ԵՐԵՒԱՆԻ ՍՊԻՏԱԿ ՏՈՒՆԸ
Քաղաքամայր Երեւանի ճարտարապետական կեանքին մէջ նոր իրադարձութիւն մը ապրուեցաւ: Շաբաթավերջին, մայրաքաղաքի կեդրոնը՝ Վազգէն Սարգսեան 3 հասցէին վրայ հանդիսաւորապէս բացումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարական շէնքերու նոր համալիրին, որու շինարարութիւնը մեկնարկած է տակաւին 2013 թուականին:
Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որոնց կողքին էին Հայաստանի Փոխ-վարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, Քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան եւ այլ պաշտօնատարներ։ Սերժ Սարգսեանի եւ Վեհափառ Հայրապետի ուղեկցութեամբ խումբը շրջայց մը կատարեց նորակառոյց վարչական համալիրէն ներս, ուր ծանօթացաւ վերոնշեալ պետական հաստատութիւններու համար ստեղծուած աշխատանքային պայմաններուն, համալիրի կառուցապատուած եւ բարեկարգուած տարածքին։
Այս համալիրը, որու ընդհանրական գոյնը ճերմակն է, արդէն ժողովուրդի կողմէ ստացած է «Սպիտակ տուն» անուանումը: Հակառակ մամուլի մէջ եւ ընկերային ցանցերէն ներս զանազան քննադատական դիտարկումներու, թէ համալիրի ճարտարապետական տեսքը հեռու է հայկական աւանդական ճարտարապետութենէն, այնուամենայնիւ, վստահ կարելի է ըսել, որ մայրաքաղաք Երեւանի տեսքը այս կառոյցի գոյութեամբ նոր շունչ եւ ոգի կը ստանայ եւ մասնագէտ-ճարտարապետներն ալ իրենց կարգին փութացին համոզելու, որ շէնքը ամբողջովին աւանդականի եւ նորի համադրման արդիւնքն է, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք հայկական աւանդական ճարտարապետութեան մէջ տեղ առնող բազում աշտարակ-կառոյցներու առատութիւնը, ապա նոր շէնքն ալ, իր աշտարակային երեւոյթով կու գայ շարունակելու այդ գիծը:
Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքաշինութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Անահիտ Եսայեան յատուկ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին սիրով տեղեկութիւններ տրամադրեց նոր կառոյցի մասին: Ան ըսաւ, որ դատելով նախօրօք արդէն հրապարակուած լուսանկարներու շուրջ կատարուած հիացական մեկնաբանութիւններէն ու հաւանութեան խօսքերէն, կարելի է ըսել, որ համալիրը շահած է երեւանցիներու եւ բազմաթիւ օտարներու համակրանքը: Ըստ Անահիտ Եսայեանի, այդ հաւանութիւնը ստացուած է նախեւառաջ համալիրի աչք շոյող կերպարանքի, հանդիսաւորութեան, ճարտարապետական ու ծաւալային լուծումներու եւ սպիտակ գոյնին համար: Սպիտակ գոյնը առանձակի հարստութիւն եւ շքեղութիւն հաղորդած է Երեւանի այդ հատուածին:
Այս նոր համալիրի կառուցումը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութիւնն է, զոր նախագծային տեսքով կեանքի կոչած է Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր ճարտարապետ, Քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան: Ուստի պատահական չէր, որ կառոյցի շինարարութիւնը կ՚ընթանար Նախագահ Սերժ Սարգսեանի անմիջական վերահսկողութեամբ։ Նախագահը ժամանակ առ ժամանակ այցելած է շինարարական հրապարակ եւ մօտէն հետաքրքրուած է շինարարութեան ընթացքով:
Կառավարական շէնքի նոր համալիրը կառուցուած է Արդարադատութեան նախարարութեան նախկին հրդեհուած շէնքի եւ շուրջ քսանհինգ տարի անգործութեան մատնուած, վերականգնման ոչ ենթակայ, կեդրոնական շրջանային կաթսայատան հողատարածքի վրայ։ Համալիրի կառուցապատուած եւ բարեկարգուած տարածքը կ՚ընդգրկէ նախկին «Սեւան» պանդոկի սահմանագծէն մինչեւ Հայաստանի հանրապետութեան գլխաւոր դատախազութեան շէնքը եւ Վազգէն Սարգսեան փողոցէն մինչեւ Զաքեան փողոց հատուածը։
Այս նոր համալիրի գլխաւոր վարչական շէնքը տեղակայուած է Վազգէն Սարգսեան փողոցի ողջ երկայնքով, իսկ գլխաւոր վարչական շէնքին մէջ պիտի գործեն Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, այդ կարգին նաեւ՝ Արտագին գործոց նախարարութեան Դիւանագիտական ակադեմիան, Կրթութեան եւ գիտութեան, Մշակոյթի, Սփիւռքի նախարարութիւնները, առանձնացուած Արդարադատութեան նախարարութեան մասնաշէնքը, որ տեղադրուած է դէպի Զաքեան փողոց նայող հատուածին վրայ, ինչպես նաեւ՝ համալիրին սպասարկող թեքնիկ մասնաշէնքը, ուր տեղադրուած են ելեկտրամատակարարման եւ ջրամատակարարման համար նախատեսուած ենթակառուցուածքները:
Վարչական երկու մասնաշէնքերը իրարու հետ կապուած են ստորգետնեայ կայանատեղիի միջողաւ։ Ինքնաշարժներու եւ հետիոտներու շարժը առաւելագոյնս յարմար կազմակերպելու նպատակով գլխաւոր յատակագծով նախատեսուած եւ իրականացուած են երկու նոր փողոցներ, որոնցմէ մէկը զուգահեռական է Վազգէն Սարգսեան փողոցին, կ՚անցնի գլխաւոր վարչական կառոյցներու յետնամասով, կապուելով դէպի «Մարիոթ Արմենիա» բակային մասնաշէնք տանող ճանապարհահատուածին եւ որ հետագային կը նախատեսուի կապել Խորենացի փողոցին հետ։ Իսկ միւսը ուղղահայաց է Վազգէն Սարգսեան-Զաքեան փողոցներուն եւ կապ կը ստեղծէ նշուած երկու փողոցներու միջեւ, առանձնացնելով կից գոյութիւն ունեցող բնակելի շէնքի սպասարկման ճանապարհը։
Գլխաւոր մասնաշէնքի յետնամասը կազմուած է վարչական հրապարակ, ուրկէ կ՚իրականացուի հետիոտներու շարժը՝ դէպի զանազան նախարարութիւններ, բացի Արտաքին գործոց նախարարութենէն, որու համար նախատեսուած է պաշտօնական պատուիրակութիւններու ինքնաշարժներու մուտքը ներքին բակ՝ լուծելով Արտաքին գործոց նախարարութիւն այցելող պատուիրակութիւններու եւ հետիոտներու հոսքերու հատումէն յառաջացող անյարմարութիւններու խնդիրը։
Գլխաւոր վարչական մասնաշէնքի յօրինուածքը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռնէ զանազան գերատեսչութիւններու համար ստեղծել առանձնացուած մուտքերով, նախասրահներով, վերելակներով եւ աստիճանավանդակներով ապահովուած գործունէութեան պայմաններ։ Համալիրը ապահովուած է ճաշարաններով, հանդիսութիւններու եւ մամուլի դահլիճներով, կայանատեղին հնարաւորութիւն ունի՝ հարիւր ինքնաշարժի կայանման համար:
Շէնքի ճարտարապետական լուծումները մշակուած են քաղաքաշինական եւ ազգային ճարտարապետական մօտեցումներուն համահունչ՝ կառավարական վարչական համալիրին հաղորդելով տարածքային կերպար:
Համալիրի մինչեւ երկրորդ յարկի ճակատները երեսպատուած են կճաքարէ (պազալտ) սալերով, երկրորդ յարկէն վերեւ, Վազգէն Սարգսեան փողոցի երկայնքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի Սզնեքի հանքավայրէն հատուած ճերմակ գոյնի բնական քարով, իսկ մնացած ճակատները պատուած են տիվոլեան քարէ (տրավերտին) սալիկներով։
Սակաւաշարժ խումբերու համար Վազգէն Սարգսեան փողոցէն իրականացուած են թեքահարթակներ՝ սայլակներով ելումուտի համար:
Այս նախագիծը իրականացնելու ժամանակ մշակուած եւ իրականացուած է ելեկտրականութիւն խնայող լուսատուներով համալիրի ճակատներու արտաքին գեղարուեստական լուսաւորութիւնը, որու միջոցաւ գիշերային եւ երեկոյեան ժամերուն առաւել ցայտուն կ՚ընդգծուի շէնքի արտաքինը, որ կը ձուլուի Երեւանի քաղաքապետարանէն մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ ձգուող վարչահասարակական շէնքերու համալիրներուն։
Համալիրի վարչական եւ սպասարկող մասնաշէնքերը ապահովուած են ժամանակակից համակարգերով եւ սարքաւորումներով։
Երեւանի մէջ գործելիք այս կառավարական համալիրի մասնաշէնքերու ընդհանուր մակերեսը կը կազմէ 33460 քառակուսի մեթր։
Նախարարութիւններուն տրուած տարածքները կամայական ձեւով չէ ընտրուած. առաջին առթիւ շէնք կը տեղափոխուի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, քանի որ անոր շէնքը արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էրնէքեանի «Թանկօ» ընկերութեան վաճառելու պատճառով էր նաեւ, որ որոշուեցաւ վարչական շէնքերու այս նոր համալիրը կառուցել: Արդարադատութեան նախարարութիւնն ալ փաստօրէն կը վերադառնայ իր նախկին հասցէն, ուր տեղակայուած շէնքը նախկապէս հրոյ ճարակ դարձած էր:
Սփիւռքի, Կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւնները տեղակայուած կ՚ըլլան յաջորդական յարկերու վրայ՝ նկատի առնելով այդ նախարարութիւններու՝ բնոյթով միմեանց մօտ գործունէութիւնը, բայց համալիրի մէջ ամենէն մեծ տարածքը յատկացուած պիտի ըլլայ Արտաքին գործոց նախարարութեան:
Շէնքի կառուցման պարտաւորութիւնը ստանձնած է Էտուարտօ Էրնէքեանի «Թանկօ» ընկերութիւնը, որուն ալ, ինչպէս ծանօթ է, վաճառքի ձեւով օտարուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայ շէնքը: Էրնէքեան շէնքը գնած է շուրջ 65 միլիոն ամերիկեան տոլարի համարժէք դրամով՝ շէնքի արտաքին տեսքը պահպանելու պայմանով:
Արժանթինահայ գործարարը միաժամանակ ըսած է, թէ մտադիր չէ պանդոկ կառուցել, այլ հաւանաբար Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքը դարձնէ թանգարան եւ հոն ցուցադրէ արուեստի արժէքաւոր գործեր:
Կառավարութեան նոր համալիրի շինարարական աշխատանքները աւարտած են, սենեակները գոյքով համալրելու վերջին աշխատանքները կատարուած են եւ արդէն շաբաթավերջին Երեւանը ունեցաւ նոր կառոյց մը, որ շէնքի ճարտարապետ Նարեկ Սարգսեանի խօսքերով՝ պիտի ըլլայ անկախ Հայաստանի ամենէն մեծ վարչական կառոյցը:
Սպիտակ տունը, ինչպէս ժողովուրդը բնորոշած է, ինքնատիպ գոյն մը կ՚աւելցնէ Երեւանի ընդհանուր կերպարանքին, նաեւ ձեւով մը կ՚ընդգծէ կարեւորութիւնը Շահումեանի հրապարակին, որ ցայսօր Հանրապետութեան հրապարակին շուքին տակ մնացած էր, բայց այս շէնքի յայտնութեամբ՝ նշանակութիւն կը ստանայ:
Նախարարութիւնները նոր շէնք կը տեղափոխուին մօտալուտ տօներէն յետոյ՝ 2016 թուականի սկիզբը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ