ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԽՆԴԻՐԸ (ԸՍՏ ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ)

1910-նական թուականներէն սկսեալ երիտասարդ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժան արդէն սկսած էր մեծ ճանաչում ստանալ: Այդ տարիներուն ան կը դառնայ Պոլսոյ գրական շրջանակներու ազդեցիկ դէմքերէն մէկը, գրական հաւաքոյթներու ոգին, ինչպէս նաեւ՝

1911 թուականին կը տեղափոխուի Եւդոկիոյ (Թոքատ) ազգային ճեմարան, իսկ 1912 թուականին կը հրաւիրուի Պոլսոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանը՝ տեսուիչի պաշտօնով: Միաժամանակ 1911 թուականին Դանիէլ Վարուժան, պատասխանելով «Ազատամարտ» թերթի հարցախոյզին, կը գրէ յօդուած մը՝ հայերէնի մասին, որուն մէջ ցոյց կու տայ լեզուին առընչուող իր գեղագիտական հայեացքները:

«Հայ լեզուի խնդիրը» խորագրով այդ յօդուածի յառաջաբանին մէջ ան կը գրէ. «…Մեծ բաղձանքս է լսելը անոնց տեսութիւնները, որոնք կրցած են մարսել նախնիներու ստուար հատորներէն մինչեւ այսօրուան մեր վիժած մատենիկները»: Դանիէլ Վարուժան իր յօդուածը շարադրած է՝ պատասխանելով հարցումներու: Յօդուածը տպուած է «Ազատամարտ»ի այդ տարուայ մայիսի յաւելուածին մէջ, յետոյ տեղ գտած է գրողի «Երկեր»ու լիակատար ժողովածոյին մէջ:

Դանիէլ Վարուժանի 140-ամեակին առթիւ կը ներկայացնենք այդ յօդուածը, որն ալ աւելի քան 110 տարեկան է:

ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԽՆԴԻՐԸ

Պատասխան առաջին հարցումին

Մենք ազգի մը լեզուն ճոխ ու կատարեալ կը համարինք այն ատեն միայն, երբ ան ընդունակ է յաջող կերպով պատկերելու այդ ազգին մեծամասնութեան հոգեբանութիւնն իր բոլոր երանգներով, երբ միւս մասամբ կը պահէ իր մէջ նկարագիրը այն նախնիներուն, որոնց բերնին մէջ կազմաւորուած է իր նախնական ձեւը։ Այս յատկութիւնները ունի՞ թրքահայ լեզուին արդի կացութիւնը, կամ իր մշակումը կը ձգտի՞ դէպի այդ յատկութիւնները, ահա այն տեսակէտները, որոնց համեմատ միայն ճիշդ է դատել մեր լեզուին արդի կացութիւնը։

Յորմէ հետէ արդի աշխարհաբարը անընդհատ բարեշրջումով մը անջատուեցաւ իր աղբիւրէն՝ Միջնաշխարհի լեզուէն, սկսաւ նախ կամաց-կամաց միտիլ դէպի գրաբարը՝ ժամանակ մը նոյնիսկ կարծել տալով թէ համր վերադարձ մըն է, որ կը կատարուի Եղիշէի եւ Բագրատունիի բարբառին։ Բայց այդ վերադարձ համարուածը չափաւոր եւ բարերար մշակում մըն էր, վասնզի մէկ կողմէն բառերու եւ ոճերու պաշար մըն էր, զոր փոխ կ՚առնէր, եւ միւս կողմէն քերականական ձեւերն ու այդ ձեւերով կաղապարուած գրաբար ասացուածքները կը թօթափէր իրմէ։ Աշխարհաբարը կը հեռանար Միջնաշխարհի լեզուէն. ի՞նչ էր ատոր շարժառիթը։ Մենք այդ կը գտնենք գաւառի մէջ կատարուող գրական շարժումի մը պակասը, քաղաքական բռնակալ ռեժիմի մը հետեւանքը, որ անջատեց գաւառը մտաւորական ու գրական շարժումէն, որ տեղի կ՚ունենար Պոլսոյ մէջ: Գաւառացին եթէ գրէր, ցաւեր ունէր պատմելու, ինչ որ արգիլուած էր սեւ գրաքննութեան մը կողմէ։ Այսպէս՝ ժամանակ մը լեզուն Պոլսոյ մէջ մշակուեցաւ, եւ Պոլիսը մաքրելով հանդերձ լեզուն գրաբարի մեր յիշած ձեւերէն՝ զայն խաթարեց ֆրանսաբանութիւններով, կլայեկելով հայ գրիչը ֆրանսական գրականութեան ամենէն սինլքոր վէպերու եւ ֆանթեզիներու ազդեցութեամբ։

Լեզուն սկսաւ օտարանալ եւ ստրկանալ կարգ մը գրիչներու տակ, որոնք չունէին պահանջուած տաղանդը՝ գոնէ զայն պահպանելու համար այն ձեւին մէջ՝ զոր իրենց յանձներ էին Պ. Դուրեանի, Գ. Օտեանի եւ Յ. Պարոնեանի նման շքեղ գրագէտներ։ Ուրիշներ, աւելի տաղանդաւոր, ինչպէս Գ. Զօհրապ, Սիպիլ, Մ. Մեծարենց, Ինտրա եւ այլն, փորձ մը ըրին (թերեւս անգիտակցաբար) զարգացնելու լեզուն եւ դնելու զայն այն մակարդակին վրայ, որ կարող ըլլայ պատկերել ֆրանսական իրապաշտ մտքի նրբութիւնները եւ խորհրդապաշտ դպրոցի երանգներն ու խաղերը։ Այդ մշակո՛յթն ալ ուրիշ ուղղութիւն ունէր, կը դիմէին գրաբարին եւ օտարաբանութիւններու, եւ Ե. Տէմիրճիպաշեան անոնց ձեռքին մէջ կը դարձնէր ջահրակը նորանոր բառեր մանելու, խայտաճամուկ թելերու բաւական տարօրինակութեամբ։ Բայց ո՞ւր էր գաւառը, ուր ժողովուրդի հոգւոյն ամբողջականութիւնը կ՚ապրի, ո՞ւր էր գաւառը հզօր, գունագեղ, իրապաշտ իր աշուղներու հոյլերով։ Այն լեզուն, որ իր ծոցէն հեռու կը սաղմնաւորէր, անշուշտ պիտի չկրնար արտայայտել այն մեծ իտէալները, այն վսեմ պատկերներու դիւցազներգութիւնները, որոնք իր մարդուն եւ իր հողին կը պատկանին։ Այդ լեզուն իսկապէս չունեցաւ ժողովուրդի մը մեծ սրտին տիեզերական բաբախիւնները, թէպէտեւ խոստովանինք, ան շատ յաջող, շատ մանրազնին ուրուագծեց ջղայնութիւնը ենթակայական յոյզերու։ Բայց լեզուն հոդ չմնաց, սա վերջին տարիներուն մէջ նոր կերպաւորումներ սկսաւ ցոյց տալ, երբ սահմանադրութիւնը մէկ կողմէն արտասահման գտնուող հայ գրողներու հոսանք մը բերաւ Պոլիս, եւ միւս կողմէն գաւառը հետաքրքրուեցաւ այն տեսակ գրական շարժումով մը, որ իր ցաւն ու իտէալները կը պատմէր, այս վերջին երեւոյթէն ծնունդ առին այն մեծ ու փոքրիկ քերթողները, որոնք մայր հողին զաւակներն են եւ որոնց մեծամասնութիւնը, թէպէտեւ դեռ գաճաճօրէն դիւցազներգակ, բայց անշուշտ պիտի տան այնպիսիներ, որոնք ատակ ըլլան կանգնելու անմահութեան կոթողներ։ Արտասահմանի մէջ մշակուած հայ լեզուն կորովի էր եւ դասականօրէն իրապաշտ, նոյնիսկ այն պանդուխտ գրիչները, որոնք խորհրդապաշտ դպրոցը մշակեցին, տարբեր եղան Պոլսոյ խորհրդապաշտներէն՝ իրենց ուժգին եւ բարբարոս շեշտովը, որ արդիւնք էր ազատ միջավայրին։ Արտասահմանի այդ գրողները թէպէտեւ ունեցան տոկուն աշխարհաբար մը, բայց դարձեալ չենք կրնար ըսել, թէ բոլորովին զերծ են օտարաբանութիւններէ։ Անոնց նոյնիսկ տաղանդաւորներուն գրչին տակ ստէպ-ստէպ սպրդած են ինչ-ինչ բացատրութիւններ, որոնք բացարձակապէս անհաշտ են հայուն արտայայտուելու կերպին եւ հայ լեզուի ոգւոյն։ Ոեւէ ուժ իւրացնելու մեր ընդունակութիւնը՝ շատ անգամ խաթարած է մեր ստեղծելու ոգին. ուստի, այս իսկ պատճառով, մենք պիտի դատապարտենք իւրացումի այն դիւրութիւնը ցեղի մը համար, որ այլեւս հասած է քաղաքակրթութեան որոշ մակարդակի մը, այլապէս մենք վրայ կու տանք ոչ միայն հայ լեզուին տոհմիկ դրոշմը, այլեւ ցեղային նկարագրին անբռնաբարելի ամբողջականութիւնը։ Ես կը սիրեմ շովինիզմը հանդէպ իմ լեզուիս ու իմ ինքնուրոյնութեանս։

***

Այժմ մեր աշխարհաբարը արագ կազմաւորման մը մէջ կը տեսնեմ։ Իր մշակման հալոցին մէջ տակաւին խայտաբղէտ է անիկա։ Ամէն գրական եւ գիտական սեռերը իրենց յատուկ լեզուները կը գործածեն, զոր ի մի հաւաքելով՝ դեռ չենք կրնար ունենալ իր ձեւերուն, իր յատկանիշին եւ իր քերականութեան մէջ ամբողջացած լեզու մը։ Ամենէն աւելի ուռճացած կը գտնեմ քերթողական լեզուն, որ ուղղակի զարգացաւ հայ ժողովուրդին շունչին տակ՝ ջանալով պատկերել հայրենիքին ցաւերը, ըմբոստացումները եւ հեռանկարը իր բովանդակ լուսաստուերով։ Ժողովուրդին ջղագրգիռ, գերազգայնիկ եւ արիւնահեղձ ծոցին մէջ սաղմնաւորեցաւ այդ լեզուն, եւ ան ամենէն աւելի հարազատ կերպարանքը կը ներկայացնէ Եղիշէի բարբառին: Վարդանանց դարը եւ Ֆետայիներուն դարը, որքան եղերական եղան՝ այնքան ալ հերոսական են։ Այդ երկու դարերն ալ տուին իրենց մեծ ու պզտիկ դիւցազներգութիւնները։ Եւ դիւցազներգութիւններն են, որ լեզուին ապահոված են վերջնական յաղթանակը։ Այսպէս եղած է գրեթէ բոլոր ազգերու լեզուական պատմութեան մէջ։

Ռուսահայ լեզուն ծայրայեղօրէն ժողովրդական եղաւ այն օրէն ի վեր, երբ ռուսահայ վիպագիրները միշտ մարմաջն ունեցան ժողովո՛ւրդը նկարել եւ անկէ՛ հասկցուիլ։ Թրքահայ վիպագրութիւնը ընդհակառակը անմատչելի բռնեց ինքզինքը ժողովուրդին մեծամասնութենէն, հետեւաբար գաւառներէն։ Թլկատինցիի եւ Ռ. Զարդարեանի նման բացառութիւնները մէկ ձեռքի մը մատներուն վրայ կրնան համրուիլ, թէպէտեւ անո՛նք ալ տակաւին չեն կրցած ամբարել եւ գործածել ամէն ինչ, որ ժողովուրդին ներշնչման կը պատկանի։ Եթէ մեր աշխարհաբարին այժմեան ձեւովը գաւառի կեանքէն վէպ մը փորձենք գրել, պէտք ենք վստահ ըլլալ, թէ պիտի չյաջողինք, անոր միայն մանրանկարը պիտի կրնանք տալ։ Պատճառը բացորոշ է. մեր աշխարհաբարը թէպէտեւ այդ կեանքէն ծնունդ առաւ, բայց իր զարգացումը անկէ հեռու եւ անոր հակոտնեայ ուղղութեամբ տեղի ունեցաւ։ Ան չունի իր մէջ ո՛չ հարկ եղած բառերը, ո՛չ ասացուածքներն ու երանգները՝ գաւառի հոգեբանութիւնը նկարելու համար ճշտօրէն։ Վէպը եւ թատրերգութիւնը բանաստեղծութիւն չեն։ Անոնք պէտք է վերարտադրեն ու նկարեն ժողովուրդին հարազատ սովորութիւններն ու հոգեբանութիւնը։ Բայց մենք ի՛նչ ունինք մեր երանգապնակին վրայ. Ի հարկէ ո՛չ Վասպուրականի որդան կարմիրը եւ ոչ Կարիրայի կաւն անոյշաբոյր։

Գալով մեր ա՛յն աշխարհաբարին, զոր գիտական սեռերուն մէջ կը կիրարկեն՝ ունի ուրիշ այլակերպութիւններ։ Գրաբարի ձեւերը՝ թէպէտեւ թօթափուած գրական աշխարհաբարէն՝ կը յամենան դեռ մնալ գիտական ճիւղերու լեզուին մէջ։ Մեզի կը պակսի նաեւ գիտական բառերու պաշարը - ի՜նչ կ՚ըսեմ - մանաւանդ թէ չափազանց առատ է այդ պաշարը, երբ զանազան գրողներ, իրենց նախընտրութեան համեմատ, կը կիրարկեն միեւնոյն առարկան յատկանշող զանազան բառեր՝ այլեւայլ ճաշակներու կողմէ յօրինուած եւ ստէպ կը կերտուին այնպիսի բառեր, զորս մենք արդէն ունինք Հայկազեաններուն մէջ, որոնց իմաստը կրնայ կա՛մ ճշգրտօրէն նշանակել առարկան եւ կամ կը պահանջէ առումի աննշան փոփոխութիւն մը։

Մէկ խօսքով, ի՛նչ պիտի ըլլայ մեր խոնարհ կարծիքը արդի աշխարհաբարի մշակման մասին։ Այդ մշակումը երկու ուղղութեամբ կրնայ արդիւնաւորիլ. պայմանադրապէս եւ բարեշրջումով։ Քերականներու եւ կարող գրագէտներու գիտակից եւ լուրջ գործակցութեան շնորհիւ պէտք է վերջնականապէս մաքրել լեզուն գրաբարի եւ գաւառաբարբառի քերականական ձեւերէն. ձգտիլ հաստատել հոլովումի, հոլովի, խոնարհման եւ այլն անփոփոխ օրէնքներ, լեզու մը պարտական է ունենալ անյեղլի, անխաթար կանոններ՝ զերծ ամէն գրողի քմահաճոյքէն։ Այս կէտին մէջ անհրաժե՛շտ է առաջնորդ առնել ճաշակաւոր գրագէտներու ուղղութիւնը, եւ վերջապէս ունենալ քերականութիւն մը, որ օրինագիրք ծառայէ հրապարակագրին եւ բանաստեղծին, վիպագրին եւ գիտունին հաւասարապէս։

Բայց ինչ որ կը վերաբերի լեզուի ներքին արժէքին, բառերուն, ոճերուն, ասացուածքներուն եւ դարձուածքներուն՝ այդ գործն է բարեշրջման։ Լեզուն այդ կէտին մէջ իր առջեւ ունի երկու ասպարէզներ, որոնց մէջ միայն կրնայ ուռճանալ, գերազանցապէս հայանալ եւ դառնալ կալուածը ամբողջ հայութեան, հայելին ժողովուրդին անպարփակ հոգեբանութեան։ Նախ՝ ան իր մէջ պիտի որդեգրէ գաւառին բառերը, ոճերը, լեզուական երանգները, բայց այդ բոլորը զերծ պիտի ըլլան թրքաբանութենէ, եւ պիտի հպատակի իր ձեւերուն մէջ միակ քերականութեան մը, պայմանադրապէս հաստատուած քերականութեան, ինչ որ դժուարին չենք գտներ եւ ինչ որ ռուսահայերը նկատի չեն առած. ու լեզուն ժողովրդականացնել ջանալով, օտարացուցած են զայն այլատարր բառերով։ Ուրիշ ասպարէզ մը, ուր աշխարհաբարը դեռ շատ տեղ ունի աշխարհակալելու, է գրաբարը։ Ինչպէս արդի սերունդին ուղն եւ ծուծը պէտք է կազմէ մեր նախնիներուն նկարագիրը, այսպէս ալ արդի լեզուին մէջ հա՛րկ է, որ կանգնի գրաբարի միջնասիւնը։ Չենք ընդունիր, որ մեր ֆէսն ու տաբատը մեր մէջ բան մը փոխած ըլլան այն հայերէն, որոնք սաղաւարտ եւ պարեգօտ կը հագնէին, չենք ընդունիր նմանապէս, որ վերտ պահպանակներով վառուածը նշանախեց մը իսկ զեղչէ վառեալ վերտ պահպանակօքի ներքին գեղեցկութենէն։ Գրաբարի դեռ շատ մը ասացուածքները ու ոճերը իրենց հնաբոյր աղուորութեամբ կրնան վերանորոգուիլ, աշխարհաբարանալ ու մեր արդի լեզուին տալ կենեղուտ առուգութիւն մը։ Գրաբարի մէջ ակնյայտնի կը տեսնուի նկարագիրը այն տոհմին, որուն արիւնը սեպուհ էր եւ ազնուական շառաւիղ։ Ինչպէս արդի սերունդը, նոյնպէս արդի լեզուն՝ շատ պէտք ունին այդ զարմիկ անցեալին ազնուականութենէն, խրոխտութենէն բան մը իւրացնելու։ Ահաւասիկ այդ ուղղութիւններով միայն մենք կը կարծենք, թէ աշխարհաբարը իրաւունք պիտի ունենայ կոչուելու իսկական սեփականութիւնը հայ ժողովուրդին, դառնալու այն գոգաւոր հայելին, որուն մէջ ամփոփուած ըլլան բոլոր ընտրուած ճաճանչները տոհմիկ անցեալին ու եղերական, բայց ըմբոստ ներկային։ Եւ որպէսզի լեզուն այս բարեշրջումներով ընթանայ՝ բացարձակապէս հարկաւոր է, որ տաղանդները ձգտին միշտ այդ կրկնակի ուղղութիւններուն։

Այդ մեր նախատեսած հայերէնը միայն պիտի ըլլայ կորովի, ազնիւ ու դասական աշխարհաբարը, որուն հիմը արդէն դրուած կը տեսնեմ մեր կարգ մը գրիչներով եւ մասնաւորապէս այն արձակով, զոր կը հիւսեն Ա. Չօպանեան, Ռ. Զարդարեան եւ Թլկատինցին, այն քերթուածներով, զորս երգեց Ա. Եարճանեան իր վերջին երկու հրատարակութիւններուն մէջ եւ այն թարգմանութիւններով, զորս Հ. Ա. Ղազիկեան բիւրեղացուց իր Օսիանին, «Ենէականին» եւ Լէոփարտիի երգերուն մէջ։

Պատասխան երկրորդ հարցումին

Մեր հիմնական կարծիքներէն մէկն այն է, որ լեզուի մը բոլոր յատկութիւնները ուղիղ կը համեմատին միջավայրի ազդեցութեան եւ ժողովուրդի մը քաղաքական շարժումին հետ։ Արեւելեան եւ արեւմտեան աշխարհաբարները եւ իրենց գրականութիւնները խորունկ դրոշմը կը կրեն այդ ազդեցութեան եւ այդ շարժումին։ Այդ երկու բարբառներուն սրտուկը գերազանցապէս հայ է՝ վասնզի հայ ցեղին հոգիէն եւ նախնիներու լեզուին բունէն ճիւղաւորուած են։ Բայց զանազան պատուաստումներ անոնց վերադրած են զանազան յատկանիշներ։ Հայ տարրին երկու հատուածները երկու ո՛չ նման քաղաքակրթութիւններով խմորուած՝ բռնած են զարգացման եւ մշակոյթի իրարմէ տարբեր շաւիղներ։ Արարատի այս ու այն կողմը ուռճացած զոյգ մը եղէգներու պէս կոծուած են այլաշունչ քամիներէ ու հետեւաբար եղանակաւորած են այլանուագ խաղեր, որոնց շեշտերը այսօր մերկապարանոց կը տեսնուին երկու բարբառներուն եւ գրականութիւններուն մէջ հաւասարապէս։

Ահա արեւմտեան աշխարհաբարը, գրեթէ մաքրուած գրաբարի մզզանքներէն, բայց անոր շատ մօտ իր ներքին արժէքով, բառերով ու ոճերով. իր ձեւերուն մէջ այլազան եւ բազմատարազ. վէպին մէջ մեղկ, ստէպ սահուն. հզօր՝ քերթողներու եւ հրապարակագիրներու գրչին տակ եւ ընդհանրապէս՝ ջղուտ։

Իսկ ահա արեւելեան աշխարհաբարը՝ միւսէն գրեթէ հակոտնեայ իր մշակումով. վէպերուն մէջ բնական, ժողովրդական եւ գերազանցօրէն քաղցրահնչուն. իր քերթողութեան եւ լրագրութեան մէջ աւելի հռետորական, քան թէ հզօր, աւելի վարդապետական, քան թէ իտէալական, այս կէտին մէջ թէպէտեւ Յովհ. Թումանեանի եւ Ա. Իսահակեանի նման բացառութիւններ կան, որոնց գրածներէն շատերը աշուղական բնոյթ ունին եւ լեզուն իսկապէս բանաստեղծական ըլլալով հանդերձ՝ պէտք ենք խոստովանիլ, թէ ամբոխամոլ է։ Արեւելեան բարբառը ընդհանրապէս յարմարցուած է ժողովուրդին զարգացման կամ աւելի ճիշտը ենթարկուած է անոր հասկացողութեանը, վասնզի բացի գրագէտներէ եւ քանի մը ցանցառ դէմքերէ՝ Ռուսաստանի մէջ եղած մտաւորական ու բարձր դասակարգը, որուն կեանքը նրբացած է, աւելի կամ նուազ օտարամոլութեան, ռուսացման մէջ է ընկղմած եւ ի վիճակի չէ երբեք հիմնովին ճանչնալու եւ ճաշակելու շքեղութիւնը հայ լեզուին եւ հայ գրականութեան։ Բացի այս՝ արեւելեան աշխարհաբարը թրքահայերէնի պէս չէ մշակուած սրահներու մէջ՝ փափուկ եւ մեղկ հասարակութեան մը կենցաղով. այլ միշտ քաղաքական շարժումներով փոթորկուած եւ նման հերարձակ ամբոխավարի մը՝ զարգացած է հրապարակին վրայ, ջղագրգիռ քաղաքացիներու forum-ին մէջ։ Կարճն ըսենք. թրքահայ լեզուն իր ներքին արժէքով աւելի մօտ է գրաբարին, իսկ քերականութեամբ անկէ աւելի հեռու. ընդհակառակն ռուսահայ լեզուն իր քերականութեամբ գրաբարի մերձ, իսկ ներքին արժէքով աւելի հեռու է անկէ։ Եւ ասիկա երկու բարբառներուն միջեւ եղած ամենէն լայն խրամատը կը նկատենք, որուն մէկ ափէն միւսը ցատկել պահ մը մտաբերած է «Ազատամարտի» enquête-ին երկրորդ հարցումը։ Բան մը, զոր մենք ոչ միայն անպատեհ կը գտնենք, այլ նաեւ անկարելի, եթէ խնդիրը կը վերաբերի պայմանադրական ձուլումի մը։ Բացատրենք մեր միտքը։

Նախ հարկ է ըսել, թէ լեզուական պատմութիւնները ո՛չ մէկ օրինակ կ՚ընծայեն պայմանադրական ոեւէ ձուլումի այնպիսի՛ բարբառներու միջեւ, որոնք իրարմէ այնքան էական զանազանութիւններ ունին. զանազանութիւննե՛ր, զորս վերեւ համառօտակի յիշեցինք։ Բացի ասկէ, արեւելեան եւ արեւմտեան հայ բարբառները իրենց սեփական յատկանիշներով մեզի տուած են ուրոյն-ուրոյն գրականութիւններ։ Անցեալ մը ունին անոնք՝ իրենց հիմնական շրջանագծին մէջ քիչ թէ շատ հաստատուած, նուիրագործուած գրչի անընդհատ արտաբերութիւններով, դէմքերով, որոնք երկու կողմէ ջանացին մաքրել եւ մշակել լեզուները եւ այդ լեզուներով արտադրել մատենադարանի մը արժանի հատորներ։

Այդ տեսակ ձուլումի մը դէմ կայ մէկ ուրիշ արգելք մըն ալ՝ ժողովուրդը։ Այդ բարբառները ոչ միայն կը գրուին, այլեւ կը խօսուին որոշ զանգուածէ մը. պարագայ մը, որ ըստինքեան կ՚արդարացնէ այս կամ այն լեզուին գոյութեան եւ կիրառման իրաւունքը իր ներքին յատկութիւններուն եւ քերականական հիմնական ձեւերուն մէջ. եւ այդ յատկութիւնները, այդ հիմնական ձեւերը իրենց գլխաւոր գիծերուն մէջ ժողովուրդին հետ միայն կրնան բարեշրջուիլ եւ նոր կերպաւորումներ ստանալ։ Այլապէս՝ մարդիկ, կաճառներ, անզօր են լեզուներու ճակատագիրը որոշելու. իրենց վճիռներուն ուրիշ բան չէ վիճակուած, բայց եթէ Չէրազեան Քերականութեան անփառունակ թաղումը, ի հարկէ առանց տապանագրի։

Դիցուք թէ վայրկեան մը անտեսենք այդպիսի ձուլումի մը երեք գլխաւոր արգելապատճառները, -ժողովուրդը, գրական անցեալը ու երկու լեզուներուն մէջ եղած խորունկ տարբերութիւնները եւ արեւելեան ու արեւմտեան բարբառները նետենք մէկ հալոցի մէջ. ի՞նչ առաջ պիտի գայ. անկերպարան միգամած մը, լեզուական խառնակութիւն մը, ալքիմիական բաղադրութիւն մը, ուրկէ ի հարկէ ոսկի պիտի չստանայինք։ Աւելի մեղմն ըսենք, -նոր լեզու մը՝ անսովոր թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ՛ գրագէտներուն, որուն ուսուցումն ու ընդհանրացումը ապահովող ի՛նչ հեղինակութիւն, ի՛նչ երաշխաւորութիւն պիտի տրուի մեզի՝ մենք չգիտենք եւ չենք կրցած նախատել տակաւին։

Իսկ գալով ձուլումի մը, որ կը կատարուի բարեշրջման օրէնքով, այդ հեռաւոր ապագայի մը գործն է անշուշտ. եւ այժմէն իսկ (enquête-ին բառով) պայմաններ առաջարկել ապարդիւն է բոլորովին։ Բարեշրջման օրէնքը կը հպատակի ժողովրդական ամբողջ զանգուածներ ցնցող մերթ կամաւոր եւ ստէպ անգիտակից շարունակական դէպքերու, որոնք ոտն առ ոտն կու գան կերպարանափոխել այնպիսի հանգամանքներ եւ խնդիրներ, որոնց վերջնական լուծումը առաջուընէ նախատել գրեթէ անկարելի է, հետեւաբար այդ մասին պայմաններ առաջարկելն իսկ անճահ եւ անպատեհ։

Անուրանալի է, որ երկու բարբառներուն մէջ ալ գոյութիւն ունին շատ մը մէկմէկէ առաւելութիւններ եւ գեղեցկութիւններ։ Մեր կարծիքն է, որ երկու կողմի գրագէտներն ալ աշխատին փոխ առնել եւ օգտուիլ այդ գեղեցկութիւններէն։ Ատիկա միմիայն պարզ մերձեցում մը առաջ կը բերէ երկու լեզուներուն միջեւ. մերձեցում մը, որ ձուլումէ մը առաջ՝ գալիք խառնակութենէն հեռի ըլլալէ զատ՝ շատ բարերար, շատ օգտակար ազդեցութիւն կրնայ ունենալ երկու գրականութիւններուն վրայ հաւասարապէս։

Ա. Ահարոնեան իր գրական վերջին շրջանին մէջ՝ ըսուեցաւ թէ՝ շատ բան առաւ արեւմտեան աշխարհաբարէն։ Մեր կարծիքը տարբեր է այդ մասին։ Ա. Ահարոնեան ուրիշ բան չըրաւ, բայց եթէ իր ռուսահայերէնը մաքրել օտարաբանութենէ եւ ժողովրդամոլութենէ։ Արեւմտեան աշխարհաբարէն ընդհակառակը չնչին բան մը իւրացուց՝ որչափ որ կրցան իւրացնել մեր այժմեան կարգ մը գրողները արեւելեան բարբառէն։ Ա. Ահարոնեանի ամենէն ուշագրաւ գործը բառերու ճաշակաւոր եւ յարմար ընտրութիւնը եղաւ, դասական բառընտրութիւն մը, որ աշխարհաբարէն աւելի, մայր լեզուէն, գրաբարէն փոխառութիւն մը կը նշանակէ միայն։

Վերջացնելէ առաջ այս պատասխանն ալ՝ ըսենք թէ երկու բարբառներու՝ արեւելեան եւ արեւմտեան, եւ իրենց ուրոյն գրականութիւններուն հաւասարազօր գոյութիւնը ոչ մէկ անպատեհութիւն չունենալէ զատ՝ ան հայ ցեղին հոգեբանութեան զանազան երեսները ցոյց կու տայ ու անոր այլազան կարողութիւններն ու գեղեցկութիւնները կը պրիսմակէ։ Ի՛նչ անպատեհութիւն կ՚ընծայէ ֆրանսական ուռճացած լեզուին քով՝ փրովենսիալ բարբառին եւ գրականութեան գոյութիւնը։ Երկու բարբառները արգելք մը չեն, որ հայ տարրին երկու հատուածները զարգացումով, իտէալով, հոգեբանութեամբ ներդաշնակ ապրին իրարու հետ։ Եւ ո՞չ ապաքէն ամենէն աւելի գեղեցիկ ներդաշնակութիւնը զանազանութեան մէջ կը յօրինուի։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2024