ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ՎԻԺՈՒՄ
Այսօր, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք «Արհեստական վիժում» խորագիրը կրող մեր գրութիւնը, որ գրած ենք 21 մայիս 2014-ին: Զայն կը հրապարակենք, նկատի ունենալով, որ վիժումի հարցը այսօր եւս կը չարչրկէ մարդկութիւնը:
*
Ներկայ մեր ընկերութեան ամենէն խոցելի կէտերէն մէկը։ Արարք, որ դէմ է Աստուծոյ, դէմ է Աստուածաշունչին, դէմ է բարոյականութեան եւ դէմ է մարդկութեան։
Այստեղ արհեստական վիժում ըսելով, նկատի ունիմ կամաւորաբար կատարուած արարքը եւ ոչ թէ ակամայ կամ արկածի կամ ալ պատահարի մը հետեւանքով յառաջացածը։
Վիժեցնել կը նշանակէ «ձախողցնել, վիժում պատճառել», իսկ վիժում՝ «սաղմի անբնական արտաքսում, ձախողում, յորդում» (Բառգիրք հայերէն լեզուի, Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան)։ Յստակ են տրուած բացատրութիւնները, ձախողցնել, յորդեցնել, արտաքսել։ Այսինքն, երբ ոեւէ յղի կին այդ քայլին կը դիմէ, կը նշանակէ, թէ իր մէջ եղած ԿԵԱՆՔը կը ձախողցնէ, կ՚արտաքսէ, կ՚արգիլէ, որ լոյս աշխարհ գայ ու ապրի։
Մօր արգանդին մէջ սաղմը առաջին օրէն իսկ որպէս կենդանի էակ կը դիտուի։ Այս մասին Աստուածաշունչը կ՚ըսէ. «Դո՛ւն էիր որ ստեղծեցիր մարմինիս բոլոր անդամները, եւ զիս կազմաւորեցիր մօրս որովայնին մէջ։ …Քեզի համար գաղտնիք չէր իմ կազմութիւնս, երբ տակաւին ես նո՜ր սկիզբ կ՚առնէի, մարդոցմէ ծածուկ՝ խնամքով կը կազմաւորուէի [կը նկարակերպուէի] մօրս որովայնին մէջ։ Քու աչքերդ տեսան զիս՝ երբ դեռ նոյնիսկ կազմաւորուած չէի. եւ ինծի տրուած կեանքի բոլոր օրերը Քու գիրքիդ մէջ գրուած էին՝ նոյնիսկ դեռ սկիզբ չառած» (Սղ 139.13,15-16)։ Սաղմոսերգուին նկարագրութիւնը ա՛յնքան յստակ ու պարզ է. «Քեզի համար գաղտնիք չէր կազմութիւնս…, Քու աչքերդ տեսան զիս՝ երբ դեռ նոյնիսկ կազմաւորուած չէի…»։
Մեզի համար այդ սաղմին կազմաւորման մանրամասնութիւնները անյայտ են, սակայն Աստուծոյ համար ոչ, եւ Աստուծոյ համար գաղտնիք ալ չէ այդ մէկը։ Հետեւաբար, երբ վիժումի կը դիմէ ոեւէ յղի կին՝ սպանութիւն է որ կը կատարէ, որ արդարանալու ո՛չ մէկ կերպ ունի։ Կատարած արարքը ոճիր է՝ սպանութիւն։ Եթէ վիժումը կատարուի հօր գիտակցութեամբ, հայրն ալ նոյնքան մեղաւոր է՝ որքան մայրը։ Իսկ բժիշկներու պարագան, որոնք այդ արարքը կը գործադրեն, դարձեալ ոճիր կը սեպուի եւ արդարացում չունի. որովհետեւ որպէս բժիշկ՝ իր առաքելութիւնն է բժշկել, կեանք փրկել՝ ինչ բանի համար երդում տուած է, եւ ոչ թէ սպաննել եւ կեանքի մը վերջ տալ։
Այս կապակցութեամբ Հին կտակարանին մէջ յստակ բացատրութիւն տրուած է արգանդին մէջ եղած սաղմի կորուստի մասին։ Ելից գիրքին մէջ կը կարդանք. «Եթէ մարդիկ կռուին ու յղի կնոջ մը զարնուելով՝ անոր տղան անցընել տան, թէեւ ուրիշ վնաս մը չըլլայ, անիկա անշուշտ այն կնոջ էրկանը իր վրայ դրած տոյժը պիտի քաշէ, դատաւորներուն դատաստանին պէս հատուցանելով։ Բայց եթէ վնաս մը ըլլայ, անձի տեղ անձ պիտի տաս, աչքի տեղ աչք, ակռայի տեղ ակռայ, ձեռքի տեղ ձեռք, ոտքի տեղ ոտք, խարանի տեղ խարան, վէրքի տեղ վէրք, հարուածի տեղ հարուած» (Ելք 21.22-25)։ Այստեղ «անցընել» ըսելով, նկատի ունի որ սաղմին ոչինչ չպատահի, անվնաս մնայ. սակայն անվնաս մնալով հանդերձ, տուեալ անձը տոյժի կ՚ենթարկուի։ Իսկ հակառակ պարագային, եթէ սաղմին վնաս պատահի, այսինքն մեռնի, այդ պարագային՝ դատավճիռը խիստ է, «անձի տեղ անձ»։
Եկեղեցւոյ հայրերու գրութիւններուն մէջ ալ խստիւ կը դատապարտուի արհեստական վիժումը, զայն ոճիր, սպանութիւն համարելով։ Անցեալին, անշուշտ, վիժում եզրը չէ օգտագործուած, այլ՝ «հեղուլ զսաղմն», այսինքն սաղմը դուրս տալ, հոսեցնել։
Մէկ խօսքով, վիժումը ամէն պարագաներուն դատապարտելի է եւ մեղք, բացի մէկ պարագայէ, երբ մօր եւ երեխայի կեանքին վտանգ կը սպառնայ։ Կը մէջբերեմ լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի կարծիքը այս ուղղութեամբ. «Արհեստական վիժումը թոյլատրելի է միայն մէ՛կ պարագայի։ Երբ ինչ-ինչ պատճառներով յղութեան շարունակութիւնը կը սպառնայ մօրը կեանքին, բարոյական հարցը՝ որ կը դրուի՝ հետեւեալն է.- ո՞րն է աւելի թանկագինը, մօ՞րը կեանքը, թէ՞ անծին երեխայինը։ Նկատի ունենալով, որ յղութեան շարունակութիւնը չարիք կը դառնայ երկուքին համար ալ, հակադրական կը դառնայ ընտրութիւն մը կատարել, գէթ փրկելու համար անոնցմէ մէկը։ Եւ այս պարագային բնական ընտրութիւնը կ՚երթայ մօրը, որուն առողջութիւնը եւ կեանքը անհրաժեշտ են ո՛չ միայն իր անձին համար, այլ նաեւ իր ընտանիքին, իր ամուսինին ու միւս զաւականերուն համար։ «Չարեաց փոքրագոյնը» տրամաբանութիւնն է այս պարագային գործողը, որ սակայն իր ոյժը կ՚առնէ երեք գործօններէ.
1) Արժէքներու գնահատման դրական չափանիշէ մը, որ ընտանիքին գերագոյն շահը կամ բարիքն է։
2) Բարոյական կեցուածքէ մը, որուն դիտումը կամ նպատակը չէ՛ կեանք մը առնելը կամ ոչնչացնելը, այլ՝ ընդհակառակը, աւելի անհրաժեշտ կեանք մը փրկելը։
3) Երկու կեանքերը միաժամանակ փրկելու անկարելիութենէն, երբ մօրը սպառնացող մահուան վտանգը ինքնին կը սպառնայ նաեւ անծին երեխայի կեանքին, եւ այս վերջինը անկարելի է առանց առաջինին։
Այս պարագային հարկադրական վիժումը չի՛ դադրիր ինքնին չարիք մը ըլլալէ, որ սակայն կը թոյլատրուի՝ մեծագոյն չարիք մը կանխելու համար»։
Սրբազան հայրը շատ յստակ, պարզ ու տրամաբանական կերպով տուած է բացատրութիւնը այն միակ պարագային, երբ կարելի է թոյլատրել արհեստական վիժումը։
Եզրակացնելով, արհեստական վիժումը չարիք մըն է ամբողջ մարդկութեան համար, սկսելով ծնողներէն, հարազատներէն, միջավայրէն, ընկերութենէն, հասնելու համար ամբողջ մարդկութեան։ Չարիք մըն է Աստուծոյ պարգեւած շնորհքին նկատմամբ։ Արհամարհանք է Աստուծոյ տուած պարգեւին։ Անիրաւութիւն ու անարդարութիւն է մօր արգանդին մէջ կեանքի կոչուած սաղմին հանդէպ, որ կոչուած է ապրելու։ Այդ արարքը կատարելու յանցանքը կ՚երթայ նախ եւ առաջ մօր, յետոյ հօր, բժիշկին եւ ընկերութեան։
Ղպտի եկեղեցւոյ երջանկայիշատակ Շնուտա Գ. Հայրապետը այս ուղղութեամբ, կ՚ըսէ. «Գիտցիր, որ վիժեցնելով՝ ոչ թէ ձեր զաւակին սպաննած եղաք, այլ՝ սպանութիւն մըն է զաւակի մը, որ կրնար Աստուծոյ զաւակ ըլլալ։
Դուք սպաննեցիք փոքրիկ մը, որ իր ծնունդէն ետք պիտի մկրտուէր եւ Աստուծոյ ու եկեղեցիին զաւակ պիտի ըլլար. իսկ անոր այդ որդիութենէն զրկելը՝ կանխամտածուած մեղքի նման է»։
Յ.Գ. Մեր գրութեան այսօրուան նկարը քիչ մը սովորականէն ծանր ընտրած ենք, պարզապէս ցոյց տալու համար, թէ ի՛նչ ահռելի բան է, որ կը կատարեն ծնողները դիմելով արհեստական վիժումի: Այսպիսի պատկեր մըն է, որ կը գոյանայ, ուր անմեղ եւ անպաշտպան էակ մը, կը զրկուի կեանքի իրաւունքէն…
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ