Գրիգոր Նարեկացի. Հայկեան Հանճարին Քերթողական Սրբալոյս Ճակատը

Մա­յիս 7-ի օ­րը հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րի բա­նաս­տեղ­ծա­կան սրբազ­նա­գոյն ճա­ճան­չու­մը հան­դի­սա­ցող Գ­­րի­գոր Նա­րե­կա­ցիի (951-1003)։

«­Նա­րեկ» ա­նու­նով մեր ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ սրբա­ցուած ­Նա­րե­կա­ցիի «­Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեան» քեր­թո­ղա­կան գլուխգոր­ծո­ցը ոչ միայն հայ գրա­կա­նու­թեան վե­հա­շուք Ա­րա­րա­տը կը հան­դի­սա­նայ, այ­լեւ՝ Աս­տուածա­շուն­չի կամ ­Սուրբ ­Գիր­քի չափ, հո­գեմ­տա­ւոր լոյ­սի ու սնուն­դի վա­րար աղ­բիւր ու լու­սա­ւոր փա­րոս է հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ա­հա՛ ա­ւե­լի քան հա­զար տա­րիէ ի վեր։

Նա­րե­կայ վան­քէն դուրս աշ­խարհ չտե­սաւ եւ ճգնա­ւո­րու­թե­նէ զատ կեանք չճան­ցաւ Գ­­րի­գոր Վար­դա­պետ, բայց ի վե­րուստ ի­րեն շնոր­հո­ւած հան­ճա­րի մտքով ու սրտով, այ­լեւ բո­լոր զգա­յա­րանք­նե­րով՝ շօ­շա­փեց, պե­ղեց եւ վեր­ծա­նեց մարդն ու աշ­խար­հը, կեանքն ու ան­դե­նա­կա­նը ի­մաս­տա­ւո­րող բո­լոր ճշմար­տու­թիւն­նե­րը։

Մա­նա­ւա՛նդ այդ բո­լո­րը յա­ւի­տե­նու­թեան յանձ­նեց բա­նաս­տեղ­ծա­կան այն­պի­սի ե­րաժշ­տու­թեամբ, յու­զա­կան այն­պի­սի ի­րա­ւու­թեամբ եւ ի­մաս­տա­սի­րա­կան այն­պի­սի խո­րու­թեամբ, որ իր ժա­մա­նա­կին շուն­չը դառ­նա­լով մէկ­տեղ՝ ե­ղաւ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­մար ա­նանց ճշմար­տու­թեանց պատ­գա­մա­խօ­սը։

Բ­­նաւ ալ պա­տա­հա­կան չէ, հե­տե­ւա­բար, որ ար­դի հայ գրա­կա­նու­թեան բո­լոր մե­ծու­թիւն­նե­րը, Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նէն մին­չեւ ­Սիա­ման­թօ, ­Պետ­րոս Դու­րեա­նէն մին­չեւ ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեան, ­Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նէն ու Մի­սաք ­Մե­ծա­րեն­ցէն մին­չեւ Ե­ղի­շէ Չա­րենց ու ­Պա­րոյր ­Սե­ւակ, ան­վա­րա՛ն բո­լո­րը ­Նա­րե­կա­ցին կ­­՚ըն­դու­նին իբ­րեւ ի­րա՛ւ յոյ­զե­րու, խո­րա­գո՛յն ճշմար­տու­թեանց եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կա՛ն ա­րա­րու­մի մե­ծա­գոյն ա­ռաջ­նորդն ու վար­պե­տը միան­գա­մայն։

Իսկ հայ մար­դը ա­մէ­նուր եւ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն «­Նա­րեկ»ը պա­հեց իր բար­ձին տակ, իբ­րեւ իր էու­թեան ա­մենէն հա­րա­զատ ու խո­րա­սոյզ վկա­յա­րա­նը՝ ա­նոր մէջ փնտռե­լով ու գտնե­լով ոչ միայն հո­գե­կան մխի­թա­րու­թեան եւ փրկու­թեան, այ­լեւ՝ մարմ­նա­կան ա­պա­քին­ման ու ա­ռող­ջու­թեան հրա­շա­զօր բա­լա­սա­նը։

Հա­մընդ­հա­նուր այդ ար­ժե­ւո­րու­մը լա­ւա­գոյնս կը խտաց­նէ մե­րօ­րեայ ծա­նօթ գրա­կա­նա­գէտ ­Դա­ւիթ Գաս­պա­րեան, երբ ի­րա­ւա­ցիօ­րէն դի­տել կու տայ, որ՝ «Գ­­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցու յայտ­նու­թեամբ հայ գե­ղա­ր-ւես­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը մտնում է միան­գա­մայն նոր փուլ: ­Տա­ղե­րով եւ յատ­կա­պէս «­Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեան» պոէ­մով իր աս­տո­ւա­ծա­յին հա­ւա­տը նա վե­րա­ծեց խօս­քի եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան հիւ­սո­ւած­քին հա­ղոր­դեց հո­գի­նե­րի վրայ ներ­գոր­ծե­լու տի­րա­կան ազ­դե­ցու­թիւն: ­Դա կեն­դա­նի խօսք է, որ թա­փան­ցում է մար­դու հո­գու խոր­քը եւ ապ­րեց­նում նրան, իսկ ե­թէ հի­ւանդ է՝ բու­ժում:

Հա­ւա­տը են­թադ­րում է կաս­կա­ծից ու քննու­թիւ­նից դուրս նո­ւի­րո­ւա­ծու­թիւն Աստ­ծուն, ­Յի­սուս Ք­­րիս­տո­սին, ­Սուրբ ­Հո­գուն եւ բո­լոր նրանց՝ ա­ւե­տա­րա­նիչ­նե­րին, մար­գա­րէ­նե­րին ու սուր­բե­րին, ով­քեր տա­րա­ծել են Աստ­ծու խօս­քը: ­Նա­րե­կա­ցին այն ճշմա­րիտ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րից մէկն է, որ դա­սո­ւեց սուր­բե­րի շար­քը եւ յա­ւեր­ժա­կան փառք նո­ւա­ճեց իր աս­տո­ւա­ծա­յին հան­ճա­րով»։

­Վաս­պու­րա­կան աշ­խար­հի Ռշ­­տու­նեաց գա­ւա­ռի ծնունդ էր Գ­­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցի՝ Բզ­­նու­նեաց տոհ­մի շա­ռա­ւիղ, որ լոյս աշ­խարհ ե­կաւ ­Վա­նայ լի­ճի հա­րա­ւը գտնո­ւող անն­շան գիւ­ղի մը մէջ, հո­գե­ւո­րա­կան եւ մտա­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քի մը յար­կին տակ։ ­Հայ­րը՝ ­Խոս­րով ար­քե­պիս­կո­պոս էր ու ծա­նօթ գրող։ Գ­­րի­գոր մա­նուկ տա­րի­քին կորսն­ցու­ցած էր մայ­րը եւ ղրկո­ւած էր հօ­րեղ­բօր՝ Ա­նա­նիա Վար­դա­պե­տի մօտ, որ ­Նա­րե­կայ վան­քի վա­նա­հայրն էր. ամ­բողջ իր կեան­քը Գ­­րի­գոր ան­ցուց ­Նա­րե­կայ վան­քին մէջ եւ հոն­կէ ալ ստա­ցաւ իր ­Նա­րե­կա­ցի ա­նո­ւա­նու­մը։

Բա­նաս­տեղ­ծի յոր­դա­բուխ յու­զաշ­խար­հով օժ­տո­ւած եւ աս­տո­ւա­ծա­բան-ի­մաս­տա­սէ­րի ընդգր­կուն գի­տե­լի­քով ու ճա­նա­չո­ղու­թեամբ զար­գա­ցած հե­ղի­նա­կու­թիւն էր Գ­­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցի, որ իր ժա­մա­նա­կի ու­սում­նա­կան այդ կա­րե­ւոր օ­ճա­խի՝ ­Նա­րե­կայ վա­նա­կան դպրո­ցի սիւ­նե­րէն մէ­կը դար­ձաւ։ ­Հա­կա­ռակ որ միայն 52 տա­րի ապ­րե­ցաւ, բայց գրա­կան եւ ի­մաս­տա­սի­րա­կան հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւն մը ըն­ծա­յա­բե­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թեան գան­ձա­րա­նին։

Նա­րե­կա­ցի ի­րա­ւու­թեան շուն­չով ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան նո­րա­րար մշա­կու­մով յատ­կան­շո­ւող իր «­Տա­ղեր»ով մուտք գոր­ծեց հայ գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նէն ներս։ ­Հայ հո­գե­ւո­րա­կան դա­սա­կան գրա­կա­նու­թեան մէջ իս­կա­կան յե­ղաշր­ջում կա­տա­րեց՝ հայ­րե­նի բնու­թեան գե­ղեց­կու­թիւնն ու ե­րաժշ­տա­կա­նու­թիւ­նը բա­նաս­տեղ­ծա­կան կշռոյ­թի վե­րա­ծող իր տա­ղե­րով ու գան­ձե­րով։

Յե­ղաշր­ջեց նաեւ հո­գե­ւոր ճշմար­տու­թեանց ու գե­ղեց­կու­թեանց բա­նաս­տեղ­ծա­կան ըն­կա­լու­մը՝ մարդ­կայ­նաց­նե­լով Աս­տո­ւա­ծա­յայտ­նու­թեան ողջ խոր­հուրդն ու կրօ­նա­կան պաշ­տա­մուն­քը, Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րով ստեղ­ծո­ւած մարդ էա­կին նե­րաշ­խար­հը բա­նի եւ ե­րաժշ­տու­թեան վե­րա­ծե­լով ու ան­դուլ ինք­նա­մաքր­ման հու­նով զար­գաց­նե­լով։

Այդ­պէ՛ս է, որ Գ­­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցիի «­Տա­ղեր»ուն մէջ Աս­տո­ւա­ծա­մայ­րը խորհր­դան­շեց գե­րա­գոյն գե­ղեց­կու­թիւ­նը. Աս­տո­ւա­ծա­մօր նո­ւի­րո­ւած «­Տաղ Վար­դա­վա­ռի»ն ­կը հան­դի­սա­նայ հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան գո­հար­նե­րէն մէ­կը։

Բայց յատ­կա­պէս իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին՝ 1002 թուա­կա­նին ա­ւար­տած «­Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեան» եր­կա­րա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ Գ­­րի­գոր Նա­րե­կա­ցի յա­ւեր­ժու­թիւ­նը նո­ւա­ճեց, բո­լոր ազ­գե­րու եւ լե­զու­նե­րու գրա­կա­նու­թեան գան­ձա­րա­նին տա­լով հան­ճա­րեղ գլուխգոր­ծոց մը, որ մին­չեւ մեր օ­րե­րը սքան­չա­ցու­մով ու յափշ­տա­կու­թեամբ կը հա­մա­կէ ըն­թեր­ցող­ներն ու գի­տաշ­խա­տող­նե­րը աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն։­
Ա­հա՛ աշ­խար­հա­բար ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­ծ-ւած պա­տա­ռիկ մը՝

… ­Կէս-գի­շե­րա­յին այս լռու­թեան մէջ

Ն­շանդ օրհ­նեալ՝ ձեռ­քիս մատ­նե­րով

Քեզ եմ կար­կա­ռում, ո՜վ ա­մե­նա­տես,

Որ ան­գի­տու­թեան խա­ւա­րով եր­բեք չես ա­ղօ­տա­նում,

Այլ բնակ­ւում ես ու հանգ­չում ես միշտ­

Ան­մա­տոյց լոյ­սի ջինջ ո­լորտ­նե­րում:

Գո­հա­բա­նու­թեամբ ա­ղա­չում եմ քեզ՝

Ա՛ռ վշտա­հա­րիս հզօր թե­ւե­րիդ պաշտ­պա­նու­թեան տակ,

Փր­­կի՛ր ներ­խու­ժող խուռ­նամ­բոխ պղտոր այս

ցնորք­նե­րից,

Մաք­րի՛ր լիո­վին զգա­յա­րա­նը սրտիս տե­սու­թեան,

Կե­նացդ փայ­տով ամ­րապն­դի՛ր ինձ­

Այս տխրա­թա­խիծ ա­նուրջ­նե­րի դէմ,

Ա­րեամբդ ցո­ղի՛ր իմ կա­ցա­րա­նի շուրջն ամ­բող­ջու­թե­ամբ,

Կո­ղիդ կե­նա­րար սուրբ կա­թիլ­նե­րով

Սրս­կի՛ր ճամ­բան իմ ե­լու­մու­տի,

Քա­ռա­թեւդ թող լի­նի մշտա­պէս եր­դիս պա­հա­պան,

Վեր յա­ռած աչ­քիս տե­սու­թեան հան­դէպ

Թող որ պատ­կե­րո­ւի խոր­հուր­դը միայն­

Ա­մե­նափր­կիչ տա­ռա­պանք­նե­րիդ,

Չար­չա­րանք­նե­րի քո գոր­ծի­քը թող

Սե­միս ճա­կա­տին դրոշ­մո­ւի ա­մուր,

Հա­ւատ­քը յոյ­սիս՝ կա­խո­ւի հա­նա­պազ ծա­ռիցդ

օրհ­նու­թեան:

Սան­ձի՛ր սրան­ցով, տէ՜ր, հո­գես­պա­նին.

Թող որ մուտք գոր­ծի պաշտ­պա­նը լոյ­սի ինձ մօտ

ան­խա­փան.

Թե­թե­ւաց­րո՛ւ բե­ռը պարտ­քե­րիս՝

Ան­լուր ցա­ւե­րիս ծան­րու­թեամբ հան­դերձ:

Եւ ա­հա մահ­ճում, ամ­փո­փո­ւած մտքիս լռա­րա­նի մէջ,

Մ­­տա­բե­րե­լով պտուղ­նե­րը դառն յու­սա­հա­տու­թեան՝

Խոս­տո­վա­նում եմ ա­մե­նա­գէտիդ­

Ա­նօ­րէն ու չար գոր­ծերս բո­լոր:

«­Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեան» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը կը կրէ իր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի շեշ­տա­կի դրոշ­մը։ Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ թու­րա­նա­կան ու մոն­կո­լա­կան՝ սել­ճու­քեան աս­պա­տա­կու­մի եւ ա­ւե­րու­մի, հո­գեմ­տա­ւոր ար­ժէք­նե­րու խոր­տակ­ման ու խա­ւար­ման դա­րե­րը կը սկսին եւ ա­հա ճիշդ այդ ահա­ւո՛ր ան­կում­նե­րու դա­րաշր­ջա­նին դէմ ըմ­բոս­տաց­ման ինք­նու­րոյն՝ հա­յա­շունչ պոռթ­կում է «­Նա­րեկ»ը։

Խա­ւա­րին կը հա­կադ­րէ յա­ւեր­ժա­կան ­Լոյ­սը, երկ­նա­ւոր կեան­քի մեղ­քե­րուն եւ չա­րիք­նե­րուն կը հա­կադ­րէ հա­ւատ­քի գե­ղեց­կու­թիւնն ու հո­գիի ազ­նո­ւա­ցու­մը։ Ինք­նա­խա­րա­զան­ման եւ ինք­նա­մաքր­ման ա­մենէն ի­րաւ զգայ­նու­թիւն­նե­րը լոյս աշ­խարհ կը բե­րէ՝ ու­րո­ւագ­ծե­լու հա­մար դէ­պի յա­ւեր­ժա­կան ­Լոյ­սին ու ­Գե­ղեց­կութեան աղ­բիւ­րը ա­ռաջ­նոր­դող հա­յու ու­ղին։

Նա­րե­կա­ցի իր «­Տա­ղեր»ով ու «­Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեամբ» ան­բա­ժան ըն­կե­րա­կի­ցը եւ ա­ռաջ­նոր­դող փա­րո­սը հան­դի­սա­ցաւ բազ­մա­չար­չար հայ ժո­ղո­վուր­դին՝ խա­ւա­րա­նիստ այդ եր­կա­րա­տեւ դա­րե­րու ամ­բողջ եր­կայն­քին։ Իր ներշն­չած ­Հա­ւատ­քի ու­ժով եւ հո­գեմ­տա­ւոր ­Գե­ղեց­կու­թեան ու ­Լոյ­սի ան­խառն պաշ­տա­մուն­քով՝ ­Նա­րե­կա­ցի դա­րե­րէն վեր բարձ­րա­ցաւ ու Յա­ւեր­ժի ­Ճամ­բոր­դին՝ հա՛յ ժո­ղո­վուր­դին կտա­կեց ինք­նա­պահ­ման ու վե­րապ­րու­մի ա­մենէն հրա­շա­զօր զէն­քե­րէն մէ­կը։

Նա­րե­կայ վան­քը այ­սօր չկայ, քսա­նե­րորդ դա­րաս­կիզ­բին վերջ­նա­կա­նա­պէս քան­դո­ւե­ցաւ ինչ որ մնա­ցած էր եր­բեմ­նի հայ­կա­կան լոյ­սի այդ մեծ օ­ճա­խէն։ ­Բայց «­Նա­րեկ»ը կա՛յ ու կը շա­րու­նա­կէ շունչ, հա­ւատք եւ լոյս տալ հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­հաս­տատ­ման յա­ւեր­ժա­կան եր­թին։­
Ինչ­պէս որ ­Հայ­կա­կան ­Հանրա­գի­տա­րա­նը կը վկա­յէ՝
«­Նա­րե­կա­ցիի գլուխգոր­ծո­ցը «­Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեան» եր­կա­րա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնն է՝ բաղ­կա­ցած 95 գլուխ­նե­րէ (բանք), ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը կը սկսի «Ի խո­րոց սրտի խօսք ընդ Աս­տու­ծոյ» տո­ղով:

«­Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեան» պոէ­մը հոգ­ւոյ խո­րե­րէն բխած զրոյց է Աս­տու­ծոյ հետ։ Զ­­րոյց, ուր ներ­կայացո­ւած են մարդ­կու­թիւ­նը պա­րու­րած վիշ­տերն ու ցա­ւե­րը, կաս­կած­ներն ու հա­մոզ­մունք­նե­րը, մեղ­քերն ու խոս­տո­վա­նանք­նե­րը, ինք­նա­դա­տա­պարտ­ման ու ինք­նա­մաքր­ման ճամ­բով կա­տա­րե­լու­թեան հաս­նե­լու ձգտու­մը։

«­Նա­րեկ»ի մէջ բա­նաս­տեղ­ծը կը խօ­սի կեան­քի ու մա­հո­ւան, անկ­ման ու փրկու­թեան մա­սին։

Կը վեր­լու­ծէ մարդ­կա­յին կեան­քի ան­կա­տա­րու­թիւ­նը, ուր­կէ եւ կը սկսին ա­նոր ող­բեր­գա­կան ապ­րում­ներն ու տա­րա­կոյս­նե­րը։ ­Մարդ էա­կը կը կաս­կա­ծի՝ մաք­րա­գոր­ծո­ւե­լով վեր բարձ­րա­նա­լուն, Աս­տու­ծոյ մեր­ձե­նա­լուն, ան­բա­սիր դառ­նա­լուն վրայ, կը տա­րա­կու­սի՝ ո­րով­հե­տեւ ա­նոր մեղ­քե­րը աս­տի­ճա­նա­բար կ՚ա­ւել­նան շա­րու­նակ։ Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, իր բո­լոր մեղ­քե­րով հան­դերձ, մար­դը յոյս ու­նի եւ կը հա­ւա­տայ Աս­տուծ­մէ սպա­սո­ւող փրկու­թեա­նը։ Փր­­կու­թեան հաս­նե­լու միակ ճամ­բան խոս­տո­վա­նու­թիւնն ու զղջումն են, ո­րոնց շնոր­հիւ մար­դը կ­­՚ա­զա­տագ­րո­ւի սու­տէն, կեղ­ծի­քէն, յան­ցանք­նե­րէն, սխալ­նե­րէն, բա­զում այլ ա­րատ­նե­րէն եւ կը մաք­րո­ւի։

«­Նա­րե­կա­ցիի հո­գին լի է հա­ւա­տով առ Աս­տո­ւած։ Իր պոէ­մը ­Նա­րե­կա­ցի ձօ­նած է Աս­տու­ծոյ՝ Ա­նոր մէջ տես­նե­լով գե­ղե­ցի­կը, լա­ւա­գոյ­նը, կա­տա­րեալն ու ա­նա­ղար­տը: ­Նա­րե­կա­ցի կը հա­ւա­տայ, որ իր ­Մա­տեա­նը կ­­՚օգ­նէ մար­դուն եւ սէր, ազ­նո­ւու­թիւն ու բա­րու­թիւն կը սեր­մա­նէ մարդ­կանց հո­գի­նե­րուն մէջ։ «­Նա­րե­կա­ցիի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը էա­պէս ազ­դած է հե­տա­գայ շրջա­նի, յատ­կա­պէս 17-18-րդ դա­րե­րու (­Ներ­սէս Շ­­նոր­հա­լի, Ֆ­­րիկ) եւ 20-րդ դա­րու ա­ռա­ջին կէ­սի (­Մի­սաք ­Մե­ծա­րենց, ­Սիա­ման­թօ, Ե­ղի­շէ ­Չա­րենց) հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան վրայ։

«Ան­գե­րա­զան­ցե­լի է ­Նա­րե­կա­ցին հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ իր ստեղ­ծած տա­ղա­չա­փու­թեամբ, բա­նաս­տեղ­ծա­կան անկրկ­նե­լի կշռոյ­թով եւ ե­րաժշ­տա­կա­նու­թեամբ, խօս­քի տա­րեր­քով ու բա­ռա­գան­ձով։ Ան նաեւ, իբ­րեւ ե­րա­ժիշտ, նոր շունչ ու կեանք հա­ղոր­դած է հայ միջ­նա­դա­րեան մաս­նա­գի­տա­ցո­ւած ե­րա-ժըշտու­թեան, մաս­նա­ւո­րա­պէս ա­նոր տա­ղե­րուն մէջ յաղ­թա­հա­րո­ւած են շա­րա­կան­նե­րու հին, տո­ւեալ պատ­մաշր­ջա­նին հա­մար իսկ ար­դէն հին­ցած ձե­ւե­րը»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016