Ֆէյսպուք Կը Փորձարկէ «Բաժանումի» Գործիքները
Բաժանումը, խզումը ծանր է, մանաւանդ՝ «Ֆէյսպուք»ի վրայ:
Չկայ զգացում մը, այնքան նման՝ ստամոքսի պրկումին, որ դուք կ՚ունենաք, երբ պատահաբար կը տեսնէք նամակագրութիւն մը ձեր եւ նախկին սիրելիին միջեւ, աւելի երջանիկ ժամանակներու մէջ: Նոյնիսկ աւելի դաժան է, երբ կը նկատէք, որ անոր մականունը փոխուած է այդ ատենէն ի վեր: Ամէն պարագայի: Աշխարհի ամենամեծ ընկերային ցանցը յայտարարած է, որ կը փորձարկէ նոր գործիքներ, որպէսզի նուազ ցաւ զգաք, երբ դիմակալէք յարաբերութիւններու խզումի տագնապը:
Ճիշդ հիմա, եթէ դուք որոշէք, թէ չէք ուզեր, որ ձեզի յիշեցնեն յատուկ անձի մը գոյութեան մասին, Երկիր մոլորակին վրայ, պէտք է «unfriend» ընէք, կամ արգելափակէք զանոնք: Խնդիրը այն է, որ անոնք շատ հաւանաբար պիտի գիտնան, թէ այդպէս ըրած էք, բան մը, որ շատ իտէալական չէ, եւ որ «Ֆէյսպուք»ի վրայ մէկը արգելափակելը լաւ քայլ մը չի նկատուիր:
Փոխյարաբերութիւնը «Ֆէյսպուք»ի վրայ մեծ գործարք է. Նիւ Եորքի մէջ դատաւոր մը ըսած է, որ «Ֆէյսպուք»ը օգտագործելով՝ ամուսնալուծումի ազդեր ուղարկելը ամբողջովին օրինական է: «Ֆէյսպուք»ի բաժանումի, խզումի նոր գործիքը կը վերաբերի նախկին հաղորդակիցի մը տեսնելիքին, սակայն՝ առանց գիտնալու, որ դուք բան մը ըրած էք:
Գործիքին միջոցով մարդիկ կրնան՝
«Ֆէյսպուքի մէջ աւելի նուազ տեսնել նախկին ընկերոջ մը անունը եւ նկարը՝ առանց զանոնք «unfriend» ընելու կամ արգելափակելու: Անոնց հաղորդագրութիւնները կամ նամակները չեն յայտնուիր լուրերու էջին վրայ, եւ անոնց անունները չեն նշուիր, երբ մարդիկ հաղորդագրութիւն մը կը յղեն, կամ ընկերներ նշեն նկարներու մէջ»:
«Սահմանափակել նկարները, տեսերիզները կամ անձնական նոր տուեալներ, զորս կրնայ նախկին ընկերը տեսնել»:
«Խմբագրել, կամ ջնջել այն անունը, որ կրնայ տեսնել նախկին ընկերոջ հետ իրենց անցեալի հաղորդագրութիւնները (նամակները) եւ իրենք զիրենք դուրս բերել այդ անձի հաղորդագրութիւններէն»:
Երբ «Ֆէյսպուք»ը առաջին անգամ սկսաւ համալսարաններու շրջափակերուն մէջ, ատիկա ըստ էութեան, «տաթապէյս» մըն էր յարաբերութիւններու կարգավիճակներու: Տեսակ մը՝ երթեւեկութեան լոյսերու թուային խումբ մը, որուն շնորհիւ շատեր բաւական ժամանակ խնայեցին:
Սակայն բոլորովին վերջերս մենք շատ աւելի ամչկոտ կը դառնանք մեր սիրոյ եւ յարաբերութիւններու մասին «Ֆէյսպուք»ի վրայ յայտարարելու: Դուք հազուադէպօրէն կը տեսնէք մարդիկ, որոնք խզուող յարաբերութիւններու մասին բազմաթիւ տարբերակներէն կ՚ընտրեն «ատիկա բարդ է» եզրը: Փոխարէնը՝ մենք այժմ կը փութանք նշելու կեանքի աւելի շօշափելի իրադարձութիւններու, ինչպէս՝ նշանուելու կամ ծննդաբերութեան մասին: Կամ պարզապէս՝ ատոր համար, որ սկսած եմ տարի՞քս առնել:
«Այդուհանդերձ, նոր գործիքը շուտով պիտի տարածուի ամբողջ աշխարհի մէջ», կ՚ըսէ «Ֆէյսպուք»: «Այս գործը մէկ մասն է, մեր շարունակական ջանքերուն, զարգացնելու միջոցներ այն մարդոց համար, որոնք իրենց կեանքերուն մէջ դժուար պահեր կը դիմագրաւեն», կը գրէ «Ֆէյսպուք»ի արտադրութեան տնօրէն Քելլի Ուինթըրզ: Ան կ՚աւելցնէ. «Կը յուսանք, որ գործիքները պիտի օգնեն մարդոց, որպէսզի «Ֆէյսպուք»ի վրայ իրենց յարաբերութիւնները աւարտեն աւելի դիւրաւ, հանգիստ եւ հաւասարակշռուած»: Եթէ դուք բջիջային օգտագործող էք Միացեալ Նահանգներու մէջ, կրնաք գործիքը փորձել, ը՜ը, մէկու մը հետ ձեր յարաբերութիւնը խզելով…
Յատկանշական Տողեր Ֆէյսպուքէն
- «Եթէ ես երկու օրէ աւելի ֆէյսպուքի վրայ բացակայիմ, ոստիկաններուն լուր տուէ՛ք»:
- «Ծնողներս ինձմով հպարտ պէտք է ըլլան, որովհետեւ ես թմրեցուցիչի մոլի չեմ, այլ՝ ֆէյսպուքի»:
- «Կարգ մը մարդոց պէտք է յիշեցնել, որ ֆէյսպուք ընկերային ցանց է, օրագիր չէ»:
- «Ֆէյսպուք մարդոց կեանքը կը մսխէ 2004 թուականէն ի վեր»:
- «Կ՚ուզե՞ս ֆէյսպուքի միջոցով հարստանալ. փակէ՛ զայն եւ աշխատանքի գնա՛»:
- «Բարի եկաք ֆէյսպուք, ուր ոչ ոք իսկապէս ձեր բարեկամն է»:
- «Ֆէյսպուքը միակ տեղն է, ուր դուն այնպէս կը ձեւացնես, թէ բազմաթիւ բարեկամներ ունիս»:
- «Լաւ բարեկամը գիտէ քու բոլոր պատմութիւններդ, լաւագոյն բարեկամը զանոնք քեզի հետ կ՚ապրի»:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024