Պերճ Պռօշեան. Հայրենի Գիւղին Եւ Մարդուն Ժողովրդային Երգիչը

Աշ­տա­րա­կե­ցի դեր­ձակ Ս­­տե­փան Տէր-Ա­ռա­քե­լեա­նի ըն­տա­նե­կան հա­մեստ ու չքա­ւոր եր­դի­քին տակ ծնաւ ա­րու զա­ւակ մը՝ ­Յով­հան­նէս ա­նու­նով, որ իր կեան­քով եւ գոր­ծով մնա­յուն ու ար­ժէ­քա­ւոր վաս­տակ մը կա­պեց իր ընտ­րած ­Պերճ Պ­­ռօ­շեան (1837-1907) գրչա­նու­նին եւ ար­ժա­նա­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան դա­սա­կան մե­ծե­րու պա­տո­ւան­դա­նին։

Պերճ Պ­­ռօ­շեա­նի գրա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը հա­րա­զատ ու լու­սա­ւոր հա­յե­լին է հայ գեղ­ջու­կի ի­րա­կան կեան­քին՝ ա­նոր դա­րա­ւոր սո­վո­րոյթ­նե­րուն ու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն, օ­րա­ւուր հա­ցի եւ հո­գեմ­տա­ւոր լոյ­սի հա­մար ա­նոր թա­փած քրտնա­ջան աշ­խա­տան­քին, չա­րա­շա­հում­նե­րու եւ կե­ղե­քում­նե­րու դէմ ա­նոր ընդվ­զու­մին, օ­տա­րի տի­րա­պե­տու­թեան դէմ ա­նոր լուռ ծա­ռա­ցու­մին…

Բայց յատ­կա­պէս հայ գիւ­ղի եւ գիւ­ղա­ցիու­թեան ազ­գա­յին տոհ­միկ հիւ­սո­ւած­քին ու նա­հա­պե­տա­կան կեն­սա­կեր­պին քայ­քայ­ման, ըն­կե­րա­յին հա­կա­սու­թիւն­նե­րու եւ դա­սա­կար­գա­յին հա­կադ­րու­թիւն­նե­րու սրու­մին դէմ պոռթ­կում մըն է Պ­­ռօ­շեա­նի գրա­կա­նու­թիւ­նը, որ սի­րո­ւե­ցաւ եւ խան­դա­ղա­տան­քով պահ­պա­ն-ուե­ցաւ հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ ա­րե­ւե­լա­հայ, թէ՛ ա­րեւմ­տա­հայ ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն կող­մէ։

Իր այդ ար­ժա­նի­քին հա­մար, իբ­րեւ հայ գիւ­ղին եւ հայ գեղ­ջու­կին «ժո­ղո­վր­դա­յին կեան­քի եր­գի­չը», ­Պերճ Պ­­ռօ­շեան իր սե­փա­կան ա­կօ­սը բա­ցաւ ար­դի հայ գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նին մէջ։

Իր ման­կու­թիւնն ու պա­տա­նե­կու­թիւ­նը Պ­­ռօ­շեան ան­ցուց իր ծննդա­վայ­րի ­Տէր-­Թո­դի­կեան վար­ժա­տուն­նե­րուն մէջ, շատ ծանր տա­րաւ ծե­ծով եւ խստա­կեա­ցու­թեամբ ու­սում ջամ­բե­լու ա­տե­նի կղե­րա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը, բայց բախ­տը ու­նե­ցաւ ու­սու­ցիչ ու­նե­նա­լու նաեւ լու­սա­միտ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, ո­րոնց օ­րի­նա­կը վե­րա­ծեց իր կեան­քի հե­տա­գայ ըն­թաց­քը ա­ռաջ­նոր­դող տի­պա­րի։ Պ­­ռօ­շեա­նի կազ­մա­ւոր­ման վրայ հիմ­նա­կան անդ­րա­դարձ ու­նե­ցաւ յատ­կա­պէս Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի Աշ­տա­րակ այ­ցե­լու­թիւ­նը իբ­րեւ կրթա­կան քննիչ։ ­Տէր-­Թո­դի­կեան մե­թոտ­նե­րուն ընդ­դէմ ու փո­խա­րէն Ա­բո­վեա­նի քա­րո­զած ա­զատ ման­կա­վար­ժու­թեան սկզբունք­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին ա­մե­նէն պարզ եւ ի­րա՛ւ խա­ւին՝ գեղ­ջու­կին բա­ցո­ւե­լու եւ ա­նոր վէր­քե­րուն ու ե­րազ­նե­րուն եր­գի­չը դառ­նա­լու Ա­բո­վեա­նի գրա­կան հան­գա­նա­կը յա­ռա­ջա­տար ար­ժէք ու մղիչ ուժ դար­ձան Պ­­ռօ­շեա­նի հա­մար։

Ա­ւար­տե­լով Աշ­տա­րա­կի ծխա­կան վար­ժա­րա­նը եւ ար­ժա­նա­նա­լով ­Ներ­սէս Աշ­տա­րա­կե­ցի Կա­թո­ղի­կո­սի ու­շադ­րու­թեան, 1849-ին, Պ­­ռօ­շեան իբ­րեւ անվ­ճար ու­սա­նող ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լի­զի Ներ­սի­սեան վար­ժա­րա­նը, որ­մէ փայ­լուն յա­ջո­ղու­թեամբ շրջա­նա­ւարտ ե­ղաւ 1853-ին։

Թէեւ Պ­­ռօ­շեան չըն­դա­ռա­ջեց կու­սակ­րօն միա­բան դառ­նա­լու ­Կա­թո­ղի­կո­սի յոր­դոր­նե­րուն, այ­սու­հան­դերձ՝ ու­սուց­չու­թիւ­նը ընտ­րեց իբ­րեւ կեան­քի աս­պա­րէզ եւ ա­ւե­լի քան կէս դար ու­սուց­չա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց իր ծննդա­վայր Աշ­տա­րա­կի, ­Թիֆ­լի­զի, ­Շու­շիի, Աստ­րա­խա­նի եւ կով­կա­սա­հայ այլ ոս­տան­նե­րու մէջ։

Նո­րա­հաս սե­րուն­դին առ­ջեւ լոյ­սի ճա­նա­պար­հը բա­ցող ման­կա­վարժ մը ե­ղաւ Պ­­ռօ­շեան։ Խա­ւա­րամ­տու­թեան դէմ ան­հաշտ պայ­քար մղեց՝ ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ հա­ւա­տա­ւոր հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նի ար­ժէ­քին ու ա­ռա­քե­լու­թեան միշտ պա­հա­պան եւ հա­ւա­տա­րիմ հե­տե­ւող մնա­լով հան­դերձ։ ­Մէկ կող­մէ իր նպաս­տը բե­րաւ ա­զատ ման­կա­վար­ժու­թեան տա­րած­ման, իսկ միւս կող­մէ հայ կնոջ ի­րա­ւունք­նե­րու ա­ռա­ջին պաշտ­պան­նե­րէն հան­դի­սա­ցաւ՝ իր ծա­ռա­յու­թեան տար­բեր կեդ­րոն­նե­րուն մէջ աղջ­կանց վար­ժա­րան­նե­րու բաց­ման դրօ­շա­կիր դառ­նա­լով։

Ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէ­զը մե­ծա­պէս օգ­նեց Պ­­ռօ­շեա­նի, որ ա­մէ­նուր մօ­տէն ծա­նօ­թա­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի պարզ ու հա­մեստ խա­ւին, ա­նոր սո­վո­րոյթ­նե­րուն եւ ա­ւան­դու­թեանց, ցա­ւե­րուն եւ տեն­չե­րուն։ Այդ ա­մէ­նը ներշնչման աղ­բիւր դար­ձան ե­րի­տա­սարդ մտա­ւո­րա­կա­նին հա­մար, որ­պէս­զի ու­սուց­չու­թեան կող­քին նո­ւի­րու­մով փա­րի գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան։ ­Հա­զիւ 23 տա­րե­կան էր Պ­­ռօ­շեան, երբ լոյս ըն­ծա­յեց իր ա­ռա­ջին վէ­պը՝ «­Սօս եւ ­Վար­դի­թեր»ը, որ ան­մի­ջա­պէս ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւեց ա­տե­նի յա­ռա­ջա­դէմ հայ գրող­նե­րուն, ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ ­Մի­քա­յէլ ­Նալ­պան­տեա­նի, որ բան­տա­յին իր խու­ցէն խրա­խու­սա­կան տո­ղեր նո­ւի­րեց Պ­­ռօշեա­նին։

Պ­­ռօ­շեան աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ, նաեւ, ­Թիֆ­լի­զի մէջ ու­սուց­չա­կան իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նին, ա­րե­ւե­լա­հա­յոց թատ­րո­նի հիմ­նադ­րու­թեան եւ ծաղ­կու­մին՝ իր կար­գին թատ­րեր­գու­թեան սե­ռը փոր­ձե­լով եւ «Ա­ղա­սի» ու «­Բամ­պակ առ­նո­ղը» գոր­ծե­րը հրա­տա­րա­կե­լով։

Պ­­ռօ­շեան ա­րագ եւ ա­ռատ ար­տադ­րող մը չե­ղաւ, ո­րով­հե­տեւ օ­րա­պա­հի­կի ա­պա­հով­ման հա­մար, ու­սուց­չու­թեան եւ մա­մու­լի աշ­խա­տակ­ցու­թեան կող­քին, պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ նաեւ ա­զատ աս­պա­րէ­զի մէջ գոր­ծե­րու ձեռ­նար­կել. եր­կար ժա­մա­նակ լու­սան­կար­չու­թեամբ պա­րա­պե­ցաւ։

1878ին լոյս ըն­ծա­յեց իր երկ­րորդ վէ­պը՝ «Կ­­ռո­ւա­ծա­ղի­կը», ո­րուն 1880-ին հե­տե­ւե­ցաւ «­Հա­ցի խնդիր» վէ­պը, որ իր տե­սա­կին մէջ հան­դի­սա­ցաւ Պ­­ռօ­շեա­նի ըն­կե­րա­յին աշ­խար­հա­յեացքն ու հան­գա­նա­կը լա­ւա­գոյնս խտաց­նող եր­կը։ Պ­­ռօ­շեա­նի վի­պագ­րու­թեան միւս ե­րեք գոր­ծե­րը՝ «Ս­­կիզբ եր­կանց»ը, «­Ցե­ցեր»ը եւ «­Յու­նօ»ն ­լոյս տե­սան յա­ջոր­դա­բար 1889-ին, 1892-ին եւ 1900-ին։

Պ­­ռօ­շեա­նի բո­լոր գոր­ծե­րուն մէջ ալ ծննդա­վայր Աշ­տա­րա­կը, իր բար­բա­ռով թէ բար­քե­րով, հա­սա­րա­կա­կան իր շա­ղա­խով թէ ազ­գա­յին խնդիր­նե­րով, ներշնչ­ման գլխա­ւոր աղ­բիւ­րը դար­ձաւ ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան տա­րեր­քին։ Ինչ որ պակ­սե­ցաւ Պ­­ռօ­շեա­նին իբ­րեւ վէ­պի կա­ռուց­ման, տի­պար­նե­րու ստեղծ­ման եւ շար­ժուն կեան­քի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մշա­կում, ան փո­խա­րի­նեց հայ ժո­ղովր­դա­յին կեան­քի հա­րա­զատ նկա­րագ­րու­թեան եւ վեր­ծան­ման հա­րուստ եւ վա­րար հոս­քով։ ­Թէեւ ա­տե­նին ­Լէո­յի նման հե­ղի­նա­կու­թիւն­ներ քննա­դա­տե­ցին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մշակ­ման ա­ռու­մով Պ­­ռօ­շեա­նի թե­րու­թիւն­նե­րը, բայց ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին եւ հայ ժո­ղովր­դա­յին կեան­քի փո­փո­խու­թեան հետ, 19-րդ ­դա­րու երկ­րորդ կի­սու ա­րե­ւե­լա­հայ գա­ւա­ռի հա­րա­զատ պատ­կե­րա­ցու­մը մեծ չա­փով մենք կը պար­տինք Պ­­ռօ­շեա­նի։

Երբ ա­մէ­նուր ա­րե­ւե­լա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը բուռն պայ­քար կը մղէր յա­նուն աշ­խար­հա­բա­րի որ­դեգ­րու­մին, Պ­­ռօ­շեան գրա­կան մշա­կու­մի ար­ժա­նա­ցուց Աշ­տա­րա­կի հա­յոց բար­բա­ռը եւ ա­նոր մէջ գտաւ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար հասկ­նա­լի ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը։

Երբ 1860-ա­կան­նե­րուն ա­զա­տու­թեան ու ար­դա­րու­թեան եւ­րո­պա­կան գա­ղա­փար­նե­րը կ­­’ա­լե­կո­ծէին ­Ցա­րա­կան կայս­րու­թիւ­նը, այդ ճամ­բով նաեւ կով­կա­սա­հա­յու­թեան կեան­քը, Պ­­ռօ­շեան փա­րե­ցաւ «հայ ժո­ղովր­դա­յին կեան­քի եր­գի­չը» դառ­նա­լու իր կո­չու­մին եւ ամ­բողջ կեանք մը շնչա­ւո­րեց ու ի­մաս­տա­ւո­րեց այդ ա­ռա­քե­լու­թեամբ։

Եօ­թա­նա­սուն տա­րե­կան էր ­Պերճ Պ­­ռօ­շեան, երբ ­Պա­քու այ­ցե­լու­թեան մը ըն­թաց­քին ա­նակն­կալ հի­ւան­դու­թիւ­նը հա­րո­ւա­ծեց զինք։

1907-ին իր աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց հայ­րե­նի գիւ­ղին ու հայ գիւ­ղա­ցիին հա­մով ու հո­տով կեան­քը ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ներշնչ­ման յորդ աղ­բիւ­րի վե­րա­ծած ա­րե­ւե­լա­հայ ար­ձա­կի եւ վի­պագ­րու­թեան դա­սա­կան այս ռահ­վի­րան։

Իր յի­շա­տա­կը պատ­գամ­նե­րով շնչա­ւո­րե­լու հա­մար, հա­տո­ւած­ներ կը ներ­կա­յաց­նենք Պ­­ռօ­շեա­նի կտա­կը հան­դի­սա­ցող «­Հա­ցի խնդիր» գոր­ծէն.

– ­Նա­հա­պե­տա­կան պարզ սո­վո­րու­թիւն­ներն օ­րըս­տօ­րէ ան­հե­տա­նում են, բա­րե­կա­մու­թիւն, հա­րե­ւա­նու­թիւն սուրբ բա­ռերն ի­րանց նշա­նա­կու­թիւ­նը մի­միայն քա­ղա­քա­վա­րու­թեան ձե­ւե­րի մէջ են պա­հում. էլ չկայ այն ըն­տա­նե­կան կա­պը, որ օ­տար­նե­րին մի­մեանց հետ մի տան պէս պա­հում էր, խոր գիւ­ղե­րում, որ­պէս եւ ի­ցէ, այժմ կը տես­նես նախ­կին քաղց­րու­թեան ստո­ւե­րը, իսկ քա­ղաք­նե­րումն ու մե­ծա­մեծ գիւ­ղե­րու­մը՝ եր­բե՛ք: ­Մի անմ­խի­թար ա­պա­գայ է գու­շա­կում մեզ այս բա­նը:

– ­Մարդս չի ի­մա­նում, թէ վաղն իւր գլխին ի՞նչ պէտք է գայ, նա, որ այ­սօր եր­ջա­նիկ է, չի մտա­ծում, թէ կա­րող է մի տա­րուց, մի ամ­սից, մի ժա­մից յե­տոյ վեր­ջին թշո­ւա­ռը դառ­նալ: Ան­պատս­պար չքա­ւո­րը, որ իւր կեան­քը ան­բախ­տու­թեան շղթա­յի մէջ կաշ­կան­դո­ւած է հա­մա­րում, յան­կարծ մի չնչին պատ­ճա­ռից տես­նում է ի­րան եր­ջան­կու­թեան ծայ­րին կանգ­նած։ ­Բայց այս­պի­սի հա­զա­րա­ւոր օ­րի­նակ­նե­րը, մեր աչ­քի ա­ռա­ջին ա­մէն օր պա­տա­հած կեան­քի փո­փո­խու­թիւն­նե­րը մար­դուս վ­­րայ սա­կաւ տպա­ւո­րու­թիւն են ա­նում, բախ­տա­ւո­րը էլ վա­ղո­ւան հա­մար չի ու­զում մտա­ծել, ան­բախտն էլ ի­րան յա­ւի­տեան կո­րած է հա­մա­րում:

Ե­թէ մարդս այս բա­նը կա­րո­ղա­նար ա­ռանց ու­շադ­րու­թեան թող­նել, ե­թէ աղ­քա­տը չյու­սա­հա­տէր իւր ներ­կայ դառն դրու­թեան վե­րայ, ե­թէ հա­րուս­տը միշտ աչ­քի ա­ռաջ ու­նե­նար այս փո­փո­խու­թիւն­նե­րը, այս­քան զեղ­ծում­ներ չէին պա­տա­հիլ, տնան­կու­թիւ­նը ար­հա­մար­հած չէր լի­նիլ, ի­րա­ւունք, ար­դա­րու­թիւն եւ պար­տա­ճա­նա­չու­թիւն ի­րանց նշա­նա­կու­թիւ­նը պահ­պա­նած կը լի­նէին եւ մարդ­կու­թիւ­նը իւր բռնե­լիք ըն­թաց­քից չէր շե­ղո­ւիլ:

– ­Մար­դուն տո­ւած է գոր­ծել, աշ­խարհ­քիս բա­րի­քը վա­յե­լե­լու, եր­ջա­նիկ կեանք անց­նե­լու հա­մար քրտինք թա­փել, տքնիլ, գլու­խը վտան­գի են­թար­կել, բայց ար­դա­րու­թեան դեմ չմե­ղան­չել, ու­րի­շի ու­նե­ցա­ծը ա­նուղ­ղա­կի մի­ջոց­նե­րով չյափշ­տա­կել, ծուռն եւ պար­սա­ւե­լի ճա­նա­պար­հով ար­ծա­թի ու փառ­քի հա­մար անձ­նու­րաց եւ ըն­կե­րա­դաւ չլի­նել, այս բա­նե­րը նե­րե­լի չեն հո­գե­կան և մ­տա­ւոր ա­րա­րա­ծին։

– Ճշ­մա­րիտ է այն խօս­քը, թէ մար­դուս գլխա­ւոր դա­տա­ւորն իւր խիղճն է. նրա­նից ար­դար եւ ոչ մի դա­տաս­տան ա­նող չի ե­ղել ի սկզբա­նէ ան­տի եւ չի էլ լի­նե­լու, ի՛նչ գոր­ծում եւս՝ բա­րի կամ չար, խիղ­ճը քե­զա­նից ան­բա­ժան է, տես­նում է ա­րած­ներդ և­ իւր վճիռն ա­մէն­քից ա­ռաջ տա­լիս է, կամ դափ­նի պսակ եւ կամ յան­ցա­ւո­րի սեւ կնիք է դնում ճա­կա­տիդ։

Ոչ մի վճիռ, կա­րե­լի է ա­սած, այն­պէս զգա­լի չի լի­նում, ինչ­պէս մար­դուս ներ­քին դա­տա­ւո­րի, ա­մէն­քին ի­րան է յայտ­նի, թէ ինքն ին­չո՞ւ այ­սօր խիստ ու­րախ է, կամ ի՞նչ կնճիռ­ներ են պա­տել նրա ե­րե­սին, կ­­՛ու­զես փա­կո­ւիր սե­նեա­կումդ, կ­­՛ու­զես ան­կող­նի մէջ մտիր, գլուխդ վեր­մա­կի տա­կը կո­խիր, ե­թէ դու քո դա­տա­ւո­րի ա­ռա­ջին սե­ւե­րես ես, մի սուր խայ­թոց թա­կում է սիրտդ, իսկ ե­թէ պար­զե­րես՝ մի հրճո­ւանք, մի ու­րա­խու­թիւն փա­ռա­ւո­րում է քե­զ։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 9, 2016