ԵՂԱՆԱԿԱՒՈՐ ԽՌՈՎՔ

Ե­րի­տա­սար­դը կի­թա­ռը ձեռ­քը ա­ռած կը հպի լա­րե­րուն։ Վար­պետ հպում­նե­րու իբր հե­տե­ւանք գե­ղե­ցիկ, հա­յա­բոյր ե­րաժշ­տու­թիւն մը կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ մտքե­րու մէջ խո­րա­սու­զուած այս պա­հուն։ Ան թռիչ­քով մը փո­խադրուած է շատ գե­ղե­ցիկ վայր մը, ուր յա­ճախ կ՚այ­ցե­լէր պա­տա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն։ Ժպի­տը դէմ­քին, քաղցր մե­ղե­դիի հնչիւն­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, Հա­լէ­պի կեդ­րո­նա­կան Թի­լէլ թա­ղա­մա­սէն կը մտնէ հնա­տիպ թա­ղե­րու մէջ: Կը քա­լէ ոս­կե­րիչ­նե­րու փայլփ­լուն ցու­ցա­փեղ­կե­րը դի­տե­լով և զար­դա­րուն ցու­ցա­տախ­տակ­նե­րու վրայ ա­րա­բե­րէ­նին կող­քին հա­յե­րէն ա­նուն­նե­րը կար­դա­լով՝ Հրայր, Կա­րօ... 

Այս փոք­րիկ տա­րա­ծու­թիւ­նը այն­քան հա­րա­զատ է, այն­քան մտեր­միկ, եւ հա­կա­ռակ ա­նոր որ կը գտնուի քա­ղա­քին կեդ­րո­նը՝ կար­ծես հե­քիա­թա­յին վայր մըն է, հե­ռու քա­ղա­քի ա­նա­խորժ խճո­ղուա­ծու­թե­նէն, աղ­մու­կէն, ծու­խէն: Ա­հա կը լսուին ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մեր­գու­թեան հրա­ւի­րող ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ղօ­ղանջ­նե­րը: Հոս կը գոր­ծեն քրիս­տո­նեայ տար­բեր հա­մայնք­նե­րու պատ­կա­նող դա­րա­ւոր ե­կե­ղե­ցի­ներ, ո­րոնց կից նաեւ՝ տուեալ հա­մայն­քի նա­խակր­թա­րա­նը, ինչ­պէս՝ Քա­ռաս­նից Ման­կանց Մայր ե­կե­ղե­ցին եւ Ազ­գա­յին Հայ­կա­զեան վար­ժա­րա­նը:

Ե­րի­տա­սար­դը կա­մա­րա­պատ նեղ թա­ղե­րու մուտ­քին կ՚ա­ռաջ­նոր­դուի կող­քի պա­տէն ծաղ­կա­լից ճիւ­ղե­րը նե­տած և գի­նովց­նող յաս­միկ­նե­րու բոյ­րով, գլու­խը օ­րօ­րե­լով կը շա­րու­նա­կէ նուա­գել յի­շե­լով, թէ ինչ­պէս այս­տեղ յաս­միկ մը նուի­րած էր ըն­կե­րու­հիին եւ այ­տէն համ­բոյր մը քա­ղած... ա­սի­կա ա­նոր ա­ռա­ջին համ­բոյրն էր, որ­մէ ետք շա՜տ համ­բոյր­ներ քա­ղած էր:

«Ա­ռա­ւօտ լու­սոյ, Ա­րե­գակն ար­դար...» կը լսուի ա­շա­կերտ­նե­րու առ­տուան խմբա­յին ա­ղօթ­քը, կը յա­ռա­ջա­նայ այդ ուղ­ղու­թեամբ, կը կանգ­նի դար­պա­սին մօտ եւ հա­ճոյ­քով կ՚ունկնդ­րէ մինչեւ վեր­ջին հնչիւ­նը, ա­պա կ՚ող­ջու­նէ դպրո­ցի դար­պա­սին մօտ նստած պա­հա­կը ու կը շա­րու­նա­կէ:

Քիչ մը ան­դին կը տես­նէ ա­րուես­տի ճիւ­ղե­րուն հետ­եւող ե­րի­տա­սարդ ու­սա­նող­ներ, ո­րոնք յա­ճախ այս թա­ղե­րու գե­ղեց­կու­թիւ­նը ըն­դօ­րի­նա­կե­լով կը զար­գաց­նեն ի­րենց գրչա­հա­րուած­նե­րը: Ա­նոնք կը գծեն կա­մար­նե­րու տակ պա­տին ամ­րա­ցուած լամ­բե­րը, տախ­տա­կա­պատ դռներն ու պա­տու­հան­նե­րը, խճա­քա­րե­րով ծած­կուած թա­ղե­րու յա­տակ­նե­րը, թա­ղե­րու եր­կա­թեայ դար­պաս­նե­րը, ծաղ­կոց­նե­րը, այս թա­ղե­րուն կեն­դա­նու­թիւն ներշն­չող շրջուն վա­ճա­ռորդ­նե­րը, ո­րոնք ե­ղա­նա­կա­ւոր ձայ­նով, եր­բեմն ալ յա­տուկ տա­րա­զով կը ծա­նու­ցեն ի­րենց ծա­խա­ծը, ինչ­պէս սուս (ա­րա­բա­կան հե­ղուկ, որ պատ­րաս­տուած է նոյ­նա­նուն բոյ­սի թրջուած ար­մատ­նե­րու ջու­րով) ծա­խո­ղը, որ գլխու ֆէ­սէն մինչեւ ոտ­քի ե­մէ­նին ա­րա­բա­կան գործուածք­նե­րով պատ­րաս­տուած է, ու­սէն կա­խուած խո­շոր մե­տա­ղեայ սա­փո­րին վրայ տե­ղա­ւո­րուած են մե­տա­ղեայ գա­ւաթ­ներ, ձեռ­քին՝ եր­կու մե­տա­ղեայ թա­սեր, ո­րոնք զի­րար զար­նե­լով եւ եր­գե­լով կը շրջի:

Այս թա­ղե­րու բնա­կա­րան­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը վե­րա­ծուած է ճա­շա­րան­նե­րու եւ հիւ­րա­նոց­նե­րու: Ա­մէն օր կա­րե­լի է այս­տեղ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու հան­դի­պիլ, ո­րոնք տե­սախ­ցիկ­նե­րով կը շրջին, կը նկա­րա­հա­նեն բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, կ՚ու­սում­նա­սի­րեն պա­տե­րու վրայ փո­րագրուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը, տա­րե­թի­ւե­րը, կը հանգս­տա­նան հիւ­րա­նոց­նե­րուն մէջ, կը ճա­շա­կեն ա­րա­բա­կան հա­մեղ ճա­շեր...

Ե­րի­տա­սար­դի նուա­գին մէջ կը շեշ­տուի ար­եւե­լեան հնչե­ղու­թիւ­նը, եր­բեմն-եր­բեմն մատ­նե­րու ծայ­րով կը հա­րուա­ծէ կի­թա­ռի պա­տին: Ան կը մտնէ ճա­շա­րան մը, ար­ևե­լեան յար­դա­րու­մով մտեր­միկ բա­կին մէջ­տե­ղը շատ­րուա­նի ջու­րը կար­ծես կը պա­րէ ա­րա­բա­կան ե­րաժշ­տու­թեան վրայ, շուր­ջը շա­րուած սե­ղան­նե­րը ծած­կուած են ա­րա­բա­կան գոր­ծուածք­նե­րով, սպա­սեակ­նե­րը ա­րա­բա­կան ազ­գա­յին տա­րազ­նե­րով կը հետ­ևին զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու պա­տուէր­նե­րուն և «Wellcome, Sir!» ը­սե­լով կը մա­տու­ցեն պա­տուէր­նե­րը: Ե­րի­տա­սար­դը ա­րա­բա­կան լե­ղի սուր­ճի կա­թիլ­նե­րը ըմ­պե­լով ճա­շա­րա­նի վեր­նա­յար­կէն կը դի­տէ Հա­լէ­պի բեր­դը քա­նի՛ հե­րո­սա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցած են հոն, քա­նի՛ Եօթ­նեղ­բայ­րեա­նի նման հե­րոս­նե­րու քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­ներ, քա­նի՛ նուա­ճում­ներ, քա­նի՛ պար­տու­թիւն­ներ, քա­նի՛ իշ­խա­նու­թիւն­ներ...

Ճի­տէյ­տէի հրա­պա­րա­կի նստա­րան­նե­րուն վրայ հանգս­տա­ցող գլու­խը փաթ­թուած տե­ղա­ցի տղա­մար­դիկ կը զրու­ցեն, ո­մանք նար­տիով կը զբա­ղին, Հա­լէ­պի կոշտ ա­րա­բե­րէ­նով կը խորհր­դակ­ցին, կը վի­ճին, բո­լոր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն կցե­լով «խայ­յօ» մը:

Հրա­պա­րա­կը շրջա­պա­տուած է նպա­րա­վա­ճառ­նե­րով, ձկնա­վա­ճառ­նե­րով, քիչ ան­դին՝ ա­րա­բա­կան զար­դա­նախ­շե­րով ու ճա­շա­կով գոր­ծուած գոր­գեր վա­ճա­ռող խա­նու­թե­րով, ար­ծա­թեայ և պղն­ձեայ հին ո­ճով բա­նուած ի­րե­րու խա­նութ­նե­րով...

Մե­ղե­դին կը վե­րագտ­նէ իր հայ­կա­կան հնչե­ղու­թիւ­նը: Ե­րի­տա­սար­դը Քա­ռաս­նից Ման­կանց ե­կե­ղեց­ւոյ մուտ­քի ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը, որմ­նա­քան­դակ­նե­րը դի­տե­լով կը մտնէ ե­կե­ղե­ցի: Ան­բա­ցատ­րե­լի է այս ե­կե­ղեց­ւոյ խորհր­դա­ւո­րու­թիւ­նը, հո­գե­կան տար­բեր հանգս­տու­թիւն կը ներշն­չեն ա­նոր սրբա­պատ­կեր­նե­րը, Սուրբ Աս­տուա­ծած­նայ պատ­կեր­նե­րով զար­դա­րուն ե­րեք գե­ղա­տե­սիլ խո­րան­նե­րը... մէկ խօս­քով հո­յա­կապ կա­ռոյց է:

Ե­րի­տա­սար­դը շա­րա­կա­նան­ման մե­ղե­դի­ներ նուա­գե­լով կը մտա­բե­րէ շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը այս հիաս­քանչ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­մար­նե­րուն ներքև: Պսակ­նե­րու ժա­մա­նակ «Ու­րախ Լեր»ը, «Տէր Ո­ղոր­մեա»ն Սուրբ Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեանց ա­ւար­տին, Ա­ւագ Շաբ­թուան խա­ւար­ման ըն­թաց­քին «Ուր ես, մայր իմ» հո­գե­ցունց եր­գը, նոյ­նիսկ՝ «Ի վե­րին Ե­րու­սա­ղէմ»ը: Ե­րի­տա­սար­դը աչ­քե­րը փակ կը նուա­գէ ու կը շրջի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ: Կանգ կ՛առ­նէ մկրտու­թեան ա­ւա­զա­նին քով: Կը յի­շէ իր իսկ մկրտու­թիւ­նը, քա­նի միշտ կը դի­տէ տե­սե­րի­զը, կը յի­շէ թէ ինչ­պէ՛ս մկրտու­թեան ա­ւա­զա­նին մէջ յա­մա­ռօ­րէն ոտ­քի կանգ­նած էր, իսկ քա­հա­նայ հայ­րը ստի­պուած այդ­պէս շա­րու­նա­կած էր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը:

Մեղմ ու խա­ղաղ մե­ղե­դին հետզ­հե­տէ կը վե­րա­ծուի յու­զում­նա­խառն ա­լե­կո­ծում­նե­րու: Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ա­րա­րո­ղու­թիւն չկայ, դուր­սէն կը լսուին «Ալ­լա՛­հու աք­պար» բա­ցա­գան­չու­թիւն­ներ, սո­վո­րա­կան մզկի­թի ա­ղօթք­ներ չեն ա­նոնք, ա­փի ամ­բողջ ուժգ­նու­թեամբ կը հա­րուա­ծէ լա­րե­րուն և «Պո՛ւմ», պայ­թիւն մը... դուրս կ՛ել­լէ... ե­կե­ղեց­ւոյ զան­գա­կա­տու­նը վնա­սուած է:

Ա­ւե­լի ջղագր­գիռ հա­րուած­նե­րով կը շա­րու­նա­կէ նուա­գել, մատ­նե­րու շար­ժում­նե­րը աննշ­մա­րե­լի են: Կը վե­րա­դառ­նայ ե­կած ճամ­բէն, սև դ­րօշ­ներ բռնած, ծած­կուած գլուխ­նե­րով ե­րի­տա­սարդ զի­նեալ­ներ կը շրջին, կը կա­պա­րեն բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով: Ճի­տէյ­տէի հրա­պա­րա­կի նստա­րա­նին նստած ծե­րու­նին ա­րիւն­լուայ է, անշն­չա­ցած:

Ե­րի­տա­սար­դը կա­տա­ղի հա­րուած­նե­րով, գլխու ջղա­յին շար­ժում­նե­րով կը շա­րու­նա­կէ նուա­գել և ա­փով ուժ­գին հա­րուած մը ևս կու տայ լա­րե­րուն ու «Պո՛ւմ»... պայ­թիւ­նի հա­րուա­ծէն այս ան­գամ փլած է ճա­շա­րա­նի վեր­նա­յար­կը, պոռչ­տուք, հա­ռա­չանք, վայ­նա­սուն... Քիչ ա­ռա­ջուան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը մէ­կիկ-մէ­կիկ կը պղտո­րին։ Կը քա­լէ, բայց ոտ­քե­րով մէկ­դի առ­նե­լով պա­րապ կա­պար­ներ, քա­րի կտոր­ներ, լամ­բեր:

Ար­դէն կը նշմա­րէ դպրո­ցը, քա­նի գե­տինն է նաև դպրո­ցի դար­պա­սին ծա­ծա­նող ե­ռա­գոյ­նը, կը վերց­նէ գետ­նէն, բայց ո՞ւր կրնայ տե­ղա­ւո­րել զայն: Դպրո­ցի պա­տի բա­ցուած­քին մէջ կ՛ամ­րաց­նէ ու կը շա­րու­նա­կէ յա­ռա­ջա­նալ և նուա­գել, ուժ­գին քա­նի մը ի­րե­րա­յա­ջորդ հա­րուած­ներ և կանգ կ՛առ­նէ, մեծ քա­րի կտոր­ներ կը զար­նուին ոտ­քին, վեր կը նա­յի, ի՞նչ տես­նէ, յաս­մի­կի տուն­կը ար­մա­տա­խիլ ե­ղած, կող­քի պա­տը փլած է:

Վեր­ջա­պէս եր­կար ժա­մա­նակ կու­տա­կուած ներ­քին յու­զում­նե­րը կա­թիլ-կա­թիլ դուրս կը ծո­րին։ Ե­րի­տա­սար­դը նուա­գե­լով կը բա­լա­սա­նէ խոր վէր­քե­րը:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ
Ե­րե­ւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015