ԱՐԱՄԸ. ԾՆՆԴԵԱՆ 140 ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ 100-ԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒ ԱՌԹԻՒ

Անցնող օրերուն, Երեւանի եւ Արցախի մէջ, մեծ շուքով նշուեցաւ հայ պետական, ռազմական, հասարակական նշանաւոր գործիչ Արամ Մանուկեանի 140-ամեայ յոբելեանը: Արցախը պատահական չէր ընտրուած:

Աւազանի անունով Սերկէյ (Սարգիս) Յարութիւնի Յովհաննիսեան՝ Արամ ծնած է 1879 թուականի մարտ 19-ին, Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ: Անոր ծնողքը կը մնար Սիւնիքի Զէյվա գիւղը. կարգ մը ուսումնասիրողներ եւ պատմաբաններ թերեւս այս պատճառով անոր ծննդավայրը կը համարեն Զէյվան, մինչդեռ, Արամ Մանուկեան ինքզինք նկատած է արցախցի եւ շուշեցի: Այսօր պատմագիտութիւնը հակած է Արամի ծննդավայրը նկատել Շուշին, հակառակ որ որոշ համայնագիտարաններու մէջ տակաւին կը մնայ Զէյվան, իբրեւ անոր կարծեցեալ ծննդավայրը:

Շուշիի մէջ, դերձակութեամբ զբաղող եղբօր օգնութեամբ, Արամ կ՚աւարտէ Շուշիի Ագուլեաց ծխական վարժարանը, ապա 1890 թուականին կ՚ընդունուի Շուշիի թեմական դպրոցը: Դաշնակցութեան ազդեցութեամբ տեղի ունեցած խռովայոյզ ցոյցերէն ետք՝ ընկերներուն հետ, կը վտարուի դպրոցէն, ապա կ՚ընդունուի եւ կ՚աւարտէ Երեւանի թեմական դպրոցը, 1907 թուականին:

Արամին կեանքը, Շուշիէն զատ, կապուած է ուրիշ քաղաքներու եւս.

Երեւանի մէջ ան շարունակած է իր յետագայ կրթութիւնը եւ 1918 թուականին կազմակերպած Սարտարապատի ճակատամարտը, Մայիսեան հերոսամարտերը եւ դարձած Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց առաջին նախարարը:

Յաջորդ կարեւոր քաղաքը Վանն էր, ուր անցած է անոր կեանքին հիմնական մասը, որուն ան անսահման նուիրուած էր: «Վանի Արամ» անունը Արամ Մանուկեանին տրուած անուններէն մէկն էր, որ ան կը կրէր հարազատօրէն՝ ինքզինք զգալով Վանի ժողովուրդին մէկ մասնիկը:

Գործիչին մահուան 140-ամեակին առթիւ ձեռնարկներ տեղի ունեցած են նաեւ ՀՅԴ պատմութեան եւ Հայոց Ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարաններու միացեալ ջանքերով, ծաղիկներ զետեղուած են անոր արձանին: Ձեռնարկներ տեղի ունեցած են նաեւ Սարտարապատի յուշահամալիրի Ազգագրութեան թանգարանին մէջ: Այս յոբելեանական տարուան առթիւ, անգամ մը եւս, խօսուած է Արամի երեւանեան տունը վերականգնելու եւ զայն թանգարանի վերածելու անհրաժեշտութեան մասին:

Վանի եւ այլ վայրերու ինքնապաշտպանական մարտերը ղեկավարելով, օգնելով գաղթականութեան տեղաշարժին եւ նը-պաստելով ազգային-ազատագրական պայքարի յաղթանակներուն, Արամ Մանուկեանի կենսագրութեան մէջ այնուհանդերձ մեծ տեղ կը գրաւէ անոր ներդրումը՝ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան կերտումին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք ան կը ղեկավարէ երկիրը մինչեւ 1918 թուականի յուլիսի 23-ը, երբ Երեւան կը ժամանէ Թիֆլիզի մէջ ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի գլխաւորութեամբ:

Նոր կառավարութեան մէջ 1918 թուականին նորանկախ պետականութեան դարբինն ու հաստատակամ ոգին ըլլալով հանդերձ՝ դաշնակցականի իր նկարագրով եւ ազգի ու հայրենիքի անկեղծ զինուորի մղումով, Սարտարապատեան հերոսամարտերը կերտած հրամայապետի իր լիազօրութիւնները վար կը դնէ եւ վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի գլխաւորած անդրանիկ կառավարութեան մէջ կը ստանձնէ ներքին գործոց նախարարի պատասխանատուութիւնը մինչեւ մահ, ինչպէս նաեւ աշխատանքի եւ խնամատարութեան նախարար՝ Խաչատուր Կարճիկեանի սպանութենէն ետք, շուրջ մէկ ամիս՝ 15 նոյեմբեր 1918-էն մինչեւ 13 դեկտեմբեր 1918 թուականը, հանրային խնամատարութեան եւ աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատարն էր:

Անոր կենսագիրները նկատած են, որ Արամ իր պատանեկան տարիքէն նետուած է հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան համար անխոնջ պայքարի ու անվեհեր կռուի դաշտ, ամբողջ կեանքը զոհաբերած է այդ նպատակին եւ հայոց լեռներուն ամեհի ու խրոխտ կարծրութեամբ եւ տոկունութեամբ թրծուած իր նկարագրով, գաղափարապաշտութեամբ ու մարտունակութեամբ՝ ինքնուրոյն իր դրոշմը դրած է հայոց նորագոյն պատմութեան արեւածագին վրայ: Արամը դարձած է հայոց պայքարի եւ ստեղծարար միտքի մարմնացումն ու ոգին: Իր գործունէութեան առաջին իսկ օրերէն ան աչքի ինկած է իր ժողովուրդին անսպառ նուիրումով, պատասխանատուութեամբ, մեծ եռանդով, քաղաքական հասունութեամբ, կազմակերպչական բացառիկ ձիրքով: Արամի համոզումը այն էր, որ ազատագրական պայքարի դրօշ բարձրացուցած հայ ժողովուրդը իր յոյսը դնէ սեփական ուժերուն վրայ:

Ժողովուրդին համար հերոս դարձած Արամ Մանուկեան կը մահանայ 29 յունուար 1919 թուականին, Երեւանի իր անշուք բնակարանին մէջ, բծաւոր ժանտատենդէ: Անոր յուղարկաւորութիւնը վերածուած է համաժողովրդական սուգի: Ծանօթ է անոր յուղարկաւորութեան Նիկոլ Աղբալեանի արտասանած ճառէն հետեւեալ հատուածը.

«Երբ գիշերը գայ, մտէք ձեր հոգւոյն սենեակն ու խօսեցէք ձեր խիղճին հետ եւ ըսէք՝ արդեօք աշխատա՞ծ էք հայ ժողովուրդի համար, ինչպէս Արամը, եղա՞ծ էք անձնազոհ, որքան՝ Արամը, տուա՞ծ էք ձեր ամբողջ կեանքը հայ ժողովուրդին, ինչպէս Արամը…»:

Այս տարի նաեւ Արամ Մանուկեանի մահուան 100-ամեակն է: Հակառակ կարճ կեանք մը ապրած ըլլալուն, ան մեծ ներդրում ունեցած է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ. ահա թէ ինչու միշտ կ՚ըսուի, որ անոր մահով նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը զրկուի հայ ժողովուրդի ազգային-հասարակական ներքին միասնութիւնը շաղախող, պետականօրէն կազմաւորող եւ սեփական ուժերով ամրապնդող ղեկավար գործիչէն:

Արամ վայելած է հայ ժողովուրդի սէրն ու յարգանքը. ժողովուրդը անոր ձօնած է երգեր, Արամի անունով անուանակոչուած են դպրոցներ, փողոց, անոր արձանն ալ վերջերս զետեղուած է Հանրապետութեան հրապարակին յարող Արամի եւ Նալպանտեան փողոցներու խաչմերուկին մօտ:

Ամուսնացած էր Հայաստանի առաջին խորհրդարանի երկրորդ գումարման երեսփոխան բժշկուհի Կատարինէ Զալեան-Մանուկեանին հետ: Անոնք ամուսնացած են 1917 թուականին, երբ Արամ Մանուկեան Երեւանի մէջ Ազգային խորհուրդի լիազօր-ներկայացուցիչն էր, իսկ Կատարինէն՝ որբանոցին մէջ բժշկուհի: Այս նշանաւոր զոյգին ամուսնական կեանքը տեւած է երկու տարիէն պակաս:

Որպէս նախարար Արամ ժողովուրդին սիրելին էր: Ան զուսպ ու համեստ կեանք մը կ՚ապրէր: Անոր նորակազմ ընտանիքը ոչինչով կը տարբերէր հասարակ ժողովուրդէն: Անմռունչ կը կրէր ժողովուրդին ցաւերն ու դժուարութիւնները: Հրաժարած էր բոլոր առանձնաշնորհումներէն, որոնցմէ կառավարութեան անդամները կրնային օգտուիլ: Հրաժարած էր նաեւ ծառայողական ինքնաշարժէն: Վանի մէջ, երբ իրեն կ՚այցելէ ընկերը` ականաւոր գործիչ Ռուբէն Տէր-Մինասեան, կը զարմանայ անոր կենցաղավարութեան վրայ: Յետագային Ռուբէն Տէր-Մինասեան իր յուշերուն մէջ գրած է. «…Չորս պատ, չորս աթոռ, ո՛չ սեղան, ո՛չ ալ մահճակալ…»: Նոյնքան անշուք էր Երեւանի բնակարանը: Երբ ընկերները այդ մասին դիտողութիւն կ՚ընէին, ան կը պատասխանէր` «Դատարկ բաներով մի մտահոգուիք»:

Արամի մահէն երկու ամիս անց կինը՝ Կատարինէն, ընտրուած է Խորհրդարանի անդամ: Կատարինէ, իբրեւ բժշկուհի, նուիրուած է նաեւ որբերու ու գաղթականներու օգնութեան գործին: Ունեցած են մէկ դուստր՝ Սեդա Մանուկեան, եւ երբ Հայաստանը խորհրդայնացած է, Կատարինէ Մանուկեան հետապնդուած է իշխանութեան եկած քաղաքական նոր համակարգին կողմէ, վտարուած իր տունէն, մանկահասակ դստեր հետ ապաստանած նախ իր քրոջ բնակարանին մէջ, ապա մեկնած ռուսական Քրասնոտար քաղաքը՝ Արամ Մանուկեանի ազգականներուն քով: Ան վտարուած է այն տունէն, ուր 1917-1919 թուականներուն ապրած է Արամ Մանուկեանին հետ: Այդ տունը Արամ Մանուկեան նուէր ստացած էր, երբ 1917 թուականին եկած էր Երեւան, եւ զինք դիմաւորած էին մեծ ցնծութեամբ, իբրեւ 1915-ի Վանի ինքնավար հայկական նահանգի փառապանծ նահանգապետ, իսկ այդ ժամանակ արդէն Արեւելեան Հայաստանի փաստացի ղեկավար:

Երեւանի պատուարժան քաղաքացիներէն մէկը՝ Ֆատէյ Քալանթարեան, Արամ Մանուկեանին նուիրած է իր երկյարկանի տունը: Սեւ քարով կառուցուած այդ տունը կանգուն է մինչ օրս՝ Արամի անունը կրող փողոցին վրայ: Ապա Կատարինէ հնարաւորութիւն ունեցած է վերադառնալ Երեւան 1927 թուականին, երբ Հայաստանը բժիշկներու խիստ կարիքն ունէր, եւ ինքզինք կրկին նուիրած է բժշկութեան: Սակայն հետապնդումներու, աքսորի եւ հալածանքներու չարաբաստիկ 1937 թուականին Կատարինէ Զալեան-Մանուկեանը դարձեալ կը հեռացնեն աշխատանքէն՝ որպէս արտասահմանի հետ կապ ունեցող «կասկածելի անձնաւորութիւն»: Ճիշդ է, որ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն ան կրկին աշխատած է, սակայն անոր առողջութիւնը հիմնովին քայքայուած էր:

Յետագային դուստրը՝ Սեդա Մանուկեան իր մօրը մասին գրած է. «Մայրս կրթուած, ազնիւ, իր գործին, իր մասնագիտութեան նուիրուած անձնաւորութիւն մըն էր: Առաւօտեան կ՚երթար աշխատանքի, ճաշին կու գար, զիս կը կերակրէր, ապա նորէն դուռը իմ վրաս կը գոցէր, կ՚երթար ուրիշ աշխատանքի: Այդ էր անոր ամբողջ կեանքը»:

Իր յուշերուն մէջ Սեդա Մանուկեան, որ շատ պզտիկ եղած է, երբ հայրը մահացած է, նաեւ գրած է. «Ծանր տարիներ, դժուար աշխատանք, ամբողջ օրը մայրս մանկատան մէջ կ՚անցընէր, հայրս ալ՝ հասարակական, քաղաքական գործունէութեան մէջ թաղուած, բնականոն ամուսնական ընտանեկան կեանք չունեցան, ինչպէս կ՚ունենան ուրիշներ»:

Ապրելով դժուար, նուիրեալ կեանք մը, Կատարինէ Մանուկեան իր կեանքը վտանգի տակ դրած է բազմաթիւ առումներով, շարունակած է աշխատիլ երկրի մը մէջ, ուր կարգերը փոխուած են, նաեւ իր ամուսինին աճիւնը տեղափոխած է վայրէ վայր:

Կատարինէ Մանուկեան մահացած է 1965 թուականին: Իր մահէն առաջ իր միակ դստեր ըսած է. «Ես չտեսայ, բայց դուն, ուշ թէ կանուխ, անպայման կը տեսնես այն օրը, երբ մարդիկ կը յիշեն ու կը գնահատեն քու հերոս հայրիկդ: Չի կրնար ըլլալ, որ հայ ժողովուրդը մոռնայ զայն ու անոր ազգանուէր գործերը՝ ես վստահ եմ»:

Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան նոյնպէս յուղարկաւորուած է Երեւան՝ Արամ Մանուկեանին քով, իսկ յետագային ընտանեկան այդ դամբարանին մէջ տեղ գտած է նաեւ անոնց դստեր շիրմաքարը:

Արամ Մանուկեանի կեանքին մէջ հետաքրքրական դրուագներ շատ կան: Ինչպէս այս մէկը. Արամ Մանուկեան եղած է «Աշխատանք» թերթի խմբագիրներէն: «Աշխատանք»ը ՀՅԴ-ի Հայաստանի պաշտօնաթերթն էր, որ Երեւանի մէջ լոյս տեսած է 1916 թուականէն մինչեւ 1919 թուականի  սեպտեմբերի 13-ը, որոշ շրջան՝ արեւմտահայերէն, որոշ շրջան՝ արեւելահայերէն: Այս թերթն ալ ինքնին հետաքրքրական պատմութիւն մը ունի։ Ան Երեւանի մէջ սկսած է լոյս տեսնել իբրեւ շարունակութիւն Վանի մէջ 1909-1915 թուականներուն միջեւ լոյս տեսնող նոյն խորագրով ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթին: Թերթը հիմնականօրէն անդրադարձած է արեւմտահայ գաղթականներու ամէնօրեայ հոգերուն ու անոնց վիճակի բարելաւման համար տարուող աշխատանքներուն: Արտայայտած է դաշնակցականներուն տեսակէտները՝ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին վերաբերող հրատապ հարցերուն առթիւ: Որոշակի տեղ յատկացուած է նաեւ Հա-յաստանի Հանրապետութեան ներքին քաղաքական ու տնտեսական անցուդարձին:

Ահաւասիկ, «Աշխատանք» թերթը, իր տպագրութեան վերջին տարուան ընթացքին, Արամ Մանուկեանի մահուան առթիւ բացառիկ թիւ մը թողարկած է, որուն 52 էջերուն մէջ այսօր, տարիներու հեռուէն կը կարդանք Արամին նուիրուած գրութիւններ, յօդուածներ, որոնք հեղինակած են ազգային, պետական, կուսակցական գործիչներ, անոր ընկերները եւ այլ յօդուածագիրներ: Բացառիկը խորագրուած է. «Աշխատանք»ի խմբագրութիւնը իբրեւ առաջին սգապսակ եւ ամենադոյզն յարգանք կը ձօնէ Արամի յաւերժական յիշատակին»: Բացառիկին խմբագրականը գրած է «Աշխատանք»ի խմբագիր Օննիկ Մխիթարեան. «Մահը խլեց մեզմէ նաեւ Արամը… Ռոստոմի մահէն ետք Արամի կորուստը կատարեալ աղէտ մըն է: Անփոխարինելի կորուստ մը հայ ժողովուրդի, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ մանաւանդ Վասպուրականի հայութեան համար: Արամը մեր կեանքի սիւնն էր, հոյակապ ու հաստատ, որ ամուր կը պահէր մեր դիմադրական շէնքը, մեր կազմակերպութիւնը, մեր ժողովուրդի հասարակական պաշտպանութեան եւ յարատեւ աշխատանքի գործը:

«Իր կեանքի ամբողջ կենսունակ երիտասարդութիւնը, իր բովանդակ կեանքը, նուիրեց Հայ դատին, հայ ժողովուրդի մեծ տառապանքին՝ հանդիսանալով հայ վիշտի, հայ ազատամարտի եւ հայ ստեղծագործ աշխատանքի մարմնացումը, անոր ոգին…», այսպէս սկսելով իր խմբագրականին, Օննիկ Մխիթարեան անդրադարձած է Արամի կեանքին եւ գործունէութեան, իսկ աւարտին գրած է. «Հայութեան ամէն փորձութեան եւ օրհասի պահուն Արամը մնաց որպէս մեզ Կարմիր ծովերէն առաջնորդող Մովսէսը, որպէս մեր պաշտպանութեան վէմը, որպէս խորհրդանիշը մեր սրբազան ընդվզումին եւ ոգին հայութեան ստեղծագործ աշխատանքին»:

Խմբագրականէն ետք բացառիկին մէջ զետեղուած է Նիկոլ Աղբալեանի նշանաւոր դամբանականը եւ Սիմոն Վրացեանի գրութիւնը՝ «Արամը» խորագրով:

«Կ. Պոլիսէն նամակ Արամին» խորագրով գրութիւնը պոլսահայ մտաւորական Յակոբ Սիրունիի նամակն է, որ ան Արամին գրած է 1918 թուականին եւ հրատարակուած է «Աշխատանք»ի բացառիկին մէջ: Յաջորդաբար գրութիւններ հրատարակուած են նաեւ դաշնակցական գործիչներէ, թղթակցութիւն՝ Արամի յուղարկաւորութենէն, բացառիկին մէջ զետեղուած են նաեւ ստացուած ցաւակցական հեռագիրներն ու ինչպէս նաեւ այն նուիրատուներուն անունները, որոնք Արամի մահուան առթիւ «Աշխատանք» թերթին նուիրուատութիւններ կատարած են, փոխան ծաղկեպսակի:

Յետագային լոյս տեսած են Արամի մասին գիրքեր, անոր յուշերը, հատուածներ օրագիրէն, ինչպէս նաեւ Արամ Մանուկեանի նամականին: Անոր մասին լոյս տեսած վերջին գիրքը «Արամ Մանուկեանի նամականին» խորագրով կազմած է լիբանանահայ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանը:

Ժողովածոն կազմելու ընթացքին պատմաբանը մեծամասնութեամբ օգտուած է ՀՅԴ-ի արխիւներէն: Պատմական այս բացառիկ փաստաթուղթերը լոյս կը սփռեն Արամ Մանուկեանի` 1904-1915 թուականներուն ծաւալած գործունէութեան վրայ: Ժողովածոյին մէջ հրապարակուած են Արամ Մանուկեանի նամակներէն 354-ը, որոնցմէ 325-ը երբեւէ չեն տպագրուած: Նամակներէն 260-ը կը վերաբերին հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանական մարտերու կազմակերպման համար անհրաժեշտ զէնք-զինամթերքի մատակարարման: Նամակներուն մէջ արձանագրուած վկայութիւնները անկեղծ եւ հարազատ ձեւով կը ներկայացնեն Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայութեան հետ կապուած դէպքերն ու դէմքերը:

Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140 եւ մահուան 100-ամեակները Երեւանէն, Սարտարապատէն եւ Արցախէն զատ կը նշուին նաեւ սփիւռքի համայնքներուն մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2019