ՇՈՒՇԻԻ ՎԵՐԻՆ ՄԶԿԻԹԻ ՊԵՂՈՒՄՆԵՐԸ

Օ­րերս յայտ­նի դար­ձած են Ար­ցա­խի Շու­շի քա­ղա­քին մէջ գտնուող Վե­րին Մզկի­թին (Վե­րին Ճու­մա­յի) մէջ ի­րա­կա­նա­ցուած հնագի­տա­կան պե­ղում­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը: Պատ­մա­կան այս քա­ղա­քի Վե­րին մզկի­թի տա­րա­ծու­թեան մէջ յայտ­նա­բե­րուած են իս­լա­մա­կան գե­րեզ­մա­նո­ցի մը տա­պա­նա­քա­րե­րը, ո­րոնք կը թուագ­րուին 1905-1906 թուա­կան­նե­րով: Այս տա­րա­ծու­թեան մէջ ա­միս մը ա­ռաջ սկսած պե­ղում­նե­րէն յայտ­նա­բե­րուած են նաեւ սա­լա­յա­տակ տա­րա­ծու­թիւն­ներ եւ ջրա­ւա­զա­նի խո­ղո­վակ­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ ա­ղիւ­սա­շէն կա­ռոյց մը, որ նախ­նա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով ե­ղած է ջրամ­բար:

Ոչ միայն Վե­րին մզկի­թին, այլ ընդ­հան­րա­պէս Ար­ցա­խի մէջ կան իս­լա­մա­կան մշա­կոյ­թի հետ­քեր, ո­րոնք յայտ­նա­բե­րուած են զա­նա­զան ժա­մա­նակ­նե­րու պե­ղում­նե­րու ըն­թաց­քին: Եր­կար դա­րեր մնա­լով Ի­րա­նի իշ­խա­նու­թեան տակ, Ար­ցա­խը դար­ձած է ի­րա­նա­կան աս­տի­ճա­նա­ւոր­նե­րուն եւ ա­նոնց ըն­տա­նիք­նե­րու ան­դամ­նե­րուն բնա­կու­թեան վայ­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ 19-րդ դա­րու ա­ւար­տին Ար­ցա­խը աս­տի­ճա­նա­բար դար­ձած է իս­լա­մը դա­ւա­նող քո­չւոր­նե­րու կե­ցու­թեան վայր:

Ռու­սաս­տա­նի կազ­մին մէջ մտնե­լէ ետք Ար­ցա­խի մայ­րա­քա­ղաք Շու­շին յայտ­նուած է Ի­րա­նը Ռու­սաս­տա­նին հետ կա­պող ա­ռեւտ­րա­յին ճա­նա­պարհ­նե­րու խաչ­մե­րու­կին վրայ: Ռու­սաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի մի­ջեւ ա­ռեւ­տու­րի բուռն զար­գա­ցու­մը յան­գե­ցու­ցած է ա­նոր, որ քա­ղա­քին մէջ ձե­ւա­ւո­րուած է մահ­մե­տա­կան-շիի­նե­րու մե­ծա­թիւ հա­մայնք մը եւ 19-րդ դա­րու ա­ւար­տին Ար­ցա­խի մէջ, մա­նա­ւանդ ա­նոր ստո­րին վայ­րե­րուն եւ Շու­շիի մէջ կը բնա­կէին մեծ թի­ւով մահ­մե­տա­կան­ներ, ո­րոնք այդ վայ­րե­րուն մէջ մշա­կոյթ ձե­ւա­ւո­րած են եւ պատ­մա­կան հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւն ձգած:

Ա­նոնք ընդ­հան­րա­պէս հին գե­րեզ­մա­նա­տու­նե­րու մէջ ցի­րու­ցան ե­ղած մահ­մե­տա­կան թա­փա­ռա­կան կրօ­նա­ւոր­նե­րու՝ տա­րուիշ­նե­րու դամ­բա­րան­ներ են, տա­պա­նա­քա­րեր եւ քա­նի մը մզկիթ, բո­լորն ալ՝ ղա­րա­բա­ղեան ար­հես­տա­ւոր­նե­րու հմուտ ձեռ­քե­րով եւ 19-րդ դա­րու ա­ւար­տին վե­րագ­րուող տե­սակ մը քա­րով կա­ռու­ցուած են: Ա­սոնք ակն­յայ­տօ­րէն կը ցու­ցադ­րեն քրիս­տո­նէա­կան եւ իս­լա­մա­կան մշա­կոյ­թի իւ­րա­յա­տուկ միա­ձու­լուած­քը:

 Յու­շար­ձան­նե­րը նա­խագ­ծուած են պար­սիկ ճար­տա­րա­պետ­նե­րու կող­մէ, նկա­տի առ­նուած են նաեւ տե­ղա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ա­ւան­դոյթ­նե­րը, այդ պատ­ճա­ռով ալ յա­ջո­ղու­թեամբ կը զու­գակ­ցին գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ճար­տա­րա­պե­տա­կան շրջա­պա­տին:

Շու­շիի Վե­րին մզկի­թը իս­լա­մա­կան մշա­կոյ­թի ա­մե­նէն յայտ­նի յու­շար­ձանն է: Կա­ռու­ցուած է 1883 թուա­կա­նին, ի­րան­ցի ճար­տա­րա­պետ Կար­բե­լի սե­ֆի Խա­նի յա­տա­կա­գի­ծով՝ քա­ղա­քի այն ժա­մա­նա­կուան իս­լա­մա­կան հա­տուա­ծի կեդ­րո­նա­կան մէկ վայ­րին մէջ: Շի­նու­թեան գլխա­ւոր ճա­կա­տի ե­րեք կա­մա­րա­ձեւ մուտ­քե­րը ընդգ­ծուած են եր­կու բարձր մի­նա­րէ­նե­րով: Եր­կու մի­նա­րէ­նե­րը զար­դա­րուած են գու­նա­ւոր ու գե­ղե­ցիկ երկ­րա­չա­փա­կան զար­դա­նախ­շե­րով: Մզկի­թին առ­ջեւ տե­ղադ­րուած է ու­թան­կիւն շատ­րուա­նով ջրա­ւա­զան մը: Ա­ւե­լի քան յի­սուն տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին այս մզկի­թը ե­ղած է Շու­շիի մահ­մե­տա­կան­նե­րու հո­գե­ւոր կեդ­րո­նը:

Խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րը ի­րենց հետ­քը ձգած են ինչ­պէս քրիս­տո­նէա­կան, նոյն­պէս եւ իս­լա­մա­կան կրօ­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու վրայ եւ այդ տա­րի­նե­րուն Վե­րին մզկի­թը ձե­ւա­փո­խուած էր պատ­մա-երկ­րա­գի­տա­կան թան­գա­րա­նի, ուր կը ցու­ցադ­րուէին իւ­րա­յա­տուկ ցու­ցադ­րան­մոյշ­ներ՝ ա­րուես­տի գլուխ գոր­ծոց­ներ: Խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն՝ 1970-ա­կան թու­ա­կան­նե­րուն, մզկի­թին շուրջ կա­տա­րուած են վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան աշ­խա­տանք­ներ, ո­րոնց իբ­րեւ ար­դիւնք հիմ­նա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու են­թար­կուած են մզկի­թին բա­կը եւ յա­րա­կից տա­րած­քը:

 Ծա­նօթ է, որ 1992 թուա­կա­նի Մա­յի­սին՝ Շու­շիի ա­զա­տագր­ման ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեան ժա­մա­նակ մզկի­թին լուրջ վնաս հաս­ցուած էր, որ­մէ ետք ա­ղօ­թա­տան մէջ ի­րա­կա­նա­ցուած են լայ­նա­ծա­ւալ վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան աշ­խա­տանք­ներ:

Այ­սօր ի­րա­կա­նա­ցուող պե­ղում­նե­րը ու­նին զայն կրկին վե­րա­կանգ­նե­լու նպա­տա­կը: Պե­ղում­նե­րը սկսած են 21 Մար­տին եւ ա­ւար­տած՝ Ապ­րի­լի մէջ: Ա­նոնք ի­րա­կա­նա­ցուած են Վե­րին մզկի­թի ե­րեք հա­տուած­նե­րուն մէջ՝ մզկի­թի ա­րեւմ­տեան եւ ա­րե­ւե­լեան տա­պա­նա­բա­կե­րուն մէջ, ջրա­ւա­զա­նին շրջա­կայ­քը եւ մետ­րե­սէին՝ իս­լա­մա­կան ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թեան շուրջ:

Ինչ­պէս յայ­տա­րա­րած է, այդ վայ­րին մէջ պե­ղում­ներ ի­րա­կա­նաց­նող հնա­գի­տա­կան ար­շա­ւա­խում­բի ղե­կա­վար՝ Նժդեհ Ե­րա­նեան, թէ այս պե­ղում­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տան նա­խորդ վե­րա­կանգ­նում­նե­րէն յե­տոյ ա­ւե­լի ամ­բող­ջա­կան ու ճշգրիտ կեր­պով վե­րա­կանգ­նել մզկի­թը: Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ յայտ­նած է, թէ մզկի­թի վե­րա­կանգ­նու­մը ա­ւե­լի մեծ թի­ւով ի­րան­ցի զբօ­սաշր­ջիկ­ներ կը գրա­ւէ Շու­շի: Պե­ղում­նե­րու ամ­բող­ջա­կան ա­ւար­տէն ետք կը սկսի վե­րա­կանգ­նու­մը, որ կ՚ի­րա­կա­նա­նայ «Ա­րե­ւե­լեան պատ­մա­կան մշա­կոյ­թի վե­րած­նուն­դ» հայ­կա­կան բա­րե­սի­րա­կան հիմ­նադ­րա­մի նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ, իսկ վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն կը մաս­նակ­ցին ի­րա­նա­կան Part Saman Jahan Co ըն­կե­րու­թե­նէն ժա­մա­նած մաս­նա­գէտ­ներ:

Ատր­պէյ­ճա­նա­կան ար­ձա­գանգ

Վե­րին մզկի­թի վե­րա­կանգն­ման լուրն ու Ի­րա­նէն մաս­նա­գէտ­նե­րու մօ­տա­կայ Ար­ցախ ժա­մա­նու­մը մեծ զայ­րոյթ յա­ռա­ջա­ցու­ցած է Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ: Ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը նախ շտա­պած է տե­ղե­կաց­նել, որ մզկի­թը ոչ թէ ի­րա­նա­կան է, այլ՝ շիիա­կան, եւ ան կա­ռու­ցուած է 19-րդ դա­րուն ու պատ­մա­կան ոչ մէկ հե­տաքրք­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ: Ատր­պէյ­ճա­նը Շու­շիի տա­րած­քին պե­ղում­նե­րու տե­ղի ու­նե­նա­լը ո­րա­կած է վան­տա­լու­թեան գոր­ծո­ղու­թիւն՝ «զաւ­թուած տա­րած­քի մը վրայ, որ Ատր­պէյ­ճա­նին կը պատ­կա­նի»:

Ցա­ւա­գին ըն­դու­նե­լով այս փաս­տը, Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը նոյ­նիսկ ետ կան­չած է այդ երկ­րին մօտ Ի­րա­նի դես­պան Ճա­ւատ Ճա­հան­կիր­զա­տէն: «Դես­պա­նը տե­ղե­կա­ցուած է, որ պէտք է ան­յա­պաղ մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նար­կուին ի­րա­նա­կան վե­րոն­շեալ ըն­կե­րու­թեան ա­պօ­րի­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ատր­պէ­ճա­նա­կան զաւ­թուած տա­րածք­նե­րու մէջ կան­խե­լու նպա­տա­կով: Իր գոր­ծու­նէու­թեամբ նենգ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն կը վա­րէ Հա­յաս­տան, ո­րուն նպա­տակն է քայ­քա­յել իս­լա­մը դա­ւա­նող եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը», ը­սած է Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը:

Այս յայ­տա­րա­րու­թեան եւ ա­սոր հե­տե­ւած քննար­կում­նե­րուն ար­ձա­գան­գած է նաեւ ար­ցա­խեան կող­մը: Մաս­նա­ւո­րա­պէս, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տն­­տե­սա­կան հար­ցե­րու նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Սէր­կէյ Շա­հուեր­տեան նշած է, որ Ար­ցա­խի տա­րած­քին գտնուող ո­րե­ւէ պատ­մա-մշա­կու­թա­յին յու­շար­ձան Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան ժո­ղո­վուր­դին սե­փա­կա­նու­թիւնն է եւ Ար­ցա­խի կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռաջ­նա­հերթ հար­ցե­րէն է այդ յու­շար­ձան­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թիւնն ու պահ­պա­նու­մը, այդ կար­գին՝ պարս­կա­կան մշա­կոյ­թի յու­շար­ձան­նե­րուն պահ­պա­նու­թիւ­նը, ու­սում­նա­սի­րումն ու վե­րա­կանգ­նու­մը: Ար­ցա­խի պաշ­տօ­նեա­յին յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նաեւ ը­սուած է.

«2015 թուա­կա­նին Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը միա­ցած է Հնա­գի­տա­կան ժա­ռան­գու­թեան պահ­պա­նու­թեան մա­սին եւ­րո­պա­կան եւ Եւ­րո­պա­յի ճար­տա­րա­պե­տա­կան ժա­ռան­գու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան հա­մա­ձայ­նագ­րե­րուն. կը նշա­նա­կէ, որ այդ բնա­գա­ւա­ռին մէջ ար­ցա­խեան կող­մը իր վրայ վեր­ցու­ցած է պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ ո­րոնց կը հե­տե­ւի ան­վե­րա­պա­հօ­րէն: Շու­շիի Վե­րին մզկի­թի վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն ամ­բողջ գոր­ծըն­թա­ցը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ վե­րո­յի­շեալ հա­մա­ձայ­նագ­րի դրոյթ­նե­րուն:

«Կը փա­փա­քիմ մա­նա­ւանդ ընդգ­ծել, որ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին յու­շար­ձան­նե­րու ու­սում­նա­սիր­ման եւ վե­րա­կանգն­ման ծրա­գիր­ներ կը մշա­կուին եւ կ­­՚ի­րա­կա­նա­ցուին՝ ան­կախ եր­րորդ կող­մի վե­րա­բեր­մուն­քէն եւ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րէ­ն»:

«Ա­րե­ւե­լեան ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­մա­ն» հիմ­նադ­րա­մի միջ­նոր­դու­թեամբ Շու­շիի Վե­րին մզկի­թի վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւ­նը պարս­կա­կան նա­խագ­ծող ըն­կե­րու­թեան հետ ձեռք բե­րուած է մէկ տա­րի ա­ռաջ: Ան­ցած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ըն­կե­րու­թիւ­նը ու­սում­նա­սի­րած է ոչ միայն այս մահ­մե­տա­կան յու­շար­ձա­նի, այ­լեւ Շու­շիի պատ­մու­թիւ­նը, իսկ Part Saman Jahan Co ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն՝ Սա­յաթ Նա­ւա­հան­տի ը­սած է, որ ի­րենք քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն հե­ռու մար­դիկ են եւ հար­ցին մօ­տե­ցած են զուտ մաս­նա­գի­տա­կան տե­սան­կիւ­նէ: Այժմ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կա­ռա­վա­րու­թեան հետ կը քննար­կուին եր­կու տար­բե­րակ­ներ, թէ վե­րա­կանգ­նու­մէն ետք ին­չի կը վե­րա­ծուի կա­ռոյ­ցը, կը մնայ որ­պէս չգոր­ծող մզկի՞թ, թէ՞ կը վե­րա­ծուի թան­գա­րա­նի:

Մինչ Ար­ցա­խի մէջ կը պե­ղեն իս­լա­մա­կան մզկի­թին տա­րած­քը եւ ջան­քեր կը գոր­ծադ­րեն զայն վե­րա­կանգ­նե­լու, նոյն ժա­մա­նակ, շա­բաթ­ներ ա­ռաջ Պա­քուի մէջ քան­դած են Հա­ճի Ճա­ւա­տի 19-րդ դա­րու մզկի­թը, որ Ատր­պէյ­ճա­նի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին նշա­նա­կա­լի յու­շար­ձան­նե­րէն է։ Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը, ո­րոնք մզկի­թին մէջ մնա­ցած ու ընդ­դի­մա­ցած են, ձեր­բա­կա­լուած են:

Փոր­ձա­գէտ­նե­րը այս քայ­լը նկա­տած են որ­պէս շիիա­կա­նու­թեան դէմ կա­տա­րուած ընդգ­ծուած ոտնձ­գու­թիւն: Այս հար­ցին վեր­ջերս անդ­րա­դար­ձած է նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը՝ ար­ձա­գան­գե­լով Կով­կա­սի մահ­մե­տա­կան­նե­րու վար­չու­թեան նա­խա­գահ՝ Շէյ­խիւ­լիս­լամ Ալ­լահ­շիւ­քիւր Փա­շա­զա­տէի այն յայ­տա­րա­րու­թեան, որ վեր­ջինս կա­տա­րած է հայ­կա­կան կող­մի ջան­քե­րով Շու­շիի մզկի­թի վե­րա­կանգն­ման ի­րո­ղու­թեան առ­թիւ, նշե­լով, որ հա­յե­րը ա­տի­կա կ­­՚ը­նեն սադ­րիչ նպա­տակ­նե­րով: Ընդվ­զե­լով հա­յե­րու այս քայ­լին դէմ՝ շէյ­խիւ­լիս­լա­մը տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ հար­ցը պի­տի բարձ­րաց­նէ Մոս­կուա­յի մէջ ԱՊՀ-ա­կան եր­կիր­նե­րու Միջկ­րօնա­կան խոր­հուր­դի նիս­տին: Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը ը­սած է.

«Ան­շուշտ, Ալ­լահ­շիւ­քիւր Փա­շա­զա­տէն ա­զատ է բարձ­րաց­նե­լու ո­րե­ւէ խնդիր, ինչ որ յա­ճախ կ­­՚ը­նէ տուրք տա­լով նաեւ ա-տըր­պէյ­ճա­նա­կան քա­րոզ­չա­մե­քե­նա­յի պա­հանջ­նե­րուն:

 «Պատ­մա­կան փաստ է, որ ի տար­բե­րու­թիւն ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մին, որ կ­­՚ոչըն-չաց­նէ հայ­կա­կան հետք պա­րու­նա­կող ո­րե­ւէ յու­շար­ձան եւ սրբա­վայր, ինչ­պէս այս ճա­կա­տագ­րին են­թար­կուե­ցան օ­րի­նակ՝ հա­յոց հա­ւատ­քի վկայ Ջու­ղա­յի հա­զա­րա­ւոր խաչ­քա­րե­րը, Պա­քուի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին գրա­պա­հո­ցի վե­րած­ման, Նա­խի­ջե­ւա­նի մեր վան­քե­րու եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ւե­րու­մը, Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը պահ­պա­նեն ու կը վե­րա­կանգ­նեն Ար­ցա­խի հո­ղին վրայ գտնուող ոչ միայն ի­րենց պատ­մա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը, նաեւ այլ կրօն­նե­րու պատ­կա­նող սրբա­վայ­րեր եւ յու­շար­ձան­ներ:

«Շու­շիի մզկի­թի վե­րա­կանգն­ման վե­րա­բե­րեալ գո­հու­նա­կու­թիւն ար­տա­յայ­տե­լու փո­խա­րէն Ատր­պէյ­ճա­նի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դին կող­մէ դրսե­ւո­րուած ընդվ­զու­մը եւ ա­նոր հիմ­նա­ւո­րու­մը մե­զի հա­մար ա­նըն­կա­լե­լի է: Ար­դար եւ ազ­նիւ պի­տի ըլ­լար զայն ար­տա­յայ­տել սե­փա­կան երկ­րի տա­րած­քին գտնուող հայ­կա­կան սրբա­վայ­րե­րու եւ յու­շար­ձան­նե­րու նկատ­մամբ գոր­ծուող բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամ­բ»։

Այլ պե­ղում­ներ

Այ­սօր Ար­ցա­խի տա­րած­քին տե­ղի կ­­՚ու­նե­նան այլ հնա­գի­տա­կան պե­ղում­ներ եւս: Ար­ցա­խի պե­տա­կան բնա­պատ­մա­կան ար­գե­լոց «Հու­նո­տի կիր­ճ­»ին մէջ կը գտնուի՝ Ա­լեք­սա­նա Ղուզ քա­րան­ձա­ւը կամ քա­րայ­րա­յին հա­մա­լի­րը՝ Քա­րին­տակ գիւ­ղի հա­րաւ-ա­րեւ­մուտ­քը՝ Զառ գե­տի ձախ ա­փին: Այս քա­րան­ձա­ւը ու­նի մօտ 50 մեթր խո­րու­թիւն եւ շուրջ եօթ ա­ռանձ­նա­ցած սրահ­ներ: Բնա­կե­ցուած ըլ­լա­լով հել­լէ­նա­կան դա­րաշր­ջա­նին՝ Նախ­քան Քրիս­տոս Ա. դա­րէն մին­չեւ մեր թուար­կու­թեան Ա. դա­րը քա­րան­ձա­ւը ե­ղած է հե­թա­նո­սա­կան պաշ­տա­մուն­քի վայր:

Այ­սօր ան Ար­ցա­խի մէջ բնա­կող ճեր­մա­կա­թեւ չղջիկ­նե­րու միակ հանգ­րուանն է եւ մաս­նա­գէտ­նե­րը խոր­հուրդ կու տան այդ վայ­րէն խու­սա­փիլ, քա­նի որ մար­դոց պար­բե­րա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը կա­րող է մեծ վնաս հասց­նել չղջիկ­նե­րու բազ­մաց­ման։

«Քա­րին­տա­կ» քա­րան­ձա­ւի հնա­գի­տա­կան պե­ղում­նե­րը սկսած են 2011 թուա­կա­նին, երբ Շու­շիի եւ յա­րա­կից շրջան­նե­րուն մէջ կ­­՚ըն­թա­նա­յին զա­նա­զան հե­տա­խու­զա­կան պե­ղում­ներ: Ե­րի­տա­սարդ հնա­գէտ­նե­րէ կազ­մուած ար­շա­ւա­խում­բի կազ­մին մէջ ընդգր­կուած են նաեւ Լե­հաս­տա­նի Պոզ­նան եւ Քրա­քով քա­ղաք­նե­րու հա­մալ­սա­րան­նե­րու մաս­նա­գէտ­նե­րը (հնա­մար­դա­բան, ծի­նա­բան):

Բա­ցի «Քա­րին­տա­կ­»էն, մեծ ծա­ւա­լով հնա­գի­տա­կան պե­ղում­ներ տե­ղի կ­­՚ու­նե­նան նաեւ Տիգ­րա­նա­կերտ պատ­մա­կան քա­ղա­քին մէջ: Տիգ­րա­նա­կերտ հնա­վայ­րը կը հե­տա­զօ­տուի տաս­նե­րեք տա­րիէ ի վեր։ Խա­չեն գե­տի աջ ա­փին Նախ­քան Քրիս­տոս Ա. դա­րուն հա­յոց ար­քայ՝ Տիգ­րան Մե­ծի կող­մէ կա­ռու­ցուած Տիգ­րա­նա­կեր­տի մա­սին յի­շա­տա­կած են 7-րդ դա­րու պատ­միչ­ներ՝ Սե­բէո­սը եւ Մով­սէս Կա­ղան­կա­տուա­ցին։ Ան, որ­պէս բնա­կա­վայր գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է մին­չեւ ուշ միջ­նա­դար եւ գտնուած է Խա­չե­նի իշ­խա­նու­թեան տա­րած­քին։

Խորհր­դա­յին շրջա­նին Տիգ­րա­նա­կեր­տը կը գտնուէր Աղ­տա­մի շրջա­նին մէջ, որ հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ ա­զա­տագ­րուած է Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ:

Տիգ­րա­նա­կեր­տի ճշգրիտ տե­ղը յայտ­նա­բե­րուած է 2005 թուա­կա­նին։

Տիգ­րա­նա­կեր­տի՝ 2006 թուա­կա­նին սկսած պե­ղում­նե­րու ար­դիւն­քով գտնուած եւ ու­սում­նա­սի­րուած են քա­ղա­քի միջ­նա­բեր­դը, պա­րիսպ­նե­րը, քա­ղա­քի կենդ­րո­նա­կան մա­սը եւ վաղ միջ­նա­դա­րեան պա­զի­լիք ե­կե­ղե­ցի մը: Քա­ղա­քը հիմ­նա­կա­նօ­րէն կա­ռու­ցուած է ճեր­մակ կրա­քա­րով։ Իւ­րա­յա­տուկ է պա­րիսպ­նե­րու, որմ­նա­քա­րե­րու եւ հան­գոյց­նե­րու «ծի­ծեռ­նա­կա­պո­չ» ձե­ւը։

Պե­ղում­նե­րու ա­մե­նէն կա­րե­ւոր գտա­ծո­նե­րէն մին ե­ղած է 15 Յու­լիս, 2008 թուա­կա­նին յայտ­նա­բե­րուած հա­յե­րէն ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը: 2010 թուա­կա­նի Մա­յի­սին Տիգ­րա­նա­կեր­տի տա­րած­քին գտնուող ուշ շրջա­նի կան­գուն ամ­րո­ցին մէջ բա­ցուած է պե­ղում­նե­րու թան­գա­րա­նը, որ այ­ցե­լու­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նէ պե­ղում­նե­րու ըն­թաց­քին յայտ­նա­բե­րուած ցու­ցան­մոյշ­ներ։

Տիգ­րա­նա­կերտ հնա­վայրն այ­սօր դար­ձած է Ար­ցախ այ­ցե­լող հիւ­րե­րուն կա­րե­ւոր այ­ցե­լու­թեան վայ­րե­րէն մին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մայիս 9, 2017