«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՅԱՐԱԿԻՑ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ» ՔԱՌԱՀԱՏՈՐ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆԸ
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան կաճառը կը ծրագրէ հրատարակել քառահատոր մը, որ կը կոչուի «Հայաստանի յարակից երկիրներու պատմութիւն»։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, առաջին հատորը արդէն լոյս տեսած է ու կը վերաբերի հին շրջանին։ Այդ մէկը կը ներկայացնէ տարածքաշրջանի հարեւաններու պատմութիւնը հայկական տեսանկիւնէն։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան կաճառի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրազտեան այս առթիւ ըսաւ. «Հայոց իրականութեան մէջ առաջին անգամ մենք կը սկսինք ստեղծել մեր հարեւաններու պատմութիւնը՝ մեր տեսակէտներու մեկնակէտով։ Մեր ժողովուրդը, այս տարածքաշրջանին մէջ հազարամեակներ ապրելով, ստեղծելով հոգեւոր ժառանգութիւն, ունեցած է մեր տարածքաշրջանի վերաբերեալ իր մօտեցումները, որոնք կ՚արտացոլացնեն տարածքշրջանէ ներս եղած իրողութիւնները։ Այն ինչ որ կրնայ գրուիլ այլ երկրի մը մէջ, չ՚արտացոլացներ այն, ինչ որ մենք գիտենք։ Մենք ոչ միայն այդ երկիրներու հարեւաններ եղած ենք, այլեւ երբեմն, անոնց մաս կազմած։ Հայերը ուսումնասիրած են այդ երկիրները, ստեղծած են հզօր ժառանգութիւն եւ սա գիտական շրջանառութեան մէջ չէ դրուած։ Մենք հանդէս եկած ենք որպէս արեւելագէտներ։ Օրինակ, Օսմանեան կայսրութեան մէջ մեր հեղինակները կարեւոր աշխատութիւններ ստեղծած են այդ կայսրութեան մասին, ալ չեմ խօսիր այդ շրջանի հայկական մամուլին մասին, որ առօրեայ լրատուութիւն տուած է»։
Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան, Ռուբէն Սաֆրազտեան ընդգծեց, թէ իրենք կը փափաքին գիտական շրջանառութեան մէջ դնել հայկական աղբիւրները։ «Մենք նպատակ ունինք ստեղծել մեր տարածքաշրջանի պատմութիւնը այնպէս, ինչպէս, որ մենք ընկալած ենք հազարամեակներու ընթացքին», ըսաւ Սաֆրազտեան եւ աւելցուց, թէ գործը կը հիմնուի ահռելի գիտահետազօտական աշխատանքներու վրայ՝ հազարամեակներու ընթացքին հայ գիտնականներուն կողմէ կատարուած գործով։
«Հայաստանի յարակից երկիրներու պատմութիւն» քառահատորը պիտի թարգմանուի նաեւ անգլերէնի եւ ռուսերէնի։