ՎԱՐԴԵՐՈՒ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՇՔԵՐԹԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾԱՂԿԱՍԱՅԼԸ՝ ՀԱՅ ՄՕՐ ԿԵՐՊԱՐՈՎ
Արդէն 130 եւ աւելի տարիէ ի վեր ամերիկեան աւանդոյթ մը կայ. Գալիֆորնիոյ նահանգի Փասատինա քաղաքին մէջ Նոր տարին կը սկսի Վարդերու շքերթով:
Շուրջ 135 տարի շարունակ «Փասատինայի վարդերու մրցաշարերու ընկերակցութիւն»ը Փասատինա քաղաքէն ներս կը կազմակերպէ նահանգի շքերթներուն մէջ ամենէն մեծը՝ Վարդերու շքերթը: Այս շքերթին, 2015 թուականէն սկսեալ կը մասնակցի նաեւ Գալիֆորնիոյ հայկական համայնքը, որ նահանգի համայնքներու մեծագոյններէն մէկն է՝ իր բազմաթիւ կառոյցներով:
Արդէն շուրջ ինն տարիէ ի վեր հայ համայնքի զարդարած ծաղկասայլը հայկական նիւթ մը ներկայացնելով կը մասնակցի Վարդերու շքերթին եւ սովորաբար կը գրաւէ մասնակիցներուն ուշադրութիւնը, կ՚արժանանայ մրցանակներու, իսկ 2017 թուականին ալ ճանչցուած է լաւագոյնը:
Այս տարի նոյնպէս հայերու պատրաստած վարդերու ծաղկասայլակը արժանացած է յանձնախումբի յատուկ մրցանակին: Հայկական սայլին համար գործածուած է շուրջ 90 հազար ծաղիկ եւ կառքը զարդարած են 600 կամաւորներ՝ համայնքէն: Հայ համայնքը այս ձեռնարկին վրայ ծախսած է 350 հազար ամերիկեան տոլար: Այս ամէնը կը համակարգէ տասը տարի առաջ ստեղծուած Ամերիկեան ծաղկասայլի հայկական ընկերակցութիւնը, որ հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը ներկայացնող այս ձեռնարկի գումարները կը հայթայթէ զանազան միջոցներով:
Հայկական շարժական սայլակը, խումբ մը հայերով շրջապատուած, կը շարժի քաղաքի գլխաւոր պողոտայէն: Ոչ միայն հայերու սայլը, այլեւ շքերթի մասնակից բոլոր սայլերը դիտելու կ՚ելլեն հազարաւոր բնակիչներ, զբօսաշրջիկներ, որոնք յատուկ այս արարողութեան համար ժամանած կ՚ըլլան Փասատինա:
Այս շքերթը լաւագոյն միջոցն է բազմազգ նահանգին մէջ ապրող զանազան ազգերու մշակութային հաղորդակցութեան համար, եւ հայերը առիթը կ՚արժեւորեն՝ ծաղկասայլի միջոցով ներկայացնելու մեր մշակոյթը, պատմութիւնը, հարուստ աւանդութիւնները: Այդ ամէն ինչը կը կատարուի զանազան ծաղիկներու եւ զարդարանքներու միջոցով: Մասնակից բոլոր համայնքները կը ջանան ներկայացնել մէկը միւսէն հետաքրքրական, շքեղ եւ գրաւիչ ծաղկային սայլակներ, որոնց միջոցով պատմութիւններ կը պատմուին:
Ամէն տարի Վարդերու շքերթը նշանաբան մը կ՚ունենայ: Այս տարուայ նշանաբանն է՝ «Տօնենք համաշխարհային երաժշտութիւնը»:
Երաժշտութիւնը հաղորդակցութեան հզօրագոյն միջոց մըն է, որ կարող է միաւորել սիրտեր եւ հոգիներ, ջնջել երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմանները:
Հայերը այս տարի հայոց երաժշտութեան բազմադարեան աւանդութիւնները համադրած են մեր պատմութեան հետ, եւ գլխաւոր ըսելիքը առընչելով Արցախին՝ նիւթ մը ներկայացուցած են, որ մէկ կողմէ տխուր իրողութիւններ ցոյց կու տայ, միւս կողմէ՝ ապրելու եւ արարելու կամք: Հայկական ծաղկասայլի գլխաւոր կերպարը կին մըն է, որ մանուկը վեր պահած, կարծես զայն կը փրկէ աղէտներէ, փորձանքներէ, կը պաշտպանէ իր մայրական ձեռքերուն մէջ: Կազմակերպիչները յայտարարած են, որ այսպէս եղած է մեր ողջ պատմութեան ընթացքին եւ Արցախի վերջին գաղթն ալ ցոյց տուաւ, որ հայ մայրը առաջինը իր մանուկը գրկեց եւ փախցուց վտանգէն: Մայրը միշտ հայ տունին հիմքը եղած է, իսկ հայ ընտանիքը դարէ դար գոյատեւած է նաեւ խելացի հայ մօր շնորհիւ: Մէկ կողմէ մայրը մանուկը հեռու կը պահէ վտանգէն, բայց միւս կողմէ այս կերպարին մէջ կարելի է տեսնել պարող ձեռքեր, որոնք մանուկը վեր հանած են պարելու ժամանակ: Ամէն մէկը իւրովի կը մեկնաբանէ հայկական ծաղկասայլի այս մտայղացումը:
Ծաղկասայլի ձեւաւորումին մէջ ներկայացուցած են հայկական երաժշտական գործիքներ, պարուհիները հայկական երաժշտութեան ներքոյ պարելով շարժած են ծաղկասայլին հետ: Ձեւաւորումին մէջ կան նաեւ հայկական բնաշխարհին յատուկ թռչուններու կերպարներ, որոնց դայլայլը ինքնին երաժշտութիւն է:
Դուդուկը, շուին, պարկապզուկը, սրինգը, դհոլը անգամ մը եւս ներկայացուեցան աշխարհին, իբրեւ հայկական երաժշտութիւնը հոգեհարազատ կերպով վերարտադրող գործիքներ: Հայկական ծաղկասայլին անունը այս տարի «Հայկական մեղեդիներ» է:
Գալիֆորնիոյ մէջ տակաւին կը շարունակուին տարուայ առաջին օրուան տօնական շքերթին արձագանգները:
Այս տարուայ Վարդերու շքերթին մասնակցած է աւելի քանի ութ հարիւր հոգի, շքերթը հեռարձակուած է ուղիղ եթերով եւ աւելի քանի յիսուն միլիոն դիտում ունեցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ մօտաւորապէս երկու հարիւր երկիրներու մէջ:
1890 թուականին սկիզբ առած այս շքերթը ոչ մէկ տարի յետաձգուած է, անոր իրականացման աւանդոյթը երբեք չէ խախտուած. միայն երեք անգամ՝ համաշխարհային երկու պատերազմներուն եւ Քովիտ համաճարակին ժամանակ շքերթը չէ կայացած: Ամերիկեան մեծ ճգնաժամերը, սակայն, երբեք չեն խանգարած, որ վարդերով ու գունաւոր ծաղիկներով զարդարուած սայլակները եւ անոնց ուղեկցողները տարուան մէջ մէկ օր քալեն ամերիկեան այս քաղաքի գլխաւոր պողոտայէն եւ հազարաւոր մարդիկ մասնակից ըլլան այս իւրայատուկ ծաղկային տօնին: Աշխարհի ամենայայտնի ծաղկային փառատօներէն մէկն է Վարդերու շքերթը:
2011 թուականէն սկսեալ Փասատինայի այս տօնական միջոցառման հովանաւորը միջազգային արդիւնաբերական «Հոնտա» ընկերութիւնն է, որու արտադրական կեդրոններէն մէկը ԱՄՆ կը գտնուի:
Առաջին Վարդերու շքերթը 1890 թուականին նախաձեռնած են Փասատինայի «Վալի հանթ քլապ» մասնաւոր ակումբի անդամները։ Անոնց մէջ կը գերակշռէին ներգաղթեալները ԱՄՆ-ի արեւելքէն եւ միջին արեւմուտքէն: Անոնք հոն փոխադրուած էին Գալիֆորնիայի մեղմ կլիման սիրելով: Ակումբի անդամներու հանդիպումներէն մէկուն ժամանակ բնագէտ Չարլզ Ֆրետերիք Հոլտեր ըսած է․ «Նիւ Եորքի մէջ մարդիկ ընկղմած են ձիւնի հաստ շերտին տակ, մինչդեռ տարուայն այս եղանակին այստեղ շատ ծաղկած ծաղիկներ եւ պտուղներով հարուստ նարինջի ծառեր կան։ Եկէք փառատօն մը կազմակերպենք եւ ամբողջ աշխարհին պատմենք մեր դրախտային բնակավայրի մասին»։ Այդպէս սկիզբ առած է Վարդերու շքերթ կազմակերպելու գաղափարը: Առաջին շքերթին համար ակումբը պատրաստած էր ծաղիկներով զարդարուած ձիաքարշեր, տեղի ունեցած են պարան քաշելու եւ վազքի մրցումներ։ Միջոցառման մասնակցած է մօտաւորապէս երկու հազար մարդ։ Տեսնելով ներկայացուած ծաղիկներուն քանակը՝ գիտնական Հոլտեր առաջարկած է նախաձեռնութիւնը կոչել «Վարդերու շքերթ»։ Եւ այդպէս աւելի քան մէկ դարէ ի վեր նոյն ոգիով կը կազմակերպուի շքերթը՝ տարիէ տարի աւելի շատ մարդ ներգրաւելով, նաեւ նոր գաղափարներ ներդնելով: Շքերթին կը մասնակցին երկրի աւագ դպրոցներու նուագախումբերէն շատերը, ինչպէս նաեւ ուսումնարաններու նուագախումբեր։ Շքերթին օրը որոշուած է՝ տարուան առաջին օրը, բայց եթէ յունուարի 1-ը կիրակի ըլլայ, ապա շքերթը կը փոխադրուի յաջորդ օրուան՝ յունուարի 2-ին։ Այս կանոնը մտցուած է 1893 թուականին՝ կիրակնօրեայ եկեղեցական արարողութիւնները չխանգարելու համար:
1895 թուականին արդէն Վարդերու շքերթը այնպիսի ծաւալներու հասած էր, որ «Վալի հանթ քլապ» ընկերութիւնը ի վիճակի չէր զբաղիլ կազմակերպչական հարցերով։ Արդիւնքին ստեղծուեցաւ «Փասատինայի վարդերու մրցաշարերու ընկերակցութիւնը»։ 1900 թուականին բացօթեայ այն տարածքը, ուր տեղի կ՚ունենային վարդերու շքերթները, վերանուանուեցաւ «Մրցաշարերու ընկերակցութիւն»։ Այդ ժամանակ ծրագրին մէջ յաւելուեցան ջայլամի սլացք, վայրիացած տնային ձիու վարժեցում, ուղտի եւ փիղի վազք։ Հանդիսատեսի համար կառուցուեցան ատեաններ եւ դիտահարթակներ։ Մամուլի մէջ սկսան յայտնուիլ շքերթի մասին հրապարակումներ եւ ամէն տարի մամուլը սկսաւ արդէն անհամբերութեամբ սպասել տարուան ամենամեծ շքերթին, քանի որ անոր կը մասնակցէին յայտնի մարդիկ: Ամերիկացի նշանաւոր ձեռնարկատէր Ուիլիըմ Ռիքլի կրտսերի առանձնատունը 1958 թուականին՝ անոր կնոջ մահէն յետոյ, նուիրաբերուեցաւ Փասատինա քաղաքին եւ դարձաւ Վարդերու շքերթի մշտական գրասենեակը։ Այսօր այն պատմական շէնք կը նկատուի՝ զարդարուած ծաղկառատ այգիով եւ կանաչապատ տարածքով:
Վարդերու շքերթի ծիրէն ներս նաեւ ֆութպոլային հանդիպում տեղի ունեցած է, առաջինը՝ 1902 թուականին: Այն դարձած է աւանդոյթ 1916 թուականէն, իսկ 1922 թուականին Փասատինայի մէջ կառուցուած է «Ռոուզ Պոուլ» մարզադաշտը, որու կառուցման մտայղացումը կը պատկանի Փասատինայի Վարդերու շքերթի ընկերակցութեան:
Վարդերու շքերթի մրցաշարը տասնամեակներ շարունակ ընթացած է նոյն վայրին մէջ, հիմնականը՝ Քոլորատոյի մէջ (Փասատինայի գլխաւոր փողոցը եւ ԱՄՆ-ի նախկին 66-րդ ճանապարհի մէկ մասը)։
Շքերթի օրը՝ առաւօտեան, զանազան խումբեր կը հաւաքուին եւ կը շարժուին դէպի մրցաշարի վայրը։ Շքերթը կը սկսի հիւսիսէն՝ Օրընճ Կրուվով, Կրին փողոցէն: Տակաւին առաջին տարիներուն Վարդերու մրցաշարի նախագահէն պահանջուած է ընտրել յառաջիկայ տօնակատարութիւններու թեման եւ այդպէս ամէն տարի շքերթը մէկ նշանաբան ունեցած է:
2020 թուականին Փասատինայի Վարդերու մրցաշարի ընկերակցութեան նախագահ նշանակուած է Պոպ Միլլըր. ան ալ կ՚ընտրէ յաջորդ տարուան շքերթի թեման:
ԾԱՂԿԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԵՐ
Ծաղիկներու փառատօներ տեղի կ՚ունենան ամբողջ աշխարհի տարածքին: Անոնք բոլորն ալ հիմնականը բնութեան գեղեցկութեան, ծաղիկներու շքեղութեան ցուցադրութիւններ են, որոնք կը համատեղուին երգի, արուեստի, ուտեստներու եւ այլ մշակութային իրողութիւններու հետ: Փառատօները հիմնականը տեղական մշակոյթը հռչակելու եւ զբօսաշրջիկներ գրաւելու միջոց են:
Փորթուգալի մէջ ամէն տարի գարնան տեղի կ՚ունենայ Մատէյրայի ծաղիկներու փառատօնը: Հակառակ որ Մատէյրա կղզեխումբը հարուստ տարածաշրջան է եւ Լիզպոնէն ետք ամենահարուստը կը նկատուի, բայց հոն տեղի ունեցող փառատօները ամէն տարի հազարաւոր եկամուտներ կը բերեն կղզիին: Մատէյրան Փորթուգալի կազմին մէջ գտնուող ինքնավար կղզեխումբ է, ուր ծաղիկներու բազմազանութիւն եւ առատութիւն կայ: Գլխաւոր քաղաքէն անցնող ծաղկային շքերթը կը վերածուի տօնակատարութեան, կը հնչեն երգեր, կը ցուցադրուի տեղական մշակոյթը: Փառատօնին մաս կը կազմէ Յոյսի պատը, որ կը խորհրդանշէ խաղաղութիւն, յոյս, հաւատ ու երեխաները գեղեցիկ ծաղիկներով կը զարդարեն զայն:
Իտալիան նոյնպէս հարուստ է փառատօներով, զբօսաշրջիկներուն շատ կը գրաւէ ամէն տարի յունիսին Իտալիոյ Ճենցանօ տի Ռոմա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ծաղիկի փառատօնը, որ նոյնպէս աշխարհի հնագոյն փառատօներէն մին է: Առաջին անգամ տեղի ունեցած է 1778 թուականին։ Ծաղիկի տօնը կը նշուի Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնի կապակցութեամբ, կը տեւէ երեք օր եւ այդ երեք օրն ալ քաղաքի գլխաւոր փողոցը ծածկուած կ՚ըլլայ ծաղկային գորգերով, որոնք սովորաբար կը կազմեն բնակիչները՝ զանազան թեմաներով: Նիւթերու կարգին է նաեւ կրօնական պատկերներ եւ համամարդկային հասկացութիւններ: Փառատօնը կ՚աւարտի երթով դէպի եկեղեցի:
Հետաքրքրական անուանում ունի Սպանիոյ Վալենսիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ծաղկային փառատօնը, որ կը կոչուի Ծաղիկներու պայքար: Շքերթին կը մասնակցին աւանդական հագուստներով երիտասարդ կիներ, որոնք ծաղիկներ կը նետեն շքերթին մասնակցող մարդոց վրայ եւ ինքզինքնին կը պաշտպանեն փետրագնդկի խաղի բռնակներով: Այս մէկը աւելի զուարճալի կը դարձնէ արարողութիւնը:
Գանատայի մայրաքաղաքը՝ Օթթաուայի մէջ ամէն տարի գարնան տեղի կ՚ունենայ Վարդակակաչներու նշանաւոր փառատօնը: Այս շքեղ ծաղիկներու տօնի հիմնադիրը հայ է՝ հայազգի լուսանկարիչ՝ Մալաք Քարշ, հռչակաւոր լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի եղբայրը: Յայտնի է, որ Մալաք Քարշի լուսանկարներու գլխաւոր նիւթը վարդակակաչներն էին: Ամէն տարի ան նոյն ջանասիրութեամբ կը լուսանկարէր հազարաւոր վարդակակաչներ, ի ցոյց դնելով այդ ծաղիկի գոյներն ու նրբերանգները: Իսկ առաջին վարդակակաչի լուսանկարը Բ. Աշխարհամարտէն ետք Գանատայի խորհրդարանին առջեւ առաջին անգամ ծաղկած վարդակակաչներու լուսանկարն էր: 1946 թուականին առնուած այդ լուսանկարը դարձած է պատմական լուսանկար: Այդ լուսանկարէն քանի մը տարի ետք՝ 1952 թուականին, Մալաք Քարշ յղացած է Վարդակակաչներու փառատօնը հիմնելու գաղափարը:
Վարդակակաչներու փառատօնը դարձած է Օթթաուայի ամենէն նշանաւոր փառատօնը եւ Մալաք Քարշ մինչեւ իր մահը՝ 2001 թուականը, եղած է փառատօնի պատուոյ նախագահը:
Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ տեղի կ՚ունենան Վարդակակաչներու փառատօներ: Նշանաւոր են Միացեալ Նահանգներու, եւրոպական կարգ մը քաղաքներու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող վարդակակաչներու փառատօները, բայց Օթթաուայի փառատօնի ստեղծման պատմութիւնը աւելի հոգեհարազատ է հայերուս, քանի որ անոր հիմնադիրը հայ է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան