ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ ԵՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔ
Ծաղկազարդը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակի տօնն է։ Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին Երուսաղէմ եկաւ, ուր ժողովուրդը մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեց զԻնք որպէս Թագաւոր, Անոր առջեւ փռելով իրենց վերարկուներն ու արմաւենիի ճիւղեր։
Քրիստոնէական Եկեղեցին այս օրը կոչած է «Արմաւինեաց կիրակի»։ Մեր տօնացոյցին մէջ նշուած է որպէս՝ «Գալուստ Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ յաւանակաւ յԵրուսաղէմ»։ Մեր ժողովուրդը այս օրը կոչած է նաեւ Ծաղկազարդ, որ միայն մեզի՝ հայ ժողովուրդին յատուկ է, որ նաեւ յաճախ կոչած է Ծառզարդար։ Ծաղկազարդ անունի ծագումին մասին զանազան տեսութիւններ կան։ Ոմանք ուղղակիօրէն դէպքին՝ Քրիստոսի յաղթական մուտքին պարգեւած ուրախութեան հետ առընչուելուն կը կապեն։ Ուրիշներ, զայն կ՚առընչեն հեթանոսական հին տօնակատարութեան հետ։ Ոմանք ալ, ժողովուրդին «ողոգոմեան Ծաղկազարդ» ասոյթէն մեկնելով, անոր յունական ծագում կու տան, որ կը նշանակէ՝ «Ծառազարդ» (Ա. Մանուկեան, էջ 108)։
Մեր ժողովուրդը սերտ նմանութիւն տեսած է Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին եւ գարնանամուտին բնութեան գիրկէն ներս կատարուող յաղթական ծաւալումին մէջ. «Եւ իրօք, Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը՝ Անոր մեծութեան ծաղկումն էր։ Անոր աստուածային հեղինակութեան պարուրուած կոկոնին բացուիլը։ Անոր՝ մինչեւ հիմա անտեսանելի մնացած փառքին ճառագայթումն է» (Շնորհք Արք. Գալուստեան, էջ 11-12)։
Ծաղկազարդի տօնին, մեր եկեղեցւոյ գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, ծնողները իրենց զաւակները եկեղեցի կը բերեն, անոնց տալով մէկական մոմ։ Արարողութեան ընթացքին երբ պատարագիչ քահանան Ս. խորանէն կ՚իջնէ, որպէսզի թափօր դառնայ, մանուկներն ալ կը միանան թափօրին, խորհրդանշելու համար մարդոց այն բազմութիւնը, որոնք Յիսուսը դիմաւորեցին՝ Անոր Երուսաղէմ յաղթական մուտքին առիթով։
Այս տօնին հետ առընչուած բարեպաշտական սովորութիւն մըն ալ կայ։ Ս. եւ անմահ Պատարագէն ետք հաւատացեալները երբ եկեղեցիէն իրենց տուները կը մեկնին, իրենց հետ կը տանին ծառերու ոստեր (ընդհանրապէս ձիթենի)։ Սահակ Ձորափորեցի Կաթողիկոս հետեւեալ մեկնութիւնը կու տայ այս ուղղութեամբ, բացատրելով հետեւեալ համարը. «Ուրիշներ ծառերէն ոստեր կը կտրէին եւ կը տարածէին ճամբուն վրայ» (Մտ 21. 8). ա՛ս ալ պատահաբար չէ, այլ՝ աստուածային գալստեան արժանաւորապէս մասնակցութիւնը. որովհետեւ փրկութիւնը ամբողջ տիեզերքին համար պիտի կատարէր (Քրիստոս), եւ մարդոց սին բաներու հնազանդութիւնը պիտի փոխէր աստուածային հնազանդութեան։ Երկրին եւ ծովուն համար՝ որպէսզի ճանչնան ու մեծացուցանեն իրենց Աստուածը. ծառերուն եւ ծաղիկներուն՝ որպէսզի ճանչնան իրենց գոյացուցիչը եւ գովեն զԻնք»։
Իսկ Ստեփանոս Քհնյ. Մանդինեանց իր՝ «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ» գիրքին մէջ կը գրէ. «Յիսուսի հանդիսաւոր մուտքը Երուսաղէմ խորհրդանիշ էր կամաւորաբար չարչարուելու ու խաչուելու Իր երթալուն, որու համար երկինքէն իջաւ։ Ան գիտէր թէ փառքի ճանապարհը Իրեն համար չարչարանքի ճանապարհն էր եւ առանց հրաժարելու՝ գնաց դէպի այդ։ Ուստի, այս տօնը քրիստոնեայ անհատին կը սորվեցնէ ազատ կամքով երթալ իր նպատակի ճամբէն, նոյնիսկ եթէ անոր վրայ ծաղիկներու փոխարէն փուշեր տարածուած ըլլան, սակայն կարեւորը աշխարհի սուտ եւ խաբուսիկ գովասանքներէն չխաբուիլն է ու չվախնալ մարմինը սպաննողներէն, որոնք ուրիշ բան չեն կրնար ընել (Ղկ 12.4). այլ՝ վախնալ Անկէ, որ կարողութիւն ունի մարմինն ու հոգին սպաննելու եւ գեհենին մէջ նետելու։ Որովհետեւ հրեաները այսօր զՔրիստոս դիմաւորեցին ովսաննա աղաղակելով, սակայն հինգ օր ետք Պիղատոսի դիմաց աղաղակեցին ըսելով՝ խաչ հանէ զԻնք։ Այսօր որպէս Թագաւոր դիմաւորեցին, ապա աղաղակեցին՝ մենք բացի կայսրէն թագաւոր չունինք»։
Գալով մեզի, այսօրուան նիւթականացած այս աշխարհին մէջ մենք որդինե՞րն ենք մեր Աստուծոյն, մեր Տիրոջ ու Թագաւորին, թէ՞ ծառաներն ենք կայսրին, մամոնային, սատանային: Սիրտի մաքրութեամբ եւ պարզութեամբ դիմաւորենք զՔրիստոս մեր ներսիդին, որպէսզի Քրիստոսով զօրացած ու ծաղկազարդուած, կարենանք դիմագրաւել մեր դիմաց ցցուած դժուարութիւնները, նեղութիւններն ու փորձութիւնները, արժանանալու համար Անոր փառքին ու հանգիստին մէջ ապրելու յաւիտեան:
ԴՌՆԲԱՑԷՔ
Ծաղկազարդի երեկոյեան Դռնբացէքի արարողութիւնը կը կատարուի, որ առաւօտեան կատարուող տօնախմբութեան լրացումն է։ Ծաղկազարդն ու Դռնբացէքը, մուտքի՝ ներս մտնելու խորհրդանիշներն են։ Ծաղկազարդը պատկերացումն է Քրիստոսի յաղթական մուտքին Երուսաղէմ Իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին, իսկ Դռնբացէքը, մարդոց խորհրդանշական մուտքն է Վերին Երուսաղէմ։
Անունը՝ դռնբացէք, կը նշանակէ դուռը բացէք։ Անցեալին այս արարողութիւնը դուրսը՝ եկեղեցւոյ մայր դրան առջեւ կը կատարուէր, սակայն եղանակի անյարմարութիւնն ու այլազգիներուն նեղութիւնները պատճառ դարձած են, որ արարողութիւնը եկեղեցիէն ներս, խորանին առջեւ կատարուի։
Ամբողջ արարողութիւնը կը խօսի Աստուծոյ ողորմութեան ու բարութեան մասին։ Արարողութիւնը բեմական է։ Փակեալ Խորանին առջեւ սաղմոսներու, աղօթքներու եւ շարականներու կատարումէն ետք, քահանաներէն մէկը Ս. Խորան կը մտնէ, իսկ ուրիշ մը ծունկի կու գայ վարագոյրին առջեւ եւ կը սկսի երկխօսութիւն մը, որուն նպատակը հաւատացեալներուն դէպի Քրիստոս երթալու ընթացքն է։
Այստեղ կու տանք արարողութեան աշխարհաբար տարբերակը առնուած՝ 1988-ին Լիբանանի մէջ տպուած «ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ»էն։
Արարողութիւնը կը սկսի «Շնորհեա մեզ Տէր» ԲՁ. շարականով, ուր արթնութիւն եւ իմաստութիւն, երկրորդ գալուստին՝ Իր աջ կողմը եղողներուն հետ ըլլալ, ողորմութեան դուռը բանալ մեր առջեւ, իմաստուն կոյսերուն հետ առագաստ մտնել եւ ոչ թէ յիմար կոյսերուն նման դուրս մնալ, եւ մեր հոգիներու լապտերներուն պայծառացումը եւ արքայութեան կոչունքին հրաւիրեալներուն հետ նստիլ կը խնդրենք։
Այս շարականէն ետք կ՚երգուի «Բաց մեզ Տէր»ը, որ Տիրոջ ուղղուած աղերս է, մեր առջեւ բանալու ողորմութեան դուռը։
Ապա ներսը եղող քահանան կ՚ըսէ.
Ներսէն. ո՞վ են ասոնք, որ բանամ դուռը, որովհետեւ այս դուռը Տիրոջն է եւ արդարները կը մտնեն անկէ։
Դուրսէն. ո՛չ թէ միայն արդարները կը մտնեն, այլեւ մեղաւորները՝ խոստովանութեամբ եւ ապաշխարութեամբ արդարացած։
Ներսէն. որովհետեւ ասիկա դուռն է երկինքի եւ հովիտը տրտմութեան, զոր Աստուած Յակոբին ուխտեց. արդարներուն հանգստարան, մեղաւորներուն քաւարան, Քրիստոսի արքայարան, հրեշտակներու բնակարան, սուրբերու ժողովարան, ապաւէնի քաղաք եւ տուն Աստուծոյ։
Դուրսէն. Սուրբ Եկեղեցւոյ մասին ըսածներդ արժան են եւ արդար, որովհետեւ մեզի համար ան անարատ մայր է եւ անկէ կը ծնինք լոյսի եւ ճշմարտութեան զաւակներ եւ ան մեզի համար կեանքի յոյս է եւ անով կը գտնենք հոգիի փրկութիւնը եւ ան մեզի համար արդարութեան ճամբայ է եւ անով կ՚ելլենք մեր երկնաւոր Հօր՝ Քրիստոսի մօտ:
Ապա կ՚երգուին ԲԿ. «Իմաստուն կուսանքն», «Յոյս իմ ես Դու Տէր» եւ «Մեղք իմ բազում են յոյժ» շարականները, որոնց միտք բանին հոգեւորապէս պատրաստուիլն է երկնային առագաստէն ներս մտնելու՝ զղջալէ, մեղքերը խոստովանելէ եւ Տիրոջ գթութեան, ողորմութեան եւ մարդասիրութեան ապաւինելէ ետք։ Այս շարականներէն ետք դարձեալ կ՚երգուի «Բաց մեզ Տէր»ը. ու արարողութիւնը կը շարունակուի։
Ներսէն. ահա կը տեսնենք մեր Տէրը՝ Քրիստոսը, որ բազմած է Սուրբ Սեղանին վրայ եւ Իր մօտ կը կանչէ Իր կամքը կատարողները թէ՝ ուր որ Ես եմ, հոն պիտի ըլլայ նաեւ Իմ պաշտօնեաս։
Դուրսէն. Աստուածորդիին անապական արիւնին գինն ենք, ցնծութեամբ կ՚օրհնենք մեր Փրկիչը՝ Քրիստոս եւ միաբերան կ՚ըսենք, փառք սոսկալի գալստեանդ, Տէ՛ր։
Կ՚երգուի «Թագաւոր փառաց» ԳՁ. շարականը, որ կը յայտարարէ, թէ արթնութեամբ կը սպասենք փառաց Թագաւորին, անաղօտ լապտերներով իմաստուն կոյսերուն հետ միասին, եւ կը թելադրէ շտապել, որպէսզի դուրս չմնանք եւ շիջինք յիմար կոյսերուն նման։ Դարձեալ կ՚երգուի «Բաց մեզ Տէր»ը, ու արարողութիւնը կը շարունակուի։
Ներսէն. Ահաւոր Աստուծոյ փողը մեծաձայն կը գոչէ ըսելով՝ ահա Փեսան կու գայ, եկէք Անոր ընդառաջ։
Դուրսէն. Ահա ես եւ Աստուծոյ ինծի տուած զաւակներս հոս ենք եւ կ՚ակնկալենք տեսնել Քրիստոսը եւ լսել Անոր երանաւէտ բարբառը։
Ներսէն. Արարիչ Աստուծոյ ձայնը կը գոչէ ըսելով. եկէ՛ք Հօրս օրհնածներ եւ ժառանգեցէք աշխարհի սկիզբէն ձեզի պատրաստուած արքայութիւնը։
Դուրսէն. Բացէք ինծի ողորմութեան դուռը, որպէսզի անկէ մտնեմ եւ Տիրոջ խոստովանիմ։
Այս նախադասութիւնը ըսելէն ետք, կ՚երգուի «Զողորմութեան Քո զդուռն» ԴԿ. շարականը եւ վարագոյրը կը բացուի։ Շարականին բառերը, Տիրոջ ուղղուած խնդրանք է՝ բանալու ողորմութեան դուռը եւ մեզ արժանի ընելու սուրբերուն հետ միասին՝ լուսեղէն յարկերը մտնելու, ուր սուրբերուն համար օթեւաններ պատրաստուած են, եւ երբ Տէրը գայ դատաստան ընելու, խնայէ Իր արարածները սուրբերուն եւ ճգնաւորներուն բարեխօսութեամբ։
Շարականին երգեցողութենէն անմիջապէս ետք կ՚ընթերցուի Յովհաննէսի Աւետարանին 12-րդ գլխուն 44-50 համարները, ապա սարկաւագը «Խնդրեսցուք» քարոզը կ՚ըսէ, քահանան՝ «Թագաւոր խաղաղութեան» աղօթքը կ՚աղօթէ եւ ժողովուրդը ի խաղաղութիւն կ՚արձակէ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ