Գերմանիա:
-Հետաքրքրական են տեսազանգերու ընթացքին հայերէն գրութիւններով մածուցիչները (sticker): Ուրիշ ի՞նչ նորամուծութիւններ կան:
-Ծրագրի մէջ քանի մը լեզուներով մածուցիչներէն զատ նաեւ կայ հայերէն, եւ մանաւանդ հայերը կրնան իրարու հետ հաղորդակցութեան պահուն հայերէնով արտայայտութիւններ, բառեր ղրկել, ըլլան անոնք թէ՛ գոհունակութեան նշաններ, արտայայտութիւններ, նկարներ եւ թէ հակառակը՝ բացասական կամ ոչ-ուրախ տրամադրութիւն ցոյց տուող պատկերներ, որոնց բառային մթերքը հայերէնով է: Մեր նորամուծութիւններէն մէկն ալ, որ ուրիշ ընկերութիւններ չունին, ձախլիկներու համար նախատեսուած ստեղնաշարն է, զոր ձախլիկ մարդը կ՚ընտրէ՝ յաւելուածը աւելի դիւրին, արագ եւ յարմար գործածելու համար:
-Նշեցիք մանաւանդ հայաշխարհի մէջ հաղորդակցութեան պարագան: Որքանո՞վ կը կարեւորէք ZANGI-ի դերը՝ աշխարհով մէկ ցրուած հայութիւնը մօտեցնելու, եւ հայերը իրենք իրենց կարգին ի՞նչ դեր կրնան ունենալ ZANGI-ի զարգացման մէջ:
-Շատ մը երկիրներէն հայեր կը նախընտրեն մեր արտադրանքը, հայկական ըլլալուն եւ նաեւ՝ աւելի որակաւոր ըլլալուն պատճառաւ: Այս ալ հաղորդակցութեան, տեղեկատուութիւն փոխանցելու միջոց մըն է, եւ անոնք կը նախընտրեն օգտուիլ հայկականէն: Ունինք շուրջ երեքհարիւր հազար բաժանորդներ, որոնց 45 առ հարիւրը Հայաստանէն է, իսկ մնացածը՝ դուրսէն: Մենք ունինք մեծ սփիւռք եւ մեծ ակնկալութիւններ ունինք, որ շուտով միլիոնաւոր օգտատէրեր կ՚ունենանք առաջին առթիւ սփիւռքի հաշւոյն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ