ՄԿՐՏԻՉ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԸ ՀԵՏԱՊՆԴԷ ՀԱՅ ՍԵՂԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐԸ
Պէյրութի մէջ մօտաւոր անցեալին հրատարակուած իր հետաքրքրական գիրքով Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան պատմութեան մէջ կը հետապնդէ հայ սեղանաւորներու հետքերը։ Այս գիրքը հրատարակուած օրէն ի վեր ստեղծած է դրական արձագանգ։ «Հայ սեղանաւորներ Միջին Արեւելքի տարածքին, Պոլիսէն մինչեւ Պէյրութ» կը կոչուի այս գիրքը, որու մասին շատեր կարդացած են մէկէ աւելի անգամներ: Հեղինակը Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեանն է, որուն միւս գիրքերուն եւս առիթ ունեցած ենք ծանօթանալու եւ ծանօթ ենք անոր գործունէութեան, որ լիբանանահայ ազգային մըն է, տնտեսագէտ, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան նախկին փոխ-կառավարիչ:
Մկրտիչ Պուլտուքեան շարք մը լիբանանեան եւ համաշխարհային դրամատուներուն մէջ զբաղեցուցած իր պաշտօններուն շնորհիւ հսկայ պաշար ունի, գիտելիք ու միջազգային հարուստ փորձառութիւն: Դասաւանդած է Պէյրութի Հայկազեան եւ Ամերիկեան համալսարաններէն ներս եւ իր պաշտօններուն մէջ աստիճանաբար բարձրանալով, հասած է Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխ-կառավարիչի պաշտօնին (1985-1990)՝ պետութիւնը ներկայացնելով Միջազգային հիմնադրամի ու Արաբական հիմնադրամի գիտաժողովներուն ընթացքին:
Մկրտիչ Պուլտուքեան ծնած է 1937 թուականին՝ Պուրճ Համուտ։ Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը աւարտելէ ետք, 1957 թուականին հետեւած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի առեւտրական վարչագիտական ու տնտեսագիտական ճիւղերուն եւ վկայուած 1964 թուականին՝ Մագիստրոս վարչագիտութեան (MBA) աստիճանով:
1969 թուականին Պէյրութի Հայկազեան գոլէճին մէջ հիմնած է առեւտարական ու տնտեսագիտական բաժին եւ եղած է անոր առաջին ատենապետը: Իր դասընթացքներէն հիմնականները եղած են վարչագիտութիւն, տոմարակալութիւն, ելեւմտական հաստատութիւններ, դրամատնային գիտութիւն եւ ելեւմտական գործավարութիւն:
1970 թուականէն մինչեւ օրս հետեւած ու դասախօսած է տեղական ու միջազգային տնտեսագիտական, դրամատնային ու ռազմագիտական սեմինարներու եւ գիտաժողովներու՝ Ուաշինկթըն, Նիւ Եորք, Լոնտոն, Փարիզ, Հռոմ, Պրիւքսել, Ժընեւ, Վիեննա, Մատրիտ, Միլան, Փրակ, Մալթա, Իսթանպուլ, Նիկոսիա, Պէյրութ, Ամման, Քուէյթ, Պահրէյն, Ապու Տապի, Սինկափուր եւ այլն:
Մկրտիչ Պուլտուքեան 1992-93 թուականներուն գործակցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու գրասենեակին հետ (Պրիւքսել) իբրեւ՝ խորհրդատու-փորձագէտ նախկին Խորհրդային Միութեան վեց հանրապետութիւններուն մէջ: 1994-2004 թուականներուն ծայառած է իբրեւ Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ Անգլիական UBAF դրամատան մէջ (BACB), Լոնտոն: 2004 թուականին միացած է Bank of Beirut-ին, իբրեւ գլխաւոր պատասխանատու թղթակցային դրամատուներու գործունէութեանց: Պաշտօն կը վարէ նաեւ «Քրետի Լիպանէզ» դրամատան մէջ:
Հայ սեղանաւորներու մասին հետազօտական աշխատութիւն գրելու համար Մկրտիչ Պուլտուքեան ծանօթացած է անցնող դարերուն ապրած բազմաթիւ հեղինակներու գործերուն, մասնաւորապէս հայ նշանաւոր պատմաբան՝ Լէոյի, Տոքթոր Յակոբ Պարսումեանի «Հայ ամիրաներ» հատորին եւ այլ գործերու, որոնք մեծապէս նպաստած են, որ ամբողջական ըլլայ իր հատորը պատմական եւ այլ առումներով: Գիրքը կ՚անդրադառնայ մինչ օրս ոչ այնքան շատ ուսումնասիրուած նիւթի մը՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ նշանաւոր առեւտրականներուն, չելեպիներուն, ամիրաներուն, անոնց գործունէութեան եւ Օսմանեան պետութեան մէջ ունեցած դերին:
Ինչպէս կը տեղեկանանք Մկրտիչ Պուլտուքեանի գիրքէն՝ արեւմտահայութիւնը Միջին Արեւելքի տարածքին ունեցած է սեղանաւորներ, որոնք պատմութեան ընթացքին գործած են հայ առեւտրականներուն զուգահեռ: Անոնք՝ սեղանաւորները նախորդած են լումայափոխներուն, եւ ձեւով մը կը նկատուին հայ իրականութեան միջնադարեան դրամավարները (banker) եւ գիրքը տեղեկութիւններ կը փոխանցէ այն մասին, թէ հայութիւնը որքան քայլ պահած է միջազգային ելեւմտական ու վաճառականութեան իրադարձութիւններուն, նախորդ դարերէն՝ Արեւմուտքէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք, այսինքն Եւրոպայէն մինչեւ Ռոստով, Մոսկուա, Անդրկովկաս, Նախիջեւան, Հնդկաստան, Սինկափուր, Ճավա եւ այլուր:
Դարասկզբի դէպքերէն ետք, շատ մը հայ լումայափոխներ ու սեղանաւորներ իրենց ասպարէզը շարունակած են միջինարեւելեան երկիրներու մէջ, տարածելով այս ասպարէզին համբաւը, գլխաւորաբար՝ Հալէպ, Դամասկոս, Ամման, Զահլէ, Թրիփոլի, Պէյրութ, Քուէյթ, Սէուտական Արապիա եւ Ծոցի երկիրներ:
Միջնադարէն սկսեալ հայ առեւտրականները՝ խոճաները իրենց գործունէութեամբ նշանաւոր էին ամբողջ աշխարհի մէջ: Մանաւանդ, պատմութենէն յայտնի են Ջուղայեցիները, որոնց գրասենեակները սփռուած էին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ՝ Հնդկաստան, Փիլիպեաններ, Չինաստան, Ինտոնեզիա, Պանկլատէշ, Հոլանտա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Իտալիա, Լեհաստան, Ռուսաստան: Ջուղայեցիները, իբրեւ յաջողակ գործարարներ սերտ կապեր ունէին զանազան երկիրներու իշխանութեանց հետ, անոնցմէ կը ստանային արտօնութիւններ՝ իրենց գործունէութեան համար: Դարձեալ պատմութենէն ծանօթ է, որ հայ խոճաներէն մին՝ Նազարը, Ռուսաստանի ցարին՝ Ալեքսէյին նուիրեց գահ մը, որ մինչեւ օրս կը պահուի Քրեմլինի զինուորական թանգարանին մէջ: Հայ խոճաներու յաջող գործունէութիւնը յաճախ այլ ազգերու ներկայացուցիչներուն մօտ դժգոհութիւն յառաջացուցած է, քանի որ անոնք մրցակցութիւն կը տեսնէին: Մասնաւորապէս, Հնդկաստանի մէջ հիմնադրուած East India բրիտանական ընկերութեան հետ ընդհարումը աւարտած է հայ խոճաներու պարտութեամբ: Խոճա՝ պարսկերէն բառ է, որ կը նշանակէ «տէր», «իշխող», «տանուտէր» եւ «հարուստ»: Սոյն մակդիրը միեւնոյն նշանակութեամբ կը գործածուէր նաեւ Թուրքիոյ մէջ:
«Հայ սեղանաւորներ Միջին Արեւելքի տարածքին, Պոլիսէն մինչեւ Պէյրութ» հատորէն կը տեղեկանանք, որ հայ գործարարներու յաջորդ դասը չելեպիներն էին, որոնք ի տարբերութիւն Պարսկաստանի մէջ հիմնուած եւ աշխարհով մէկ շրջող խոճաներուն, իրենց գործունէութիւնը կը ծաւալէին միայն Օսմանեան կայսրութենէն ներս:
Մկրտիչ Պուլտուքեանի գիրքը արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը փոխանցէ, որ Օսմանեան կայսրութեան վաղ շրջանին՝ 13-րդ դարուն, հայ աւատապետեր, տեսնելով իրենց ոտքերուն տակէն սեփական հողերուն սահիլը, սկսան շարժուն դրամագլուխի ապաւինիլ: Ժամանակի ընթացքին, անոնցմէ ոմանք, դրամի ուժով կրցան նոյնիսկ դիրքերու տիրանալ արքունական շրջանակին մէջ, եւ այդ մարդիկը կը կոչուէին չելեպիներ:
Չելեպին ազնուական մակդիր էր, որ կ՚ընծայուէր սուլթանազուն իշխաններուն, կը նշանակէ «աստուածաշուք», «դիցաշուք»: Սոյն մակդիրը կը տրուէր նաեւ արքայական որոշ շնորհներու արժանացած մարդոց եւ բարձր դասու մտաւորականութեան, օրինակ՝ բանաստեղծ Իսհակ Չելեպի, ծանօթ հեղինակ՝ Աշըք Չելեպի եւ այլք:
Կոստանդնուպոլսոյ մէջ անոնց գլխաւոր զբաղումը դրամափոխութիւնն էր (սարրաֆութիւն), այսօրուան խօսքով՝ դրամատնային գործունէութեան այն ժամանակուան տարբերակը: 17-րդ դարու հայ չելեպիները յաջորդ դարու պոլսահայ ամիրաներու նախահայրերն էին, նոյնպէս մեր ձեռքին տակ գտնուող գիրքէն կը տեղեկանանք, որ չելեպիական դասակարգի հայ անուանի ներկայացուցիչներէն էին Ամթեցի Մաղաքիա Չելեպին եւ Իսկէնտէր Չելեպին, հալէպցի Սանոս Չելեպին, պուրսացի Անտոն Չելեպին եւ Ապրօ Չելեպին, Տրապիզոնցի Շահին Չելեպին, «Սթամպոլոյ պատմութիւն» գրքի հեղինակ՝ Երեմիա Չելեպի Քէօմիւրճեանը եւ ուրիշներ:
Այս ազնուական հայերուն մէջ ամենէն երեւելի դէմքն է, անկասկած, Երեմիա Չելեպի Քէօմիւրճեանը, որ կը տիրապետէր քանի մը լեզուներու եւ երկու պատրիարք հայրերու՝ Եղիազար Այնթապցիի եւ Մարտիրոս Գաֆեցիի քարտուղարն էր եւ մեծահարուստ Արտօ Չելեպիի զաւակներուն դաստիարակը: Չելեպիները մեծ ազդեցութիւն ունէին մայրաքաղաքին եւ գաւառներուն մէջ, կը կառավարէին նաեւ հայ ազգային-եկեղեցական կեանքը, կը տնօրինէին հոգեւոր-մշակութային հարցերը եւ հայերուն առընչուող հարցերով պետութեան հետ յարաբերութիւններու մէջ էին, կը կարգաւորէին այդ հարցերը: 18-րդ դարու սկիզբներէն մինչեւ 19-րդ դարու 20-ական թուականները՝ շուրջ հարիւր տարի, Օսմանեան կայրութեան ամբողջ փողերանոցը (mint) հայ չելեպիական նշանաւոր ընտանիքներէն մէկուն՝ Տիւզեան գերդաստանի մենաշնորհն էր: Տիւզեան չելեպիները կը կտրէին կայսրութեան թէ՛ ոսկի, թէ՛ արծաթ դրամները:
Իր գիրքին մէջ անցում կատարելով 19-րդ դարուն, Մկրտիչ Պուլտուքեան կը նշէ, որ այդ շրջանին արդէն Պոլսոյ սեղանաւորներու եւ դրամափոխներու ասպարէզը կը պատկանէր ամիրաներուն, որոնք ձեւով մը հայ չելեպիներու յաջորդներն էին: Հայ ամիրաներու մէկ մասը կը զբաղէր բնակչութենէն հարկեր հաւաքելով: Դառնալով փաշաներու սեղանաւորներ, հայ ամիրաները իրենց վրայ վերցուցին հարկերը պետական գանձարան յանձնելու պարտականութիւնը: Հին չելեպի սեղանաւորներու յաջորդ ամիրաները կազմեցին սարրաֆութեան երկու ընկերութիւններ՝ «Անատոլու» եւ «Ռումելի»:
«Անատոլու» ընկերութիւնը իր գործակատարներուն եւ հարիւրաւոր պաշտօնեաներուն միջոցաւ կը հաւաքէր տէրութեան արեւելեան, այսինքն՝ Պոլիսէն մինչեւ արեւելք՝ Անատոլու երկարող տարածութեան հարկերը, իսկ «Ռումելի» ընկերութիւնը կը հաւաքէր Պոլիսէն դէպի արեւմուտք երկարող տարածաշրջանի հարկերը: Ամիրաները, օգտուելով այն հանգամանքէն, թէ մինչեւ 1856 թուականը Պոլսոյ մէջ կանոնաւոր դրամատուներ չկային, իրենք կը կատարէին այդ գործարքները: Անոնք դրամական փոխտուութիւններ կ՚ընէին վաճառականներու, առեւտրական ընկերութեանց, պետական գրասենեակներու եւ նոյնիսկ սուլթաններու, 20-25 առ հարիւրը գանձելով: Տատեան գերդաստանի գլխաւորը՝ Առաքել Տատ ամիրան, 1795 թուականին պալատ կանչուեցաւ եւ նշանակուեցաւ արքունի վառօդարանի, այսինքն՝ զինագործարանի ղեկավար: Այնուհետեւ, եօթանասուն տարի Տատեան ամիրայական տան զաւակները ժառանգաբար ղեկավարեցին Թուրքիոյ զինագործարանները, ինչպէս նաեւ թուղթի արտադրութեան եւ բանակի հանդերձաւորման գործերը: Գիրքին մէջ մեծ ցուցակով մը հեղինակը ներկայացուցած է հայ ամիրաներուն անունները։
Գալով «սեղանաւոր» բառի ստուգաբանութեան՝ Մկրտիչ Պուլտուքեան կը մատնանշէ, որ միջնադարուն՝ վաճառականութեան զարգացած տեղերը, մանաւանդ, Իտալիոյ մէջ 12-րդ դարէն ի վեր, թերեւս անկէ ալ առաջ, վաճառականները ժողովասրահ մը ունէին, ուր իւրաքանչիւրը ունէր իրեն յատուկ աթոռն ու սեղանը (Banco), որուն վրայ որոշեալ ժամեր կու գային իրարու հետ իրենց ունեցած հաշիւը դասաւորելու համար: Երբ անոնցմէ մին իր այս պարտականութեան մէջ թերանար, անոր սեղանը (Banco) կը խորտակուէր (Banco rotto), որ (Banqueroute) սնանկ բառին ստուգաբանութիւնն է: Առեւտրական օրէնքով սնանկ կը սեպուի այն վաճառականը, որ իր հաշիւը կամ պարտքը օրին չի վճարեր կամ չի կրնար վճարել:
Այդ սեղանը պահողին բնականաբար կ՚ըսուէր Banchiere (Banquier) սեղանաւոր, որ այդ ժողովասրահին սպասաւորն էր:
Ինք՝ «Հայ սեղանաւորներ Միջին Արեւելքի տարածքին, Պոլիսէն մինչեւ Պէյրութ» գիրքի հեղինակը քանի մը պատճառ մատնանշած է, որոնք զինք մղած են հեղինակելու այսպիսի գիրք մը:
Նախ, առաջին նպատակը՝ հայ նոր սերունդին ծանօթացնել դարերու ընթացքին հայ դրամագլուխի կազմաւորման, ծանօթացնել այն շրջանին, երբ հայ օսմանեան քաղաքացին, հայ առեւտարականը, հայ սեղանաւորն ու լումայափոխը, որպէս ամիրա, մեծ դեր խաղացած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ, նաեւ որպէս ղեկավար պետական եւ ազատ ասպարէզի գործընթացին, միջպետական փոխյարաբերութիւններուն ու կայսրութեան պաշտպանութեան:
Մկրտիչ Պուլտուքեան նպատակ ունեցած է հայ նոր սերունդին գործնական գիտելիքներ տալ ընդհանրապէս առեւտուրի մասին եւ մասնաւորապէս սեղանաւորներու մասին:
Ան հրապարակած է հայ լումայափոխներու հսկայական ցանկ մը, ուր տեղ գտած անուններուն ծանօթանալով՝ ընթերցողն ու ուսումնասիրողը նաեւ կը ծանօթանայ այդ մարդոց գործունէութեան: Հեղինակը կը նշէ, որ դարերէ եկած հայ լումայափոխներու ընտանիքներ կան, որոնց փոքր դրամատուները առկայ են մինչեւ այսօր:
Առանձին գլուխներ նուիրած են գործնական գիտելիքներուն, սահմանելով՝ դրամն ու փոխանակութիւնը, գործքն ու վաճառականութիւնը, առեւտրական կամ վաճառականական հաստատութիւնը, վաճառականական գործողութիւնը, վարկագիրը, առեւտրական թուղթերու փոխանակագիրը, հրամանագիրը, փոխանակութիւնը (քամպիօ) եւ այլն: Կը տեղեկանանք, որ 1906 թուականին՝ Օսմանեան ժամանակաշրջանին գոյութիւն ունեցած է Լումայափոխութեան զբաղումի յատուկ օրէնսդրութիւն (Corps de Droit Ottoman), ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի մէջ հետագային կազմը-ւած է Լումայափոխութեան օրէնք Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կողմէ: Այդ մանրամասնութիւններուն կը տիրապետէ Մկրտիչ Պուլտուքեան նաեւ իր աշխատանքին եւ մասնագիտութեան բերումով:
Ան գիրքին մէջ առանձին բաժինով անդրադարձած է Յետպատերազմական (1914-1918) շրջանին Սփիւռքի մէջ գործող նշանաւոր հայ սեղանաւորներուն, գլխաւորաբար՝ Պէյրութի մէջ, հասնելով մինչեւ այսօր գործող Լիբանանի հայ նշանաւոր լումայափոխներուն:
Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեանի «Հայ սեղանաւորներ Միջին Արեւելքի տարածքին, Պոլիսէն մինչեւ Պէյրութ» գիրքը անուանացանկերով, ժամանակագրութեամբ, սեղանաւորներու լուսանկարներով եւ հին ժամանակ գոյութիւն ունեցած դրամական գործարքներու փաստաթուղթերու պատճէններով, դրամատնային հին եզրերու բացատրութիւններով հարուստ հրատարակութիւն մըն է, որ լոյս կը սփռէ հայ իրականութեան կարեւորագոյն խաւի՝ սեղանաւորներու գործունէութեան եւ տարածքաշրջանին ելեւմտական կեանքին մէջ ունեցած անոնց նշանակալի դերին վրայ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024