ՆՈՐԷՆ ԳԱՐՈՒՆ

Ահաւասիկ եկաւ ամիսներէն մարտը:

Հայաստանի մէջ գարունի աւետաբերներն են՝ թռչուններէն ծիծեռնակը, ծաղիկներէն ձիւնծաղիկը, իսկ ամիսներէն՝ մարտը: Գարունի ազդակը կը հնչէ մարտի մէկին:

Ժամանակը կը սուրայ: Կարծես տակաւին երէկ կը տօնէինք Նոր տարին, իսկ այսօր այլեւս գարուն է: Արցախի մէջ գարունը կը բացուի իւրատիպ: Գարունի հետ մանկութեան տաքուկ յիշատակներ զարթնեցան իմ մտքի մէջ: Ամէն գարնան ընկերուհիներով կ՚երթայինք դաշտ ու անտառ, սար ու ձոր՝ ծաղիկ հաւաքելու: Իսկ մանուկ հասակին մեր փողոցի միակ խանութի քովի բացատէն՝ խոտերու միջէն կը փնտռէինք զատկաճճիներ:

Տարուան բոլոր եղանակներն ալ գեղեցիկ են: Սակայն գարունը ուրիշ է: Գարուն բառին փոխարինելու կրնան գալ զարթօնք, վերածնունդ բառերը: Յիրաւի, գարունը զարթօնքի շրջան մըն է: Կենդանական ու բուսական աշխարհը կը զարթնէ քունէն: Բնութիւնը կ՚արթննայ, կը վերածնի: Բնութեան վերածնունդի հետ մէկտեղ կ՚աշխուժանան յոյսն ու հաւատքը:

Գարունի հոտը, համը, շունչը ուրիշ է: Գարունը ինծի համար նաեւ արթնութեան շրջան մըն է:

Գարնանային տաքուկ օր մը յիշեցի: Արեգակի ճառագայթները նորէն խուժած էին մեր տունէն ներս եւ բոլորս կը հրաւիրէին դուրս: Արեւի շողերը գարնանային կայտառ տրամադրութեամբ կը վարակեն իրենց շուրջը: Մարդիկ կը ժպտան: Ալեզարդ ծերունիները արեգակի տաքութեան տակ կը ջերմանան: Ձմեռը՝ վառարանի տաքութիւնը անոնց ոսկորները ինչպէս հարկն է չի տաքցներ: Կեանքի մայրամուտի վերջին կանգառին հասած, այլեւս աշխարհի ժամանակաւոր հիւրերը լիարժէք կը տաքնան միայն արեգակի շողերուն տակ: Գարնանային բարձր տրամադրութիւնը, ուրախութիւնը իր արտացոլանքը կը գտնէ երեխաներուն մէջ:

Ծառերը ծաղկեցան, խոտերը կանաչցան, ժրաջան մեղուներն ալ անցան իրենց աշխատանքին: Մեր այգին կը բուրէր գարուն: Դրացիները այգիի մէջ կը կատարէին վարուցան: Իմ մայրիկը այդ օրը նապաստակի տեսքով թխուածքաբլիթներ պատրաստեց: Ես ալ ընկերուհիներս՝ Անահիտն ու Նունէն հրաւիրեցի մեր այգի՝ դաշտապտոյտի: Ծաղկած հոյնիին տակ, խոտերուն վրայ կերպաս մը փռեցինք, վրան շարեցինք մեր ուտելիքները: Մինչեւ հիմա կը յիշեմ այդ թխուածքաբլիթներու տեսքն ու բոյրը: Ի՜նչ անմահական էին: Ինքնաբաւ ընբոշխնեցինք մեր սիրելի նապաստակները. սկսանք ականջներէն, ոտքերէն, թաթիկներէն, քիթիկէն, այնուհետեւ կերանք գլուխն ու մարմինը: Շատ համով էր:

Քանի մը ժամ խաղացինք մեր այգիի մէջ: Քիչ մը վերեւ՝ մեր մեղուներու փեթակներն էին: Դէպի այդ կողմ չէինք երթար, կը վախնայինք մեղուներու խայթոցէն: Մեղու մը տեսած ատեն ալ՝ զգուշութեամբ կը փախչէինք: Այգին կը բուրէր այնքան անուշ: Այգին այնքան գեղեցիկ էր: Բոլոր ծառերը ծաղկած էին՝ ճերմակ, բալ վարդագոյն ու մանիշակագոյն, մուգ վարդագոյն, կարմիր: Հողի տակէն իրենց գլխիկները բարձրացուցած էին մանուշակները: Քիչ մը ծաղիկ հաւաքեցինք: Ուրախացանք: Երբ այլեւս արեգակը կը պատրաստուէր հեռանալու, մենք ալ գացինք մեր տուները: Այսպէս ամէն օր, արեգակի ճառագայթներէն լիցքաւորուելով բարձր տրամադրութեամբ, անոր հետ միասին դուրս կ՚ելլէինք, անոր հետ միասին ալ կը մտնէինք, մենք՝ տուն, իսկ ան՝ մայր:

Փափաքս է, թող որ Տիրոջ կամօք այս տարի ալ արեգակը յաջողի ջերմացնել մեր թախծոտ հոգիները եւ Տիրոջ ողորմածութեամբ լոյս սփռէ մեր հոգիներուն ու սրտերուն, ինչպէս նաեւ մտքերուն:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2023