ԳՈՐԳԱԳՈՐԾՈՒՀԻՆ

Ընտանիքի ծանր բեռը կիսով չափ թեթեւցնելու նպատակաւ Գոհարիկ ստիպուած թողուց ուսումը։ Ընդամէնը տասնչորս տարեկան էր, երբ դպրոցական նստարանէն անցաւ գորգագործի չոր աթոռին։

Դեռատի աղջնակը աշխատանքային առաջին օրը իրենց յարակից փողոցի վերջաւորութեան գտնուող գորգագործարան ներկայացաւ առանց տնեցիներուն իմաց տալու։ Անօթի փորով, ցնցոտիներով, ծակ կօշիկով ան հատեց գործարանի շեմը։ Մայրը կը կարծէր, թէ իր դուստրը դպրոց գնաց։ Մինչդեռ ան երկար ժամանակ գործարանի ղեկավարը հետապնդելէ վերջ, օրեր առաջ փողոցի մէջ պատահական հանդիպելով վերջինիս, ինքն իր մէջ համարձակութիւն, ուժ գտաւ մօտենալու տնօրէնին։ Մեծահոգի ու բարեկիրթ պարոնը ուշադիր մտիկ ըրաւ Գոհարիկը, այնուհետեւ հարցուց.

-Գոհարիկ, ինչպէ՞ս պիտի կրնաս համատեղել աշխատանքը ուսումիդ հետ։ Չէ՞ որ դուն տակաւին դպրոցական ես։

-Պարոն, ես երկար ատենէ ի վեր տարրական հնարաւորութիւններու բացակայութեան պատճառաւ վարժարան չեմ կրնար յաճախել։

Գոհարիկը աշխատանքի անցնելու համար ստիպուեցաւ ստելու։ Բաց աստի, ան իր դպրոց յաճախելը կը համարէր աւելորդ ժամանակի վատնում։ Ան դասերուն մէջ բաւական տկար էր, ուսուցիչները ամէն տարի խղճահարութենէն դրդուած վերջինս կը փոխադրէին դասարանէ դասարան։ Գոհարիկ բնաւ չէր սիրեր կարդալ-գրել, դաս աշխատիլ։ Մայրն էր, որ կը ստիպէր իր դստեր ուսանիլ, ձեռք բերել մասնագիտութիւն։ «Տառաճանաչ եմ։ Գիտեմ գրել-կարդալ, ինչպէս նաեւ՝ համրել, կը բաւէ։ Իմ ինչի՞ն է պէտք այդ թուղթի կտորը, զոր խնամքով պիտի պահեմ մեր տան դարաններէն մէկուն մէջ։ Տարին քանի մը անգամ ալ հանեմ՝ վրային փոշին առնելու համար», ինքնիրեն կը խորհէր Գոհարիկ։ «Աւելի լաւ է ես աշխատիմ։ Ընտանիքիս ալ օգնական կ՚ըլլամ», կը շարունակէր մտորել ան։

Ի վերջոյ, ան բռնեց իր փափաքներու իրականացման ուղին։ Ահաւասիկ, կեցած է գորգեր, կարպետներ գործող տասնեակ հսկայական հաստոցներու դիմաց։ Հիացած կը հետեւի գորգագործուհիներու հետաքրքրական աշխատանքին։ Զանազան տարիքի գորգագործ կանայք ու աղջիկներ նստած հաստոցներու դիմաց իրենց գործը կ՚ընեն։ Մէկը տակաւին նոր սկսած է գորգի գործումին, միւսը շուտով աւարտին պիտի հասցնէ զայն, մէկ ուրիշն ալ կը փորձէ գտնել հաստոցի պզտիկ անսարքութեան պատճառը։ Աշխատաւորուհիները աշխատավայրի մէջ ինքզինքնին կը զգային շատ անկաշկանդ։ Իրարու հետ կը զուարճախօսէին, կը խնդային. այսպիսի ուրախ մթնոլորտի մէջ կը կատարէին իրենց աշխատանքը։

Դեռատի աղջնակը տակաւին հաստոցի դիմաց չնստած, սիրահարեցաւ իր աշխատանքին։ Ամենէն շատ անոր ուշադրութիւնը գրաւեց հայկական Վիշապագորգը։ Ան պարզապէս կ՚երազէր իր մատներով զայն գործելու մասին։ Առաջին անգամ ինքզինք անսահման երջանիկ կը զգար, ուրախութենէն կ՚ուզէր պարել, ճչալ, անհամբեր էր, կ՚ուզէր անմիջապէս գործի ձեռնարկել։

Տնօրէնը պահ մը խնդրեց աշխատաւորուհիներու ուշադրութիւնը։ Վերջիններուս ներկայացուց Գոհարիկը։ Ապագայ գործընկերուհիները անկեղծ ժպիտով դիմաւորեցին փոքրիկ աղջնակը ու մաղթեցին բարի գալուստ։ Տնօրէնի ուղեկցութեամբ հսկայական գործարանի մէջ պտոյտ մը կատարելէ վերջ, Գոհարիկ յարմարաւէտ տեղաւորուեցաւ ամենահմուտ գորգագործուհիին նստարանին։ Այդ վայրկեանէն սկսաւ ուսուցման փուլը։ Դեռատի աղջնակը բաւական ընդունակ էր, կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին ան գերազանցապէս սերտեց իր գործը։

Ինչ կը վերաբերի ուսմանը, մայրը քանի մը օր վերջ դրացիներէն իմացաւ, թէ աղջիկը կ՚աշխատի։ Փոքրիկ ընդհարում մը տեղի ունեցաւ մօր ու դստեր միջեւ։ Գոհարիկի մայրը առաւելապէս նեղուեցաւ, որ աղջիկը իրմէ թաքցուց ճշմարտութիւնը.

-Ինչո՞ւ ես դրացիներէն պիտի իմանամ քու ո՛ւր երթալդ։ Ինչո՞ւ ինծի հետ չանկեղծացար,- վիրավորուած ու բարկացոտ հայեացքով հարցուց մայրը։

-Ես վստահ էի, որ դուն ինծի աշխատելու հրաման չես տար։

-Ճիշդ այդպէս, վաղն իսկ հրաժարէ աշխատանքէդ ու վերադարձիր դպրոց։

-Ո՛չ մայրիկ, այլեւս ետդարձի ճամբայ չկայ։ Բաց աստի, ես երջանիկ եմ իմ կատարած աշխատանքի մէջ։ Գորգագործարանը իմ երկրորդ տունն է։ Այնտեղ բոլորը զիս շատ կը սիրեն։ Թոյլ տուր շարունակեմ աշխատանքս։

-Անկարելի է, ուսումդ աւարտէ, վերջը դարձեալ կ՚աշխատիս։ Միջնակարգի վերջին դասարանն ես։

Մօր յորդորով Գոհարիկ վերադարձաւ վարժարան։ Քանի մը ամիս վերջ շրջանաւարտ եղաւ դպրոցէն։

Տաղանդաւոր գորգագործուհի մը ըլլալուն պատճառաւ, տնօրէնը սիրով համաձայնեցաւ, որպէսզի Գոհարիկ դասերէն վերջ երեք-չորս ժամ աշխատի։ Շնորհիւ իր արագաշարժութեան ու ջանասիրութեան, պատանուհին թէ՛ դպրոցը աւարտեց եւ թէ գործեց երկու մեծ ու մէկ փոքր գորգ։ Անոր ժրաջանութեան շնորհիւ ընտանիքը ելաւ նիւթական անելանելի վիճակէն։

Ու սա տակաւին սկիզբն էր…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 9, 2020