ԱՆՄԱՀԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ ԵՒ ՄՐՄՈՒՆՋՆԵՐ…
Վարդահոտ մը կ՚ուղեկցէր ինծի Պոլիս գտնուելու վերջին օրերուն: Սենեակը, ուր կը մնայինք, վարդեր չկային, սրճագոյն, երկար ցօղունով տարաշխարհիկ հաստ բոյս մը կար միայն, նոյն սենեակին մէջ օդափոխիչ հոտաւէտ ցողացիրներ նոյնպէս չկային, որոնցմէ վարդի կամ ուրիշ ծաղկահոտ բուրէր:
Փողոցին բազմատեսակ եւ իրարու խառնուած հոտերը դժուար թէ վարդահոտ դարձած ըլլային, հապա ուրկէ՞ այդ սուր վարդաբոյրը, որ ռունգերս կը խլրտացնէ շարունակ…
Մտածեցի, որ ընկերային ընթրիքներէն մէկուն ընթացքին մեր մօտիկ բարեկամները վարդաջուրով պատրաստուած բան մը հիւրասիրած են եւ համը մնացած է յիշողութեանս մէջ, որ զգայարաններու միջոցով կ՚արտայայտուէր: Առատ հիւրասիրութիւններուն մէջ վարդի ջուրով եփուած բան մը վստահ ըլլալու էր, բայց վարդին բուրմունքը քաղցրեղէնէն, համեմունքէն աւելի դէպի մտաւոր, հոգեւոր հորիզոններ տարաւ զիս, դէպի այն ժամանակները, երբ ապրած են մեր գրականութեան, արուեստի, երաժշտութեան երեւելիները, քալած են Պոլսոյ փողոցներուն մէջ եւ իրենց լաւագոյն օրերը տուած են այս քաղաքին:
Արդեօք Զապէլ Եսայեանի՝ Պոլսոյ իրենց տունը նկարագրած գրութիւններէն կը յիշե՞մ վարդերը, որոնք կը բուրէին եւ այգին ու բակը կը լեցնէին խենթացնող հոտով. «Սիլիհտարի պարտէզները, կը դառնային բոցավառ վարդաստաններ։ Այդ վարդերը կը խուժէին տունէն ներս, կը զարդարէին անզարդ սենեակները, բուրում եւ երանգ կը բերէին ճերմակութիւնով պատած սենեակներուն մէջ, կը դառնային խաղալիք երեխաներու ձեռքին եւ անոնց թերթիկները կ՚անձրեւէին ամէնուն եւ ամէն բանի վրայ»: Այսպէս կը նկարագրէ գրագիտուհին Սիլիհտարի պարտէզները, որուն մասին յիշողութիւնը անմոռանալի մնացած է իր ներսը եւ նոյնպէս դրոշմուած է ընթերցողին հոգիին մէջ: Անգամ մը կարդալէ ետք անկարելի է ջնջել վարդերու թերթիկներուն տարափին պարգեւած զգացողութիւնը: Առհասարակ, ընթերցանութեան պարգեւած զգացողութիւնները կը բնակին մեր հոգիներուն ամենահեռաւոր անկիւնները եւ ատեն-ատեն անպայման կ՚արթննան: Եթէ գրողը անկեղծ ու սրտանց կը գրէ, զգայուն ընթերցողը անպայման կը զգայ այդ մէկը:
Ինչպէս արձակին պարգեւած զգացումները վառ են, նոյնպէս վառ են քերթողութեան փոխանցած յոյզերը: Անոնք վարդի թերթիկներուն պէս կը բացուին եւ կը գունաւորեն, բուրումնալից կը դարձնեն մեր ներաշխարհը:
Արեւմտահայ մեծ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժան իր քերթուածներուն մէջ անվերջօրէն գովերգեց գեղեցկութիւնը, ուժը եւ բնութեան ու աշխատանքի տարերքը: Ինչպէս շատեր, ան նոյնպէս ծաղիկներու թագուհին նկատած է վարդը եւ իր «Վարդ» քերթուածին մէջ ըսած.
Ո՛վ թագուհիդ ծաղկանց համայն,
Օ՛ն արթընցիր, տե՛ս, վարդասփիւռ
Այգը փըթթի զերդ բուրաստան,
Տեղայ երկրիս խինդ, ժըպիտ բիւր:
Ուրիշ քերթուածի մը մէջ՝ «Վերադարձ» («Հացին երգը») Վարուժան գիւղի գովքին զուգահեռ կը նկարագրէ, թէ ինչպէս լուսնի ճամբով գիւղ կը մտնեն եւ իրենց հետ վարդ կը տանին մաղերով: Անկրկնելի նկարագրութիւն.
Այս իրիկուն ձեզի կու գանք, երգ երգելով,
Լուսնակ ճամբով,
Ո՜վ գիւղակներ, գիւղակներ.
Ձեր բակերուն մէջ ամէն
Թող գամփըռներն արթըննան,
Եւ աղբիւրները նորէն
Դոյլերու մէջ քրքըջան.
Ձեր տօներուն համար դաշտէն՝ մաղերով
Վարդ ենք բերեր՝ խաղերով։
Վարդը, իբրեւ տօնի, սիրոյ, կեանքի խորհրդանիշ միշտ կայ Վարուժանի եւ այլ գրողներու գրութիւններուն մէջ: Արեւմտահայ գրականութեան մէջ նկարագրուած ուրիշ վարդեր ալ իրենց շքեղութեամբ յիշողութիւններ կը բերեն: Եւ վերջապէս մարդուն մանկութիւնն է, որ կ՚արթննայ եւ կը խօսի անծանօթ վայրերուն մէջ: Ան անծանօթ վայրերը միշտ կը համեմատէ իր մանկութեան վայրերուն հետ, եւ ահա վարդն ալ իմ մանկութեանս անբաժան մասը եղած է: Գիւղական մեր տունը ամէն գարնան վարդերով կը պատուէր եւ անոնց բոյրին առջեւ անզօր կը գտնուէինք ամէնքս… Ժամանակակից ո՛չ մէկ պուրակ, արուեստական շինուած ժամանակակից ո՛չ մէկ պարտէզ կրնայ մրցիլ գիւղական վարդաստաններուն հետ: Մենք վարդերու այդ շուքին տակ մեծցանք, վարդերը մնացին անցեալին, բայց անոնց յուշը մենք մեզի հետ ամենահեռաւոր երկիրները կը տանինք:
Անշուշտ, Պոլիս գտնուելու օրերուն, անկարելի է չյիշել Կոմիտասը, որ իր խաղիկներուն մէջ յաճախ վարդերուն գովքը ըրած է: «Լուսնակն անուշ» երգին մէջ Կոմիտաս ջերմ գոյներով կը նկարագրէ հողագործին հանգիստ քունը։ Այս երգը նուրբ զգացումներ կը յառաջացնէ եւ լոսնին լոյսը, մեղմ հովիկը, զովութիւնը, խոխոջուն առուակը, սոխակին դայլայլը կ՚ողողուին վարդերուն անուշ բոյրով:
Լուսնակն անուշ, հովն անուշ,
Վա՜յ, լէ՛, լէ՛, լէ՛, լէ՛,
Վա՜յ, լօ՛, լօ՛, լօ՛, լօ՛.
Շինականի քունն անուշ:
Երնէկ էն օրեր,
Որ կ՚ելնենք սարեր:
Ծագեց լուսնակ երկընուց.
Հովըւի փողն էր անուշ:
Հոտաղն եզներ կ՚արածայ,
Մաճկալ պառկեր՝ քունն անուշ:
Դաշտեր, ձորեր մնջեր են,
Ջրեր գլգլան՝ ձենն անուշ:
Հաւքեր թռան իրենց բուն,
Բլբուլի տաղն էր անուշ:
Անմահական հոտ բուրեր.
Քաֆուր վարդի հոտն անուշ:
Կոմիտաս ժողովրդական երգերու մշակումներուն մէջ վարդի պատկերներ դրած է, սէրը միշտ կը համեմատուի վարդի բոյրին հետ եւ երգերը, որոնք կը հնչեն դար մը ետք, անցեալի կարօտները, բոյրերը կը պարգեւեն եւ հոգիները տակնուվրայ կ՚ընեն:
Հոգիս եկաւ հովի պէս
Սէրը սրտում ծովի պէս
Ծոցին վարդեր՝ ասաց. - Տե՜ս,
Քեզ սիրելու եկայ ես:
Վարդ ու քրքում էր բուրեց.
Սիրտս սրտում գուրգուրեց.
Արեւ-Լուսին պագերով՝
Երազ-երազ համբուրեց:
Կոմիտաս վարդը շատ սիրած է: Իր յուշերուն մէջ հայագէտ ու մեծ լեզուաբան Մանուկ Աբեղեան կը գրէ, որ Կոմիտաս վարդերու թերթիկներ կը ժողվէր. «Կոմիտաս կը սիրէր առանձին զբօսնել, թռչուններուն ճռուողիւնը եւ սոխակին կլկլոցը լսել անտառին մէջ, որ արուեստական կերպով տնկուած էր Ներսիսեան լիճէն ներքեւ բաւական ընդարձակ տարածութեան վրայ: 1900-ի գարնան, մայիսի առաջին կէսին, ես եւ Կոմիտասը կը զբօսնէինք այդ անտառին մեծ ծառուղիին մէջ, որուն երկու կողմի առուներուն եզրերը սկիզբէն տնկուած էին մասրենիներ եւ վարդենիներ: Կոմիտաս վարդ կը քաղէր: Ան կը սիրէր թէյին հետ (որուն ամենալաւ եւ ամենասուղ տեսակը միշտ կը գործածէր) երբեմն չորցած վարդի տերեւներ խառնել: Մեր զրոյցին նիւթը ժողովրդական երգն էր: Ան կը գանգատէր, թէ մեր ժողովրդական քառեակները՝ իբր բանաստեղծութիւն, յաճախ անմտութիւն են, եւ թէ ինքը քառեակ մը երգել տալու համար չի գիտեր, թէ ինչ երգել տայ, որ լաւ ըլլայ:
«Ես այդ ժամանակ զբաղած էի ժողովրդական քառեակներու ուսումնասիրութեամբ, որոնք, իմ կարծիքով, անմտութիւն էին միայն այն ժամանակ, երբ աղճատուած են, որովհետեւ ժողովրդական երգերը շատ սիրուած էին այդ թուականներուն, ուստի մտադրուեցանք միասին երգարան մը հրատարակել, սկսելով ժողովրդական երգերէն»:
Նոյնպէս Աբեղեանի յուշերէն կը տեղեկանանք, որ Կոմիտասը եղած է շատ հիւրասէր եւ իր հիւրերուն հաճոյքով հրամցուցած է իր իսկ ձեռքով պատրաստած սուրճն ու թէյը, թէյին մէջ ալ լեցուցած վարդի թերթեր:
Արդեօք Պոլսոյ մէջ ապրած ժամանակ ալ երաժիշտը զբօսնա՞ծ եւ վարդեր հաւաքա՞ծ է իր թէյին համար, բայց Պոլսոյ մէջ գրած իր նամակներուն մէջ ան վարդը չէ մոռցած. շնորհալի աշակերտուհի՝ Օրիորդ Մարինոս Ստամպոլեանին յղած նամակին մէջ Կոմիտաս կը գրէ.
«Ողջոյն Ձեր նոր կեանքին: Անվեհեր յառաջ համեստօրէն՝ իբր շուշան հովտաց, ազնուօրէն՝ իբր վարդ բուրաստաններու եւ փայլակն՝ իբր զտուած ոսկի»:
Կոմիտասի աշակերտներէն մեծ երգահան Բարսեղ Կանաչեան ունի «Վարդերու հետ» երգը: Հրաշալի խմբերգ մըն է, որ լսած եմ ձայնասփիւռէն: Կանաչեան նոյնպէս, իր մեծ ուսուցիչին պէս իր սիրած էակին հանդէպ զգացումները համեմատած է վարդի նուրբ բոյրին, ծաղիկի քնքշութեան հետ: Տակաւին ի՜նչ գրողներու, արուեստագէտներու, երգիչներու եւ յօրինողներու ներշնչանքի աղբիւրն է վարդը՝ քնքոյշ թերթիկներով թագուհին բոլոր ծաղիկներու: Արեւելեան արուեստին մէջ վարդը, իբրեւ սիրոյ առարկայ, յաճախ սոխակին հետն է, անոնց քաղցր զրոյցները արեւելքի հմայքը ունին, եւ ահա ինչու Պոլսոյ հին ու նոր պատկերին ձուլուած է վարդը, եւ ես տեսայ ու վայելեցի զայն…
…Եւ վարդի յիշողութիւններով հրաժեշտ առինք Պոլիսէն, ուր մեր վերջին կեցութեան օրը անընդհատ կ՚անձրեւէր: Անձրեւը որքա՜ն կը վայելէ վարդերու տեսարանին եւ իսթանպուլեան նշանաւոր թէյի հաճոյքը նաեւ այդ պատկերաւոր երեւոյթին ներքոյ վայելեցինք… Նախորդ այցէս նոյնպէս իբրեւ յիշողութիւն մնացած էր անձրեւոտ Պոլիսը: Անձրեւը կենարար է, երբեք չեմ նեղանար ամենայորդառատ անձրեւէն իսկ: Երկինքի ջուրը կը սրբէ բոլոր աղտոտութիւնները, թարմութիւն եւ շունչ կը բերէ: Անձրեւին հետ կ՚արագնայ հեւքը եւ մարդիկ անձրեւէն պաշտպանուելու համար կը շտապեն, կ՚արագցնեն իրենց քայլերը: Շարժումը, անծոյլ եւ արագ եռուզեռը կեանքի նշաններ են: Պոլիսը այդ շարժումին կեդրոնն է կարծես: Առտու, լոյսը տակաւին չբացուած արդէն կը խլրտայ քաղաքը կամ երբեք չի քնանար:
Երեւանը, օրինակ, քնացող քաղաք է. կէսգիշերին քաղաքին մէջ շշուկները անգամ կը լսուին, իսկ արուարձանները խոր լռութեան մէջ թաղուած հիւղակներ են, որոնց մէջ երբեմն լոյսի մշուշոտ առկայծումներ կ՚ըլլան լուսադէմին:
Լուսադէմին հասանք Երեւան, հեռուէն նշմարելի էին իրարմէ հեռու մարմրացող մռայլ լոյսեր… Համացանցային կապը դանդաղօրէն միացաւ մեր խելախօսներուն: Առաջին լուրը նոյնքան մռայլ է, որքան՝ Երեւանի դեկտեմբերեան մթնշաղը… Ատրպէյճանցիները գոցած են Ստեփանակերտ-Երեւան միակ ճանապարհը եւ Արցախը կտրուած է արտաքին աշխարհէն… Հոս արդէն ի չիք կը դառնան վարդահոտն ալ, քերթողութեան, երգին, յուշագրութեան պարգեւած անուշ զգացումներն ալ, որուն մէջ ընկղմանած, գոհ ու երջանիկ հրաժեշտ տուինք Պոլիսին: Նեարդային վիճակը մինչեւ երեկոյ փոխարինուեցաւ տագնապով եւ երեկոյեան յստակացաւ, որ բանակցութիւններէն ետք ճանապարհը բացուած է եւ կեանքը կը փորձէ վերադառնալ իր հունին: Բայց Արցախի մէջ կեանքը իր հունէն շատոնց շեղած է, եւ ձմրան այս օրերուն ջիղերը նորէն պրկուած են մինչեւ վերջ. վախ կայ, որ կրկին կրնայ գոցուիլ ճանապարհը, վախ կայ, որ ելեկտրականութեան, կազի, ջուրի ընդհատումներ ըլլան, ինչպէս որ եղան անցեալին:
Արցախցին երկու ձեռքերը պարզած ապագայի յոյս կ՚ուզէ աշխարհէն: Անորոշութիւնը փարատել կ՚ուզէ, հասկնալու թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ Արցախի ապագան: Ոչ ոք կը խօսի այս մասին: Երեւանի կեդրոնը այս պահուն տօնական հրավառութիւն կայ, պայթուցիչները օդին մէջ գունաւոր ալիքներ տալով կը ճաթին՝ քիչ մը տարօրինակ տրամադրութիւն ստեղծելով: Մէկ կողմէն մանուկներուն տօն պարգեւելու ցանկութիւնը կայ, միւս կողմէն՝ բազում չլուծուած հարցեր են. տարտամութիւն, անհասկնալի իրավիճակ: Այնպիսի տպաւորութիւն մըն է, որ հայաստանցին այս պահուն անհաղորդ է Արցախի վիճակին, չի հասկնար եւ չի զգար արցախցիին ապրածը… Մինչդեռ Արցախը այսօր հայութեան պրկուած նեարդն է աշխարհին ի ցոյց, մեր մտահոգութիւններուն հիմնական նիւթն է ան, որ կը փորձէ ամուր մնալ, չընկճուիլ, բայց իրականութիւնը այլ է… Իրականութիւնը դառն համ դրած է մեր բերաններուն, սիրտերուն, հոգիներուն եւ աչքերուն մէջ… Իրականութիւնը այլ բան կ՚աղաղակէ… Բայց ես չեմ ուզեր բառերով գրել այդ մասին, քանի որ բառերը ուժ ունին, անոնք կ՚ապրին եւ իրականութիւն կը դառնան երբեմն: Եթէ Արցախը այս պահուն բառերու կարիք ունի, ապա ատոնք թող հնչեն իբրեւ մրմունջ եւ իբրեւ աղօթք…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլիս-Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024