ՓՈՔՐԻԿՆ ՈՒ ԿՐՕՆՔԸ
Կրօնքն է դաստիարակութեան միակ օրինակելի եւ բնական հիմքը: Ընտանեկան յարկը փոքրիկ եկեղեցի է եւ ծնողները, յատկապէս մայրը, այդ եկեղեցւոյ պաշտօնեան: Քրիստոնէական արժէքները զաւակներուն փոխանցելու ամենաազդեցիկ միջոցը այդ բոլորը ապրիլն է մեր կեանքին մէջ: Ծնողները իրենց արարքներով կը սորվեցնեն այն բոլոր արժէքները, որոնց կը հաւատան: Աստուծոյ սէրը արտայայտելու միակ ձեւը զաւակը սիրելն է: Անհնար է, որ փոքրիկը ըմբռնէ Աստուծոյ սիրող հայր ըլլալը, առանց իր հօրմէն սէր վայելած ըլլալու: Եթէ ծնողները ցանկան փոքրիկին սորվեցնել ճշմարտախօսութեան կարեւորութիւնը եւ ձաղկեն սուտը, կեղծիքը, խարդախութիւնն ու անպարկեշտութիւնը, անպատճառ նախ իրե՛նք պէտք է յարգեն այդ սկզբունքները: Ծնողական դերն ու պարտականութիւնը չափազանց բարդ է իր բնոյթով եւ տարողութեամբ, կը կրէ տարբեր երանգներ ու մօտեցումներ զաւակներու աճման զանազան հանգրուաններուն:
Քրիստոնեայ փոքրիկին հոգեկան ներաշխարհը կը ձեւաւորուի այն հիման վրայ, որ ան քրիստոնէական միջավայրի մէջ ծնելով, այնտեղ աճելով եւ զարգանալով, քրիստոնէական ոգիով հասուննալով կ՚ընտելանայ քրիստոնէական բոլոր ծէսերուն եւ սովորութիւններուն:
«Մինչեւ ծնիլս, ո՞ւր էի», «դուք ո՞ւր կ՚երթաք մեռնելէն ետք», «Աստուած բարի՞ է, թէ չար». պատասխանելով մեր երախան անընդհատ հետաքրքրող այս հարցումներուն, մենք կ՚օգնենք անոր գտնելու իր կեանքի իմաստը եւ կը նպաստենք տագնապի նուազեցման:
Շատ մը ծնողներ կը փորձեն խուսափիլ այդ դժուար հարցումներուն պատասխանելէ: Սակայն շարունակելով խուսափիլ անոնցմէ, մենք կը զրկենք մեր փոքրիկները հոգեւոր փորձառութիւն ձեռք ձգելու հնարաւորութենէն:
Երբ փոքրիկը կ՚իմանայ, որ գոյութիւն ունին տարբեր կրօններ, որոնց հետեւողները կրնան խաղաղ գոյատեւել կողք կողքի, անոր անհատականութիւնը առաւել ներդաշնակ եւ ամբողջական կ՚ըլլայ: Մշակոյթին մէջ կրօնքը իր դրոշմը կը ձգէ ամէն ինչի վրայ՝ երաժշտութեան, գրականութեան, պատմութեան: Եթէ ան կրօնքի մասին պատկերացում չունի, ապա ան չի կրնար խորապէս հասկնալ ու ընկալել նաեւ մշակոյթը:
Փոքրիկին վրայ բացասական ազդեցութիւն կրնայ ձգել այն, երբ ծնողքը կը պարտադրէ, կը ստիպէ փոքրիկին հաւատալ կամ չհաւատալ Աստուծոյ: Եթէ դուք չէք գիտեր փոքրիկին կողմէ տըր-ւած հարցումներուն պատասխանները, անկեղծօրէն ըսէք անոր այդ մասին, փոխանակ ստելու եւ կամ նիւթը փոխելու, որովհետեւ անոնք շատ լաւ կը զգան, թէ իրենց ծնողքը անկե՞ղծ է կամ ոչ: Եթէ չէք գիտեր որեւէ հարցումի պատասխանը, առաջարկեցէք անոր այդ մասին փնտռել գիրքի մէջ եւ միասին քննարկել: Այդպէսով դուք կը գոհացնէք ձեր փոքրիկին հետաքրքրութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՚ամրապնդէք ձեր եւ փոքրիկին կապը: Փոքրիկը կը սկսի աւելի շատ վստահիլ ձեզի:
Պէտք է անպայման նկատի առնել փոքրիկին տարիքային առանձնայատկութիւնները, որովհետեւ տարբեր տարիքներու մէջ անոնց մօտ ընկալման մակարդակը տարբեր է:
4-5 տարեկան. Այս տարիքին փոքրիկը շատ դիւրին կը հասկնայ ու կ՚ընկալէ Աստուծոյ գոյութեան գաղափարը: Անոր կը հետաքրքրէ, թէ ո՛վ է Աստ-ւած, եւ անոր գոյութիւնը ի՛նչ կը նշանակէ իրեն համար:
5-7 տարեկան. Այս տարիքի փոքրիկը կը հետաքրքրէ աւելի բարդ հարցեր. «Երբ ես մեռնիմ, ո՞ւր պիտի երթամ», «ի՞նչ է հոգին»… Փոքրիկը արդէն ընդունակ է հաւատալու ոչ-շօշափելի եւ անտեսանելի երեւոյթներուն, այլեւ ընդունակ է այդ բոլորը պատկերացնելու:
7-11 տարեկան. Այս տարիքին փոքրիկը ընդունակ է հասկնալու կրօնական ծիսակատարութիւններու իմաստը:
12-15 տարեկան. Փոքրիկին ճանաչողական ընկալումը կը զարգանայ, մեծերուն համապատասխան: Դեռահասը կը սկսի հասկնալ հոգեւոր իմաստը, որ իւրաքանչիւր կրօնքի հիմքն է:
Խօսելով փոքրիկին հետ նմանատիպ երեւոյթներու մասին, շատ կարեւոր է նաեւ նկատի առնել անոր անհատական առանձնայատկութիւնները: Առաջին հեր-թին այս ամէնը պէտք է ըսուի հասկնալի լեզուով, օրինակ՝ «Աստուած միշտ կը սիրէ մեզ, այս պատճառով մենք ալ զինք կը սիրենք: ԶԱստուած չենք կրնար տեսնել, սակայն, օրինակ՝ քամին ալ չենք տեսներ, այլ միայն կը զգանք: Աստուծոյ գոյութիւնն ալ մենք պէտք է զգանք: Ան կը հոգայ մեզ, ան կը տխրի եւ կ՚ուրախանայ մեզի հետ»:
Փոքրիկները յաճախ կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ տարբեր ազգերու մօտ Աստուած տարբեր է: Պէտք է ըսել, որ Աստուած մէկ է, ուղղակի զԱյն կը հասկնան ու կը մեկնաբանեն տարբեր ձեւերով: Շատ կարեւոր է այնպիսի ժամանակ ընտրել, որ խօսակցութեան ընթացքին փոքրիկը չշեղի: Կարեւոր է նաեւ չմերժել փոքրիկը, եթէ անոր որեւէ հարց կ՚անհանգըս-տացնէ եւ դուք պատրաստ չէք այդ նիւթին շուրջ զրուցելու. ըսէք, որ հիմա չէք կրնար այդ մասին խօսիլ, անոր կ՚անդրադառնաք աւելի ուշ:
Փոքրիկները ընդունակ են ամէն ինչ հասկնալու, եթէ նիւթը ներկայացուի անոնց տարիքին համապատասխան լեզ-ւով, ճի՛շդ վայրին եւ ճիշդ ժամանակին: