ՊՂԾԱՇՈՒՐԹՆ ՀԱՅՀՈՅԻՉՆԵՐՈՒ՝ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐՈՒ ԾԱԳՈՒՄՆ ՈՒ ՄՈԼԱՐ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ (Ա.)

Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ սկզբնաւորման ու հիմնադրութեան օրէն իսկ ծագում առած են այնպիսի մոլար շարժումներ, որոնք օձտած են նորընձիւղած ու նորափթիթ քրիստոնեաները։ Ի տես այս երեւոյթին, Եկեղեցւոյ հայրեր, վաղ օրերէն սկսեալ, առաջքը առած են անոնց ստապատիր եւ մոլորեցուցիչ վարդապետութեանց եւ Ս. Գրոց թիւր ու սխալ մեկնաբանութիւններուն։ Պէտք է ըսել նաեւ, որ Տիեզերական ժողովներու հիմնական նիւթերը քրիստոսաբանական հարցերէն աւելի հերձուածողներու, աղանդաւորներու տեսակէտներուն հերքումն են եղած։

Աւետարանը այս տիպի մարդիկը կոչած է «սուտ առաքեալներ», «խաբեբայ մարդիկ» (Բ.Կր 11.13), «սուտ մարգարէներ» (Ա.Յհ 4.4), «անօրէնութեան մարմնացումներ», «կորուստի սահմանուած հակառակորդ» (Բ.Թս 1.3), «մոլորեցուցիչ չար ոգիներ եւ դեւեր» (Ա.Տմ 4.1), «մոլորեցուցիչներ», «Քրիստոսի հակառակորդներ» (Բ.Յհ 1.7), «ապականած եւ հաւատքով սնանկներ» (Բ.Տմ 3.8), «մոլորածներ» (Բ.Տմ 3.13), «սուտ ուսուցիչներ» (Բ.Պտ 2.1,11), «ընչաքաղցներ», «շահագործողներ» (Բ.Պտ 2.3), «ցամքած աղբիւրներ», «հովերէն քշուող մշուշներ» (Բ. Պտ 2.17), «Սուրբ Գիրքը չարափոխողներ» (Բ.Պտ 3.16)…։

Իսկ այս օրերուն ահազանգ հնչեցնելու աստիճան տարածում սկսած է գտնել հայորդիներու զանազան աղանդներու անդամագրումը, որոնք տունէ տուն թափառելով աղանդաւորական թերթիկներ կը բաժնեն ձրիօրէն եւ քարոզչութիւններ կը կատարեն իրենց չիմացած նիւթերուն մասին։ Քրիստոսի Ս. Աւետարանէն համարներ անգիր սորվելով, իմաստուն երեւնալու չափ արագօրէն զանոնք արտասանելու յատուկ ճիգով, յաճախ անոնք ուշադրութիւնը կը գրաւեն պարզ ու միամիտ ժողովուրդին, որ առհասարակ տեղեկութիւն չունի Ս. Գիրքին մասին։

Այսպէս, Ս. Գիրքի տարածման եւ նորաձեւ «մեկնաբանութեան» աշխատանքին լծուած է «եհովայի վկաներ» կոչուած դիւային աղանդը։ Այս ստաբան աղանդին զոհն են գացած մեր ժողովուրդի համեստ զաւակները, որոնք ո՛չ միայն Ս. Գիրք չունին կամ չեն կարդացած, այլ նոյնիսկ կրօնական դաստիարակութիւնը մոռացութեան գիրկը նետած են։ Անոնք հլու հնազանդ կամակատարները դարձած են «եհովայի վկաներու» մոլար վարդապետութեան տարածման, առանց պահ մը իսկ մտածելու, թէ որո՞ւն կը ծառայեն կամ ի՞նչ բանի կը միտի իրենց կատարածը։

Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կը հերքէ «եհովայի վկաներու» վարդապետութիւնը՝ ըսելով. «Քրիստոնէական կարելի չէ՛ կոչել իրենց հաւատքը, որովհետեւ չի հիմնուիր Քրիստոսի աստուածութեան վրայ, զոր բացարձակապէս կը մերժեն ճանչնալ։ Կը խօսին հաւատքի անունով՝ իրենց ուզած բաները քարոզելու համար կամայականօրէն։ Մէկ կողմէ դիւական յանդգնութեամբ կը չարափոխեն Աստուածաշունչի շատ մը հաստատումները, իսկ միւս կողմէ՝ չքնաղ երեւակայութեամբ կը փորձեն լրացնել Աստուածաշունչին պակասները»։

«Եհովայի վկաներու» աղանդը հիմնուած է կտաւի վաճառական Չարլզ Ռասէլի կողմէ Ամերիկայի մէջ, 1872-ին։ Ռասէլ բողոքական ծագում ունէր եւ մանկութեան օրերէն իսկ կը վախնար դժոխքէն ու անոր չարչարանքներէն։ Երբ տասնեօթ տարեկան էր, կը փորձէ դարձի բերել անհաւատ մարդ մը՝ զինք վախցնելով սատանային եւ դժոխքի գաղափարներով։ Սակայն անհաւատը վէճէն յաղթական դուրս կու գայ։ Ան իր վախէն տարուած՝ կը մերժէր դժոխքի գոյութիւնը եւ հոգիի անմահութիւնը։ Ապա կ՚անդամագրուի խումբի մը, որ ճանչցուած էր որպէս «երկրորդ գալստեան» աղանդ։ Ռասէլ տարիներ ետք այս աղանդէն «վերապատուելի հովիւ» տիտղոսը կը ստանայ։

Չարլզ յայտարարած էր, որ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը 1874-ին տեղի ունեցած էր, իսկ աշխարհի վախճանը՝ 1914-ին։ 1897-ին, այս «պայծառատեսութեան» հեղինակը այնքան տարուած էր աշխարհի վախճանի մասին իր իսկ ստեղծած ցնորքով, կը հրապարակէ իր իսկ սեփականութիւնը եղող «Սիոնի դիտակէտ» եւ «Քրիստոսի ներկայութեան աւետիս» ամսագրերը, որոնք այսօր յայտնի են «Դիտարան» անուամբ։ Ամսագրի տպաքանակը մէկ տարուայ ընթացքին 6000-էն 4000000-ի կը բարձրանայ։ Իր ողջ կեանքի ընթացքին, Ռասէլ բազմաթիւ գիրքեր կը հեղինակէ։ Ան կը պնդէր, որ Աստուած եգիպտական բուրգերը ստեղծած է որպէս «երկրորդ վկայ»՝ ի լրացումն Աստուածաշունչի։ Չարլզ կը հաւատար, որ եգիպտական բուրգերու միջանցքներու երկարութիւնը բուրքերու ստեղծման տարեթիւի հետ կը համապատասխանէր։ Հետեւութիւններ կատարելով՝ աղանդի «թուաբանագէտ» հիմնադիրը կը յայտարարէ. որ աշխարհի վախճանի մասին իր կողմէ նշանակուած 1914 թուականը կը հաստատուէր նաեւ եգիպտական բուրգերու միջանցքներու ուսումնասիրութեամբ։

Այնուամենայնիւ, Ռասէլ մեծ գումարներ ձեռք կը ձգէ, մէկ տոլար արժողութեամբ մէկ պարկ ցորենը կը ծախէ 60 տոլարի՝ զայն անուանելով «հրաշք ցորեն»։ Սակայն անոր այս խաբեբայութիւնը կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ ի յայտ կու գայ։ Երբ դատարան կը տարուի, դատաւորը կը ստիպէ, որ մարդոց դրամները վերադարձնէ եւ այսպիսով ազատ կ՚արձակուի։ Դատավարութեան ընթացքին Ժոզէֆ Ֆրանքլին Ռատերֆորտ անունով փաստաբան մը Ռասէլը կը պաշտպանէ եւ այնտեղ կը ծանօթանայ «եհովայի վկաներու» ու կը հետեւի անոնց աղանդին։ 

Ռատերֆորտ երկրորդ անձն էր, որ մեծ ներդրում կ՚ունենայ «եհովայի վկաներու» աղանդին մէջ։ Ան ո՛չ դատաւոր էր եւ ո՛չ ալ փաստաբան, այլ՝ դատը արձանագրող, Միզուրիի մէջ։ Այդ նահանգին մէջ, ան իրաւունք ունէր նաեւ փաստաբանի դեր կատարելու։ Երբ 1916-ին Ռասէլ կը մահանայ, Ժոզէֆ Ֆրանքլին Ռատերֆորտ աճապարանքով կը կարողանայ ղեկը իր ձեռքը առնել եւ կը հերքէ Ռասէլի վարդապետութեան մեծամասնութիւնը։

1919-ին, Ժոզէֆ կը սկսի նոր անդամներ ներգրաւելու ծրագիր մը մշակել, զոր «միլիոններու միախմբում» կը կոչուէր։ Այս ծրագրի մշակման մասնակցած են ամերիկեան գաղտնի ծառայութիւններ եւ «ուղեղային կեդրոններ»։ Այս միջոցին Ռատերֆորտ կը յայտարարէ. որ աշխարհի վերջը 1925-ին տեղի պիտի ունենայ։ Սոյն ժամանակահատուածին մէջ, ան կը պնդէր, թէ Քրիստոս 1914 թուականին վերադարձած է, ուսումնասիրած է բոլոր քրիստոնէական Եկեղեցիները եւ յանգած է այն եզրակացութեան, որ Աստուծոյ խօսքը տարածողները պէտք է «եհովայի վկաները» իրենք ըլլան։ Իսկ 1925-ին, Աբրահամ, Յակոբ, Թադէոս եւ Քրիստոսի միւս աշակերտները պիտի վերածնուէին՝ երկրի վրայ ստեղծուող նոր դրախտը ղեկավարելու համար։ Այս բոլոր «կանխատեսումները» արձանագրուած են «եհովայի վկաներու» «Կորսուած գաղտնիք» անուանեալ գիրքին մէջ, որուն լոյս տեսնելէն անմիջապէս ետք՝ միլիոնաւոր մարդիկ իրենց ունեցուածքը վաճառելու կը սկսին եւ կը միանանան «եհովայի վկաներու» աղանդին՝ քոչուորական կեանք մը ապրելով եւ ամէնուր իրենց սուտ մարգարէութիւնները տարածելով։ Ամերիկայի մէջ բազմաթիւ գիւղացիներ ո՛չ մէկ բան կը ցանեն՝ հաւատալով աշխարհի վախճանի մասին սուտ մարգարէութեանց։ 1925-ը կու գայ ու կ՚անցնի, իսկ միլիոնաւոր մարդիկ խաբուելով՝ աղքատութեան ճամբան կը բռնեն։

Ժոզէֆ Ֆրանքլին Ռատերֆորտը խուճապահար կը յայտարարէ, որ աշխարհի վերջը մօտ է եւ Գալիֆորնիոյ նահանգի Սան Տիէկօ քաղաքի ամենահարուստ թաղամասերէն մէկուն մէջ շքեղ դղեակ մը կը կառուցէ. ուր, ըստ «պայծառատեսի». պէտք է Քրիստոսի վերածնուած աշակերտները ապրէին։ Դղեակը կը կոչուի «Պետ Սարիմ», որ եբրայերէնէն թարգմանաբար կը նշանակէ «իշխաններու տուն»։ Ժոզէֆ Ֆրանքլինի ղեկավարութեան տարիներուն «եհովայի վկաներ» աղանդը հսկայ միութեան մը կը վերածուի եւ մեծ քանակութեամբ գրականութիւն կը թողարկէ, ինչպէս նաեւ աշխարհի չորս տարածքներուն մէջ միլիոնաւոր հետեւորդներ կ՚ունենայ։ 1931-ին, այս աղանդը «եհովայի վկաներ» անունը վերջնականապէս կը սկսի կրել, երբ Ռատերֆորտ Եսայի մարգարէութեան մէջ կը կարդայ. «Դուք իմ վկաներն էք,- կ՚ըսէ Տէրը…» (Ես 43.10)։

Ռատերֆորտ իր հետեւորդները կը յորդորէր, որ չամուսնանան եւ ամբողջութեամբ նուիրուին «Աստուծոյ խօսքին տարածմանը»։ Այս նպատակի իրագործման համար, Կիրակի օրերը անոնք եկեղեցիներու առջեւ կը կանգնէին եւ հետեւեալ գրութիւններով պաստառներ կը պահէին. «Կրօնը թակարդ է եւ խաբէութիւն»։ Աղանդաւորներու յաջողութեան գաղտնիքներէն էր նաեւ, որ անոնք գիտաթեքնիկական յառաջընթացին հետ շարունակ քայլ կը պահէին։ 1933-ին, Ամերիկայի մէջ շուրջ 403 «եհովայական» ռատիօկայաններ հիմնուած էին, որոնք անընդհատ վիրաւորական խօսքեր կը հնչեցնէին Եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականներու հասցէին։ Ռատիօկայանները մշտապէս «գլխաւոր լուրը» կը հաղորդէին՝ «աշխարհի վախճանին քանի մը ամիս մնացած է» յանկերգով։ 1941-ին, «Պետ Սարիմ» դղեակին մէջ Ժոզէֆ Ֆրանքլին Ռատերֆորտը կը մահանայ։ Իսկ 1949-ին, անոր հետեւորներդը դղեակը անաղմուկ կը ծախեն եւ մինչեւ օրս կը փորձեն թաքցնել իրենց պատմութեան այս զաւեշտալի եւ խայտառակ էջը։

Ռատերֆորտի մահուընէ ետք ղեկը հանդարտօրէն կ՚անցնի Նաթան Քնորի ձեռքը։ Ան տասնվեց տարեկան հասակին կարդալով այս աղանդին ստապատում գրութիւները՝ կը միանայ անոնց խումբին։ Այնուհետեւ, սկզբնական շրջանին կ՚աշխատի անոնց տպարանին մէջ՝ կամաց-կամաց բարձրանալով բոլոր աստիճանները եւ միեւնոյն ժամանակ լայն փորձառութիւն ձեռք բերելով այդ գործի բոլոր բնագաւառներուն մէջ։ Քնոր բնաւորութեամբ հեզ անձնաւորութիւն մըն էր եւ իր աղանդը այդ ձեւով կը ներկայացնէ ամէնուրեք։ Նաթան օժտուած էր բազմապիսի շնորհքներով։ Ունէր ճկուն լեզու ու ոճային յատուկ դարձուածքներ։ Հետեւաբար, կը ջանայ բարձրացնել յօդուածներու գիտական մակարդակը, իսկ անոնց բովանդակութիւնը աւելի կը բարելաւէ։ Անոր միակ ջանքը կ՚ըլլայ հասարակութեան աւելի մատչելի ձեւով ներկայացնել «եհովայի վկաները»։ Բայց, ո՛չ ինքը, ո՛չ ալ իր յաջորդները կը կարողանան հաւատք ներշնչել «եհովայի վկաներու» հանդէպ։

Քրիստոս Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին զգուշացուց մեզ այսպիսի աղանդներէն՝ ըսելով. «Զգուշացէք սուտ մարգարէներէն, որոնք աշխարհի կերպարանքով կը մօտենան ձեզի, մինչ ներքնապէս յափշտակիչ գայլեր են» (Մտ 7.15)։ Պետրոս առաքեալ խօսելով Սուրբ Գիրքի եւ զայն քմահաճօրէն մեկնաբանողներուն մասին՝ կ՚ըսէ. «Այդ նամակներուն մէջ կարգ մը դժուար հասկնալի մասեր կան, որոնց իմաստը չարափոխումի կ՚ենթարկուի տգէտ եւ փոփոխամիտ մարդոց կողմէ։ Անոնք միւս Սուրբ գիրքերը եւս կը չարափոխեն, իրենց սեփական կորուստը պատրաստելով» (Բ.Պտ 3.16)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ ճշմարիտ վարդապետութենէն հեռացողներուն մասին խօսելով՝ կը յորդորէ. «Կը խնդրեմ, եղբայրնե՛ր, որ զգուշանաք անոնցմէ՝ որոնք երկպառակութեանց եւ գայթակղութեանց պատճառ կ՚ըլլան՝ շեղելով այն վարդապետութենէն որ դուք սորվեցաք։ Հեռո՛ւ փախէք անոնցմէ, որովհետեւ այդպիսիները մեր Տիրոջ՝ Քրիստոսի չէ որ կը ծառայեն, այլ իրենց որովայնին, քաղցր խօսքերով ու կեղծ գովասանքներով պարզամիտները խաբելով» (Հռ 16.17-18)։ «Ճշմարտութենէն հեռացած ոեւէ անձ մէկ կամ երկու անգամ խրատելէ ետք՝ երբ տեսնես որ անօգուտ է՝ կապերդ խզէ՛ անոր հետ, գիտնալով որ անիկա մոլորած մըն է եւ մեղքի մէջ կը մնայ՝ ինքզինքին դատապարտութեան պատճառ դառնալով» (Տիտ 3.10-11)։

Սիրելի՛ ընթերցող, «եհովայի վկաները» ստախօսութեան եւ ստութեան հօր՝ սատանայի՛ն վկաներն են եւ ոչ թէ Աստուծոյ։ Յովհաննէս առաքեալ կ՚ըսէ. «Սիրելինե՛ր, մի՛ հաւատաք ամէն մարդու՝ որ կ՚ըսէ թէ Աստուծոյ Հոգին ունի։ Փորձեցէ՛ք զանոնք, գիտնալու համար՝ թէ իրապէս Աստուծո՞յ Հոգիով կը խօսին. որովհետեւ բազմաթիւ սուտ մարգարէներ երեւան ելած են աշխարհի մէջ» (Ա.Յհ 4.1)։ Նորելուկ շարժումներու ականջ մի՛ տար, այլ լսէ՛ Քրիսոսի խորհրդական մարմինը եղող առաքելաստատ Հայ Եկեղեցւոյ ուսուցումներուն եւ վարդապետութեանց։ Եկեղեցի՛ն է հաւատքիդ վէմը եւ ո՛չ թէ «եհովայի վկաներու» կոչեցեալ աղանդը։ Ճշմարիտ ճամբէն քալէ՛…

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017