ՆՈՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ՀԱՄԱՀՈՒՆՉ

2020 թուականի սեպտեմբեր-նոյեմբերին տեղի ունեցած Արցախի պատերազմին մասին Հայաստանի նախորդ տարիներու բոլոր իշխանաւորները զանազան ձեւերով արտայայտուած են՝ յօդուածներու, ասուլիներու, հարցազրոյցներու կամ կարճ գրառումներու միջոցաւ: Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն Վարդան Օսկանեան, որ պաշտօնավարած է 1998-2008 թուականներուն միջեւ, նոյնպէս յայտնած է իր մօտեցումները։ Ան, վերջերս, իր տեսակէտները ներկայացուցած է լրատուամիջոցներուն յօդուածով մը, ուր անդրադարձած է պարտութենէն ետք հայկական կողմին ընելիքներուն եւ պատերազմէն ետք սպառնացող վտանգներուն: Յօդուածը խորագրուած է՝ «Գնացք բարձրանալու ժամանակը»:

Վարդան Օսկանեան Ղարաբաղի հարցին մէջ ներգրաւուած ամենաառանցքային գործիչներէն մին է: Ինչպէս Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան գրած է իր «Պատերա՞զմ, թէ խաղաղութիւն. լրջանալու պահը» պատմական յօդուածին մէջ. «Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին փորձագիտական մակարդակով կը տիրապետէ ընդամէնը վեց հոգի՝ Արքատի Ղուկասեանը, Ռոպերթ Քոչարեանը, Ալեքսանտր Արզումանեանը, Վարդան Օսկանեանը, Ժիրայր Լիպարիտեանը եւ ես»:

Ըլլալով Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար, բանակցութիւններու կարեւորագոյն փուլերուն ընթացքին, մինչ այդ ալ, 1992 թուականէն սկսեալ աշխատած ըլլալով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս, Վարդան Օսկանեան յետագային այս հարցին շուրջ իր մտորումները, յուշերը եւ մտածումները շարադրած է «Անկախութեան ճանապարհով. Փոքր երկրի մեծ մարտահրաւէրները. Նախարարի օրագրէն» գիրքին մէջ:

Յուշագրութիւններուն մէջ նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան կ՚անդրադառնայ Հայաստանի դիւանագիտական գլխաւոր կառոյցէն ներս իր աշխատանքին, զայն ղեկավարելու ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անկախութեան նախորդող տարիներուն իր անցած ուղիին մասին: Գիրքին ութ գլուխներուն մէջ Օսկանեան կը պատմէ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխլրացման արտաքին քաղաքականութեան մասին, դրացիներուն՝ Իրանի եւ Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու ուղղութեամբ կատարուած քայլերուն մասին։ Եւ այդ բոլորի հիմքին մէջ, ինչպէս ինք կը նշէ, դիւանագէտի լուրջ աշխատանքն է: Դիւանագէտի կերպարին մասին ան գիրքին մէջ կը գրէ հետեւեալը.

«…Սկզբունքներէն զատ, յաջող դիւանագիտութիւնը կ՚ենթադրէ նաեւ ատոր իրականացման անձնական ոճ: Ինծի համար յաջողութեան հասնելու քանի մը գրաւական կար.

«Նախ՝ ինչպէ՞ս ներկայացնել քու հարցդ, խնդիրդ, դատդ:

«Երկրորդ՝ ըստ կարելւոյն ներգրաւուիլ միջազգային հանրութեան համար կարեւորագոյն հարցերուն մէջ, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը ուղղակի առընչութիւն չունի Հայաստանի կամ տարածքաշրջանի հետ, որպէսզի երկրիդ եւ տարածքաշրջանին վերաբերող հարցերը աւելի լսելի եւ ընկալելի ըլլան ուրիշներուն համար:

«Երրորդ՝ գործընկերներուն հետ հաստատել անձնական կապեր, շփումներ եւ ունենալ փոխադարձ յարգանք:

«Վերջապէս, թերեւս ամենակարեւորը՝ ըլլալ ազնիւ ու անկեղծ: Պայման չէ, որ ամբողջ ճշմարտութիւնը ըսես, բայց երբեք չստես:

«Եղած են պահեր, երբ ես մտածած եմ բան մը, ըսած եմ ուրիշ բան եւ ըրած եմ բոլորովին ուրիշ բան մը: Բայց երեքն ալ եղած են վերը շարադրուածին տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ:

«Բանակցութիւնները իւրաքանչիւր արտաքին գործոց նախարարի աշխատանքին կարեւոր մասն են: Իւրաքանչիւր արդիւնք ձեռք կը ձգուի խօսելու եւ բանակցելու միջոցով: Մեծ հաշուով՝ կենցաղային առօրեան բանակցութիւններու շարք է, նախարարին աշխատանքը, առաւել եւս, նկատի ունենալով բանակցային գործընթացը: Ֆլեթչըրի դիւանագիտական դպրոցը ինծի լաւ պատրաստած էր բանակցութիւններու: Բանակցութիւններու մասին ինչ հնարաւոր դասընթացք կար, անցած էի:

«1980-ականներու վերջերուն ԱՄՆ-ի ակադեմական շրջանակներուն մէջ շատ նորաձեւ էր բանակցային արուեստին մասին Ուիլիըմ Եուրիի եւ Ռոճըր Ֆիշըրի հեղինակած «Հասնիլ այո-ին» գիրքը: Հեղինակները անձամբ, պարբերաբար կը կազմակերպէին դասընթացքներ եւ խտացեալ դասախօսութիւններ, որոնց կը մասնակցէի: Այդ ամէն ինչէն քաղած էի երկու կարեւոր սկզբունք, որոնք բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւուած ըլլալու առաջին օրէն ինծի համար եղած են հիմնական ուղենիշեր.

«Առաջին՝ լսել քու հակառակորդդ եւ հասկնալ, թէ անոր՝ ստոյգ որեւէ բան պահանջելու եւ ստանալու նպատակը ո՞րն է: Գիրքին մէջ կը նշուի սքանչելի օրինակ մը. երկու հոգի կը վիճին նարինջի մը պատկանելութեան շուրջ. բանակցութիւններու հետեւանքով անոնք մէջտեղէն կը կիսեն նարինջը: Կը պարզուի, որ անոնցմէ մէկուն անհրաժեշտ է նարինջին կեղեւը՝ կարկանդակ պատրաստելու համար, իսկ միւսին՝ նարինջին հիւթը: Եթէ բանակցութիւններու ընթացքին գիտցած ըլլաս իւրաքանչիւրին նարինջ ուզելու նպատակը, բնականաբար, անոնց համար շատ աւելի արդիւնաւէտ լուծումներու կը հասնիս:

«Երկրորդ՝ բանակցութեան իւրաքանչիւր փուլի ընթացքին յստակ պէտք է գիտնաս, թէ ինչո՞ւ կ՚ուզես հասնիլ այդ փուլի աւարտին եւ որո՞նք են քու նուազագոյն եւ առաւելագոյն հնարաւոր զիջումներդ՝ այդ նպատակին հասնելու համար, այնպէս ինչպէս յաջող գործարարը կը գիտնայ, որ երբեք կարելի չէ վաղաժամ յայտարարել քու առաւելագոյն զիջումիդ մասին, մինչեւ վստահ չըլլաս, որ քու ակնկալածդ ստանալուն զուգահեռ կը ստանաս հակառակորդին առաւելագոյն զիջումը»:

*

ԳՆԱՑՔ ԲԱՐՁՐԱՆԱԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Ելլելով իմ երկարամեայ դիւանագիտական փորձառութենէն՝ կրնամ հաստատապէս ըսել, որ երբ միջնորդներուն, միջազգային հանրութեան մօտ կը ձեւաւորուին եւ կը կարծրանան տեսակէտներ, ապագային անոնց դէմ պայքարիլն ու զանոնք փոխելը շատ դժուար կ՚ըլլայ: Այդպէս էր նոյնիսկ, երբ մենք յաղթական եւ գերիշխող դիրքերու վրայ էինք: Այսօր, երբ պարտուած ենք պատերազմի մէջ, բարոյալքուած ենք եւ կը գտնուինք ներքաղաքական ցնցումներու մէջ, նման իրավիճակներ դիմագրաւելը շատ աւելի դժուար է, ասոր համար գերմարդկային ջանքեր կը պահանջուին:

Այսօր մեր շուրջ ու մեր կռնակին, անմիջապէս մեզի վերաբերեալ հարցերուն մէջ լուրջ գործընթացներ տեղի կ՚ունենան: Պատերազմի հետեւանքներու ու մինչ օրս շարունակուող անգործութեան հետեւանքով ձեւաւորուած են մեզի համար կործանարար նոր կարծրատիպեր, որոնք կոտրելը ամէն օր աւելի կը բարդանայ։ Անոնք հիմնուած են երեք փաստարկներու վրայ՝

ա) Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուած է,

բ) Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածք է, ուր կ՚ապրին հայեր եւ անոնց՝ մարդու իրաւունքներուն վերաբերեալ հարցերուն կարելի է ականջալուր ըլլալ,

գ) Ժամանակն է, որ նայինք դէպի ապագայ: ԱՄՆ-ի եւ Եւրոմիութեան քաղաքական եւ դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ շրջանառուող խօսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի նախագահի եւ Թուրքիոյ ամենաբարձր պաշտօնեաներու ըրած յայտարարութիւնները՝ վկայ։

Արտաքին քաղաքականութեան եւ յատկապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի գործընթացին առընչուած գնացքը քալած է: Այժմ, երբ ան կը սկսի թափ հաւաքել, մենք ո՛չ թէ քովէն կը քալենք՝ ջանալով ցատկել ներս, այլ կանգնած ենք։ Այդ գնացքը շուտով կը հեռանայ կայարանէն, եթէ մենք չսկսինք արագ վազել անոր ետեւէն եւ ներս ցատկել։ Սա ընելու համար մեզի անհրաժեշտ է աշխատիլ երեք ուղղութեամբ՝ դիւանագիտական, ռազմական եւ միջազգային իրաւական։

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Դիւանագիտական ճակատի վրայ հայկական կողմը շատ արագ պէտք է յստակեցնէ իր սկզբունքային դիրքորոշումները Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ։ Իմ համոզմամբ՝ այս մէկը պէտք է կառուցուած ըլլայ հետեւեալ դրոյթներուն վրայ.

1․- Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը այդ պահուն Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից շրջաններուն մէջ պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին արտացոլացումն է։ Անոր բովանդակութիւնը ո՛չ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան կամքի եւ ցանկութեան, այլեւ ռազմական ուժով պարտադրուած իրավիճակի արտայայտութիւնն է։

2․- Ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած կարգավիճակը (սթաթիւքոն) երբեք չի կրնար հիմք ծառայել տարածքաշրջանի մէջ երկարատեւ եւ կայուն խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ հարեւան երկիրներու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատման համար։ Ինչպէս 1994-ին պատերազմով ամրագրուած կարգավիճակը հիմք չծառայեց յաջորդ քսանհինգ տարիներուն խաղաղութեան համար, այնպէս ալ այս պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը չի կրնար ամուր խաղաղութեան հիմք ըլլալ գալիք տարիներու համար։

3․- Հայկական կողմը երբեք յաւակնութիւն չէ ունեցած եւ ապագային ալ պիտի չունենայ տարածքներու նկատմամբ, որոնք իրենը չեն եղած, բայց նախանձախնդիր եւ հետեւողական պիտի ըլլայ տէր կանգնելու համար այն ամէն ինչին, որ արդարացիօրէն կը պատկանի իրեն:

4․- Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին՝ իր հողին վրայ ինքնորոշուելու իրաւունքի իրացումը՝ ինչպէս անկախութեան առաջին օրէն, պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր խնդիրը։

Այս սկզբունքները հրապարակայնացնելէ ետք մեր դիւանագիտութիւնը մեր տարածքաշրջանի հիմնական դերակատարներուն հետ աշխոյժ եւ հետեւողական քուլիսային աշխատանք պէտք է տանի անոնց հիմնաւորման եւ ամրագրման համար՝ շեշտը դնելով Ռուսաստանի, բայց ոչ-նուազ նաեւ միւս շահագրգիռ կողմերու հետ գործակցութեան վրայ։

ՌԱԶՄԱԿԱՆ

Դիւանագիտական այս աշխատանքին միս ու արիւն տալու համար անհրաժեշտ է ստեղծել համազգային մարմին մը, որու մէջ ներգրաւուած կ՚ըլլան անձեր Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն։ Անոնց առջեւ խնդիր դրուած կ՚ըլլայ ամենակարճ ժամկէտով մշակել եւ կիրառութեան դնել Հայաստանի բանակի վերակենդանացման, վերազինման եւ կատարելագործման ծրագիր մը՝ լրջագոյնս աշխատելով անոր համար տնտեսական հիմքեր եւ ելմտական աղբիւրներ ստեղծելու ուղղութեամբ։

Բնական է, որ տարածքաշրջանի մէջ գետնի վրայ իրավիճակի էական փոփոխութիւն եղած է: Փոխուած են մեր ներկայ եւ ապագայ մարտահրաւէրները։ Այդ բանակի կառուցուածքը, զինատեսակները եւ ընդհանրապէս բնոյթը պէտք է համահունչ ըլլան նոր ստեղծուած իրավիճակին եւ մարտահրաւէրներուն։ Ան պէտք է տարբեր ըլլայ դասական կամ սովորական (քոնվանսիոնել) բանակէ, վերածուի շատ աւելի շարժունակ, դիպուկ եւ նպատակամէտ բանակի մը։

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱԿԱՆ

Միջազգային իրաւական ասպարէզի վրայ նոյնպէս անհրաժեշտ է ստեղծել համազգային մարմին մը՝ կրկին բաղկացած Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի ներկայացուցիչներէն: Այս ուղղութեամբ պէտք է ներդրուին լուրջ միջոցներ, պէտք է ներգրաւուին միջազգային իրաւաբանական հաստատութիւններ՝ հետապնդելու համար առաջին հերթին գերիներու վերադարձի խնդիրը, բարձրացնելու Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմի ընթացքին քիմիական զէնքի կիրառման եւ միջազգային քրէական հետապնդում ենթադրող գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ անցած տարածքներուն վրայ հայկական մշակութային արժէքներու պահպանման հարցերը։

Եթէ մենք կ՚ուզենք, որ մեր հակառակորդները, բարեկամներն ու հարեւանները, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութիւնը մեզ լսեն, յարգեն եւ ընկալեն՝ որպէս տարածքաշրջանային դերակատար, անհրաժեշտ է, որ այս երեք ուղղութիւններով չյապաղինք եւ ամենակարճ ժամկէտի մէջ սկսինք արդիւնքներ ցոյց տալու։

Աւելի՛ն, եթէ շարունակուի այս ներքին յամառութիւնը եւ արտաքին անգործութիւնը, ապա, իմ խորին համոզմամբ, ոչ-հեռու ապագային մեզ կը սպառնայ Արցախի մնացեալ մասի նախիջեւանացում, Սիւնիքի հայաթափում ու նոյնիսկ կորուստ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 9, 2021