ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ…
Հոկտեմբերի վերջին օրերէն մէկն էր, երբ Երեւանի մէջ աշնան ցուրտ հովը կ՚աւլէր չորցած տերեւները, երբ քաղաքական դաշտը կրկին փոթորկած էր եւ մայրաքաղաքին երկինքը պատուած վերահաս անձրեւի գոյնով, գոյժ մը ստացանք Պէյրութէն՝ մահացած է գրող, մտաւորական Արա Արծրունի… Մահուան դէմ անիմաստ կը թուին բոլոր պատկերները՝ քաղաքական բանավէճերը անհեթեթութեան մէջ կը տեղաւորուին, բոլոր եղանակները նոյն գոյնը կը ստանան եւ մահուան լուրին պատճառած տխրութեան դէմ նոյնիսկ ջերմ ու պայծառ արեւը փրկութիւն չունի…
Հասարակական միջավայրը զգացական դարձուց Արա Արծրունիի մահուան լուրը, որ անմիջապէս տարածուեցաւ հայրենի կայքէջերուն մէջ, ընկերային ցանցերուն վրայ՝ յուզիչ մեկնաբանութիւններով եւ ցաւի ու ափսոսանքի արտայայտութիւններով: Այդ յուզականութեան պատճառներէն մին թերեւս մտաւորական Արա Արծրունիի հեռացումն էր կեանքէն՝ առանց ազատած տեսնելու Հայաստանի բանտերուն մէջ քսանչորս տարի առաջ բանտարկուած իր անդրանիկ որդին՝ Արսէն Արծրունին:
Արսէն Արծրունիի մասին Հայաստանի եւ սփիւռքի մամուլը յաճախ գրած է, քննարկուած է քաղաքական անիրաւ դրդապատճառներով անոր բանտարկուած ըլլալը, իսկ վերջին շրջանին՝ առողջական լուրջ խնդիրները, որ անոր կ՚ուղեկցին բանտին մէջ: Իրաւապահ մարմինները անցնող շրջանին հասարակական պահանջքին ընդառաջ ոչ մէկ զիջում կատարած են, որպէսզի Արսէն Արծրունին իր բուժումը ստանայ բանտէն դուրս: Այդ հասարակական պահանջքը ձեւաւորուած է Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ, ուրկէ տասնեակ նամակներ, կոչեր, յայտարարութիւններ տարածուած են Արսէն Արծրունիի ազատութեան առընթեր:
Սակայն այսօր պէյրութահայ Արսէն Արծրունի Հայաստանի բանտին մէջ կը մնայ ցմահ ազատազրկուածի կարգավիճակով, հակառակ որ դրական կերպար մը ձեւաւորած է անցնող տարիներուն եւ համաներման արժանանալու իրաւունք շահած: Արսէն Արծրունի բանտին մէջ համալսարաններ աւարտած է, բազմաթիւ յօդուածներ գրած է, իրաւապաշտպանի, հոգեբանի եւ այլ մասնագիտութիւններ ստացած է, բանտարկեալներուն համար անգլերէնի, համակարգիչի դասընթացքներ կազմակերպած է եւ այլն:
Անոր մտաւորական կերպարը, անշուշտ դրսեւորումն է Պէյրութի իր մտաւորական ընտանիքին մէջ ստացած դաստիարակութեան, որուն հիմքը Արա Արծրունին դրած է:
Գրող Արա Արծրունի Պէյրութի մէջ կը բնակէր մտաւորականի կեանքով՝ մարդոց կողմէ սիրելի եւ ընդունելի, իսկ երբեմն՝ չհասկցուած իր խիստ սկզբունքայնութեան, ազնուութեան պատճառաւ… Կը յիշեմ Պէյրութի Զալկա շրջանին մէջ անոր կոկիկ գրադարակներով եւ ջերմ միջավայրով բնակարանը, ուր Արա Արծրունի կը բնակէր տիկնոջը՝ Ռիթային հետ. գիրքերու, թերթերու հարուստ աշխարհին մէջ իր հիւրերուն հետ յոյժ հետաքրքրական զրոյցներ կը վարէր արուեստի, գրականութեան մասին: Տեղեակ էր մանաւանդ եւրոպական, արեւմտեան արուեստի զարգացումներուն, շատ լաւ կը պատկերացնէր հայաստանեան եւ սփիւռքեան միջավայրերը, հայ իրականութիւնը առհասարակ եւ ունէր իր ուրոյն պատկերացնումները՝ հայութեան, Հայաստանի ապագային մասին:
Ըլլալով հայրենիքի վեհ գաղափարին կրողը, Արա Արծունի մինչեւ իր կեանքի վերջը ոչ մէկ դառն խօսք ըսաւ Հայաստանի մասին, որուն բանտերուն մէջ կը մաշի իր զաւակը, հաւատալով, որ իշխանաւորները անցողիկ են, հայրենիքը՝ բարձր ու մնայուն:
Արա Արծրունիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Լիբանան՝ Անթլիլիասի մայրավանքէն ներս, ուրկէ անոր մարմինը փոխադրուեցաւ Երեւան: Քանաքեռի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ հրաժեշտի արարողութեան ներկայ էին մտաւորականներ, սփիւռքահայեր, Արա Արծրունիի գրականութեանն ու այդ գրականութեան հիման վրայ բեմադրուած թատրոնին ծանօթ մարդիկ, որոնք մահախօսականին միջոցաւ նաեւ ծանօթացան գրողի կեանքի այլ մանրամասնութիւններուն, որ թերեւս յայտնի չէր լայն հասարակութեան: Այնուհետեւ գրողը յուղարկաւորուեցաւ Քանաքեռաւանի գերեզմանատունը… Դժուար եւ հաստատակամ ուղի մը անցած է Արա Արծրունի: Այդ մանրամասնութիւններուն մասին կը տեղեկանանք գրողին դամբանականէն, զոր գրի առած էր իր որդին:
Արա Արծրունիին հայրը ծնունդով Վան քաղաքէն Արսէն Արծրունին էր, որ մասնագիտութեամբ մանկավարժ էր: Մայրը՝ Կարնոյ ծնունդ Արաքսի Խաչիկեանն էր: Արսէնը ուսուցչութեան տարիներուն սիրահարուած էր իր աշակերտուհիին եւ Կարին քաղաքին մէջ ամուսնացած անոր հետ:
Արսէնն ու Արաքսին 1915 թուականին կը բնակէին Վան քաղաքին մէջ եւ ունէին դուստր մը:
Երբ Առաջին աշխարհամարտը տեղի ունեցաւ, Վանի հերոսամարտէն փրկուած հայութիւնը տեղահանուեցաւ եւ տարուեցաւ Կովկաս: Արսէնը իր ընտանիքով, որպէս դաշնակցական հասարակական գործիչ, գործուղուեցաւ Թիֆլիզ, ապա Խրիմ, այնուհետեւ՝ Պոլիս, Պուքրէշ եւ վերջապէս Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը, ուր ալ 1932 թուականի նոյեմբերի 11-ին ծնաւ ընտանիքին վերջին զաւակը՝ Արան:
Արան չորս քոյր ունէր: Հայրը՝ Արսէնը, 19 տարի որբանոցներու, ծխական դպրոցներու մէջ մանկավարժութեան ու քաղաքական գործունէութեան նուիրուած, աղքատութեան, զրկանքներու ու թափառական կեանքի պայմաններուն տակ հիւանդացաւ եւ 1934 թուականին մահացաւ:
Կատարեալ ունեզրկութեան մատնուած անոր կինը՝ Արաքսին եւ զաւակները կուսակցութիւնը տեղափոխած էր Լիբանան: Հինգերորդ դասարանը եղած ատեն Արան ստիպուած աշխատանքի լծուած էր: Այդ տարիքէն մինչեւ 2012 թուականը, Արա Արծրունին մշտապէս աշխատած եւ իր աշխատանքին արդիւնքով ապահոված էր ընտանիքին՝ մօր, կնոջ եւ զաւակներուն կեանքի պայմանները:
1960 թուականին Արա Արծրունին ամուսնացած էր ծագումով Քէօթահիոյ մօտակայ հայաբնակ Մուրաճա գիւղէն Յարութիւն Արապեանի դստեր՝ Ռիթային հետ: Արապեան ընտանիքը Եղեռնի ժամանակ սպաննուած էր, իսկ ընտանիքին չորս տարեկան երեխան՝ Յարութիւն Արապեանը, անապատը ոտքով անցնելով փրկուած եւ որբանոցներուն մէջ անցուցած էր իր մանկութիւնը:
Արա եւ Ռիթա Արծրունիները ունեցած են երկու որդի: Աւագը՝ Արսէն Արծրունին, կրտսերը՝ հրապարակագիր, գործարար Սեւակ Արծրունին: Անոնք անկախութենէն ետք ընտանիքներով հայրենադարձած են Հայաստան, ուր Արսէնը բանտարկուած, իսկ Սեւակը ծաւալած է հայրենադարձութեան նպաստող իր ծրագիրները:
ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉԸ
Արա Արծրունին շատ կանուխ տարիքէն սէր ունեցած է գիրի, գրականութեան հանդէպ եւ երիտասարդ տարիքէն նուիրուած է մտաւորական, գրական կեանքին: Գործակցած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին, ուր երկար տարիներ եղած է արուեստի մեկնաբան: Այնուհետեւ գրած է պատմուածքներ, յետոյ՝ աւելի քան քսան թատրերգութիւններ, վերջին տարիներուն նաեւ վէպեր:
Լիբանանահայ համայնքին ծառայած է գլխաւորապէս Ազգային իշխանութիւններուն եւ Համազգային մշակութային միութեան շարքերէն ներս զանազան յանձնախումբերու եւ մարմիններու մէջ գործած է կարգ մը ուղղութիւններով՝ տնտեսականէն մինչեւ մշակութային, քաղաքական, դատական, գրական, ընկերային եւ այլն:
Գրական եւ հասարակական գործունէութեան համար Արա Արծրունի արժանացած է բազմաթիւ շքանշաններու. 2005 թուականին ան ստացած է «Վ. եւ Վ. Ճէրէճեան» թատրերգութեան մրցանակը, 2006-ին՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Գէորգ Միլիտինեցի» գրական մրցանակը: Արժանացած է Համազգային մշակութային միութեան շքանշաններուն, 2014 թուականին Հայաստանի սփիւռքի նախարարին ձեռամբ պարգեւատրուած է նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետայլով, իսկ 2017 թուականին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ արժանացած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին:
Բացի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ ար-ւեստի մեկնաբան ըլլալէ, Արա Արծրունի գրած է ազգային եւ հրապարակախօսական բազմաթիւ յօդուածներ։ Աշխատակցած է լիբանանահայ մամուլի այլ հրատարակութիւններուն. ինչպէս՝ «Բագին», «Կամար», «Սփիւռք», «Արծիւ»: Եղած է նաեւ «Ազդակ»ի մշակութային ուրբաթօրեայ էջին պատասխանատուն՝ 1969-1972 թուականներուն միջեւ։
Իր գրած թատրերգութիւնները նոր շունչ բերած են հայ ժամանակակից թատրերգրութեան: Արծրունիի հեղինակած «Վահագն» թատրերգութիւնը (գրուած՝ 1976-ին) Պէյրութի մէջ բեմադրուած է 1977 թուականին, լիբանանահայ բեմադրիչ Զօհրապ Եագուպեանի կողմէ: Կրկին Զօհրապ Եագուպեան բեմադրած է Արծրունիի «Միալար երաժշտութիւն» (գրուած 1971-ին, բեմադրուած 1980-ին) ստեղծագործութիւնը: Երեւանի Սենեկային թատրոնին մէջ հայրենի բեմադրիչ Արմէն Մեհրապեան 2005 թուականին բեմադրած է Արա Արծրունիի «Մժեղը»: Նոյն գործը բեմադրուած է նաեւ Թորոնթոյի Համազգայինի «Ժորժ Սարգսեան» թատերախումբին կողմէ, 2004 թուականին: Արա Արծունիի «Անաւարտ վէպ» ստեղծագործութիւնը 2008 թուականին բեմադրուած է Երեւանի «Յովհաննէս Թումանեան» խամաճիկներու թատրոնին մէջ, կրկին Արմէն Մեհրապեանի բեմադրութեամբ: Գանատայի Մոնրէալ եւ Թորոնթօ քաղաքներուն մէջ 2011 թուականին բեմադրած են անոր «Պահածոյի տուփը» թատրերգութիւնը՝ Համազգայինի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին կողմէ, Նանսի Իսա Թորոսեանի բեմադրութեամբ:
Իր մահէն մէկ տարի առաջ՝ 2017 թուականին, Արա Արծրունի հրատարակած է «Ծուէններ» երեւակայական վէպը: Մինչ այդ ան հեղինակած է «Ծովինար» վէպը, գրած է վիպակներ, պատմուածքներ, ունի անտիպ բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ:
Իր թատրերգութիւնները նաեւ արեւելահայերէնի վերածուած են, այդ մէկը կատարած է Արթուր Անդրանիկեան։
ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻՆ՝ ԱՆՀԵԹԵԹԻ ԵՒ ԱՅԼԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆԵՐՈՎ…
2010 թուականին, Երեւանի մէջ լոյս ընծայուած «Արա Արծրունու թատերգութիւնը» մենագրութեան մէջ հայրենի թատերագէտ Լեւոն Մութաֆեան կը հաստատէ, որ Արա Արծրունի հիմքը դրաւ ազգային փոսթմոտերնիստական տրամային (ազգային յետարդիական թատրերգութեան):
Ծանօթ է նաեւ, որ Արծրունիի պատմուածքները, յատկապէս՝ վերջին տասնամեակներունը, ընդհանրապէս կը պատկանին անհեթեթի եւ այլաբանական գրականութեան: Արձակագիր գրողը այն հազուագիւտ գրողներէն է, եթէ ոչ՝ միակը, որ իր ամբողջ սեւեռակէտին առարկայ դարձուցած է գրական դժուարին այդ սեռը: Այս ծիրին մէջ նկատի ունիմ նա՛եւ եւ յատկապէս «Ծուէնները» (Անթիլիաս, 2010) եւ «…Alle՛goria…» (Անթիլիաս, 2017) վէպերը, որոնք, հեղինակին իսկ բնութագրութեամբ, որակուած են «երեւակայածին վէպ»:
Արեւմտահայ ժամանակակից գրականութեան աղքատ ազգականը եղած է թատրերգութիւնը: Այս հաստատումէն դուրս կը մնան Յակոբ Պարոնեանի մասնակի փայլատակումներն ու Երուանդ Օտեանի կարգ մը փորձերը այս ուղղութեամբ:
Մեր օրերուն նոյնն է պատկերը: Սակաւաթիւ սփիւռքահայ գրողներ համարձակութիւնը կ՚ունենան մօտենալու թատրերգութեան եւ այդ մարզին մէջ արձանագրելու տոկուն գործեր: Զգուշութեամբ պիտի նշեմ քանի մը անուններ, որոնք վերջին տասնամեակներուն որդեգրեցին գրականութեան այս սեռը. Արման Վարդանեան (Պոլիս), Ռոպէր Հատտէճեան (Պոլիս), Հրանդ Մարգարեան (ԱՄՆ), Արա Արծրունի (Լիբանան):
Արա Արծրունիին անունը հարկ է անջատել վերոնշեալ անուններէն հիմնական մէկ պատճառով: Ան միակն է, որ մեզի ժամանակակից սփիւռքահայ թատրերգութեան կը ներարկէ նորին շունչը: Միջազգային թատրերգութեան նորարարութեան միտող մտահոգութիւնները կը գտնենք իր ստեղծագործութիւններուն մէջ, անհեթեթի եւ այլաբանութեան շեշտադրութեամբ, «յետարդիականութեամբ», որ երբեք միջազգայինէն փոխադրութիւն մը չէ մեր թատրերգութեան մէջ: Ազգայինին ընդելուզուած՝ համամարդկային մտասեւեռումներու արձագանգները կը գտնենք Արծրունիի բոլոր թատրերգութիւններուն մէջ: Այս մտահոգութեամբ, թերեւս պոլսահայ թատերագիր Արման Վարդանեան որոշ չափով մը կը մերձենայ իրեն:
Արա Արծրունիին արձակը գրական արուեստի նուաճում է: Նուաճում են նաեւ իր թատրերգութիւնները, որոնք անհեթեթի եւ այլաբանութեան միջոցով արդի հայ թատրերգութեան առջեւ կը բանան հրապուրիչ հեռանկարներ:
ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
ԴԱՄԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Արա Արծրունիի դամբանականին մէջ, 3 հոկտեմբերին, որդին՝ Սեւակ Արծրունին կը նշէ.
Այսօր մենք հողին պիտի յանձնենք Արա Արծրունիին մարմինը, մարդու մը, որ իր ողջ կեանքին ընթացքին ապրած է յաղթանակներով առանց դափնեպսակներ ակնկալելու:
Արա Արծրունին յաղթանակ տարած է որբութեան եւ անոր ձգած հետեւանքներուն դէմ:
Ծայր աստիճան չքաւոր մանկութիւն եւ պատանեկութիւն ունենալէ ետք, կարճ ժամանակի ընթացքին, իր աշխատանքին շնորհիւ Արա Արծրունին եւ իր ընտանիքը ապրած են համեմատաբար բարեկեցիկ կեանքով: Զաւակները ապահոված է լաւագոյնով. զբաղած է առեւտուրով՝ զոհելով իր սիրած գրական ասպարէզը, այդ պատճառով ալ գրական ճանաչում ստացած է իր կեանքի վերջին տարիներուն:
Ընտանիքը, ըստ Արա Արծրունիին, ամենաբարձր արժէքն է մարդուն կեանքին մէջ: Ան կը հաւատար սերունդներուն յաջորդականութեան գաղափարին եւ հոգուով ու սրտով կ՚ապրէր իր ընտանիքի անդամներէն իւրաքանչիւրին համար, մանաւանդ՝ ուշի-ուշով կը հետեւէր թոռներուն կեանքին եւ գործունէութեան:
Արա Արծրունին յաղթանակ տարած է տգիտութեան դէմ:
Ընդամէնը հինգերորդ դասարանի կրթութիւն ունենալով՝ ամբողջ կեանքը նուիրած է ինքնակրթութեան: Կը բնակէր գիրքերու աշխարհին մէջ: Ինքնաշխատութեամբ սորված էր ֆրանսերէն եւ անգլերէն: Կը կարդար միջազգային գրականութիւն եւ մշտապէս կը հետեւէր միջազգային արդի գրականութեան եւ արուեստի բոլոր նորութիւններուն: Ոչ միայն կը հետեւէր, այլ նաեւ կ՚ուսումնասիրէր ու որպէս հրապարակագիր կը վերլուծէր եւ իր ուսումնասիրութիւնները կը փոխանցէր հասարակութեան:
Արա Արծրունի յաղթանակ տարած է միջակութեան դէմ:
Գրական, բայց առաւելապէս՝ հասարակական գործունէութեան մէջ Արա Արծրունին եղած է պահանջկոտ եւ առաւելապաշտ: Ոչ միայն շրջապատին ու ընտանիքին անդամներուն, այլ առաջին հերթին ինքն իր անձին պարտադրած է ըլլալ պարկեշտ, զուսպ, պահպանողական, կատարելապաշտ, հանդուրժող, նուիրուած՝ հասարակութեան, ազգին ու ընտանիքին: Ան ամբողջ կեանքին ընթացքին չէ հանդուրժած սակարկութիւնը: Ո՛չ մէկ պարագայի, ոչ մէկուն թէական ցանկութիւններուն հետ հաշուի նստած է, կաթողիկոսին կամքին դէմ գացած է՝ յանուն կաթողիկոսարանի արդար շահերուն, կուսակցութեան կամքին դէմ՝ ազգի գերագոյն շահերուն համար:
Արա Արծրունի նուիրուած է բացարձակ գաղափարին, այդ պատճառով ալ եղած է դաշնակցականամէտ եւ ոչ՝ կուսակցական, աւանդապաշտ քրիստոնեայ, բայց ոչ՝ ենթակայ հաւատաւոր: Ան չէ սակարկած, չէ զոհած ոչ մէկ սկզբունք, եւ մեզի՝ իր զաւակներուն, պարտադրած է ապրիլ յանուն գաղափարի, յանուն սկզբունքի:
Արա Արծրունին յաղթանակ տարած է ճակատագրին դէմ:
Որպէս գրող, հասարակական գործիչ եւ մարդ, Արա Արծրունին՝ իմ հայրս, խօսքն ու գործը մէկտեղած է: Ան բարոյախօս չէր, այլ կ՚ապրէր իր հաւատքին օրինակով: Եւ այդպէս այսօր մենք, իր իսկ կամքով, կ՚ամբողջացնենք մեր ընտանիքին 103-ամեայ տարագրութիւնը:
103 տարիներ առաջ մեր նախնիները լքած են Վանի մէջ իրենց գերեզմանները ու դիմած են տարագրութեան: 103 տարի առաջ Վանէն տեղահանուած Արսէն Արծրունիին ցեղը ապրած է հայրենազրկութեան պայմաններուն մէջ: Բայց ահա, այսօր, քիչ յետոյ, Արա Արծրունիին մարմինը կը հանգչի Արծրունիներու ընտանեկան դամբարանին մէջ՝ հայրենի հողին վրայ:
Հայրենադարձութիւնը, մնացած բոլոր գաղափարներուն պէս, անհատին ինքնութեան կայացման մաս կը կազմէ եւ իմ հայրս համոզուած էր, որ ինքնութիւնը էութեամբ կը պահպանուի. ոչ թէ երգերով, բառերով եւ ամպագոռգոռ խօսքերով, այլ գործով ու նուիրումով:
Մենք հողին կը յանձնենք մարդու մը մարմինը, որ այս աշխարհէն կը մեկնի, այո՛, յաղթանակած, բայց ցաւագին հոգուով:
Հայրս չիրականացուց իր կեանքին վերջին յաղթանակը՝ Հայաստանը չդարձաւ մեր բոլորիս երազած ազգային բարգաւաճ ու արդար հայրենիք, որուն պատճառով, կը կարծեմ թէ օրինաչափութիւն է այն փաստը, որ ան մահուան սնարին չտեսաւ իր անդրանիկ որդին՝ Արսէն Արծրունին, որ 24 տարիէ ի վեր արգելափակուած է հայրենի բանտերուն մէջ, յանուն մեր սկզբունքներուն:
Սակայն այստեղ նոյնպէս Արա Արծրունին տարած է յաղթանակ, որովհետեւ իր զաւակներն ու ընտանիքը տասնամեակներ շարունակ կ՚ապրին հայրենիքի մէջ՝ անսակարկ գործելով յանուն հզօր հայրենիքի կայացման:
Մենք կը շարունակենք ապրիլ անսակարկ կեանքով, որովհետեւ այդ առաքելութիւնը ստացած ենք Արա Արծրունիէն:
Ինչպէս ամէն մէկ կատարելապաշտ տեսլական, հօրս երազները իրականութիւն կրնան չդառնալ, սակայն պարտաւոր ենք ի գին ամէն բանի ապրիլ անսակարկ նուիրումով մեր ինքնութեան բոլոր սկզբունքներուն, յանուն աւելի լաւ հայութեան, յանուն աւելի լաւ մարդկութեան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ