Ի՞ՆՉ ԸՆԵԼ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԺԱՄԱՆԱԿ ԵՒ ՅԵՏՈՅ…
Երկուշաբթի, 6 փետրուար 2023-ին Թուրքիոյ աւերիչ երկրաշարժը ցնցեց ողջ տարածաշրջանը: Մասնագէտներ կը բացատրեն, որ տակաւին վաղ է խօսիլ այն մասին, որ երկրաշարժի գօտիին մէջ երկրակեղեւը հանգչած է եւ այլեւս սասանումներ եւ երերումներ պիտի չըլլան: Երկրաշարժաբաններ եւ երկրաբաններ երկրի կեղեւը դիտարկող սարքերով որոշած են, որ Արեւելեան Անատոլուի խզուածքը տակաւին աշխոյժ է եւ պէտք է զգօն ըլլալ՝ գոնէ յետցնցումները դիմակայելու համար: Իսկ ուժգին երկրաշարժը ոչ ոք կրնայ գուշակել: Որքան կը զարգանայ գիտութիւնը, երկրին ընդերքը դիտարկող նոր սարքեր կը շինուին, նոյնն է՝ հզօր երկրաշարժերը ըլլալէն առաջ տակաւին ոչ ոք գիտցած է ամբողջ աշխարհին մէջ: Երկրաշարժերուն դիմակայելու միակ լուծումը կը մնայ պատրաստ ըլլալը: Պատրաստ՝ թէ՛ երկրաշարժակայուն շէնքեր կառուցելու տեսակէտէ, թէ՛ երկրաշարժի ժամանակ եւ ատկէ ետք պաշտպանուելու եւ հնարաւորինս անվնաս մնալու առումով:
Մասնագէտներ վտանգաւոր կը նկատեն հինգ եւ աւելի ուժաստիճան ունեցող երկրաշարժերը: Սովորաբար երկրաշարժերու ուժաստիճանը կը չափուի 12 թիւնոց սանդղակով:
Փոքր ուժաստիճան ունեցող երկրաշարժերուն ժամանակ կը թափի պատերուն կիրէ շաղախը, կը շարժին լամբերը, կ՚երերայ պահարանին մէջ շարուած սպասքը, կ՚իյնան բարձր տեղերու վրայ դրուած առարկաները, ապակիները երբեմն կը կոտրուին, աթոռակները ետ ու առաջ կ՚ընեն, պատին վրայ ճաքեր կ՚երեւին: Այդ ամէնը զգալու պահուն մասնագէտներ խորհուրդ կու տան խուճապի չմատնուիլ եւ պաշտպանուիլ շարժող առարկաներէն, կոտրող ապակիներէն, որոնք կրնան իյնալ մարդոց վրայ: Եթէ պահարանները յենած չեն պատերուն, պէտք է հեռու մնալ այդպիսի պահարաններէ, որոնք, յենարան չունենալով, կրնան թեթեւ շարժումէ շրջուիլ: Իսկ աւելի ուժեղ երկրաշարժերու համար արտակարգ իրավիճակներու մասնագէտներ պատրաստած են ուղեցոյց, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԱՐՈՒԻԼ, ԵԹԷ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՔ ՓԱԿ ՏԱՐԱԾՔԻ ՄԷՋ
Յիշեցէք‚ որ նոյնիսկ աւերիչ երկրաշարժի պարագային շէնքերը մէկ անգամէն չեն փլուզուիր։
9 ուժաստիճան ունեցող Սպիտակի երկրաշարժի աւերածութիւններուն վերլուծութիւնը ցոյց տուած է‚ որ 10 յարկանի շէնքերը սկսած են փլչիլ առաջին ցնցումէն 10-15 երկվայրկեան յետոյ միայն: Ուստի, զգալով ցնցումը, միշտ կարելի է գործածել այդ 15 երկվայրկեանը՝ փրկուելու համար որոշակի գործողութիւններու ձեռնարկելով:
Առաջինը, բնականաբար, եթէ հնարաւոր է՝ պէտք է դուրս գալ շէնքէն: Մանաւանդ շէնքի առաջին եւ երկրորդ յարկին մէջ գտնուողները կրնան այդ մէկը արագօրէն ընել: Դուրս գալէ ետք պէտք է համոզուած ըլլալ, որ բոլոր կառոյցներէն կը գտնուիք անվտանգ հեռաւորութեան վրայ:
Եթէ կը գտնուիք շէնքի երրորդ եւ աւելի բարձր յարկերուն մէջ‚ շէնքէն դուրս մի՛ գաք‚ աստիճաններն ու յարկերու սանդղակները խճողուած կ՚ըլլան խուճապահար մարդոցմով, վերելակները կրնան անջատուիլ որեւէ պահու կամ ալ դառնալ վտանգաւոր: Ատկէ զատ, առաջինը սովորաբար‚ աստիճաններն ու սանդղակավանդակները կը փլին: Վտանգաւոր են նաեւ շէնքի ելքին դռները, որոնց քով կրնան դժբախտ պատահարներ ըլլալ:
Եթէ անհնար է դուրս գալ բաց տարածութիւն, ապա ջանացէք պահուըտիլ անվտանգ վայրի մը մէջ՝ շէնքի հիմնական ներքին պատերուն մէջ կառուցուած դռներու բացուածքներուն մէջ, պատերու անկիւնները, կարելի է թաքնուիլ մահճակալի կամ սեղանի տակ:
Վտանգաւոր է գտնուիլ պատուհաններուն քով եւ վերջին յարկաբաժիններուն մէջ գտնուող մանաւանդ անկիւնային սենեակներու մէջ:
Կեցուցէք անոնք, որոնք կը փորձեն ցած նետուիլ առաջին յարկէն բարձր գտնուող պատշգամներէ եւ պատուհաններէ:
Դուրս մի՛ ելլէք տանիքներ կամ պատշգամներ:
Դպրոցին եւ ուսումնական այլ հաստատութիւններուն մէջ երեխաներն ու ուսանողները պէտք է պահուըտին նստարաններու եւ սեղաններու տակ եւ ձեռքերով կամ պայուսակներով գոցեն իրենց գլուխները:
Նոյնը կը վերաբերի նաեւ գրասենեակներու աշխատողներուն:
Պէտք է պահպանել հանդարտութիւն եւ կեդրոնանալ գործողութիւններու վրայ: Եթէ առաջին ցնցումները դիմաւորած էք շէնքին մէջ, ապա ատիկա մեծ բան է, եւ կարելի է շէնքէն դուրս գալ արդէն ցնցումներու աւարտէն յետոյ, սակայն միշտ սպասեցէք յաջորդ ցնցումներուն: Հագուելու վրայ ժամանակ մի՛ վատնէք‚ արագ վերցուցէք ամենաանհրաժեշտ իրերով պայուսակը, որ պէտք է ըլլայ ժամանակակից հեւքով ապրող ամէն մարդու տունին մէջ: Անշուշտ, դուրս սլանալէ առաջ արագ գոցեցէք ելեկտրականութեան, ջուրի, կազի ծորակները:
Հետեւեցէք իրաւասու մարմիններու հրահանգներուն:
Հեռախօսէն օգտուեցէք միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային, որպէսզի հեռախօսային գիծերը չծանրաբեռնուին եւ անոնք ազատ ըլլան կարեւոր զանգերու համար:
Մի՛ մոռնաք, որ երեխաները‚ ծերերը եւ հիւանդները ձեր օգնութեան կարիքն ունին։ Անոնց կարիքները հոգալով՝ դուք չէք երկիւղիր ձեր կեանքին համար եւ կարելիութիւն կ՚ունենաք աւելի հաւասարակշռուած ու ինքնավստահ բանիլ։
Եւ կարեւորագոյն պայման է՝ չտարածել չստուգուած լուրեր, տեղեկութիւններ, մանաւանդ՝ ենթադրութիւններ նոր քանդիչ ցնցումներու հնարաւորութեան մասին: Անհիմն լուրերը խուճապի եւ լրացուցիչ բարդութիւններու պատճառ կրնան դառնալ:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԱՐՈՒԻԼ, ԵԹԷ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԺԱՄԱՆԱԿ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՔ ԴՈՒՐՍԸ
Հեռու մնացէք փողոցի սիւնաւոր լապտերներէն, մետաղալարերէն եւ շէնքերէն:
Զգուշացէք ծխնելոյզներէն, տանիքի ծածկերէն, պատուհաններու կոտրուած ապակիներէն, կախուած մետաղալարերէն եւ շէնքէն պոկուող ուրիշ մասերէ:
Գոցեցէք ձեր գլուխը ձեռքերով, պայուսակով կամ պատահական գտնուած տախտակով մը:
Մի՛ խուժէք ստորգետնեայ անցումներ, ցանկապատուած վայրեր: Աւելի լաւ է փնտռել ազատ տարածութիւն եւ վազել դէպի հոն:
Երբեք շէնք մի՛ մտնէք՝ այնտեղ գտնուողները կամ հոն մնացած իրերը դուրս բերելու համար․ այդ մէկը շատ վտանգաւոր է, ցնցուած հիմքով շէնքը ամէն վայրկեան փլելու պատրաստ է:
Մնացէք դուրսը՝ միաժամանակ փնտռեցէք տարբերակներ՝ շէնքին մէջ մնացողներուն անուղղակի օգնելու համար:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԱՐՈՒԻԼ, ԵԹԷ ՄՆԱՑԱԾ ԷՔ ՓԼԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՏԱԿ
Եթէ դուք մնացած էք աւերակներուն տակ, իսկ ատիկա կը վերաբերի բոլոր դէպքերուն՝ սողանքներուն, երկրաշարժերուն, փլուզումներուն, միշտ յիշեցէք, որ պէտք չէ յուսահատիլ, անհրաժեշտ է սթափ ըլլալ: Առանց սնունդի եւ ջուրի դուք երկար ժամանակ կրնաք դիմանալ: Հանդարտութիւնը պահպանեցէք եւ փորձեցէք կեդրոնանալ:
Կրակ մի՛ վառէք:
Մի՛ շարժիք:
Փակեցէք բերանը թաշկինակով կամ լաթի կտորով:
Ջանացէք գիտնալ, հասկնալ, թէ ո՞ւր կը գտնուիք, արդեօք ելք կա՞յ, արդեօք ուրիշ մարդիկ կա՞ն ձեր կողքը:
Զարկէք խողովակը կամ պատը, որպէսզի փրկարարները կարողանան պարզել ձեր գտնուած վայրը: Եթէ սուլել գիտէք, սուլեցէք: Միայն ծայրայեղ պարագային պոռացէք, որպէսզի փոշի կամ աւազ կուլ չտաք:
Եթէ դուք շրջապատուած էք փլատակներով, ջանացէք դանդաղ շարժիլ, որպէսզի պահպանէք ուժերը եւ չվնասուիք սուր առարկաներով:
Մի՛ տեղաշարժէք ծանր վիճակի մէջ գտնուող վիրաւորները:
Եթէ դուք ալ վիրաւոր էք, ջանացէք անշարժ մնալ, որպէսզի կոտրուածքները չտեղաշարժին:
Միշտ յիշեցէք, որ ձեզ կ՚որոնեն եւ ձեր փրկութեան համար գործի կը դնեն բոլոր հնարաւորութիւնները:
ԵԹԷ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԺԱՄԱՆԱԿ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՔ ԸՆԹԱՑՈՂ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԻՆ ՄԷՋ
Երբ կը սկսի ուժեղ երկրաշարժը‚ դուք չէք կրնար տիրապետել ղեկին։ Այնպիսի տպաւորութիւն կը ստանաք, կարծես ինքնաշարժին անիւը ծակած է: Այդ ընթացքին‚ որպէսզի համոզուիք‚ որ դուք չէք հարուածած որեւէ այլ ինքնաշարժի կամ ալ ձեզի չեն հարուածած‚ դանդաղեցուցէք ինքնաշարժին ընթացքը եւ շարժուեցէք ճանապարհին աջ կողմով։ Կանգ առէք համեմատաբար բաց տարածութեան մէջ՝ կամուրջներէ‚ բարձրայարկերէ եւ ելեկտրականութեան սիւներէ հեռու։ Մնացէք ինքնաշարժին մէջ, հետեւեցէք ինքնաշարժի ձայնասփիւռով տրուող տեղեկատուութեան եւ գործէք համաձայն ատոր։
Բոլոր ինքնաշարժներու մուտքը դէպի աղէտի գօտի խստիւ կ՚արգիլուի‚ բացի մասնագիտացուած ինքնաշարժներէն, փրկարարական ջոկատներէն‚ հրշէջ խումբերէն եւ շտապ օգնութեան կառքերէն։
Եթէ մեթրոն ռմբակոծութեան ժամանակ ապահով ապաստարան է եւ նաեւ այդ նպատակով նախատեսուած է, ապա ուժեղ երկրաշարժի պարագային այն վտանգաւոր է։ Արգիլուած է ապաստանիլ մեթրոյին մէջ, իսկ եթէ հոն էք եւ տեղեակ էք աղէտէն, պէտք է դուրս գալ:
ՄԱՐԴՈՑ ԵՒ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐՈՒՆ ՎԱՐՔԸ
Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ նորագոյն սարքեր կը ստեղծուին, որոնք շուրջօրեայ «կը կարդան» գետինի խորքերուն մէջ տեղի ունեցող երեւոյթները: Սակայն, նոյնն է՝ աւերիչ երկրաշարժերը կու գան անսպասելի՝ անակնկալի բերելով մարդկութիւնը: Նոյնիսկ Ճաբոնի մէջ, ուր ամենաշատ երկրաշարժերը կ՚ըլլան, հնարաւոր չէ եղած ըլլալէն առաջ գիտնալ երկրաշարժը: Աւելի ճշգրիտ են մարդոց եւ կենդանիներուն վարքն ու զգացողութիւնները, որոնք միշտ, որպէս կանոն, նմանատիպ կ՚ըլլան երկրաշարժերէ առաջ: Ատոր պատճառը այն է, որ մարդն ու կենդանին բնութեան մասնիկ են, ինչպէս երկրաշարժը: Սպիտակի երկրաշարժը ուսումնասիրած մասնագէտներ, զրուցելով հազարաւոր մարդոց հետ, յանգած են հետեւեալ եզրակացութիւններուն.
Երկրաշարժերէն առաջ փոխուած են մարդոց ինքնազգացողութիւնը, գլխաւոր ցնցումէն մօտաւորապէս 16 ժամ առաջ անոնց քով յառաջացած են տագնապի զգացում, թուլութիւն, գլխացաւ, ջերմութեան զգացում, ականջներու մէջ՝ աղմուկ, սրտխառնոց, փսխում:
Երկրաշարժի կեդրոնը նկատուող տարածքէն իրենց բոյներէն դուրս սողացած եւ ձիւնի մէջ յայտնուած են մեծ քանակութեամբ օձեր:
Կիւմրիի եւ Սպիտակի մէջ փողոցներուն սալահատակներուն վրայ երեւցած են բազմաթիւ անձրեւորդեր:
Բնակարանները եւ բակերը հեղեղուած են զատիկներով, փեթակներուն մէջ արթնցած են մեղուները, նկատուած է առնէտներու վազք:
Շուները դարձած են անհնազանդ, հաւաքուած են խումբերով եւ երկարաձիգ ոռնոցներով անհանգստացուցած են շրջապատի բնակիչները:
Սպիտակի երկրաշարժէն 3 ժամ առաջ տնային բազմաթիւ շուներ հրաժարած են տուն մտնելէ եւ ամէն կերպով փորձած են արգիլել տիրոջ մուտքը բնակարան:
Կատուները ցնցումէն քիչ առաջ բակերէն տարած են իրենց ձագերը: Երկրաշարժէն 1-2 օր առաջ Սեւանայ լիճի ձկնորսութեան սովորական տեղերուն վրայ ձուկը անհետացած է:
Տնային եւ գրասենեակային ձկնավանդակներուն մէջ ձուկերը հրաժարած են կերէն, խիստ շարժուն դարձած եւ նետուած են վանդակէն դուրս:
1988 թուականի դեկտեմբերի 7-ի վաղ առաւօտեան վայրի թռչունները բարձր ծղրտոցներով հեռացած են, թութակները, դեղձանիկները եւ ուրիշ տնային թռչուններ յաճախակի ջուր խմած են, զարնուած են վանդակացանցերուն՝ փորձելով դուրս թռչիլ:
Ձիերու երամակը անտառէն տագնապալի խրխնջոցով վերադարձած է գիւղ, երկրաշարժէն 2 շաբաթ առաջ ոչխարները հրաժարած են ձմեռանոց մտնելէ:
Նշուած երեւույթները կը բացատրուին անով, որ կենդանիներու մարմնին մէջ բնականոն զարգացման ընթացքին կը յառաջանան զգայուն օրկաններու եւ ընկալիչներու ամբողջական համակարգ, որոնց օգնութեամբ անոնք կ՚արձագանգեն երկրաշարժի բարդ երեւոյթներուն: Գիտնականները վստահ են, որ կենդանիներու վարքին մշտական հետեւիլը կրնայ օգնել երկրաշարժերու՝ արագ կանխատեսման համակարգերու մշակման:
Երկրագունդը կենսունակ մոլորակ է՝ իր բնականոն փոփոխութիւններով։ Երկրաշարժը բնական երեւոյթ է. ինչպէս՝ քամին, անձրեւը կամ փոթորիկը: Երկրագունդին բնական փոփոխութիւնները կ՚արտայայտուին երկրակեղեւի կտրուկ տատանումներով ու ցնցումներով, բայց ցաւօք, բնական երեւոյթ ըլլալով, ատոնք կը պատճառեն շատ մահեր եւ վիթխարի աւերուածութիւններ: Մարդն ալ բնութեան մէկ մասնիկն է, եւ պէտք է համակերպուի երկրաշարժ երեւոյթին հետ, որ եղած է վաղնջական ժամանակներէն եւ պիտի ըլլայ միշտ, քանի գոյութիւն ունի երկրագունդը եւ անոր կեղեւը: Երկրաշարժին դիմագրաւելու միակ ելքը ամուր շէնքեր կառուցելն ու գրագէտ քաղաքաշինութիւնն է եւ գիտելիքը, որով պէտք է զինուիլ անդադար…
ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԻՐԵՐՈՒ ՊԱՅՈՒՍԱԿ
Պատերազմները, երկրաշարժերը, մեծ ու փոքր աղէտները դարձած են մեր կեանքի անբաժան մասը: Այսօր տեղէ տեղ յաճախ փոխադրուիլը, անակնկալ փորձանքներու, պատուհասներու, աղէտներու ժամանակ շէնքերէն արագ դուրս ելլելը արդի մարդու կեանքին մաս կը կազմեն: Վերջին շրջանին շատ կը խօսուի առաջին անհրաժեշտութեան իրերով պայուսակը միշտ պատրաստ պահելու մասին: Այդ պայուսակը երբեմն կը կոչեն նաեւ «տագնապային պայուսակ», որովհետեւ մեծ քաղաքներու եւ բնակավայրերու մէջ տագնապի ազդանշանը միանալէ ետք մարդոց կը յորդորեն արագ դուրս նետուիլ՝ իրենց հետ վերցնելով նաեւ զայն: Իսկ ի՞նչ պէտք է դնել այդ պայուսակին մէջ:
Պայուսակին մէջ պէտք է տեղաւորել փաստաթուղթերը, դրամ, մանր թանկարժէք իրերը, որոնք տեղ չեն զբաղեցներ: Պայուսակին մէկ մասին մէջ պէտք է դնել չոր սնունդ, ջուր, կենսանիւթերու սրուակ, տաք հագուստ, գուլպայ, փոխնորդ, գլխարկ, լապտերիկ, ախտահանող նիւթ, ցաւազրկող եւ հանդարտեցնող դեղահատեր, արիւն կեցնող լուծոյթ, ախտազերծ բժշկական ճերմակ ցանց-փաթոյթ, մատի բժշկական փաթաթան, հեռաձայնի լիցքաւորման մարտկոց, մոմ, լուցկի, կերպընկալէ տոպրակ, փոքր մկրատ կամ դանակ, չոր եւ խոնաւ անձեռոցիկ, ձեռքի լաթեր, երեսի պզտիկ սրբիչ: Նօթատետրին մէջ պէտք է նախօրօք գրել կարեւոր հեռաձայնի թիւեր, անձնական որոշ տուեալներ եւ այդ գրութիւնը, գրիչի մը հետ, նոյնպէս զետեղել պայուսակին մէջ: Եթէ պայուսակը միջին չափի է, կարելի է նաեւ թեթեւ ու հանգստաւէտ կօշիկներ դնել անոր մէջ՝ հարկ եղած պարագային կօշիկները փոխելու համար: Պայուսակը պէտք չէ շատ ծանր կշռէ, որպէսզի արագ տեղաշարժուելու պարագային զայն կրելը դիւրին ըլլայ: Ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ ցանկալի է, որ ունենայ իր «տագնապային պայուսակը»: Փափաքելի է նման պզտիկ պայուսակ մըն ալ ունենալ ինքնաշարժին կամ գրասենեակին մէջ: Պայուսակը պէտք է ըլլայ անջրանցիկ կտորէ եւ եթէ հնարաւոր է՝ անոր վրայ կարմիր խաչ փակցուի՝ միւս պայուսակներէն արագ զատելու համար:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան