ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ՉՆԱՇԽԱՐՀԻԿ ԳԱՂԱՓԱՐ ՄԸ…

Այսպիսի տարօրինակ գաղափարներ կրնան ծագիլ միայն Հոլիուտի մէջ՝ նորաձեւութեան հետեւող սինեմայի աստղերու կողմէ։ Սակայն որքանով կիրարկելի է այդ՝ չեմ գիտեր։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Ուրեմն 39 տարեկան Քէյթ Հատսըն՝ սինեմայի նշանաւոր աստղերէն մին, երեք ամիս առաջ ծնունդ տուաւ դստեր մը (տես նկարը) Ռանի Ռոզ անունով։ Քէյթ իր նախկին ամուսինէն՝ Քրիս Ռապինսընէն ունի երկու մանչ զաւակներ՝ 15 տարեկան Ռայտըր Ռասըլ եւ 7 տարեկան Պինկհըմ Հաուն։ Հիմա տեսնենք, թէ ի՞նչ է Քէյթի չնաշխարհիկ գաղափարը, որ ողողեց բամբասանքի տեղական մամուլը։

Առ ի տեղեկութիւն ըսեմ, որ Քէյթ Հատսըն զաւակն է սինեմայի նշանաւոր աստղերէն Քըրթ Ռասըլի եւ Կոլտի Հաունի։ Այս պատճառաւ է որ Քէյթ իր մանչ զաւակներուն միջնեկ անունները դրած է Ռասըլ եւ Հաուն։

Քէյթ կ՚ուզէ իր դուստրը մեծցնել անսեռ (genderless) մօտեցումով։ Այսինքն, ինք պիտի չպարտադրէ իր զաւկին որ մեծնայ որպէս աղջիկ… Այլ ժամանակի ընթացքին, թող փոքրիկ երեխան ինքը որոշէ, թէ ի՛նչ կ՚ուզէ ըլլալ ան, մա՞նչ թէ աղջիկ: Է՜հ, եղա՞ւ ասիկա։

Բայց հօրը կարծիքը ի՞նչ է արդեօք, այս անտրամաբանական մօտեցումին կապակցութեամբ։ Եկո՛ւր, տե՛ս, որ Քէյթ իր boy friend Տենի Ֆուժիքաուայի կարծիքն ալ չէ առած, որովհետեւ Ամերիկայի մէջ այժմ բոլոր կիները կը հետեւին «Me Too» նորաստեղծ շարժումին, ըստ որուն՝ կիներու գերակայութիւնը զգալի կերպով աճած է մեր ընկերային կեանքին մէջ։

Է՜հ, ինչ օրերու մնացինք Ամերիկայի այս ցամաքամասին մէջ, երբ երեխաներն անգամ պիտի վայելեն իրենց ապագայի նկատմամբ որոշում կայացնելու ազատութիւնը։ Թէ այդ որոշումը որքանո՞վ նպաստաւոր է իրենց, այդ կը մնայ երկրորդական հարց։

Ինծի համար հարցը հետեւեալն է։ Ինչո՞ւ իր երկու մանչերու պարագային ան նոյն մօտեցումը ցոյց չտուաւ անոնց։ Ինք կը խոստովանի, որ մանչերուն լաւ կրթութիւն տուած է… Ուրեմն մինչ այդ, Քէյթ աւելի լայնախոհ եւ ազատամիտ դարձած է եւ կ՚ուզէ դստեր շնորհել այն՝ ինչ որ զլացաւ իր մանչերուն, հաւանաբար տգիտութեան պատճառաւ։

ԱՆԱՍՆԱԿԱՆ ԲՆԱԶԴ…

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Հիւսիսային Քարոլայնա նահանգի Քրէյվըն գաւառէն։ Արդարեւ, երեք տարեկան Քէյսի Հեթհըուէյ (տես նկարը) կը խաղար իր մեծ մօր տան ետեւի պարտէզին մէջ, երբ յանկարծ անյայտացաւ։

Երբ տեղւոյն ոստիկանութիւնը իմացաւ այս աղէտալի լուրը, իսկոյն ձեռնարկեց փնտռտուքի՝ բնակարանի չորս դին, որ մացառուտ շրջան մըն է։ Երկու օրուան փնտռտուքէն ետք, մանչուկը գտնուեցաւ մեծ մօր բնակարանէն հազիւ 40-50 մեթր անդին։ Վերոյիշեալ փնտռտուքին մասնակցած են տեղւոյն ոստիկանութեան կողքին, միաւորներ FBI-էն եւ ծովային զօրքէն (marine corps), ինչպէս նաեւ 600 կամաւորներ։

Բարեբախտաբար մանչուկը առողջապահական լաւ վիճակի մէջ էր եւ մտայնութեամբ ալ արթուն։ Երբ պատկան մարմինները հետաքրքրուեցան, թէ ան ինչպէ՞ս դիմացած էր մենութեան մէջ, ան պատասխանեց, թէ սեւ արջ մը (տես նկարը) ընկերացած էր իրեն եւ զինք պահած ապահով։

Հոս տեղին է նշել, որ սեւ արջերը աւելի մարդամօտ են եւ ընկերային, քան սրճագոյն (Grizzly) արջերը, որոնք վայրագ են եւ կատաղի։ Ուրեմն, մեր մանչուկը բախտաւոր է, որ սեւ արջը իր դէմ ելած է եւ ան այսպէսով ազատեցաւ ստոյգ մահէ…

Չմոռնամ յիշել, որ մանչուկին՝ արջի մը ընկերանալուն պատմութիւնը հաստատած է տեղւոյն ոստիկանապետը՝ Չիփ Հիւզ, որ, վստահ եմ, ծանօթ է շրջանի անտառային բնակիչներու ինքնութեան։

Մենք յաճախ կը դասենք վայրի անասունները որպէս գիշատիչ եւ անխնայ, սակայն կան անասուններ ալ, որոնք խղճամիտ են եւ հոգատար, յատկապէս երեխաներու նկատմամբ։ Եւ ահա խօսուն օրինակը՝ վերոյիշեալ պատմութեան ընդմէջէն, եւ ես կը խորհիմ, որ այս միակ օրինակը չէ մեր յառաջ մղած ենթադրութեան մէջ։ Հասկցողին՝ շատ բարեւներ։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

 

Շաբաթ, Փետրուար 9, 2019