«ՊԱՏԿԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ»
1990-ականներու կէսերուն, Երեւանի կեդրոնի՝ Կասկադ կոչուող տարածքին վրայ, երբ տակաւին գոյութիւն չունէր այսօրուան Գաֆէսճեան շքեղ թանգարան-արուեստի կեդրոնը եւ ոչ ալ՝ համաշխարհային գլուխ-գործոցներէն բաղկացած արձաններու պուրակը, մարդ մը կ՚աշխատէր կամարներուն տակ, պատերուն վրայ գծելով, նկարելով... Յաճախ կը դիտէինք անոր խորհրդաւոր աշխատանքը ու կը զարմանայինք, թէ շուրջը տիրող համատարած անտարբերութեան մէջ արդեօք ի՞նչ կը ստեղծէր այս մարդը, որ տեսակ մը ճգնաւորի կը նմանէր՝ մեկուսացուած շրջապատէն, խորասուզուած պատին վրայ տարածուող իր նկարչական աշխարհին մէջ:
Շատ չանցած գիտցանք, որ տաղանդաւոր նկարիչ՝ Գրիգոր Խանճեանն է ան, որ կը շարունակէ ստեղծել անկէ ալ տարիներ առաջ սկսած իր գլուխ-գործոցներէն մին՝ «Հայոց այբուբենի ստեղծումը», «Վարդանանց ճակատամարտը» եւ «Հայաստանի վերածնունդ» եռամաս որմնանկարը, որ այսօր կը զարդարէ նոյն վայրին մէջ հետագային ստեղծուած Գաֆէսճեան թանգարանի «Խանճեան» սրահը…
Այդ աշխատանքներուն վրայ կեդրոնանալով՝ Գրիգոր Խանճեան գրեթէ մաշած էր իր առողջութիւնը, որ կեանքէն հեռացաւ 74 տարեկանին, եւ իր մահէն երկար տարիներ ետք բացումը կատարուեցաւ եռամաս որմնանկարին եւ ան դարձաւ իւրաքանչիւր հայու ծանօթ՝ ազգային արժէք մը:
Մինչ այդ, Խանճեան արդէն նշուած նիւթերով՝ Վազգէն Ա.-ի պատուէրով ստեղծած էր գորգանկարներ (gobelin), որոնց հիման վրայ ալ ստեղծուած են նոյնանման գորգերը:
Անցեալ տարի հայ անուանի արուեստագէտ, նկարիչ Գրիգոր Խանճեանի յոբելենական տարին էր: Նոյեմբերին լրացաւ անոր ծննդեան 90-ամեակը: Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոս, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռի ճարտարապետական յանձնախումբի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ՝ Գրիգոր Խանճեան կեանքէն հեռացաւ տասնվեց տարի առաջ՝ 2000 թուականին, իր գործերէն մաս մը մնաց չցուցադրուած եւ հանրութեան անծանօթ:
Գրիգոր Խանճեանի անունը սերտօրէն կապուած է Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին հետ, ուր, ինչպէս նշեցինք, կը գտնուին վարպետին որմնանկարները՝ «Հայոց այբուբենի ստեղծում», «Վարդանանց ճակատամարտը» եւ «Հայաստանի վերածնունդը»:
Ահաւասիկ, Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնը այս օրերուն Գրիգոր Խանճեանի 90-ամեակին առթիւ ցուցահանդէս մը կազմակերպած է, որ կը ներկայացնէ Խանճեանի ցարդ չցուցադրուած ուրուագիծերը (esquisse), որոնք ցուցասրահ բերուած են ընտանեկան եւ մասնաւոր հաւաքածոներէն եւ կը ներկայացնեն անոր ստեղծագործութեան երեք կարեւոր ոլորտները՝ գիրքի ձեւաւորում եւ նկարազարդում, կառոյցներու ներքնամասերու (հիմնականը՝ եկեղեցական) ձեւաւորում, ինչպէս նաեւ Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ գտնուող խանճեանական հռչակաւոր եռամաս որմնանկարը մաս կազմած էին ցուցադրութեան:
«Պատկերէն անդին» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը Գաֆէսճեան կեդրոնին մէջ կը շարունակէ այցելուներ ընդունիլ մինչեւ Փետրուարի 19-ը:
Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնը, որ մշտապէս կը թարմացնէ իր ցուցահանդէսներու ցանկը, պահելով նաեւ մշտական ցուցադրութիւնները, Խանճեանի այս ցուցահանդէսով նպատակադրած է ներկայացնել Խանճեանի գեղարուեստական ժառանգութեան կարեւոր շերտերը, որոնք կ՚առընչուին նաեւ անոր որմնանկարչութեան հետ: «Պատկերէն անդին» խորագրեալ ցուցահանդէսի գործերը խորքին մէջ կը բացայայտեն, թէ արուեստագէտը ինչպէս ստեղծած է իր կոթողային գործերը: Անոնք կամ նախանկարներն են, կամ գծանկարները, կամ ալ մեծ նկարներու այս կամ այն հատուածին փորձնական գործերը, որոնք այսօր իրապէս գեղարուեստական մեծ արժէք ունին: Իր այդ գործերով Գրիգոր Խանճեան դարձաւ ազգային պատումի, ազգային-ազգագրական նոր պատկերագրութեան եւ արուեստի մէջ ազգային-արդի ուղղութեան ներկայացուցիչներէն մին եւ այդ ուղղութեան առաջատարներէն էր խորհրդային կերպար-ւեստին մէջ եւս:
Ցուցահանդէսին ներկայ էին անոր որդին եւ դուստրը՝ Արա եւ Սեդա Խանճեանները, նկարիչին ընտանիքի միւս անդամները, ինչպէս նաեւ՝ ազգականներ, բարեկամներ, արուեստագէտներ ու արուեստասէրներ, եւ ցուցահանդէսի բացումէն յետոյ, տասնեակներով արուեստասէրներ կ՚այցելեն Գաֆէսճեան կեդրոն, տեսնելու Խանճեանի թողած ժառանգութիւնը կազմակերպուած այս ցուցադրութեան միջոցաւ:
Գրիգոր Խանճեան ծնած է 1926 թուականին Երեւանի մէջ: 1945 թուականին Փանոս Թերլեմէզեանի անուան նկարչական ուսումնարանը աւարտելէ ետք ընդունուած է Երեւանի Գեղարուեստական համալսարան (1945-1951), ուր ուսանած է Արա Պեքարեանի եւ Եդուարդ Իսաբէկեանի մօտ։ 1951 թուականին ան մուտք գործած է ստեղծագործական ասպարէզ եւ 1953 թուականին անդամագրուած է ժամանակի Խորհրդային Հայաստանի Նկարիչներու միութեան եւ եղած միութեան ղեկավար անդամներէն մին, իսկ հետագային՝ դարձած է Խորհրդային Միութեան նկարիչներու միութեան անդամ եւ այդ միութեան ղեկավարման անդամ:
Գրիգոր Խանճեան, 1961 թուականին արժանացած է վաստակաւոր նկարիչի կոչման, իսկ 1969 թուականին Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն» ստեղծագործութեան նկարազարդման համար պարգեւատրուած է Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակով, որ բարձրագոյն մրցանակն էր այն տարիներուն: Վաստակաշատ նկարիչը եղած է ակադեմիոյ անդամ եւ արժանացած է բազմաթիւ այլ պետական մըր-ցանակներու, շքանշաններու եւ պարգեւներու:
Խօսելով իր գլուխ-գործոցը համարուող որմնանկարներուն մասին, պէտք է յիշել նաեւ Գրիգոր Խանճեանի աւելի վաղ ստեղծուած գործերը, որոնք նոյնպէս պատմական, ազգային կամ եկեղեցական նիւթերով են: Սակայն իբրեւ նկարիչ ան նաեւ գծած է բնանկարներ, դիմանկարներ պատկերելով նաեւ Հայաստանի գիւղական հիւթեղ կեանքը, հայ գիւղացիի առօրեան: Ծանօթ են «Սեւանի ձկնորսները» (1956 թ.), «Երեւանի կառուցողները» (1960 թ.), «Գառնի» (1962 թ.) կտաւները։
Խանճեան ստեղծած է նաեւ դիմանկարներ, նկարազարդած է գիրքեր, ինչպէս՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Լոռեցի Սաքոն» (1956 թ.), Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» (1958 թ.), Գէորգ Էմինի «Պալլատ ձկնորսի մասին» (1970 թ.), «Սասունցիներու պարը» (1975 թ.) գիրքերը, որոնք լոյս տեսած են խորհրդային տարիներուն խանճեանական նշանաւոր նկարազարդումներով:
Գալով Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի պատուէրով ստեղծուած գորգանկարներուն, «Իջման տեսիլք» նկարին մէջ պատկերուած է ծնկաչոք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, իսկ Միածինը՝ մուրճը ձեռքին, ցոյց կու տայ Աստուծոյ տաճարի կառուցման վայրը։
Հայոց այբուբենի բնաբանով գորգանկարը կը պատկերէ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը՝ այբուբենի տախտակը ձեռքին ու շրջապատուած թարգմանիչներով։
Իսկ «Վարդանանք» գորգանկարը շատ բարդ յօրինուածք մըն է, որ կը կրէ Եղիշէ պատմիչի Վարդանանց պատերազմին մասին «Մահ ոչ իմացեալ՝ մահ է, մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է» խորհուրդը։ Նկարին կեդրոնը պատկերուած է ճերմակ նժոյգին հեծած սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանը՝ աջ ձեռքին սուր, իսկ ձախ ձեռքով ան մարտահրաւէրի կոչ կ՚ուղղէ։ Ան շրջապատուած է հայրենիքի ճակատագրով մտահոգ, մարտի պատրաստուած եւ զինուած հայրենակիցներու բազմութեամբ։ Նկարին մէջ ընդգծուած է վասն հաւատքի պայքարի ելլելու կոչ յղող Ղեւոնդ Երէցը, որուն նկարիչը պատկերած է ճերմակ հանդերձով։ Այս նկարը դարձած է հայրենիքի պաշտպանութեան խորհրդանիշներէն մէկը, որ հետագային վերատպուած է պատկերագիրքերու, դասագիրքերու, համայնագիտարաններու մէջ, տարածուելով նաեւ սփիւռքի մէջ:
Իսկ «Վերածնած Հայաստան» գորգանկարին մէջ նկարիչը Հայաստանի վերածնունդի գաղափարը արտայայտած է կնոջ կերպարանքով, որուն գիրկը մանուկ մը կայ ու շրջապատուած է այդ գաղափարին հաւատացողներով:
Գրիգոր Խանճեան արուեստագէտը ձեւաւորած է նաեւ կահ-կարասիներ, դռներ, փայտակերտ իրեր: Նշանաւոր են անոր ձեւաւորմամբ ստեղծուած Ս. Հռիփսիմէ տաճարի վանատան ընդունելութեան սրահին եւ Փիթսպուրկի (Միացեալ Նահանգներ) համալսարանի հայկական ընթերցասրահին կահաւորանքը, Տիթրոյթի (Միացեալ Նահանգներ) «Ալեք Մանուկեան» թանգարանին գեղազարդ դռները, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին եւ նոր վեհարանին համար պատրաստուած աթոռներն ու այլ գործերը։
Ան մասնակցած է վանքերու ու եկեղեցիներու վերականգնման նախագիծերուն ստեղծման գործին. անձամբ ղեկավարած է Մայր Տաճարի բարեզարդման եւ «Ալեք ու Մարի Մանուկեան» գանձատան կահաւորման ու ցուցադրութեան կազմակերպման աշխատանքները, գծանկարչական ձեւաւորումներ կատարած է «Էջմիածին» ամսագրի, «Էջմիածնի գանձեր», «Արարատ», «Եկայք՝ շինեսցուք» եւ այլ գիրքերուն համար։
Գրիգոր Խանճանի ստորագրութեան կը պատկանին նաեւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի աւագ խորանին սեղանը զարդարող Տիրամօր անկրկնելի պատկերը։ Նոյնանման գործեր կատարած է ան նաեւ Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ, Իսթանպուլի Պատրիարքարանին եւ այլ եկեղեցիներու համար:
Մեծ է Գրիգոր Խանճեան արուեստագէտի ձգած ժառանգութիւնը: «Պատկերէն անդին» ցուցահանդէսը հանրութեան կը ներկայացնէ իր ետին ձգած ժառանգութեան մէկ մասը միայն, իսկ Գաֆէսճեան կեդրոնը, Խանճեան սրահին մէջ կը շարունակէ ներկայացնել արուեստագէտին այլ գործերը եւս:
Ցուցահանդէսի բացման Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնի գործադիր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար՝ Վահագն Մարապեանը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց խանճեանական արուեստը՝ ըսելով. «Այս ցուցադրութիւնը նոր առիթ է՝ անդրադառնալու մեծ արուեստագէտ եւ հայրենասէր՝ Գրիգոր Խանճեանի դերին եւ ներդրման հայրենիքի մշակութային կեանքէն ներս: Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս Գրիգոր Խանճեանի արուեստը կը շարունակէ իր ազգանուէր առաքելութիւնը ներկայ եւ գալիք հայ սերունդներուն համար»:
Ներկայացնելով Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնի առաքելութիւնը, նշենք, որ Երեւանի սրտին մէջ գործող այս եզակի սրահը կը միտի Հայաստանի մէջ լաւագոյնս ցուցադրել ժամանակակից արուեստի կտորները եւ միեւնոյն ժամանակ՝ աշխարհին ներկայացնել հայկական մշակոյթի լաւագոյնը:
2009 թուականի Նոյեմբերին տեղի ունեցած բացումէն մինչեւ այսօր՝ Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնը կը կազմակերպէ բազմազան ցուցահանդէսներ, կը ներկայացնէ ժամանակակից արուեստի ինքնատիպ ու եզակի գործեր, կ՚իրականացնէ կրթական ծրագիրներ...: Անոր սրահներուն մէջ տեղի կ՚ունենան համերգներ, շարժանկարներու ցուցադրութիւններ, դասախօսութիւններ: Արուեստի այս կեդրոնի տարեկան այցելութիւններու թիւը կը գերազանցէ մէկ միլիոնը:
Բացի Գրիգոր Խանճեանի գործերուն ցուցադրութենէն, հոն տեղի ունեցաւ նաեւ Արտաշէս Յովսէփեանի՝ «Սասունցի Դաւիթ» որմնաքանդակի ցուցադրութիւնը, որ նոյնպէս ստեղծման հետաքրքրական պատմութիւն մը ունի, ինչպէս նաեւ այլ սրահի մը մէջ կը ցուցադրուին հաւաքորդ՝ Պորիս Գալստեանի հաւաքածոյէն նշանակալի գործեր:
Իսկ Գաֆէսճեան կեդրոնի միւս սրահները հեղեղուած են հիմնադիրի՝ բարերար Ճերարտ Գաֆէսճեանի մասնաւոր հաւաքածոյի ընտիր ցուցանմոյւշներով: Իր մասնաւոր հաւաքածոն ի ցոյց դնելով հայրենիքի մէջ, Ճ. Գաֆէսճեանը նպատակ ունէր արուեստի միջոցաւ նոր լոյս տարածել հայրենի կեանքին մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ