ՊՏՈՅՏ ՄԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Հայաշխարհի մէջ օր ըստ օրէ կ՚աճի թուային գրադարաններուն քանակը: Ամէն օր հայ գրականութեան, պատմութեան եւ մամուլի բազմահազար էջեր կը թուայնացուին եւ կը տեղադրուին համացանցի մէջ՝ գիրքն ու թերթը աւելի հասանելի դարձնելով ընթերցողին: Աշխարհի կարգ մը թուային գրադարաններ հանրութեան համար բաց ու անվճար են, մինչ ուրիշներ ունին ազատ օգտուելու որոշակի սահմանափակումներ, որոնց կը յաջորդէ համացանցի միջոցաւ վճարովի դրութիւնը:

Հայաշխարհի գրադարանները գրեթէ անվճար են եւ թուայնացման գործի հայ մասնագէտները այդ մէկը ըրած են նկատի ունենալով հայ գիրին, գրականութեան հանդէպ հետաքրքրութեան թերեւս ոչ բարձր մակարդակը: Վճարովի դարձնելու պարագային վտանգ կայ, որ հայագիտութեամբ, հայ գրականութեամբ, հայերէն գիրքերով հետաքրքրուողներուն, ընթերցողներուն թիւը պակսի:

Հայաշխարհի մէջ թուայնացումը ժամանակակից միջոց մըն է ոչ միայն պահելու ընթերցողներուն առկայ թիւը, այլ համացանցին ընձեռնած հասանելիութեան, մատչելիութեան միջոցով բարձրացնելու հետաքրքրութիւնը հայ գիրքերուն հանդէպ:

Հայաշխարհի թուային գրադարաններու կարգին է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան թուային գրադարանը, որ կը գործէ libmindiaspora.am հասցէով: Ինչպէս փոքր գրադարանները, այս գրադարանն ալ, յատուկ ուղղուածութիւն մը ունի: Ան հիմնականօրէն ուղղուած է Սփիւռքին կամ Սփիւռքին առընչուող գիրքեր կը թուայնացնէ, սակայն այդ մէկը չի խանգարեր, որ նախարարութեան թուայնացուցած գիրքերը հետաքրքրեն բոլորը: Թուային տարածքին վրայ Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծած գրադարանին նպատակը համացանցին վրայ առկայ հայերէն գրականութեան եւ հայալեզու ուսումնական ու գիտահանրամատչելի նիւթերուն բացն ու պակասը լրացնելն է:

Նախարարութիւնը օրակարգային կը համարէ Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի պահպանման եւ տարածման հարցը: Սփիւռքահայութեան մէջ ստուար հատուած մը չի տիրապետեր կամ մասնակիօրէն կը տիրապետէ իր մայրենի լեզուին՝ հայերէնին: Սփիւռքի տարածքին հայալեզու տպագիր գրականութեան ոչ բաւարար քանակը կրնայ լրացնել համացանցը, սակայն համացանցի մէջ հայերէնով նիւթերու քանակութիւնը, տարածուած ուրիշ լեզուներու համեմատութեամբ, չափազանց քիչ է, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի օգտուողներուն հնարաւորութիւն չի տար մնալու հայկական միջավայրին մէջ:

Հայկական թուային գրադարանները վերջերս սկսած են աճիլ եւ յառաջանալ, մինչդեռ աշխարհի մէջ թուային գրադարանները վաղուց արդէն գոյութիւն ունին եւ մանաւանդ անգլերէնով թուայնացման գործընթացը անսանձելի կերպով կը սլանայ, իսկ Սփիւռքի հայերը, յատկապէս անոնք, որոնք չեն բնակիր հայաշատ եւ հայերով խիտ համայնքներու մէջ, կը հեռանան հայկական միջավայրէն՝ հայկական մշակոյթէն, գրականութենէն, արուեստէն, ազգային արժէքներէն։

Նախարարութիւնը, այս մտահոգութիւնները նկատի առնելով, ստեղծած է այս գրադարանը՝ հաւատալով, որ մանաւանդ Սփիւռքը հետաքրքրող նիւթերով հայալեզու գրադարանի մը ստեղծումը մէկն է այն պայմաններէն, որուն առկայութեան պարագային աշխարհի որեւէ կէտին վրայ գտնուող հայը, ցանկութեան պարագային, կրնայ ապրիլ եւ գործել առցանց հայկական աշխարհին մէջ՝ հայկական տեղեկատուական, մշակութային, կրթական միջավայրէն ներս։ Նախարարութեան ստեղծած գրադարանին մէջ նկատի առնուած են արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն գրական ժառանգութեան առկայութիւնը, ժամանակակից եւ դասական ուղղագրութիւնները: Կան նաեւ անգլերէնով եւ ռուսերէնով թուայնացուած, բայց հայկական բովանդակութեամբ գիրքեր:

Թուային այս գրադարանին բաժինները կը համալրուին ամէնօրեայ աշխատանքի հետեւանքով, կը թուայնացուին Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի դասական ու ժամանակակից հեղինակներու ստեղծագործութիւնները, աշխատութիւնները, հոգեւոր, գիտական, ուսումնական բազմազան գրականութիւնը: Գրադարանին մէջ կը զետեղուին նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Սփիւռքի համայնքներու պատմութեան, Մեծ եղեռնի, արցախեան հիմնահարցերու, հայագիտութեան վերաբերեալ նիւթեր: Աշխատանք կը տարուի նաեւ Սփիւռքի այն դպրոցներուն համար, ուր դասագիրքերու կարիք կայ: Կը թուայնացուին դպրոցական դասագիրքեր, մասնաւորապէս՝ Սփիւռքի դպրոցներուն համար պատրաստուած: Ատոնցմէ են Սփիւռքի դպրոցներու համար Գրականութեան դասագիրքը (Երեւան 2014թ.), «Արեւմտահայերէնի քերականութիւն» դասագիրքը՝ իր քանի մը հատորներով եւ այլն, որոնց էջերը դրուած են համացանցի վրայ:

Ժամանակակից գրադարաններուն պէս այս գրադարանին մէջ նաեւ տեսանիւթեր, ձայնագրութիւններ կան, փնտռողը այստեղ կրնայ տեսնել նաեւ անհրաժեշտ բառարաններ, համայնագիտարաններ: Գրադարանին մէջ սփիւռքահայ մանուկներուն համար կարելի է գտնել արեւմտահայերէնի հիմունքներուն ծանօթացնող Haybuben բջիջային յաւելուածը, որ App Store-էն կրնայ անվճար ներբեռնուիլ, տեղադրուիլ հեռաձայնի կամ այ փետի մէջ եւ մանուկները կրնան այբուբենը եւ հայերէնի այլ տարրական դասեր իւրացնել: Սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններէ, կառոյցներէ, դպրոցներէ յաճախ իրենք կը դիմեն՝ այս կամ այն գիրքը թուայնացնելու եւ, նախարարութիւնը ընդառաջելով այդ դիմումներուն, կարճ ժամանակի ընթացքին գիրքը կը դնէ համացանցի վրայ: Գրադարանին մէջ վերջին թուայնացուած գիրքը անցեալ Դեկտեմբերին տեղադրուած է եւ Աւետիս Ահարոնեանի «Սարտարապատէն մինչեւ Սեւր եւ Լոզան (Քաղաքական օրագիր)», հրատարակուած Պոսթըն, 1943 թուականին հատորն է:

Այս գողտրիկ գրադարանի թուայնացուած գիրքերուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն արեւմտահայերէն գիրքերը:

Դարձեալ Դեկտեմբեր ամսուն, արեւմտահայերէն բաժնին մէջ տեղադրուած է Մեթր Գ. Տէրտէրեանի «Սարտարապատէն անդին՝ համահայկական գոյամարտի երեք ջոկատները» գիրքը, հրատարակուած Պէյրութ, 1996 թուականին:

Արեւմտահայերէնով գիրքեր փնտռող ընթերցողը այստեղ կրնայ կարդալ պոլսահայ խմբագիր Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյց»ի 1922, 1924 թուկաններուն լոյս տեսած տարեգիրքերը: Հետաքրքրական է անոնց մէջ կարդալ նամակներ, գրական գործեր, յուշեր, վկայութիւններ, տեսնել, որ տարեցոյցին իրենց աշխատակցութիւնը բերած են Եղիշէ Արք. Դուրեան, Վահան Թէքէեան, Եղիա Տէմիրճիպաշեան, Գ. Կառվարենց, Զապէլ Եսայեան, Նշան Պէշիկթաշլեան, Ռուբէն Որբերեան, Մկրտիչ Պարսամեան եւ ուրիշներ:

Առանձին էջերով թուայնացուած է ուրիշ տարեգիրք մը՝ 1925, 1926 թուականներու «Ամերիկահայ հանրագիտակ»ը, որ լոյս տեսած է Պոսթընի մէջ եւ կրկին ժամանակի շունչը կը փոխանցէ՝ անցեալ դարասկիզբի ամերիկահայ կեանքին մասին վաւերական եւ հետաքրքրական նիւթերով: Նմանապէս հասանելի են նաեւ Հայկ Գարագաշի «Պարսկահայոց տարեցոյց»ը (Թեհրան, 1927թ.), Մ. Աճէմեանի «Սուրիահայ տարեցոյց»ը (Հալէպ 1924թ.): Կան թուայնացուած ամսագրեր. ինչպէս՝ Պէյրութի «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի զանազան տարիներու հրատարակութիւններ:

Լիբանանահայ խմբագիր, հրապարակագիր, մանկավարժ, ազգային-քաղաքական գործիչ Գերսամ Ահարոնեանի «Խոհեր յիսնամեակի աւարտին» (Պէյրութ, 1966թ.) գիրքը «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրականներու շարքն է, որու մէջ Եղեռնի 50-ամեակի աւարտին կատարուած հետա-քըրքրական մտորումներ կան, գաղութէն ներս տեղի ունեցած ձեռնարկներու մասին նիւթեր, լուսանկարներ: Գիրքը, ինչպէս գրադարանի մէջ տեղադրուած միւս գիրքերը, կարելի է ազատ ներբեռնել եւ ընթերցել:

Թուայնացուած մէկ այլ ուշագրաւ գիրք է «Աղեքսանդր Մանթաշեանց. Մեծ վաճառականն ու բարեգործը» խորագրեալ հատորը (Վիեննա, 1931թ., հեղինակ՝ Ա. Սարուխանեան): Տակաւին 1931 թուականին լոյս տեսած գիրքը նորովի թերթելով՝ յայտնի եւ անյայտ մանրամասնութիւններ կը կարդանք մեծ բարերարին՝ Մանթաշեանցի մասին:

Արշակ Ալպօյաճեանի «Պատմութիւն հայ գաղթականութեան» (Գահիրէ) գիրքը՝ իր երեք հատորներով, միշտ ալ ուրոյն տեղ գրաւած է հայ գաղթականութեան քարտէսը պատկերող գրականութեան մէջ: Ահաւասիկ, այդ հատորները նոյնպէս հասանելի են Սփիւռքի նախարարութեան թուային գրադարանին մէջ: Նոյն հեղինակէն թուայնացուած է նաեւ «Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ» գիրքը:

Նախարարութիւնը իր գրադարանի մէջ նաեւ ձայնային գիրքեր տեղադրած է. ինչպէս՝ Արշակ Չօպանեանի «Քարէ անկողին», «Փողոցի աղջիկը», «Լուսնին նամակը», «Սէրը», «Արցունքն ու ծիծաղը» ստեղծագործութիւնները, զորս գեղեցիկ արեւմտահայերէնով կը կարդայ սփիւռքահայ Սեւան Քէլէշեան:

Պատմական վաւերագրութեամբ հարուստ գիրք մըն է Գրիգոր Պասմաճեան հեղինակի «Օրմանեան Սրբազան եւ եգիպտահայ գաղութը 1896-1918» (Գահիրէ, 1973թ.) գիրքը: Օրմանեան Պատրիարքի անունը սերտօրէն կապուած է եգիպտահայ գաղութին հետ, եւ ահաւասիկ, գիրքին միջոցաւ կարելի է պատկերացում կազմել Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի եգիպտահայոց առաջնորդ եղած տարիներուն մասին եւ այն ազդեցութեան մասին, որ ան ունեցած է եգիպտահայոց գաղութին վրայ: Գիրքին մէջ նկարագրուած են անոր դէմ տարուած պայքարն ու այդ տարիներու հայ եկեղեցական կեանքէն ներս եղած խժդժութիւնները: Թուայնացուած են նաեւ գիրքի մէջ տպագրուած լուսանկարները, փաստաթուղթերը, հրամանագրերը, արտօնագիրներն ու այլ վաւերական արժէք ներկայացնող գիրեր:

Զատ դարանի մէջ տեղադրուած է Մաղաքիա Օրմանեանի «Ծիսական բառարան»ը:

Եգիպտոսի գաղութին մասին այլ հետաքրքրական գիրքեր եւս կան թուային գրադարանին մէջ. ատոնցմէ են Գէորգ Մսըրլեան «Ականաւոր հայեր Եգիպտոսի մէջ» (Գահիրէ, 1947թ.), Արտաշէս Գարտաշեանի «Նիւթեր Եգիպտոսի հայոց պատմութեան համար, Ա. Պատմութիւն եգիպտահայ եկեղեցիներու եւ գերեզմանատուններու» (Գահիրէ, 1943թ.):

Հալէպի մէջ լոյս տեսած ուշադրութեան արժանի գիրքերէն գրադարանի պատասխանատուներ ընտրած եւ թուայնացուած են խումբ մը. ինչպէս՝ Եդուարդ Ա. Ոսկերիչեանի «Կիլիկեան յուշեր 1907-1929» գիրքը եւ յուշագրութիւններու այլ շարք մը: Արժէքաւոր լուսանկարներով յագեցած եւ արդէն թուայնացուած գիրք մըն է Արտաւազդ Արքեպիսկոպոս Սիւրմէեանի (առաջնորդ Հալէպի) «Պաղրասի բերդը» գիրքը (Հալէպ, 1937թ.):

Հրանդ Բաստրմաճեանի՝ տակաւին 1949 թուականին լոյս տեսած «Հայոց պատմութիւն» հատորի «Երկու խօսք»ին մէջ կը կարդանք, որ հեղինակին փափաքը եղած է ֆրանսերէնով լոյս տեսած իր գիրքը հայերէն թարգմանուած տեսնել: Օրին

«Հրանդ Սամուէլ» գրատան հրատարակութեամբ լոյս տեսած գիրքը արժանացած է Պրեմոնի մրցանակին: Գիրքը Պէյրութի Համազգայինի միջոցներով Մուշեղ Իշխան 1954 թուականին թարգմանած է հայերէնի եւ ատկէ շատ տարիներ յետոյ, ահաւասիկ, գիրքը այսօր արդէն թուային աշխարհի մէջ է, եւ թարգմանչի յառաջաբանով զետեղուած է ազատ ընթերցանութեան համար: Պատմական գիրքերու կարգին են Ռուբէնի «Հայաստան միջցամաքային ուղիներու վրայ» (Պէյրութ, 1984թ.) հատորը, Նիկոլ Աղբալեանի «Դասախօսութիւններ»ը (Պէյրութ, 1951թ.): Հարուստ է նաեւ արեւելահայերէնով պատմական թուայնացուած գիրքերու դարանը:

Այս գրադարանին մէջ ուշագրաւ գործեր կան ֆրանսահայ գրող, բանաստեղծ, հասարակական գործիչ Վազգէն Շուշանեանէն: Թուայնացուած են գրողին «Ճերմակ Վարսենիկ» (Պէյրութ 1960թ.), «Մահուան առագաստը եւ առաջին սէրը» (Պէյրութ 1959թ.), «Երկիր յիշատակացը» (Երեւան 1966թ.), որու մէջ Շուշանեանի «Գարնանային սիրոյ նամակներ», «Ամրան գիշերներ», «Երկիր յիշատակաց» ստեղծագործութիւնները կան: Թուայնացուած է նաեւ Շուշանեանի՝ աւելի ուշ 1995 թուականին Երեւանի մէջ Պետական համալսարանի եւ Եղիշէ Չարենցի գրականութեան եւ արուեստի հիմնարկի կողմէ հրատարակուած «Ներքին դաշտանկար» գիրքը, որ անոր անտիպ ժառանգութենէն կազմուած հատոր մըն է, որ նոյնպէս, ինչպէս գրողի այլ գիրքեր, կը բացայայտէ Շուշանեանի անհատական մեծ խնդիրները՝ ազգային, քաղաքական, պատմական դրսեւորումներով: Ձեռագիրը հրատարակութեան պատրաստած է եւ գիրքին յառաջաբանը գրած է Սարգիս Փանոսեան:

Շուշանեանէն գողտրիկ պատմուածքներ եւս կարելի է գտնել գրադարանի թուային դարաններուն մէջ. ինչպէս՝ «Մելամաղձիկ ժամեր», «Երբ սենեակիս մէջ մարդիկ կը վիճին»: Կան պատմուածքներ Երուանդ Օտեանէն, Արփիար Արփիարեանէն, Վահան Թոթովենցէն, Հրաչ Զարդարեանէն, Համաստեղէն, Յակոբ Մնձուրիէն, Վահէ Հայկէն, Սիրան Սեզայէն, Արամ Հայկազէն, Երուխանէն, Բենիամին Նուրիկեանէն, Սոնա Թընկըրեանէն, Օննիկ Չիֆթէ Սարաֆէն, Մանուէլ Ադամեանէն, Րաֆֆի Քեպապճեանէն, Վազրիկ Բազիլէն եւ արեւմտահայերէնով ստեղծագործած բազում այլ հեղինակներէ: Թուայնացուած են նաեւ արեւմտահայերէն քերթուածներ բազմաթիւ հեղինակներէ. օրինակ՝ Ղեւոնդ Ալիշան, Նահապետ Ռուսինեան, Պետրոս Դուրեան, Թովմաս Թէրզեան, Գարեգին Պէշկէօթիւրեան, Մատթէոս Զարիֆեան եւ այլ ծանօթ անուններ:

Թուային ուրիշ այլ գրադարաններու մէջ ալ կարելի է գտնել Շահան Շահնուրէն գործեր։ Ահաւասիկ, Սփիւռքի նախարարութիւնն ալ թուայնացուցած է Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» յանրայատ վէպին Փարիզ 1929-ին լոյս տեսած տարբերակը: Գալով սփիւռքահայ գրողներուն, նոյնպէս թուայնացուած կարելի է ընթերցել Նիկողոս Սարաֆեանի երկերը: Երեւանի մէջ 1988-ին լոյս տեսած այս հատորին մէջ կան գրողի քերթուածները եւ «Վենսենի անտառը» ստեղծագործութիւնը:

Սփիւռքահայ գրողներու շարքը կը շարունակէ Զարեհ Որբունին, որմէ թուայնացուած են «Փորձը», «Եւ եղեւ մարդ», «Պատմուածքները», որոնք ալ 1967 թուականին Երեւան լոյս տեսած հատորի մէջ ամփոփուած են:

Այստեղ հասանելի են նաեւ ժամանակակից ստեղծագործողներէն Գրիգոր Պըլտեանի գիրքերը. ինչպէս՝ «Յակոբ Օշական եւ արեւմտահայ նորավէպը», «Լեւոն Շանթ եւ թատրոնի էութիւնը», «Յակոբ Օշական քննադատ», «Եղիա Տէմիրճիպաշեան՝ անգործ» գրաքննական գիրքերը, «Մթնշաղ կամ բանաստեղծը, որ գիտէ ցնորքը կախարդանքը գրութեան», «Գրական քննադատութենէն դէպի ընթերցումի ընդերքը» եւ այլ գիրքեր:

Թուային գրադարանին նիւթերը ազատ ներբեռնելի են: Կան հեղինակներու եւ թեմաներու դասակարգումներ, որոնց միջոցաւ հնարաւոր է դիւրութեամբ գտնել որոնելի որեւէ նիւթ: Գրադարանը համալրման եւ ձեւաւորման մէջ է, եւ տարուող աշխատանքի շնորհիւ ժամանակի ընթացքին կ՚ունենանք մանաւանդ Սփիւռքը հետաքրքրող ժամանակակից գրադարան մը, որ կը գործէ առանց գրադարանավարի, բաց ու անվճար…

Հետաքրքրուելով Հայկական թուային գրադարաններով, փորձեցինք փնտռել եւ գտնել ուրիշ այլ թուային գրադարաններ ու ժամանակակից առցանց տարածքներ, որոնց վրայ կան հայերէն գիրքեր:

Ամենէն մեծ ու ընդգրկուն թուային գրադարանը հայաշխարհի մէջ ստեղծած է Հայաստանի Ազգային գրադարանը, որ հայ գրականութեան ամենէն մեծ շտեմարանն է աշխարհի մէջ: Այն կը թուայնացնէ իր ունեցած ամէն ինչը եւ ազատօրէն օգտուելու համար կը դնէ համացանցին մէջ: Միեւնոյն ժամանակ թուայնացման մեծ աշխատանք կը կատարէ նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գրադարանը, որ նոյնպէս ունի թուայնացուած հարուստ գրականութիւն: Այլ հայկական գրադարաններու կարգին են՝ Գրապահարան անունով գրադարանը, Վիքիդարանը, ԵԱՎՐՈՒՀՐԱՏ-ել. Գիրքեր անունով գրադարանը, որ Մարատ Եաւրումեան անունով մասնագէտ մը ստեղծած է:

Ուրիշ գրադարան մը՝ ԳՐՔԱՍԷՐ-ը իր թուայնացուած գիրքերը կը տրամադրէ ոչ միայն Փի.Տի.Էֆ.-ի, նկարներու եւ տարբեր ձեւաչափերով, այլ՝ ձայնաւոր: Այսինքն, ընթերցողը, գրադարանին մէջ գոյութիւն ունեցող հեղինակներուն գործերը ոչ միայն կրնայ կարդալ, այլ նաեւ՝ լսել:

Մանկական գրադարան մը ստեղծած է poqrik.am կայքէջի գրքերու բաժինը, ուր թը-ւայնացուած է մանկական գրականութիւն:

«Հայերէն ելեկտրոնային գրականութիւն» անունով գրադարանը թուայնացուցած է զանազան ժամանակներուն պատկանող հեղինակներու գործեր: Հոս կարելի է գտնել Հին ու Նոր կտարականները, Պետրոս Դուրեանի գործերը, «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպը, Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի «Երկու ուխտաւոր» գիրքը եւ այլ հրատարակութիւններ:

Հետաքրքրական երեւոյթ մըն է համացանցի վրայ անհատներուն ստեղծած հայերէն գրադարանները: Անոնք, մեկնելով հայերէն գիրքը տարածելու, հասանելի դարձնելու անձնական փափաքէն, իրենց միջոցներով թուայնացուցած եւ հասանելի դարձուցած են զանազան գիրքեր: Այդպիսի գրադարաններ են Արտակ Քոլեանի, Կարէն Անտաշեանի եւ այլ անհատներու ստեղծած գրադարանները:

Հայաստանի համայնագիտարանին խմբագրութիւնը նոյնպէս թուայնացուցած է համայնագիտարանները եւ անոր ստեղծած գրադարանին մէջ կարելի է գտնել հայկական, խորհրդային, դպրոցական եւ այլ համայնագիտարաններ:

ԱՐԵՒԱԿ անունով գրադարանին մէջ կարելի է ընթերցել հայ դասականներու գործեր: Թուայնացման մեծ ծրագիր կ՚իրականացնէ նաեւ Հայ մատենագրութեան թը-ւանշային գրադարանը, որուն տրամադրած գիրքերուն էջերը հասանելի են շարուածքով եւ լուսանկարներով:

Համացանցին մէջ կան նաեւ պզտիկ գը-րադարաններ. ինչպէս՝ Շէյքսփիրի հայերէն հրատարակութիւններուն գրադարանը, Պարոյր Սեւակի գիրքերուն գրադարանը, երաժշտական գրականութեան գրադարանը, ձայնադարան-գրադարաններ եւ այլն:

*

Տակաւին վէճը կը շարունակուի, թէ արդեօք թուային գրադարանները դուրս կը մղե՞ն աւանդական գրադարանները եւ ընթերցողը կը հեռացնե՞ն տպագիր գիրքէն եւ ընթերցանութեան աւանդական ձեւէն: Այս մէկը քսան տարիէ աւելի շարունակուող բանավէճ մըն է, որ վերջնական եզրայանգումներ չէ ունեցած տակաւին: Թուային գրադարաններու ջատագովները կը նշեն բազում առաւելութիւններ, որոնք թուային գրադարանը ստեղծած է իր գոյութեամբ, որոնցմէ մէկը այն է, որ ի տարբերութիւն աւանդական գրադարանին, թուային գրադարանի դռները միշտ բաց են, օրուան բոլոր ժամերուն նիւթերը հասանելի են… Միւս կողմէ թուային գրադարաններուն մէջ որոնումներ կատարելը աւելի դիւրին է, քան՝ աւանդական դասակարգուած քարտարաններուն միջոցաւ: Կը խօսուի նաեւ տարածքներու խնայողութեան եւ այլ առաւելութիւններու մասին, ինչ որ կու տայ թուային գրադարանը: Սակայն, անվիճելի է, որ աւանդական, տպագիր գիրքը կը մնայ այնքան ատեն, քանի դեռ կան թուղթի տարբերակով հաւատարիմ ընթերցողներ: Այդ է պատճառը, որ խոշոր գրադարաններ, թուայնացնելով իրենց ունեցածը՝ միաժամանակ պայմաններ կը ստեղծեն նաեւ աւանդական ընթերցանութեան համար:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2018