ՉԵԼԷՊԻԻՆ «ԽՈՍՏՈՒՄԸ»
Սաթենիկ Գրիգորեան ծնած է Բաղէշ (Պիթլիս), 1894-ին: Փոքր տարիքէն ամուսնացած է բաղէշցի Վաղարշակ Պապայեանին հետ: Պապայեան-Գրիգորեան ընտանիքները 20-րդ դարու սկիզբը կը փոխադրուին Միացեալ Նահանգներ: Սաթենիկ, հազիւ տասնչորս տարեկան էր, երբ կ՚ունենայ իր առաջին մանչ զաւակը՝ Սուրէն, իսկ երկու տարի ետք՝ Արաքսին: 1908 թուականին Վաղարշակ եւ Սաթենիկ իրենց երկու փոքր երեխաներով կը վերադառնան Բաղէշ: Իսկ Բաղէշ՝ Պիթլիս վերադարձը՞...: Երեւի հողին կարօտն էր...: Պատմական Սասնայ Ձորին գիրկը, գեղեցիկ Վանայ լիճին հարաւ-արեւմուտքը տարածուած Տաւրոս ու Բիւրակնեան լեռներուն եւ Տիգրիս գետին միջեւ: Աւելի՛ն, ան իր հարթ ու տաշուած թխագոյն քարերով կը զգլխէ ու կ՚անցնի ամէն գեղեցկութիւն: Հաւանաբար այս նոյն գեղեկցութիւնն էր գրաւողը, բայց նաեւ կան հողին կարօտը՝ ու անոր կանչը, որոնք մղեցին Ուիլիըմ Սարոյեանը եւս երթալու Պիթլիս՝ հետեւելու ինք ալ իր ծնողաց ինքնութեան եւ արմատներուն, նաեւ՝ կանչին, այդ ալ Վաղարշակէն շատ տարիներ ետք:
Վաղարշակ Բաղէշի մէջ կը հիմնէ գորգի գործարան մը, բայց վրայ կը հասնի Համաշխարհային Ա. պատերազմը, 1914-ին, եւ Պապայեան ընտանիքը չի կրնար դուրս գալ Թուրքիայէն եւ անոնք եւս «կը ճաշակեն» իրենց ճակատագիրը՝ բոլոր հայերուն նման քալելով «մահուան շուքի ձորին մէջէն»: Բայց եւ այնպէս անոնք պիտի ունենային «վահան» մը՝ ապահով «լաստը», որ պիտի փորձէր հասցնել զիրենք խաղաղ ջուրերը:
Այդ «լաստը» բժիշկ Մուսթաֆա Չելեպին էր: Հալէպ ծնած եւ նոյն քաղաքին մէջ արմատ նետած ծանօթ ընտանիք-գերդաստանի զաւակ, որ իր բժշկական ուսումը ստացած էր Պոլսոյ եւ Ֆրանսայի մէջ ու դարձած՝ ծանօթ ակնաբոյժ: Զինակոչուած է Օսմանեան կայսերական բանակին մէջ 1914-ին՝ որպէս սպայ, եւ նշանակուած Պիթլիսի զինուորական հիւանդանոցի պետ: Պիթլիսի մէջ է, որ ծանօթացած է Վաղարշակին, Սաթենիկին ու անոնց ընտանիքին եւ բարեկամացած անոնց հետ:
Թէեւ Մուսթաֆա Չելեպիի կեանքը առընչուած է Վաղարշակին եւ Սաթենիկին հետ, բայց ան նաեւ ուղղակի կապ ունի այն քառասուն հայ պարմանուհի-երիտասարդուհիներուն հետ, որոնց կեանքերուն վահանն ու պահապանը եղաւ Ցեղասպանութեան տարիներուն: Այս հայ աղջիկները գիշերօթիկի սանուհիներ էին Բաղէշի Ամերիկեան Մաունթ Հոլիսք վարժարանին մէջ: Անոնք կու գային շրջանի տարբեր գիւղերէ եւ Մշոյ դաշտէն, սակայն անոնց կեանքը մթագնեցաւ 1915-ի ամրան:
Վաղարշակ Պապայեան զգաց հայերուն գլխուն կողմը սուրացող փոթորիկին մօտալուտ ըլլալը: Վարդգէս Ահարոնեանն է՝ Աւետիս Ահարոնեանի զաւակը, որ նաեւ կամաւոր քաջամարտիկ էր զօրավար Անդրանիկի բանակին մէջ: Իր յուշերուն մէջ գրած է Վաղարշակի խօսակցութիւնը Չելեպիի հետ: «Տոքթո՛ր, ես գիտեմ մեր՝ հայերուս գլխուն գալիքը: Եթէ օր մը զիս սպաննեն, կը խնդրեմ, որ եթէ կրնաս, փրկես կինս եւ զաւակներս»:
Բաղէշի հայութիւնը ոչնչացուեցաւ եւ Վաղարշակ եղաւ այդ կոտորածի առաջին զոհերէն մէկը: Տեղացիները Վաղարշակը տարին ոստիկանատուն, ու դարձեալ Վարդգէս Ահարոնեան կը գրէ Սաթենիկի եւ Վաղարշակի հնգամեայ զաւկին, այդ օրերուն մանուկ, բայց չմոռցուող յուշերուն ընդմէջէն...: «Տոքթորը գիտէր, որ հայրս թոյն բաժնած էր, որ տեղացիներու ձեռքը չիյնանք, այլ թոյնով մեռցնենք մենք մեզ: Տոքթորը ասիկա գիտնալով, խստիւ պատուիրեց մեզի, որ չըլլայ որ թոյն խմենք ու խոստացաւ ամէն ձեւով հոգ տանիլ մեզի»:
Վաղարշակ ոստիկանատան մէջ թոյնը խմած եւ մեռած էր, չարչարանքներէն ազատելու համար: Իսկ Տքթ. Չելեպին պիտի յարգէր իր բարեկամին տուած «խոստումը»՝ փրկելու Սաթենիկը եւ անոր երկու զաւակները: Բայց կար նաեւ Չելեպիին մարդկային խղճին «խոստումը»՝ փրկելու նաեւ Ամերիկեան դպրոցի հայ պարմանուհիները: Եթէ Չելեպին Սաթենիկը եւ իր երկու զաւակները պատսպարեց իր մօտ, բայց շարունակեց տքնիլ փրկելու համար քառասուն հայ աղջիկները:
Մուսթաֆա Չելեպին կրցաւ համոզել սպաները, թէ որեւէ օգուտ չունի աղջիկները սպաննելը: «Բանակը կարիք ունի հիւանդապահներու, ճաշ եփողներու ու տակաւին շատ մը այլ գործեր ընող աղջիկներու», ըսաւ ան: Չելեպին կրցաւ համոզել սպաները, որ հայ աղջիկները աշխատին Պիթլիսի հիւանդանոցին մէջ:
Եւ այս անգամ պատմողը Արտեմիսն է՝ քառասուն հայ աղջիկներէն մին: «Հիւանդանոցը ճաշ տանող փոքր աղջիկներէն մէկը ես էի: Մեզի հիւանդանոց տանող-բերողը Հասան անունով թուրք մըն էր, իսկ հիւանդանոցի վերակացուն Մամազ Չավուշ անունով թուրք մը, որ լաւ հայերէն կը խօսէր»: Ու դարձեալ Արտեմիսն է: «Երբ հայերէն կը խօսէինք իրարու հետ, Մամազ Չավուշը կը սաստէր մեզ, որ թրքերէն խօսինք ու կ՚ըսէր. «Ա՛լ հայերը վերջացան, Աստուածը չօգնեց անոնց»:
Մուսթաֆա Չելեպին ջանք չխնայեց հայ աղջիկներուն կեանքերը ապահովելու համար: Նոյնիսկ առիթ չտուաւ, որ հիւանդ ու վիրաւոր զինուորները, որոնք հիւանդանոց կը բերուէին, որեւէ ձեւով «ցանկութիւն» ունենային անոնց նկատմամբ: Ան կրցաւ «պահել» հայ աղջիկները մինչեւ այն օրը, երբ հրահանգ տրուեցաւ, որ բոլորը քաղաքէն հեռացուէին, իսկ Արտեմիս գիտցաւ ինչ պիտի ըլլայ. «Այդ կը նշանակէր, որ մեզ պիտի տարագրէին եւ սպաննէին...»:
Բայց չհասան այդ մէկը կատարել, ռուսական բանակն ու հայ մարտիկները հասած էին Բաղէշ: Օր մըն ալ Հասանը՝ հիւանդանոցին թուրք վարորդը շնչասպառ կը մտնէ հիւանդանոց եւ մեծ աղերսանքով. «Հայ ֆետայիները քաղաքը լեցուեր են, զիս եթէ բռնեն կը սպաննեն, կ՚աղաչեմ ազատեցէք զիս»:
Հայ կամաւորները կը մտնեն հիւանդանոց, ուր ներկայ էր նաեւ Տքթ. Մուսթաֆա Չելեպին՝ իր օսմանեան բանակայինի համազգեստով: Հայ կամաւորները կը յարձակին անոր վրայ՝ սպաննելու զայն, սակայն այս անգամ Չելեպին փրկող-պահողները կ՚ըլլան հայ աղջիկները, որոնք կը նետուին տոքթորին եւ հայ մարտիկներուն միջեւ, լալով ու աղաչանքով կը բացագանչեն: «Ի սէր Աստուծոյ, խնայեցէք այս մարդը: Ան է մեզ ազատողը, մեզ փրկողը»:
Գերի բռնուողներուն մէջ կ՚ըլլայ նաեւ Մամազ Չավուշը՝ հիւանդանոցին վերակացուն: Արտեմիսն է՝ ինքնավստահ եւ չարախինդ կերպով.
-Նասըլսըն (ինչպէ՞ս ես) Մամազ Չավուշ:
-Ձեր Աստուածը շատ զօրաւոր է», կը պատասխանէ Մամազ Չավուշ՝ հայերէնով:
Հայ կամաւորները Չելեպին կը յանձնեն ռուսական բանակին, որ զինք, թուրք սպաներու հետ գերի կը տանին Ռուսաստան:
Բայց կար Չելեպիին «խոստումը»՝ տրուած իր Վաղարշակ բարեկամին, թէ պիտի «պահէր» անոր ընտանիքը: Գերի տարուելէ առաջ ան դասաւորում կ՚ընէ, որպէսզի Սաթենիկ եւ իր երկու զաւակները ապահով հասնին Հալէպ՝ անոր ընտանեկան բնակարանը: Եւ քառասուն ազատագրուած հայ աղջիկները կը սկսին նոր կեանքի: Անոնցմէ ոմանք կ՚ամուսնանան հայ մարտիկներուն հետ, որոնք զիրենք ազատեցին, իսկ միւսները կը միանան իրենց հարազատներուն Ամերիկա թէ այլուր:
Մուսթաֆա Չելեպին երկու տարուան գերութենէ ետք ազատ արձակուելով կը վերադառնայ Հալէպ: Ան Սաթենիկին կը ներկայացնէ երկու առաջարկ՝ վերադառնալ ընտանիքին (իր ծնողացը, որոնք Ամերիկա էին) եւ կամ հաստատուիլ նորաստեղծ անկախ Հայաստան, իսկ եթէ կը փափաքի իր կեանքի ընկերը դառնալ: Սաթենիկ սիրայօժար կ՚ընդունի ամուսնանալ Չելեպիի հետ:
Չելեպի կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Վաղարշակին տուած իր «խոստումին»: Սուրէնը եւ Արաքսին Սաթենիկի երկու զաւակները կը մեծնան հայ եւ քրիստոնեայ: Չելեպի յանձնառու կ՚ըլլայ երկու պզտիկները հայկական վարժարան ղրկելու Հալէպի մէջ՝ երբ վերջինը նոր կը հիմնուի գաղութին մէջ Ցեղասպանութենէ եւ տարագրութենէ ետք: Իսկ Սաթենիկ միշտ ալ կը մնայ Չելեպի ընտանիքին շատ յարգուած հայ հարսը՝ «Մատամը»։
Տքթ. Մուսթաֆա Չելեպի՝ որպէս ակնաբոյժ, եղաւ մտերիմ գործակից-բարեկամ մը հօրեղբօրս՝ Տքթ. Ռոպէր Ճէպէճեանին: Չելեպիին եւ անոր վեհանձն ու մարդկային նկարագիրին մասին յաճախ լսած եմ մեր ընտանեկան զրոյցներուն ընթացքին: Տքթ. Ռոպէր Ճէպէճեանի յուշերէն. «Հայ զինուորները գիտնալով, որ արաբ բժիշկը ազատարարը եղած էր հայ աղջիկներուն, զանոնք որպէս հիւանդապահ պահելով իր հիւանդանոցին մէջ, կը փութային իմաց տալ զօրավար Անդրանիկին: Զօրավարը անյապաղ կու գար անձամբ եւ ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնելու եւ արաբ բժիշկին կը յանձնէր պատուոյ գիր»:
Մուսթաֆան եւ Սաթենիկը ունեցան հինգ զաւակներ, Սուրէնէն եւ Արաքսիէն զատ՝ երեք մանչ եւ երկու աղջիկ: Մուսթաֆան մահացաւ 1959 թուականին, իսկ Սաթենիկ աւելի ուշ՝1963-ին: Սաթենիկ թաղուեցաւ Հայոց գերեզմանատունը՝ Պէյրութ:
«Ձեր Աստուածը շատ զօրաւոր է...»:
Բայց այս «զօրութիւնը» կեանքեր կերտելու զօրութիւն է. կեանքեր, որոնք կ՚ապրին եւ կ՚ապրեցնեն ու տակաւին կը վկայեն իրենց շարունակականութեամբ: Սաթենիկին, քառասուն հայ աղջիկներուն ու տակաւին շատերու կեանքերը խօսուն օրինակ են:
Բայց կը մնայ յարգանքի ու երախտագիտական բաժինը՝ Չելեպիին ու բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք պահեցին «խոստումը», «խոստումը»՝ մարդկային բարեկամութեան ու անոր շարունակականութեան, բայց մանաւանդ «խոստումը»՝ խիղճին ու անոր գիտակցութեան՝ թէ մարդկային կեանքերը ապրեցնելը արժէք է, որուն վրայ կը կերտուի պատմութիւն եւ քաղաքակրթութիւն:
Սաթենիկը, քառասուն հայ աղջիկները եւ արաբ Չելեպին... Տարբեր կեանքեր, որոնք միացան իրարու՝ զօրութեամբ, զօրութիւն մը, որ կեանքեր պահեց, բայց նաեւ կերտեց:
Չելեպիին «խոստումը» կեանքերը կերտելու «Խոստում»ն է: Արժէ կառչիլ ու հաւատալ անոր:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ