ԿԱՐՃԱՏԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ԼԻ ԸՆԹԱՑՔ ՄԸ

Նոյեմբեր ամսուն լրացաւ հայ գրականութեան եւ մամուլի նուիրական անուններէն մէկուն՝ Գեղամ Աթմաճեանի 110-ամեայ յոբելեանը, որ գրական անուանումով ծանօթ է իբրեւ Սեմա (եւ Ա. Սեմա) եւ այդպէս ալ հիմնականօրէն ստորագրած է իր հրատարակած մամուլին եւ ուրիշ թերթերու մէջ: Գրական եւ մամուլի ասպարէզէն զատ Գեղամ Աթմաճեան նաեւ մարտական ճամբայ անցած է եւ մարտի դաշտին վրայ ալ զոհուած՝ 19 մայիս 1940 թուականին, Բ. աշխարհամարտի ընթացքին, երեսուն տարեկանին:

Գեղամ Աթմաճեան, Միսաք Մանուշեան եւ Լուիզա Ասլանեան այն երեք հայ գրողներն էին, որոնք Ֆրանսայի կողմէ կռուելով զոհուեցան եւ միացան այն հարիւր հազարաւոր հայորդիներուն, որոնք թէ՛ Ֆրանասայի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու, թէ՛ ալ Խորհրդային Միութեան եւ այլ երկիրներու կողմէ մասնակցած են Բ. համաշխարհային պատերազմին:

Գեղամ Աթմաճեան հայ մտաւորականութեան այլ հոգեհարազատ անունի մը՝ բանաստեղծուհի Մառի Աթմաճեանի եղբայրն է: Գեղամ Աթմաճեան ծնած է 1910-ին, իսկ իր քոյրը՝ Մառին՝ 1914-ին, Պաֆրա քաղաքը, Սեւ ծովու ափին: Անոնց հայրը՝ Միհրան Աթմաճեան, յայտնի գերդաստանէն էր կեսարացի Աւետիք Տէտէի, որուն Սուլթան Մահմուտ Բ.-ը շնորհած էր «աթմաճա» պատուանունը: Այդ տարիներու դէպքերուն պատճառով ընտանիքը կը կորսնցնէ հայրը՝ Միհրան Աթմաճեանը եւ Գեղամին մայրը ստիպուած կ՚ըլլայ Պոլիս երթալ եւ հոն, իբրեւ ուսուցչուհի պաշտօնավարելով, կը պահէ որդին ու դուստրը: Գեղամ կը յաճախէ Մխիթարեան հայրերու Սաքըզաղաճըի դպրոցը, յետոյ՝ անգլիացիներու հաստատած որբանոցը, ուր իբրեւ ուսուցիչ կ՚ունենայ բանաստեղծ Կառվարենցը: Վերջինս տպաւորութիւն կը ձգէ Գեղամ Աթմաճեանի զգայուն ներաշխարհին վրայ եւ այդ ժամանակ ալ կը սկսի իր գրական առաջին փորձերուն: Այդ տարիներուն Գեղամ Աթմաճեան իր առաջին քայլերը կը կատարէ նաեւ իբրեւ մամուլի սիրահար, կը յղանայ «Պրիսմակ» ձեռագիր թերթը, որուն առաջին թիւը պահուած է իր թուղթերուն մէջ: Կրկին դէպքերու բերումով ընտանիքը այս անգամ կը գաղթէ Սուրիա, ուր Գեղամին մայրը, իբրեւ հմուտ մանկավարժուհի, կը կարգուի հայ կրթական հաստատութեան մը վարիչը: Հալէպի մէջ Գեղամ Աթմաճեան կը բարեկամանայ Սարգիս Տխրունիին հետ, որ մինչեւ վերջինիս եղերական մահը կ՚ըլլայ Գեղամ Աթմաճեանի գաղափարական խորհրդատուն՝ ազգային հարցերու մէջ:

1929 թուականին Աթմաճեան կը փոխադրուի Փարիզ, աշխատանքի կ՚անցնի «Նավար» թղթագործարանը, ուր աշխատանքին զուգահեռ կը ստեղծագործէ: Տեսնելով գործաւորներուն տաժանակիր կեանքը, իր ունեցած զգացումները կը ներդնէ իր քերթուածներուն եւ միւս գործերուն մէջ: Վեց ամիս աշխատելէ ետք կ՚երթայ Լիոն, ֆրանսական լիսէի մը մէջ բարելաւելու ֆրանսերէնն ու ընդհանուր կրթութիւնը: Այդ տարիներուն ան մօտէն կը ծանօթանայ ֆրանսական մշակութային կեանքին, կը կարդայ ֆրանսական գրականութիւն, կը յաճախէ թանգարաններ: Իր առաջին բանաստեղծութիւնները կը տպագրուին Սարգիս Պօղոսեանի «Արագած» շաբաթաթերթին մէջ: 1928 թուականին կը հաստատուի Փարիզ, կը յաճախէ Սորպոնի համալսարանի Ընկերական գիտութեանց, գրականութեան եւ պատմութեան դասընթացքներուն։ Անդամակցած է Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ), շարունակած է թերթերուն տալ իր քերթուածները, որոնք Ա. Սեմա անունով տպագրուած են Չօպանեանի «Անահիտ» հանդէսին եւ ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ «Ապագայ»ին մէջ:

Տարուած ըլլալով ձախակողմեան գաղափարներով, Գեղամ Աթմաճեան կ՚անդամակցի Հայ համայնավար կուսակցութեան: Իր մայրը եւ քոյրը Հալէպէն Եթովպիա անցած էին եւ հոնկէ կը պաշտպանէին կապը իրեն հետ, կ՚օժանդակէին անոր ուսման եւ կը քաջալերէին գրական հակումները: Միսաք Մանուշեանի հետ ծանօթանալով, 1930-1931 թուականներուն Փարիզի մէջ միասին կը հրատարակեն «Ջանք»ը, որ մէկ տարի լոյս տեսաւ, իսկ 1935-1937 թուականներուն ան առանձին հրատարակած է «Մշակոյթ» գրական պարբերականը: Անդամ էր Հայ գրողներու ընկերակցութեան: Քերթուածներու առաջին ժողովածոն՝ «Զրահաւոր գարուն»ը, լոյս կը տեսնէ 1936-ին, իսկ 1937-ին՝ «Պարոն Կալունի» թատերական երկը, 1938 թուականին ալ կը հրատարակէ «Շամիրամ» թատերախաղը: Մինչ այդ, կրկին Փարիզի մէջ, Քիփլինկէն թարգմանութիւն մը կատարած եւ հրատարակած էր: Խնայողութիւններ կատարելով՝ կը հիմնէ անձնական պզտիկ տպարան մը եւ նպատակ ունէր Աթմաճեան հրատարակչատունը հիմնել, բայց պատերազմը ջուր լեցուց անոր ծրագիրներուն վրայ: Մինչեւ պատերազմի երթալը եւ զոհուիլը, Գեղամ Աթմաճեան ամուսնացած էր ֆրանսուհի Ժանէթ Շըվայլէի հետ եւ երկու զաւակ ունեցած էր: Հայ գրողը թերթերուն գրութիւններ ղրկած է նաեւ ռազմաճակատէն, ունի թերթերուն մէջ ցրուած բազում անտիպ գործեր: Ներկայացուող գործը իր ու Մանուշեանի համատեղ հրատարակած «Ջանք»էն է:

Կը թուայնացուի առաջին անգամ:

ԱՆԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ

Ա. ՍԵՄԱ

(Հատուած մը «Անել ճամբայ» անտիպ վէպէն)

Այդ տարի Ֆրանսայի մէջ անգործութիւն կը տիրէր ամէն կողմ: Բանուորները ժամերով ի զուր սպասելէ յետոյ գործարաններու կամ աշխատաւոր ձեռքերու տեղաւորմանց գրասենեակներու առջեւ, ետ կը դառնային ձեռնունայն, աւելի յուսաբեկ ու վհատած: Մարսէյլի նեղ ու աղտոտ փողոցներէն անոնք կը քալէին անսուաղ, կքոտած սրունքներով եւ ժամերով կծկուած կը մնային պատերու տակ. մինչ անձրեւը բարակ կը մաղուէր անոնց ուսերուն վրայ: Կային՝ որ թաղային բարենպատակ հաստատութիւններէ ուտելիք եւ այլն կը ստանային. կայինք ալ որ բոլորովին զուրկ էինք անօթի չմեռնելու տարրական միջոցներէ:

Մութը կը նօսրանայ եւ տուներուն ստուերները կ՚ուրուագծուին ճերմկող երկնքին վրայ: Կ՚անցնինք լայն փողոցէ մը, շնչելով առաւօտեան օդը, որ ճամբաներու նոր սալայատակուելուն պատճառով կուպր կը հոտի քիչ մը: Սակաւաթիւ հանրակառքեր առաւօտեան մշուշին մէջ շարունակ կը զանգահարեն:

Քարաշէն տան մը դրան վրայ կը բարձրանայ նիհար եւ դալուկ ձող մը՝ որուն վրայ պետական դրօշակը: Հակառակ որ քամին այնքան ուժգին կը զարնուի տուներու պատերուն, դրօշակը չի ծածանիր: Թրջուած փակչեր է ձողին՝ որուն երկայնքն ի վար կը սուզի մանիշակագոյն անձրեւը: Գործ մը գտնելու անհաստատ յոյսով կը դիտեմ այդ դրօշակը, տժգոյն Մարսէյլի արեւին պէս, աշնանային սա մշուշոտ առաւօտով, որ հակառակ քամիին ուժգնութեան լեցուեր է քաղաքի փողոցներուն մէջ:

Այդ օր դրան առջեւ կայինք ես ու դեղնորակ գծաւոր թաւիշէ տաբատ հագած մարդ մը, որ պատին կռթնած անյագաբար կը ծխէր: Անոր երեսը մուգ կանաչ գոյն մը ունէր եւ դէմքին վրայ արտայայտութիւն չկար: Մերթ ընդ մերթ մէկ ոտքին վրայէն կը կռթնէր միւս ոտքին վրայ, միշտ անշարժ, ձեռքերը տաբատին գրպաններուն մէջ, աչքերը սեւեռած դրան: Այսպէս սպասեցինք երկար: Օրը սկսեր էր կէս ըլլալ եւ երկնքին վրայ արեւը կը տափակնար: Ի վերջոյ պաշտօնեայ մը երեւցաւ դրան մէջ: Թաւիշէ տաբատով մարդը թեւովը մէկ կողմ հրեց զիս ու առաջ անցաւ աշխատաւորի վկայականներն ու ինքնութեան թուղթերը երկարած: Պաշտօնեան ներս կանչեց մեզ եւ յանձնարարեց, որ քիչ մը սպասենք:

Ներսը երիտասարդ պաշտօնեայ մը մանկամարդ տաքթիլոյի մը աթոռին վրայ յակած, երեւի խիստ հաճելի խօսքեր կ՚ընէր, որ աղջիկը ժպտերես մտիկ կ՚ընէր, աչքին ծայրովը մեզ դիտելով: Հազիւ թէ կէս ժամ անցած, աղջիկը նկատել տուաւ երիտասարդ պաշտօնեային, որ քիչ մըն ալ մեզմով զբաղի:

Երիտասարդը աչքի չարակամ հարուած մը կը նետէ մեր կողմը: Կը դիտեմ քովս նստող մարդը, որ բնա՛ւ իր վրայ չ՚առներ. անտարբեր երեւոյթով մը պատին վրայ փակցուած յայտարարութիւն մը կարդացողի ձեւ կ՚ընէ յանկարծ: Պաշտօնեան ի վերջոյ կը դառնայ մեզի:

-Ի՞նչ կ՚ուզէք:

Մարդը առանց բառ կը արտասանելու կը հանէ դուրս իր թուղթերը եւ կ՚երկարէ իրեն: Այս վերջինը զգուշութեամբ կը բանայ պատռուած ծալքերը ինքնութեան թուղթերուն, աչքին տակէն շեշտակի դիտելով զիս: Ես ալ, փոխանակ մարդուն առջեւ եղկելի ձեւ մը առնելու իր գութն ու հետաքրքրութիւնը շարժելու համար, յանկարծ պատերուն կը նայիմ…

-Առայժմ գործաւորի պէտք չկայ- իր ամենօրեայ հանկերգը կը կրկնէ պաշտօնեան լրջօրէն, առանց ծիծաղելու,- եթէ կ՚ուզէք, ձգեցէ՛ք ինծի ձեր հասցէները, եթէ մարդ պէտք ըլլայ կը կանչենք ձեզ:

Մարդը անօթութենէն չորցած բերնին մէջ մնացած բոլոր թուքը կլլելով-կարծես այդպէսով պարապ ստա-մոքսին աղաղակող պահանջքը մեղմելու համար-անխօս թուղթը կը ծալլէ, կը դնէ գրպանը, յետոյ անհունօրէն տխուր եւ յուսալքուած նայւածք մը ձգելով պաշտօնեային վրայ.

-Պարոն,- կ՚ըսէ, հասցէս չեմ կըր-նար թողուլ, որովհետեւ հասցէ չունիմ. տանս վարձքը վճարել չկարողանալուս տանտէրը դուրս նետեց զիս: Վնաս չունի, վաղը դարձեալ կը հանդիպիմ. եթէ գործ ունենաք, կու տաք: Յետոյ ձայնը աւելի մեղմացնելով, վախնալով կարծես որ մէկը կը լսէ, յարեց. «Երկու օր է կտոր մը հաց չեմ կերած. կարելի չէ՞ ֆրանք մը տաք, հաց գնեմ ուտելու…»:

Այս խօսքերը, թէեւ արտասանուած խիստ կամաց, լսեցի ես եւ անտարակոյս պաշտօնեան ալ. բայց նա չլսել ձեւացնելով, աչքերը պզտիկցուց եւ ականջը դարձնելով սարսափած մարդուն.

-Ի՞նչ:

Մարդը յանցանքի մէջ բռնուած մէկու մը պէս լռեց: Հոս մուրալը արգիլուած է:

-Ուրեմն այսպէս,- շարունակեց պաշտօնեան,- վաղը անգամ մը եւս կը հանդիպիք: Եթէ բանուորներ պէտք ըլլան, առաջին անգամ ձեզ նկատի կ՚ունենամ: Կրնաք երթալ:

Պաշտօնեան քաղաքավար կերպով կիշէին դռնակը գոցեց ու վերադարձաւ սիրուն տաքթիլոյին քով, որ շրթունքներուն կարմիր քսելու զբաղած էր պահ մը:

Մարդը խնամքով ծալլեց թուղթերը, գրպանը դրաւ քիթին տակէն սովորական հայհոյանք մը մռլտալով. յետոյ ինծի դառնալով, երբ կը վերադառնայինք.

-Բարեւ, -ըսաւ,- ի՞նչ կընես:

-Ոչինչ,- պատասխանեցի:

-Ինչպէ՞ս կ՚ապրիս:

-Ինչպէ՞ս կ՚ապրի մարդ, երբ ո՛չ գործ ունի, ո՛չ ալ դրամ:

-Է՛հ,- խնդաց մարդը,- ցոյց տալով ծխախոտ ծամելէն դեղնած ակռաները,-կամ պարտք կ՚առնէ, կամ ալ կը գողնայ:

Յետոյ առաջարկեց քաղաքէն բաւական դուրս գտնուող գործարան մը դիմել, ուր կը յուսար, որ կ՚ընդունուէինք:

-Երթա՛նք:

Մենք կը քալէինք քաղաքի մէկ գըլ-խաւոր ճամբայէն: Հով կար եւ անձրեւը սկսեր էր բարակ մաղուիլ: Մարդը վիզը քաշեց ուսերուն մէջ, հագուստին օձիքը բարձրացուց վիզին շուրջ, կուրծքը գոցեց ու յարեց.

-Է՛հ, ի՞նչ ընես երիտասարդ:

Երբ արդէն բաւական հեռացեր էինք մեծ պողոտայէն եւ օձապտոյտ ցեխոտ ճամբու մը մէջ դժուարաւ կը յառաջանայինք, անձրեւէն բոլորովին թրջուած, մարդը կանգ առաւ:

-Երիտասա՛րդ,- ըսաւ,- այս ճամբան դժոխքի ճամբայ է, բնաւ վերջանալիք չունի:

Անդուլ տեղացող անձրեւներուն պատճառով քիչ մը անդին բոլորովին անանցանելի էր: Ջուրը տեղ տեղ լճացած էր ու հեռուն կը տեսնուէին ճղակոտոր ծառեր, իսկ մեր շուրջը ընդարձակ այգիներ:

Մարդը յանկարծ մօտեցաւ ինձ եւ վայրենի ակնարկ մը գամելով աչքերուս, դեղնած խոշոր ձեռքերովը օձիքէս բռնեց ու զիս կոշտութեամբ ցնցելով.

-Կամ կեա՛նքդ,- պոռաց,- կամ քսա՛կդ:

Վախի պզտիկ ծամածռութիւն մը, դոյզն ընկրկում մը կարող էր ճակատագրական հետեւանքներ ունենալ: Հակառակ յանկարծական երկիւղ մը տիրելուն վրաս, ջանացի պաղ արիւնս չկորսնցնել եւ հանդարտ երեւոյթս պահել իբրեւ թէ ոչինչ կը պատահէր անսովոր եւ ծիծաղելով.

-Բարեկա՛մ,- ըսի- ասկէ աւելի զուարճալի բան չ՚ըլլար, դրամ չունիմ որ քսակ ունենամ քեզի տալու:

Մարդը ամօթահար ջանաց ծիծաղիլ:

-Լաւ ըսիր,- յարեց պարզօրէն,- է՛հ, ի՛նչ ընես, երիտասարդ,- կը խօսէր մարդը փիլիսոփայօրէն գլուխը շարժելով,- կեանքը այսպէս է, թշուառական կեանքը…

Մենք սկսանք շարունակել մեր ճամբան այգիներուն մէջէն, տարբեր մէկ ուղղութեամբ քաղաքը վերադառնալու համար: Լաւ տպաւորութիւն չէր թողեր կրունկներուն վրայ ետ դառնալը: Ճնշող մթնոլորտ մը ստեղծուած էր մեր շուրջ: Լռել անկարելի էր: Պէտք է խօսիլ, պէտք էր մեր միտքը տարբեր բաներով զբաղեցնել իրարու մասին վատ բաներ չմտածելու համար: Ուղեկիցս շատ լաւ կ՚ըմբռնէր դրութիւնը եւ մինչ մեր կօշիկներուն փակչող ցեխերուն մէջէն դժուարով կը յառաջանայինք, ան մեծ ճիգ կը թափէր պատմելու համար շատ հին ու անշահեկան պատմութիւն մը. յաճախ յօրանջելով եւ խօսելով չափազանց դժուարութեամբ, իր պատմածէն ինքն ալ մահու չափ ձանձրացած: Ես անշուշտ, ոչինչ չէի հասկնար իր պատմածէն, բայց եւ այնպէս երբեմն կոկորդէս զարմանքի կամ հաւանութեան անախորժ բացագանչութիւններ կը հանէի տեղի եւ անտեղի, ցոյց տալու համար թէ՝ բոլորովին կլանուած էի իր պատմութիւնով եւ թէ՝ ամբողջ ուշադրութիւնս իրեն նուիրած:

-Երիտասարդ,- դարձաւ մարդը ինծի,- վերջապէս կորսնցնելով պատմութեան թելը, երբ արդէն մօտեցեր էինք քաղաքին,- այս պատմութիւնը վերջանալիք չունի: Վաղը կրկին Աշխատաւոր Ձեռքերու Տեղաւորմանց գրասենեակը հանդիպինք. գուցէ գործ մը ճարեն մեզի…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2020