ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԳԻՆԻԻ ՕՐԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆ

Երեւանի մէջ կը սկսի հայկական գինիի լաւագոյն աւանդոյթներու զարգացման ու ներկայացման նուիրուած «Երեւանի գինիի օրեր» միջոցառումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, միջոցառումը Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ նախաձեռնած են «Արենի» փառատօն հիմնադրամը, որ տարիներ շարունակ կը կազմակերպէ Արենի գինիի փառատօնը եւ Աննա Մազմանեան։ Փառատօնին կը մասնակցին քսանհինգ գինեգործական եւ խոհանոցային ընկերութիւններ, որոնց արտադրատեսակներով կը հետաքրքրուին բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ, բազմաթիւ քաղաքացիներ։

Հայաստանի Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Մեխակ Ապրեսեանի խօսքով՝ ընդհանրապէս փառատօնները Հայաստանի մէջ կը լուծեն պետական քաղաքականութեան շարք մը կարեւոր խնդիրներ. ինչպէս՝ զբօսաշրջային արդիւնքի բարձրացումը, համայնքներու մէջ զբօսաշրջութեան զարգացումը, որու միջոցաւ կը բարձրանայ հասարակութեան տնտեսական աշխուժութիւնը, քաղաքացիներուն հնարաւորութիւն կու տայ իրենց արտադրական ներուժը ներկայացնել թէ՛ ներքին եւ թէ միջազգային շուկային։ Ան նշեց, որ նմանատիպ ձեռնարկները հնարաւորութիւն կու տան ներկայանալու խոհանոցով, աւանդոյթներով, իսկ այս տօնին շնորհիւ հայկական գինին, գինիի զբօսաշրջութեան կարողականութիւնը ներքին եւ միջազգային շուկային կը ներկայացուի:

Ձեռնարկին նպատակն, ըստ Ապրեսեանի, Հայաստանը որպէս զբօսաշրջութեան համար գրաւիչ, բազմազան, տարբեր զբօսաշրջային արդիւնք ունեցող երկիր համաշխարհային շուկային ներկայացնելն է, շուկային մէջ խթանելը: Անոր խօսքով՝ նմանատիպ ձեռնարկները թուարկուած խնդիրները լուծելու հզօր յատկութիւն ունին:

Երեւանի քաղաքապետարանի զբօսաշրջութեան բաժինի պետ Գէորգ Օրբէլեանի խօսքով՝ ձեռնարկը հնարաւորութիւն կու տայ գինիի ճիւղով զբօսաշրջութիւնը զարգացնել:

«Հնագոյն պատմութեան ակունքներէն կու գան գինիի եւ գարեջուրի աւանդոյթները: Մենք կարեւոր  կը համարենք այս իրադարձութիւնը, որ մեծ արձագանգ ունի եւ սպասուած ձեռնարկ է մեր մայրաքաղաքին մէջ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ քաղաքապետարանը կ՚աջակցի այս ձեռնարկին:

«Էվենտտուրա» ընկերութեան համահիմնադիր Մերի Պատալեան տեղեկացուց, որ ձեռնարկը միտուած է գինիի զբօսաշըրջութեան զարգացման: Պատալեան յայտնեց, որ այս տարի կայ կտրօն-գրքոյկ, որ հնարաւորութիւն կու տայ համտեսելու շուրջ քսանհինգ գինիներ, եւ այցելուն զայն իր հետ կը տանի տուն: Գրքոյկին մէջ տեղեկութիւններ կան գինիի, արտադրողի մասին, կապի տուեալներ: Անոր համոզմամբ՝ այն թէ՛ յուշանուէր կ՚ըլլայ, թէ՛ հայկական գինեգործութեան այցեքարտ: Գըր-քոյկը տպագրուած է երկու լեզուով՝ ռուսերէն եւ հայերէն:

Միջոցառումը տեղի կ՚ունենայ Մայիսի 11-12 թուականներուն, Երեւանի կեդրոնական եւ ամենաբանուկ անկիւններէն մէկուն՝ Սարեան փողոցի Թումանեան-Պուշկին խաչմերուկի հատուածին մէջ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 9, 2018