ՊԱՏՈՒԵՆՔ ՄԱՅՐԵՐԸ
Մայիս է։
Տարւոյն ամենագեղեցիկ ամիսը։
Բնութեան ամենակենսունակ եղանակը։
Ամիս մը նուիրուած մայրերուն։
Բոլոր մայրերուն։
Առանց ցեղի, գոյնի եւ կրօնի խտրութեան։
Քաղաքակիրթ մարդկութիւնը, մայիսեան օր մը, տօնակատարութեան առաւել փայլով մը կը յիշատակէ ու կը յարգէ մայրերը։
Տղաքը իրենց մայրերուն յարգանք կը մատուցանեն եւ իբրեւ սիրոյ արտայայտութիւն գեղեցիկ նուէրներ կ՚ընծայաբերեն։
Վարժարաններէ ներս, ուսուցիչները գովաբանական դասախօսութիւններով կը փառաբանեն մայրերը, իսկ աշակերտները կը ջանան մօր վերաբերեալ շարադրութիւն մը կամ ոտանաւոր մը գրել եւ կամ փոքրիկ կողովի մը մէջ ծաղիկներ դնելով համբոյրով մը նուիրել իրենց մօր, այն մօր, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է անոնց։
Մայրը ոգեւորեալ առաջին ազդակն է, որուն կը հանդիպի մարդ։
Նախամայր Եւայէն սկսեալ, մայրութեան առաջնահերթ պարտականութիւնը եղած է տագնապայոյզ երկունքով ծնունդ տալ իր զաւկին, հոգատարը ըլլալ աշխարհ լոյս բերած իր մանկիկին եւ մեծցնել ու դաստիարակել զայն։
Նորածինը ամէն բանէ առաջ մայրը կը տեսնէ, մօրը միջեւ է որ կը ստեղծուի յարաբերական իր առաջին կապը, նոյն պահէն սկսեալ մայրը կ՚ըլլայ գլխաւոր դերակատարը անոր այժմու կեանքին, ապագային եւ մայրական քնքշութեամբ ու բնազդով ներմուծած գաղափարներ կ՚առաջնորդեն զաւկին հետագայ քայլերը։
Մայրութիւնը զոհողութեան մարմնացում մը եւ մօր սէրը բարութեան եւ խանդաղատանքի անսպառ աղբիւր մըն է։ Մայրն է, որ իր զաւկի առողջութեան եւ փրկութեան համար սիրով կը վտանգէ իր կեանքը։ Մայրն է, որ ամենէն աւելի կը հրճուի իր հոգեհատորի մէկ յաջողութեան եւ կը ցաւի ունեցած ձախողութեան եւ կամ ճակատագրական դժբախտութեան համար։
Մայրերու օրը, մայրութեան ընծայուած յարգանքի արտայայտութեան եւ փառաբանութեան օր մըն է։ Եւ այս յարգանքը մայրութեան ընծայելը վսեմ պարտականութիւն մըն է, որուն արժանի է մանաւանդ դարերու ընթացքին տառապած, բայց միշտ տոկացած բարի ու ազնիւ հայ մայրը, որուն ուսերուն դրուած է գեղեցիկ ու բարձր առաքելութիւն մը։ Կ՚արժէ ու հարկ է գիտակցիլ այս քաղցր պարտականութեան ու տանիլ զայն քաջաբար։
Հայ մայրը մեր պատմութեան շրջանին իր զաւակներուն ազգային ոգին ներշնչողը եղած է եւ նոյն ոգին կը շարունակէ ներշնչել նաեւ այսօր։
Ան բարձրացնելով իր զաւկին բարոյական կորովը, զարգացնելով անոր զոհողութեան ու պայքարելու ոգին, մղած ու այսօր եւս կը մղէ պայքարի մէջ նետուելու հրամայականը։
Մեր պատմութեան ամբողջ տեւողութեան, հայ մայրը, հայ ընտանիքի ազգային կառուցուածքի, գոյութեան եւ տեւականացման համար անհուն նուիրում ցուցաբերած է։ Որով՝ հարկ է իբրեւ ազգային ու որդիական պարտականութիւն, տարին օր մը գէթ յիշել ու յարգել մայրերը։
Հայ մայրը եղած է մեր լեզուի առաջին ուսուցիչը. երբ մենք թոթով լեզուով սկսած ենք խօսիլ, հայ մայրը մեր լեզուական եւ խօսակցական շնորհը զարգացուցած է եւ լաւագոյնին առաջնորդած։ Ան նաեւ եղած է հայոց պատմութեան առաջին ուսուցիչը։ Մենք գիշերը օրօրներու առընթեր՝ մեր մայրերէն լսած ենք մեր հին ու նոր անցեալի տխուր թէ ուրախ դրուագներու մասին։
Հայ մայրը, նաեւ մեր դաստիարակն է։ Ան է որ իր ձայնը կը բարձրացնէ երբ տան մէջ՝ զաւակներուն մօտ սխալ բան մը տեսնէ։ Այդ սխալը մանկութեան շրջանին սրբագրել, հայ մօր մեծագոյն ու առաջնահերթ պարտականութիւնն է։
Հայ մայրը ինք պիտի ըլլայ մեր քայլերուն ուղղութիւն տուողը, թոյլ չտալով որ մենք դուրս ելլենք մեր ազգային սրբութիւններէն, թոյլ պիտի չտայ, որ մեր զաւակները հեռանան պապենական եւ առհաւական մեր աննման ժառանգութիւններէն։
Հայ ընտանիքը ամենէն առաջնահերթ եւ ամենէն կարեւոր միաւորն է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։
Եթէ ձախողած է այդ միաւորը, եթէ անհաստատ է, եթէ քայքայուած է, ուրեմն հայ ազգային ընկերութիւնը լրջօրէն վնասուած է։ Իսկ եթէ առողջ է ընտանեկան այդ օճախի զօրութիւնը պահպանուած է մայրական նուիրումին եւ զոհաբերական ոգիին ու գիտակցութեան մէջ։
Հայ մայրերը։ Բոլոր մայրերը։
Պատմական է մայրերը պատուելու այս գեղեցիկ սովորութիւնը։
Կ՚ըսուի, թէ մայիսեան այս օրը ծագում առած է նախ Յունաստանի մէջ. նախաքրիստոնէական շրջանին, երբ յոյները տարին անգամ մը իրենց մայր աստուածուհին կը պաշտէին եւ շքեղ հանդիսութիւններ կազմակերպելով կը փառաբանէին։
Հայերս ալ իբր հին ժողովուրդ, մայր Անահիտը փառաբանելու սովորութիւնը ունեցած ենք։ Ժամանակներու թաւալումին հետ սակայն, քաղաքակրթութեան յառաջդիմութեամբ միատեղ, այս սովորութիւնները մոռցուած են։
Տեսնենք սակայն, թէ ինչպէս նուիրագործուեցաւ մեր ժամանակներուն Մայրերու օրուան տօնին սովորութիւնը։
Միացեալ Նահանգներու Վիրճինիա նահանգին մէջ կ՚ապրի Աննա Ժարվիս անունով ուսուցչուհի մը։ Ան իր մօրը կորուստէն ետք, 1906 թուականի Մայիսի 9-ին, անմխիթար մնալուն, կ՚որոշէ, որ ամերիկան մայրերուն նուիրուած տօն մը պէտք է ունենայ եւ առ այդ, յամառ ու կատարեալ խաչակրութեան մը ձեռնարկելով կը յաջողի համոզել հանրային կարծիքը, հասնիլ իր նպատակին։ Ու այսպէսով Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Ուիլսըն՝ ուսուցչուհիի մօր մահուան տարեդարձի օրը, 1914 թուականի Մայիսի 9-ին կը հռչակէ առաջին Մայրերու օրը։
Առաջին աշխարհամարտի վերջաւորութեան, Ֆրանսայի շատ մը քաղաքներու ու յատկապէս Փարիզի եւ Լիոնի մէջ կը սկսի կազմակերպուիլ Մայրերու օրը եւ 1920 թուականին, պետական հրովարտակով մը կը պաշտօնականանայ։
1941 թուականի Մայիսի 25-ին, Ֆրանսայի մէջ կը հաստատուի Մայրերու ազգային օրը։ Ազատագրումէն ինն տարի ետք, յատուկ օրէնք մը պաշտօնապէս կը հաստատէ Մայրերու տօնը Մայիսի վերջին Կիրակին։ Այլ երկիրներ կ՚ընտրեն Մայիսի երկրորդ Կիրակին։ Ֆրանսայի համար սակայն անպահետ էր, քանի որ Մայիսի երկրորդ Կիրակին վերապահուած էր Ժան տ՚Արքին եւ նոյն օրը կարելի չէր տօնել թէ՛ մայրերու եւ թէ կոյսին յիշատակը։
Այս պատճառով 1950 թուականի Մայիսի 16-ին, օրէնքով կ՚իւրացուի Մայիսի վերջին Կիրակին։
Մայրերու օրը, հայ ժողովուրդի մէջ առաջին անգամ կը տօնուի Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ, 1932 թուականին, նախաձեռնութեամբ հայուհիներու։ Հանդիսութեան կը մասնակցին հայկական զանազան կազմակերպութիւններ եւ որու ազգօգուտ ներշնչումներով ունեցած յաջողութիւնը կ՚արժանանայ կաթողիկոսական օրհնութեան։
Սակայն ինչպէս յիշեցինք, հայ ժողովուրդի մայրութեան դերը փառաբանելու առաջին ելոյթը ասիկա չէ միայն։
Հեթանոսական օրերէն, հայ ժողովուրդը գիտակցած էր, որ մայրական սէրը աստուածային բնոյթ ունի եւ նոյն գիտակցութեամբ է, որ ճանչցած է իբրեւ խորհրդանիշը մայրական առաքելութիւններուն։
0տարները մեզմէ շատ վերջ սկսած են փառաբանել մայրերը, մինչդեռ մենք դարերով փառաբանած ենք մայրութեան դերը։
Մեր պատմութեան էջերը թագուհիներու, իշխանուհիներու կրօնասէր եւ ուսումնասէր եւ մանաւանդ մեր ազատագրական շարժումներէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը, զէնքով կռուող հերոսուհի մայրերու անուններով լեցուն են։
Փա՜ռք բոլոր մայրերուն, օրհնութիւն իրենց անթառամ յիշատակին, անհուն սէր եւ երախտիք հայ մայրերուն։