ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾ ՏՕՆ
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Արամ Խաչատուրեանի յիշատակին ձօնուած միջազգային երաժշտական փառատօն մը, որ չորրորդն է իր նմաններու շարքին։ Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած փառատօնը ձօնուած է Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակի յոբելեանին։ Մինչեւ Դեկտեմբերի 10-ը պիտի շարունակուի այս փառատօնը, որ երաժշտասէրներուն կողմէ կը համարուի «Խաչատուրեանական տօն»։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փառատօնի բացման հանդիսաւոր երեկոյթին ընթացքին շքեղ համերգով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Երիտասարդական նուագախումբը։ «Խաչատուրեանը եւ ճազը» խորագրեալ երեկոյթին ընթացքին նուագախումբը ուշադրութիւն գրաւեց բարձր մակարդակի կատարումներով՝ գեղարուեստական ղեկավար ու խմբավար Սէրկէյ Սմբատեանի մականին ներքեւ։ Երեկոյթին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան։
«Սա փառատօն մըն է, որ Խաչատուրեանի անուան շուրջ կը համախմբէ լաւագոյն արուեստագէտները, կ՚անդրադառնայ այն հայ երաժիշտներուն, որոնք յաճախ հանդէս չեն գար ելոյթներով», ըսաւ այս առթիւ Սէրկէյ Սմբատեան։ Առաջին համերգին ընթացքին հնչեցին Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններու ճազի մշակումները։
Երաժշտական այս տօնին շրջագծով նախատեսուած են քսան համերգներ՝ սիմֆոնիկ, սենեկային, պալէի ներկայացումներու եւ վարպետութեան դասերու ձեւաչափերուն մէջ անուանի երաժիշտներու հետ։ Պիտի ներկայացուին յատկապէս մանուկներու համար նախատեսուած երաժշտական ծրագրեր։ Փառատօնի շրջանակներէն ներս նախատեսուած են համաշխարհային կամ Հայաստանի փրէօմիէրներ։ Պիտի նշուին նաեւ շարք մը յոբելեաններ։ Սոյն փառատօնին շրջագծով Հայաստան կ՚այցելեն յայտնի արուեստագէտներ Գանատայէն, Գերմանիայէն, Ռուսաստանէն, Սպանիայէն եւ աշխարհի այլ զանազան երկիրներէ։