Բա­ռեր… Նոր Բա­ռեր… Նոր Եզ­րեր… Նո՞ր…

Բա­ռե­րը, եր­բեմն նոյ­նիսկ գիր մը կամ շեշտ մը, բա­ւա­կան նե­րուժ ու­նին, զօ­րեղ են, ե­թէ մա­նա­ւանդ ճիշդ տե­ղին եւ պատ­շաճ կեր­պով օգ­տա­գոր­ծուին: Ա­րուես­տա­գէտ գրող­նե­րը, բա­նաս­տեղծ­նե­րը, նաեւ բա­ռաս­տեղծ են, մա­նա­ւանդ երբ տուեալ լե­զուին մէջ չեն գտներ ի­րենց ներ­քին ապ­րու­մը կամ միտ­քը լա­ւա­գոյնս ար­տա­յայ­տող բա­ռը, կը ստեղ­ծեն նո­րը, եւ ե­թէ այդ բա­ռը մար­դիկ ըն­դու­նին ու օգ­տա­գոր­ծեն, կը նե­րա­ռուի բա­ռա­րան­նե­րուն մէջ՝ հարս­տաց­նե­լով լե­զուի բա­ռա­պա­շա­րը:

Բա­ռե­րը նոյն­պէս մար­դոց նման տա­րի­նե­րով չար­չա­րուած են, եւ հնա­դա­րեան, վի­պա­պաշ­տա­կան, ի­րա­պաշ­տա­կան եւ գե­րի­րա­պաշ­տա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րէ անց­նե­լով, այժմ ե­կած եւ ին­կած են գործ­նա­պաշ­տա­կան ա­նո­րո­շու­թեան մը մէջ (խօս­քը ան­շուշտ կը վե­րա­բե­րի բջի­ջա­յին­նե­րու, հա­մա­կար­գիչ­նե­րու եւ այս­պի­սի այլ սար­քե­րու մէջ օգ­տա­գոր­ծուող բա­ռե­րու… «բա­ռան­շան­նե՞ր»):

Ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն հե­տե­ւող­նե­րը դիւ­րաւ կրնան հաս­տա­տել, որ ին­չե՜­րու կ՚են­թար­կուին խեղճ բա­ռե­րը, ան­շուշտ նաեւ աղ­քա­տաց­նե­լով եւ խեղ­ճաց­նե­լով լե­զուն: Մա­նա­ւանդ գիր­քի նուազ ըն­թեր­ցու­մով եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու ա­ռա­ւել օգ­տա­գոր­ծու­մով, պարզ է, միայն լե­զուն չէ, որ կ՚աղ­քա­տա­նայ…

Մեր կեն­ցա­ղին, ա­ռօ­րեա­յին մաս կազ­մող վեր­ջին ար­հես­տա­գի­տու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի գործ­նա­պաշտ բնոյթ կը կրեն. դիւ­րին, ա­ժան, թե­թեւ, ա­րագ: Դա­սա­կան վէ­պե­րը, գիր­քե­րը, յօ­դուած­նե­րը այս օ­րե­րուն ա­ւե­լի նուազ ըն­թեր­ցող­ներ ու­նին, իսկ ի­րա­րու հետ առ­ցանց, գրա­ւոր յա­րա­բե­րող­նե­րը ժա­մա­նակ չու­նին, հա­ւա­նա­բար նաեւ ա­տակ ալ չեն պար­բե­րու­թիւն մը, նոյ­նիսկ նա­խա­դա­սու­թիւն մը գրե­լու, այն աս­տի­ճան, որ սէ­րը ան­գամ ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար կը դի­մեն ան­հե­թե­թու­թեան, օ­րի­նակ՝ երբ անգ­լե­րէն պի­տի գրէ «ես կը սի­րեմ քեզ», հե­տե­ւեա­լը կ՚ու­ղար­կէ.

ԲԱ­ՌԱ­ՐԱ­ՆԱ­ՅԻՆ ԲԱ­ՌԵՐ, Ո­ՐՈՆՔ ՀԱ­ՄԱ­ՑԱՆ­ՑԷՆ «ԾՆԱԾ» ԵՆ

Տա­րի­ներ շա­րու­նակ Օքֆ­սորտ առ­ցանց բա­ռա­րա­նը (ODO) ար­դէն իր մա­սին խօ­սիլ կու տայ՝ ըն­դու­նե­լով բա­ռեր, ո­րոնք լայ­նօ­րէն կ՚օգ­տա­գոր­ծուին հա­մա­ցան­ցին մէջ, իբ­րեւ  անգ­լե­րէ­նի բա­ռա­պա­շար, ա­տով այդ բա­ռե­րը պաշ­տօ­նա­կա­նաց­նե­լով լե­զուին մէջ: Այս «նոր բա­ռե­րէն» ո­մանք կրնան միայն օգ­տա­գոր­ծուիլ ընդ­հա­նուր միտ­քի մը, բո­վան­դա­կու­թեան մը կամ ալ հա­մա­ցան­ցին մէջ, իսկ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող այլ բա­ռեր կը սկսին նոր ինք­նու­թիւն եւ ի­մաստ­ներ ու­նե­նալ, հե­տե­ւա­բար՝ օգ­տա­գոր­ծում:

Յա­պա­ւում­նե­րու, կրճա­տում­նե­րու հետզ­հե­տէ ա­ճող օգ­տա­գոր­ծու­մը, նոյն­պէս փո­խած են լե­զուի, մա­նա­ւանդ անգ­լե­րէ­նի մեր օգ­տա­գոր­ծու­մը: Ստո­րեւ նշուած եզ­րերն ու ի­մաստ­նե­րը բա­ւա­րար ազ­դե­ցու­թիւն ձգած եւ հե­ղի­նա­կու­թիւն նուա­ճած են, որ­պէս­զի պաշ­տօ­նա­պէս ըն­դու­նուին Օքս­ֆորտ բա­ռա­րան, որ բա­ցատ­րած է տուեալ բա­ռե­րը: Սա­կայն ըն­դու­նե­լի՞ է ար­դեօք բա­ռա­րա­նին մէջ նե­րա­ռել այս­պի­սի «բա­ռեր», ո­րոնց ճա­կա­տա­գի­րը վստա­հա­բար ժա­մա­նա­կը պի­տի ո­րո­շէ:

1. SELFIE (2013)

Selfie (գո­յա­կան) Լու­սան­կար մը, որ ան­հա­տը ինք­նի­րեն կը նկա­րէ, յատ­կա­պէս նկա­րուած «սմարթ­ֆոն»ով կամ ցան­ցի լու­սան­կար­չա­կան մե­քե­նա­յով (webcam), եւ վեր­բեռ­նուած՝ (uploaded) ըն­կե­րա­յին ցան­ցի մէջ: Հա­յե­րէն օգ­տա-­գոր­ծուող տար­բե­րա­կը՝ ինք­նանը-կար: «Նա­յի­րի» առ­ցանց բա­ռա­րա­նը չու­նի այս բա­ռը:

Ծա­գու­մը.- Ինք­նան­կա­րը (լու­սան­կար­չա­կան ա­ւան­դա­կան գոր­ծի­քով) ա­ւե­լի քան դա­րէ մը ի վեր գո­յու­թիւն ու­նի, բայց «սել­ֆի»նե­րու  ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւ­նը  միայն վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն ա­ճե­ցաւ, երբ «սմարթ­ֆոն»նե­րու մի­ջո­ցով ան­հա­տը կա­րե­լիու­թիւն ու­նե­ցաւ ինք­նի­րեն դիւ­րաւ լու­սան­կա­րե­լու եւ այդ նկար­նե­րը հրա­պա­րա­կե­լու ըն­կե­րա­յին զա­նա­զան ցան­ցե­րու մէջ:

2. PHABLET (2013)

Phablet (գո­յա­կան)  «Սմարթ­ֆոն» մը, ո­րուն պաս­տա­ռը  տի­պար «սմարթ­ֆոն»էն խո­շոր եւ  tablet computer-էն փոքր է:

Ծա­գու­մը.- «Ֆապ­լէթ» կը կո­չուի այն սար­քը, ո­րուն պաս­տա­ռը  տի­պար «սմարթ­ֆոն»էն խո­շոր եւ tablet computer-էն փոքր է՝ 12.5-17.5 սմ.-ի մի­ջեւ: Թէեւ ա­ռա­ջի­նը՝ AT & T EO 440 հնա­րուած է 1993-ին, «ֆապ­լէթ» եզ­րը սկսած է օգ­տա­գոր­ծուիլ 2010-ին:

3. UNLIKE (2013)

Unlike (բայ) Ջնջել մէ­կու մը ար­ձա­նագ­րած հաւ­նե­լու նշու­մը՝ «լայք»ը, որ ան նա­խա­պէս յղած է կայ­քէ­ջի մը կամ ըն­կե­րա­յին ցան­ցի մը:

Ծա­գու­մը.- «Լայք» կո­ճա­կը Դի­մա­տետ­րի վրայ ստեղ­ծած է նոր նշա­նա­կու­թիւն, ի­մաստ մը, ար­դէն իսկ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող «ան­լայք»ին: Կո­ճա­կը ար­դէն մատ­չե­լի էր ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու, հա­մա­ցան­ցա­յին ֆո­րում­նե­րու եւ կայ­քե­րու վրայ, նոյ­նիսկ նախ­քան  Դի­մա­տետ­րի կող­մէ ա­տոր որ­դեգ­րու­մը, բայց ան­կաս­կած Դի­մա­տետրն է, որ ա­տի­կա աշ­խար­հի տա­րած­քին հան­րա­մատ­չե­լի եւ գոր­ծա­ծա­կան դար­ձուց, այն­քան, որ այժմ հա­մա­ցան­ցը օգ­տա­գոր­ծող­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը գի­տէ ինչ կը նշա­նա­կէ  «ան­լայք» ը­նել բան մը, որ ի­րենք նա­խա­պէս «լայք» ը­րած էին:

4. TWEET (2013)

Tweet (գո­յա­կան) Հաս­ցէագ­րում կամ յղում մը ար­ձա­նագ­րուած՝ «Թուի­թըր» ըն­կե­րա­յին ցան­ցին վրայ:

Ծա­գու­մը.– Օքս­ֆորտ բա­ռա­րա­նը «թուիթ»ը պաշ­տօ­նա­պէս նե­րա­ռած է Յու­նի­սին՝ շրջան­ցե­լով, խախ­տե­լով նոր բա­ռի (եւ նշա­նա­կու­թեան) հա­մար ի­րենց ճշդած պայ­ման­նե­րը. բա­ռե­րը պէտք է նուա­զա­գոյ­նը տասը տա­րի օգ­տա­գոր­ծուած ըլ­լան, որ­պէս­զի բա­ռա­րան կա­րե­նան մտնել: Այ­դու­հան­դերձ, ան­հա­ւա­տա­լի ոս­տու­մը «թուիթ» բա­ռի  օգ­տա­գործ­ման՝ 2006 թուա­կա­նէն  մին­չեւ 2012 թուա­կան, կը կար­ծէ՞ք, թէ կ՚ար­դա­րաց­նէ այդ խախ­տու­մը:

5. INBOX (2012)

Inbox (բայ) Ու­ղար­կել անձ­նա­կան հա­ղոր­դա­գիր կամ ե­լեկտ­րո­նա­յին նա­մակ մը (ան­ձի մը՝ սո­վո­րա­բար ըն­կե­րա­յին ցան­ցի այլ ան­դա­մի կամ հա­մա­ցան­ցի հա­ղոր­դագ­րու­թեան սար­քին):

Ծա­գու­մը.- Ե­թէ կը կար­ծէք, թէ «ին­պոքս»ը գո­յու­թիւն  ու­նէր այն ժա­մա­նակ, երբ ե­լեկտ­րո­նա­յին նա­մակ­ներ ժո­ղովր­դա­կան կը դառ­նա­յին, ճիշդ էք՝ 50 առ հա­րիւ­րով: Թէեւ այն ա­տեն ա­ւե­լի գո­յա­կան, քան բայ էր: Սա­կայն ինչ կը վե­րա­բե­րի 2012 թուա­կա­նին, բա­ռը կրնայ նաեւ օգ­տա­գոր­ծուիլ իբ­րեւ բայ. «Inbox me»ն հիմ­նա­կա­նին մէջ՝ «ին­ծի անձ­նա­կան հա­ղոր­դա­գիր, նա­մակ ղրկէ» խնդրանքն է, թէեւ մենք այժմ ա­տոր ա­ւե­լի կարճ տար­բե­րա­կը ու­նինք. PM.

6. OMG (2011)

OMG (բա­ցա­գան­չու­թիւն) Կ՚օգ­տա­գոր­ծուի զար­մանք, յուզ­մունք, տա­րա­կու­սանք, եւ այլն ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար:

Ծա­գու­մը.- Կր­ճա­տուած ձե­ւը՝ «Oh my god» (Աս­տուած իմ) ար­տա­յայ­տու­թեան: «OMG» ժո­ղովըր-դա­յին կրճա­տու­մը պատ­մու­թեան մէջ ար­ձա­նագ­րուած է՝ նախ­կին ծո­վա­կալ Ճոն Ֆի­շը­րի նա­մա­կին մէջ, զոր ան 1917-ին յղած է Բրի­տա­նիոյ նախ­կին վար­չա­պետ Սըր Ո­ւինս­թըն Չըր­չի­լի: Այ­սօր «OMG»ն մե­ծա­պէս կ՚օգ­տա­գոր­ծուի՝ զար­մանք, ա­նա-կըն­կալ ար­տա­յայ­տե­լու ա­տեն:

7. LOL (2011)

LOL (կրճա­տում) Բարձ­րա­ձայն խնդալ (laugh out loud): Գլխա­ւո­րա­բար կ՚օգ­տա­գոր­ծուի  ե­լեկտ­րո­նա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մէջ, ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րե­լու «ա­նեք­թոտ»ի մը կամ զուար­ճա­լի ար­տա­յայ­տու­թեան մը վրայ:

Ծա­գու­մը.- Մե­ծա­պէս օգ­տա­գոր-ծըւած է հա­մա­ցան­ցի ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն (1990-ա­կան­նե­րու սկիզ-բը), «ԼՕԼ» ձե­ւով մը  փո­խա­րի­նած է բնագ­րա­յին, բա­ռե­րով հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը: Օգ­տա­գոր­ծուե­լով դէմ­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու (ի­մո­թի­քոն)  ո­ճով,  «ԼՕԼ» այժմ տե­ղադ­րուած է ա­ռօ­րեայ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, գրա­ւոր նա­մակ­նե­րու, ե­լեկտ­րո­նա­յին զրոյց­նե­րու, բա­ռե­րով հա­ղոր­դա­գիր­նե­րու եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու կայ­քե­րուն վրայ:

8. NOOB (2009)

Noob (գո­յա­կան) Ան­հատ մը, որ ան­փորձ է ո­րոշ մար­զի կամ  գոր­ծու­նէու­թեան, յատ­կա­պէս հա­մա­կար­գի­չի կամ հա­մա­ցան­ցի օգ­տա­գործ­ման մէջ:

Ծա­գու­մը.- Սո­վո­րա­բար կը գրուի «n00b» եր­կու զե­րո­յով: Բա­ռը ե­կած է  «newb» կամ «newbie» բա­ռէն, որ կը վե­րա­բե­րի մէ­կու մը, որ նոր կը սկսի  հա­մա­ցանց օգ­տա­գոր­ծել: Զուար­ճա­լի ի­րո­ղու­թիւ­նը այն է, որ այս բա­ռը 2009 թուա­կա­նին գրե­թէ ե­ղաւ անգ­լե­րէ­նի եր­կու­մի­լիո­նե­րորդ բա­ռը, տիտ­ղոս մը, որ փո­խա­րէ­նը տրուե­ցաւ «Web 2.0»-ին:

9. HASHTAG (2009)

Hashtag (գո­յա­կան) Բառ կամ նա­խա­դա­սու­թիւն մը, ո­րուն կը նա­խոր­դէ  «հաշ» նշա­նը (#), որ կ՚օգ­տա­գործուի ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու, ինչ­պէս «Թուի­թըր»ի մէջ, շեշ­տե­լու, հաս­տա­տե­լու հա­մար հա­ղոր­դա­գիր­ներ կամ յա­տուկ նիւ­թեր:

Ծա­գու­մը.- Թէեւ «հաշ­թակ»ը առ­ցանց չէ ստեղ­ծուած, յստա­կօ­րէն վե­րամ­շա­կուած է առ­ցանց օգ­տա­գործ­ման հա­մար:

10. UNFRIEND (2009)

Unfriend (բայ) Վերց­նել, հե­ռաց­նել (անձ մը) ըն­կե­րա­յին ցան­ցին վրայ ըն­կեր­նե­րու կամ հա­ղոր­դակ­ցող­նե­րու ցան­կէն:

Ծա­գու­մը.- «Ան­լայք» բա­ռին նման, «անֆ­րէնտ»ը հա­կա­ռակն է մէ­կը «ըն­կեր» (friend) ը­նե­լուն, երբ ան­ձի մը ա­նու­նը կ՚ա­ւելց­նես ըն­կե­րա­յին ցան­ցի մի­ջո­ցով քե­զի հետ հա­ղոր­դակ­ցող­նե­րու կամ քու ըն­կեր­նե­րուդ ցան­կին վրայ: Սա­կայն  ի տար­բե­րու­թիւն «անլայք» բա­ռին, «անֆ­րէնտ»ը իբ­րեւ տա­րուան բա­ռը  թա­գադրուած է 2009-ին, այն տա­րին, երբ Դի­մա­տետրը կը տա­րա­ծուէր թա­փով:

11. TROLL (2006)

Troll (բայ) Մի­տում­նա­ւոր վի­րա­ւո­րա­կան առ­ցանց ար­տա­յայ­տու­թիւն մը, մար­դիկ տակ­նուվ­րայ ը­նե­լու կամ ա­նոնց­մէ զայ­րաց­կոտ պա­տաս­խա­նը հրահ­րե­լու:

Ծա­գու­մը.- «Թրոլ»նե­րը օգ­տա­գոր­ծուած են 1600-ա­կան թուա­կան­նե­րուն, նկա­րագ­րե­լու հա­մար տգեղ գա­ճաճ­ներ կամ հսկա­ներ, բայց ժա­մա­նա­կա­կից անգ­լե­րէ­նի մէջ այդ բա­ռը կը նկա­րագ­րէ ձկնոր­սու­թեան ձեւ մը, որ զգու­շու­թեամբ կար­թը կ՚ի­ջեց­նէ ջուր հրա­պու­րե­լու հա­մար որ­սը: Բազ­մա­թիւ ա­ռում­նե­րով ա­սի­կա նման է, ա­նոր, թէ ինչ­պէս ո­րոշ մար­դիկ առ­ցանց կը հրահ­րեն կամ կը զայ­րաց­նեն ու­րիշ­նե­րը ան­տե­ղի եւ վի­րա­ւո­րա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րով, փոր­ձե­լով  զգա­ցա­կան ար­ձա­գանգ հրահ­րել: Այդ ա­տե­նէն ի վեր «troll»ը կ՚օգ­տա­գոր­ծուի  նկա­րագ­րե­լու հա­մար առ­ցանց քննար­կում­նե­րուն կոր­ծա­նա­րար ըն­թացք  տա­լու ա­րար­քը:

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 9, 2016