ԷԼԱ ԱԼԵԱՄԱՉ ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու շարժանկարի գործիչ Էլա Ալեամաչը, որ Առէն Փերտէճիի հետ համահեղինակը հանդիսացած է «Կորստեալ թռչուններ» ժապաւէնին։ Հայկական հարցին եւ անոր մերօրեայ դրսեւորումներուն շուրջ հետաքրքրական ժապաւէն մըն է այս մէկը, որ շարժանկարի աշխարհէն ներս ներկայիս կ՚արժանանայ ջերմ հետաքրքրութեան։ Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ բազմաթիւ մեծ քաղաքներու շարժանկարի սրահներուն մէջ ներկայիս կը ցուցադրուի այս ժապաւէնը, որ ունի մարդկային ամուր հիմք մը։ Մեր համայնքի գեղարուեստասէրներն ալ մօտիկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն այս գործին նկատմամբ։
Հաճելի զրոյցի ընթացքին Էլա Ալեամաչ մեզի յայտնեց, թէ արտասահմանի ցուցադրութիւններուն արդիւնքը արդէն դրական էր, իսկ ներկայիս իրենց գործը դրական արձագանգ կ՚ունենայ նաեւ Թուրքիոյ մէջ։ Էլա Ալեամաչ եւ Առէն Փերտէճի ներկայիս կը ձգտին, որ այս ֆիլմին նկատմամբ ստեղծուած հետաքրքրութիւնը հասցնեն առաւելագոյնին, ինչ որ պիտի ապահովէ անոր աւելի երկար ժամանակ ցուցադրուիլը։
Խմբագրատունս տուած այցելութեան ընթացքին Էլա Ալեամաչին կ՚ընկերանար Րաֆֆի Հերմոն Արաքս։