ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿԱՆԻ

Մտաւորական, մանկավարժ, վիպագիր, հրապարակագիր, արեւմտահայ ժողովրդավար գործիչ Մատթէոս Մամուրեանի այս երկու նամակները իր հայկական նամականի շարքէն են:

«Ծաղիկ»‚ «Մեղու»‚ «Կիլիկիա»‚ «Արեւելեան Մամուլ» եւ այլ պարբերականներու էջերուն մէջ լոյս տեսած իր բազմաթիւ յօդուածները Մամուրեան ամփոփած է «Հայկական նամականի» (1872) եւ «Անգլիական նամականի կամ Հայու մը ճակատագիրը» (1881) հրապարակախօսական գիրքերուն մէջ, ուր կ՚երեւին ազգային-ազատագրական պայքարի, Հայաստանի տնտեսական զարգացման հարցերը:

Վրոյր ստորագրութեամբ իր պարբերական քրոնիկներ-նամակներու շարքով՝ Մատթէոս Մամուրեան արեւմտահայ մամուլի պատմութեան մէջ եղած է հրապարակագրական այդ ոճին հիմնադիրը: Հակառակ որ հրապարակագրութիւնները ամփոփուած են «Հայկական նամականի» խորագրով հատորին մէջ, սակայն անոնք նամակ չեն՝ իսկական իմաստով, այլ առօրեայ մտածումներ, խոհեր, որոնք տարիներու հեռաւորութենէն այսօր արժէք կը ստանան:

Ընթերցողը հոն կը գտնէ իր ապրած ժամանակաշրջանի անցուդարձերը, հայ եւ միջազգային գետնի վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, հայուն դիմագրաւած դժուարութիւնները: Մամուրեան, անշուշտ, հայ մամուլի փառաւոր պատմութեան մէջ կը մնայ 1871-ին հիմնած եւ 30 տարի խմբագրած «Արեւելեան Մամուլ»ով, սակայն իր միւս գործունէութիւնները՝ մանկավարժական, թարգմանական եւ այլն, նոյնպէս արժանի են գնահատումի:

Պէտք է նշել, որ Մամուրեան 1860-1865 թուականներուն եղած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի դիւանապետը: Եւ իր նամակ-քրոնիկներուն մէջ մեծ տեղ յատկացուցած է կրօնական նիւթերուն:

*

Ազգային զբաղմանց եւ առտնին հոգերու մէջ՝ ատեն ատեն՝ դէպքի կամ զգացումի մը տպաւորութեան ներքեւ՝ Հայկական նամականի անուամբ մրոտած թղթերս, որ զանազան լրագիրներու՝ Ծաղկի, Մեղուի, Կիլիկիայի եւ այլ թերթերու մէջ ցիր ու ցան կը գտնէին, մէկ հատորի մէջ ամփոփել եւ հրատարակել կը յորդորեն զիս քանի մը բարեկամներ: Արդ՝ այս բարեկամաց խնդիրը կատարելու կը զիջանիմ՝ քանի մ՚անտիպ նամակներ ալ աւելցնելով, ոչ այնչափ հեղինակի ինքնասիրութիւն մը գոհ ընելու, որչափ անոնց նպատակին պատասխանելու համար:

Եւ արդարեւ՝ որչափ որ այս նամակներն՝ որ 1864-էն սկսեալ գրուած են, ինքնին գրական կամ պատմական արժէք մը չունին, կցկտուր եւ իրենց ծնունդ առած ժամանակին յարմար բաներ են, հետեւապէս յարութիւն առնլու պէտք չունէին, սակայն դարձեալ ճշմարտութիւն մ՚երեւան պիտի հանեն հետաքրքիր ընթերցողին, այս է՝ թէ յիշեալ թուականէն վեր՝ ինչ ցաւեր եւ գանգատներ, ինչ դառն խորհրդածութիւններ, որ յայտնէր ենք սոյն նամականիով ազգին վիճակին վրայ, միեւնոյն ցաւերն ու մտածութիւնները այսօր եւս կրնանք կրկնել դժբախտաբար առանց զգալի տարբերութեան:

Ուստի այս նամականին ալ սոյն նկատմամբ չէ՝ թէ իբր հին, այլ նոր կամ, լաւ եւս ըսեմ, մշտատեւ վշտաց թեթեւ մէկ արձագանգը կրնան համարուիլ:

Հայը հին անցեալ մ՚ունի, որուն վրայ բաւական ատեն լիաձեռն ծաղիկներ թափեցին դպրոցական հռետորներ՝ ազգն ոգեւորելու յուսով՝ մինչդեռ այն ազգը փուշերու եւ տատասկներու վրայ կը ննջէր եւ կը տառապէր: Այժմ՝ հռետորական ծաղիկները հին անցեալին հետ թոռմեցան իրաւ, առանց պտղատու ծիլ մը թողլով ներկային մէջ, վասն զի հինին եւ նորին մէջ վիհ մը կայ, բայց նոր անցեալ մը կազմելու միջոցներն եւս ապարդիւն մնացին եւ մեր ապագան գրեթէ վիժելու աստիճանին հասուցին: Ի՞նչ է ասոր պատճառն. երկու ծայրայեղ դրութիւն, առաջինն՝ այսինքն հնապաշտները նոր հայն՝ ինչպէս որ է՝ հին Հայաստանի մէջ ամրափակել կամեցան, երկրորդն այսինքն նորապաշտներն՝ ազգն իր հին անցեալէն գլխովին կտրել եւ նոր աշխարհի մը մէջ բնակեցնելու ելան, ուստի ծագում առաւ մեր ազգային արդի տարտամ, երերուն եւ անշէն վիճակն եւ մեզ տարաւ Կիւլիվէրի Լակատօ քաղաքն՝ ուր ամէն հին բան նորոգ շինելու համար կը քանդեն, պատմութիւն, աւանդութիւն, գրականութիւն, տուն, եկեղեցի, եւ բնիկներն աստանդական կը թափառին՝ մինչեւ որ տեղաւորուին, եթէ երբեք կարենան…:

Եթէ կայան մը կայ մեզի համար՝ ըստ իս՝ սա է, նորը հինին վրայ պատուաստել, նախ ներկայ մը հիմնել եւ ապա ապագայ մը յարդարել: Ժողովուրդ մ՚իր անցեալէն զատելը՝ լիովին մահացնել է, միմիայն անցեալին մէջ պահելը՝ հաշմել:

Հայաստանցին մեզի իր մութ լեզուն, իր տրտում երեսն, իր հալումաշ սիրտը կը ցուցնէ վիրալի ձեռքով մը, եւ նախ՝ տունը, կինը, զաւակն, եկեղեցին, հացը կը փնտրէ, զորս ի վաղուց կորուսեր է, մենք անոր ցոյց կը տանք մեր հոյակապ պալատները, մեր զարդերը, մեր սնափառութիւններն, եւ ասկից զատ՝ հոգեբանութեան, աստղաբաշխութեան, հանրավարութեան, հասարականութեան եւ չգիտեմ ինչ նիւթերու վրայ անոր դասեր կը կարդանք: Է՜հ, այն մարդն՝ որ հազիւ քիւրտին սրէն ազատէր՝ արիւն քրտինք կը խմէ եւ աշխարհէս զզուած անկից օր առաջ ելնել կը փափաքի, ինչպէ՞ս կ՚ուզես, որ մինչեւ, հոգւոյ եւ երկնից վերնագաւառներն ելնէ քեզի հետ՝ իրական աղէտիցը լուծը թոթուելով:

Յուսահատական է, սակայն հարկ է կրկնել, որ տակաւին չունինք չէ թէ միայն ազգին յարմար ներկայ մը կազմելու տարրեր, այլ նոյն տարրերը գտնելու համար հաստատուն սկզբունքներ եւ խորհուրդներ անգամ: Անջատական կարգագրութիւններ՝ եսութեան կամ փառամոլութեան ցոյցեր են եւ չեն կրնար ազգային նկուն մարմինը վերականգնել:

Եւ ահա այս պատճառվ այսքան տարիներէ վեր գայթ ի գայթ կը քալենք, ծանր հիւանդութիւններու ամոքիչ դեղեր կը գործածենք՝ ինքզինքնիս խաբելու համար, եւ չէ թէ հիմնական դարմաններ, եւ մեր ազգային կենաց պէս խառնիխուռն է եւ մեր գրականութիւնն, աննպատակ, առօրին, քմածին, ստէպ մութ այս նամականիին պէս: Եթէ մարդկային կեանքն ոմանց համար հանելուկ մ՚է, ազգայինները կոչում մ՚ունին աշխարհիս մէջ, որ ժամանակաց շրջանին մէջ կատարելու սահմանուած են եթէ շարժիչ գիտնան, եթէ մերինին պէս գրեթէ առեղծուած մը չդառնան:

Թող հայ օրէնսդիրներ օրէնքներ գրեն, բարձր գլուխներ թող վերէն թռին, թող երեւելի գիտուններ բնութիւնը վերլուծեն, նշանաւոր քաղաքագէտներ տէրութիւններ վարելու լափ ճարտար լինին, բայց ասոնք ամէնն ալ մեր ազգին համար երկրորդական կարեւորութիւն ունեցող բաներ կը դառնան՝ եթէ նոյն ազգին ներսը մտնելով՝ վէրքերն ու անմիջական պիտոյքը քննելով՝ պէտք եղած ազդու դարմաններ գործնապէս չմատակարարուին:

Սակայն այս դարմաններն, այս միջոցներն ո՞վ պիտի խորհի եւ գտնէ, ո՞վ պիտի շինէ վերջապէս նախ ազգին տունն: Այս տան բնիկը մինակ ընտանեաց, ընկերին եւ Աստուծոյ հետ գործ չունի, այլեւ այն մարմնոյն հետ, որ պետութիւն կը կոչուի: Ընկերութեան մէջ մարդս բազմապատիկ է եւ բազմադիմի յարաբերութեանց տէր էակ մը: Նախ՝ տուր անոր հաստատուն դիրք մը, ապահովէ զինքն, որ իր տան մէջ ազատ է, ըստ հաճոյս՝ աշխատութիւն մ՚ընտրելու եւ իր աշխատութեան պտուղը վայելելու, բայց անոր առջեւ այն ամէն հաղորդակցութեան միջոցներն, որ ընկերային աստիճանին մէջ զարգանալու հակամէտ եւ հետեւապէս զանազան պիտոյից ենթակայ մարդուն անհրաժեշտ են, ըսէ անոր որ օտար ոտք մ՚իր արտն ոտնակոխ չպիտի ընէ, յափշտակիչ ձեռք մը իր քրտանց արգասիքը չպիտի թալլէ, փորձով հասկցուր անոր, որ մարդս եւ իր կարողութեանց արտադրած բաները նուիրական հինելով՝ անոնց դէմ շարժողն արդարութեան սրով պիտի պատժուի, մէկ խօսքով ապահովցուր զինքն, որ իր աշխատութեան, պաշտաման, ամէն օրինաւոր շարժման մէջ ազատութեան եւ օրինաց առջեւ հաւասարութիւն վայելելու սահմանուած է, եւ անմիջապէս այս նիւթական երաշխաւորութեանց հետեւանքը պիտի լինի բարօրութիւն, որուն կը յաջորդեն մտային անդորրութիւն եւ հետեւապէս միտք եւ սիրտ մշակելու դիւրութիւններ:

Ահա այն ատեն առ այն մարդն, այս է Հայաստանի բնիկն, եւ անոր բարոյական տան հետ մտայինն ալ զարդարէ՝ միշտ իր վիճակին եւ ոգւոյն հանգամանաց միտ դնելով: Առանց այս նախնական պայմաններու մեր շինելիք շէնքն աւազի վրայ հիմ պիտի ունենան…:

 Վ.

Զմիւռին, 3 յունուար 1872

 

Կ. Պոլիս, 16 դեկտ. 1864

Ազգային երեւելի դէպքը սուրբ Երուսաղէմի Պատրիարքին Էջմիածնէն վերադարձն է: Արդէն քաջ գիտես, որ լոկ Երուսաղէմ բառը մարդկութեան եւ մասնաւորապէս հայութեան կենաց նկատմամբ հիանալի եւ ահռելի յիշատակներ կը յարուցանէ մեր մտքին մէջ:

Երուսաղէմ ծնաւ Աստուած մը, Երուսաղէմ դղրդեց բոլոր Եւրոպա, քանդեց նիւթապաշտութեան եւ մոլութեան արձանը, կանգնեց ազատութեան եւ լուսաւորութեան դրօշակն. Երուսաղէմ նորոգեց, կենդանացուց աշխարհիս թէ բարոյական, թէ ընկերական եւ թէ՛ քաղաքական դրութիւնն: Երուսաղէմ մեր օրովը կրօնիւ, լեզուաւ եւ քաղաքականութեամբ տարբեր մեծամեծ տէրութիւններ Սէվասթօբօլի ամբարտակին առջեւը միացուց եւ Եւրոպայի քաղաքական ապագան իբր թէ վճռեց: Ի վերջէ Երուսաղէմ վերածնաւ ազգային Սահմանադրութիւնն եւ կ՚երեւի թէ տակաւին շատ բաներ ունի ծնելիք: Մի՛ ժպտիր ուրեմն, երբ կ՚ըսեն թէ Քրիստոսի գերեզմանը լոյս կը ցոլանայ, հրաշքներ կը գործէ: Պատմութիւնը վկայ է այս սքանչելեաց: Ո՞վ չի գիտեր, որ եթէ Երուսաղէմի Պատրիարք մը դրսէն ընտրելու խնդիրը չյուզուէր, առջի Սահմանադրութիւնը գողունի ստացուածքի պէս պիտի գործածուէր, ո՜վ կ՚ուրանայ, որ՝ եթէ Սահակ եպիսկոպոս մը պատրիարքութեան աչք չունենար, Սահմանադրութիւնը մեծազօր տէրութենէն արդի փայլն եւ դրոշմը պիտի չստանար. ո՞վ կը պնդէ, թէ Երուսաղէմի խնդիրը հայոց հոգւոյն թելերը չսարսեց, անոր կենսական տարերքը չյուզեց, ազատութեան եւ յառաջադիմութեան շաւիղը մտնելու գրգռիչ չեղաւ: Բայց Սահմանադրութիւնը թերակատար է եղեր, բայց Երուսաղէմի պատրիարքը դարձեալ ներսէն ընտրուեր է եղեր, բայց սպասուած ծնունդը վիժեր է եղեր: Ուրեմն ի՞նչ օգուտ ունեցան այնչափ աղմուկ, փոթորիկ եւ արիւն քրտինք:

Ես ալ կը հարցընեմ, որ միթէ Սահմանադրութիւնը վերաքննելի եւ հետեւապէս կատարելագործելի չէ՞, միթէ կը կարծուի, թէ Եսայի եպիսկոպոսին Միաբանութենէ ընտրութեամբը յաւիտեան Պատրիարք ընտրելու արդի դրութիւնն անարատ՝ եւ հանրածանօթ նզովքն անխախտ կեցած է: Միթէ ճշմարտութիւն մ՚ապագային մէջ յաղթական կանգնեցնելու համար խաչ կրել մարդկային այժմեան իրերու կարգին մէջ չէ՞: Ամէն մարդ, որ քիչ մը խորհիլ գիտէ, ասոնց պատասխանը ինքնին կը գտնէ: Սակայն նամակիս գլխաւոր նիւթն այս չէ. ասի ժամանակին եւ պատմութեան կը պատկանի լուսաբանել.

Բուն խնդիրը սա է.- Եսայի վարդապետն եպիսկոպոս եղաւ դարձաւ, բնականապէս պիտի երթայ այսօրերս դէպ ի Երուսաղէմ եւ սուրբ Յակոբայ վանուց նոր կեանք պիտի տայ: Բնաւ, ամենեւին մի յուսար. կ՚իմանամ, որ Եսայի եպիսկոպոսը հակառակը կը պնդէ եւ շատ լաւ կ՚ընէ: Նա կ՚ըսէ եղեր. Իմ նախորդներս կ՚ըսէին. Եկաք հաստատել ուսումնարան, տպարան, թանգարան: Ես կ՚ըսեմ, չպիտի հաստատեմ ո՛չ ուսումնարան, ո՛չ թանգարան եւ ոչինչ: Թերեւս չխոստանար, որ կատարէ, բայց Սահմանադրութիւն կը հրամայէ, որ Երուսաղէմ ունենայ ուսումնարան, թանգարան, եւ այլն: Գրչի ծայրով դիւրին է այս բաներս հիմնել թղթի վրայ. բայց եթէ իրօք կ՚ուզուի ուսումնարան մ՚որ անբան միաբաններ բան ուսնին, թանգարան մ՚որ հին ու նոր դիրքեր պարունակէ եւ գլուխներու սնունդ տայ եւ ոչ ցեցերու, եթէ հարկ է տպարան մ՚որ ընտիր եւ օգտակար գրեան ի լոյս ընծայէ, այն ժամանակ ստակ ալ հարկ է: Արդ՝ սա միջոցիս վանքին գանձանակը ստակ մը, փուլ մի չկայ, մանաւանդ թէ պարտք կայ, ահագին պարտք, թէեւ քանի մը թռուցիկ եւ անետ գլուխներ կը կարծեն թէ հոն ոսկեհանք կայ, թէ ազգին վաստակը միաբանութեան կոկորդը կը թափի, թէ բիւրաւոր ուխտաւորներ մինակ դարպաս տալու կը դիմեն ի սուրբ գերեզման եւ մօրէ մերկ դուրս կ՚ելնեն, թէ իւրաքանչիւր միաբան մեն մի Ռոշիլտ դարձած է: Է՛հ, ցնորք են ասոնք: Գիտցիք, որ Երուսաղէմի գանձն աւեր ու տունը քանդ է. հազիւ չոր հացի կտոր մի չարքաշ եւ կորովի միաբանից բերանը կը մտնէ, վանքին եկամուտներն ասոր անոր քսակը կը հոսին, արդի տարեկան հասոյթն ոչինչ բան է, կալուածոցը տէրը չէ եւ հոգին բերանը կ՚գայ ազգային պատրիարքարանի տարեկան հարիւր քսան հազարի չափ ղուրուշի տուրքը, զոր չորս տարիէ ի վեր վճարած չունի, տալու համար:

Այս դրամական կիսամեռ վիճակին մէջ թող Սահմանադրութիւնը բան չունի նէ գոչէ, որ Երուսաղէմ ուսմամբ զարգանայ եւ ազգին յառաջադիմութեան աջակից գտնուի անհնարի՛ն բան:

Բարեկա՛մ, այսպիսի փաստերու առջեւ արձաններն անգամ կը լռեն, իսկ այն, որ գլխին մէջ քիչ մը ըղեղ ունի ու դէպի անցեալն ակնարկ մը կը նետէ. կրնայ գուշակել, որ հին Սահմանադրութեան եւ նախորդ վարչութեան դէմ ահաւոր թումբ մը կանգնելու եւ ազգը տակն ու վրայ ընելու խորհուրդն առանց ստակի չէր քալեր: Երուսաղէմի գանձը պարապ է եղեր, ո՞վ չհաւատար. զարմանալին այն է, որ վանքը տեղը կեցած է եւ ցաւալին, որ գանձին բաժանումն ապօրինաւոր կերպով եղած է: Ազգին շնորհածն ազգին դարձած է իրաւ, բայց չէ թէ ուսումնական վարդապետի, դիրքի եւ ուրիշ ազգօգուտ բաներու կերպարանքով, այլ դարձեալ զուտ ոսկիի դէմքով: Ընդհանրապէս կրօնականք այս մետաղին արժէքը գիտեն, զանի չեն նկատեր, չեն թաղեր իբր հարստութիւն, այլ իբր գործիք կը գործածեն… նպատակի մը համար: Սէյ գաղղիացի տնտեսագէտն ալ ասկէ աւելի չպահանջէր:

Բայց միթէ այսչափ սնանկութիւն եւ զոհ փոքր մխիթարութեան նշոյլ մ՚ալ չունի՞: Այո, ուրիշ գանձ մ՚ունի, որ շատ սուղ նըս-տաւ մեզի, այն է նորընտիր Պատրիարքն, որ ազգային յեղափոխութեան ծնունդն է, որ դառն յիշատակներ, աղէտալի պարագաներ պիտի մոռցընէ ազգին, եւ մանաւանդ Երուսաղէմի միաբանութեան դարաւոր թմրութեան աղտը պիտի սրբէ: Այս ալ ընելու համար կարծեմ թէ կանխիկ դրամ պէտք չէ. կամք, յարատեւութիւն եւ աշխատութիւն բաւական են, եւ այս յատկութիւններն Եսայի եպիսկոպոսին վրայ կը տեսնուին: Բաւական է, որ նա վանքին գանձուց ծակերը գոցէ, եկամտից աղբիւրները բանայ եւ թողու որ՝ ինչպէս ջրին աւազանն՝ անկորուստ լեցուի եւ հայութեան անջրդի դաշտն ոռոգելու գործածուի:

Ուրեմն Եսայի եպիսկոպոսը նոր թուական մը պիտի բանայ վանուց համար, եւ օրըստօրէ ազգին համարումը պիտի արդարացընէ: Մինակ կ՚ուզեմ դիտել որ Եսայի եպիսկոպոսն էապէս սուրբ Երուսաղէմի վանուց ցկեանս վանահայրն է, եւ իբր այն՝ վանուց, որ ազգինն է, մանաւանդ ներքին կարգադրութեան եւ Կանոնագրին գործադրութեան ուղղակի պատասխանատու Վարչութեան: Այժմ Սահմանադրութեան տրամադրութեանց համեմատ՝ կարող վանքերը նոր կոչում մ՚ունին, չէ թէ լոկ միաբաններ պահել, որ պահպանեն, աղօթեն եւ ննջեն, այլ ուսանին, գործեն եւ հովուեն: Իսկ միւս կողմէ Եսայի եպիսկոպոսն իբր Պատրիարք բոլոր հայոց պատկառանաց արժանի է, եւ թերեւս սրբազան տեղեաց Աթոռը հոգեւորապէս բարձր է, բայց քաղաքական նկատմամբ Կ. Պոլսոյ Ս. Պատրիարքի իրավասութիւնը բարձրագոյն է եւ միակ՝ որ Բ. Դռան առջեւ Թուրքիոյ հայոց ներկայիչն է եւ համարատու, որմէ կախում ունի իրօք Երուսաղէմի վանահայրն: Ուստի որչափ սերտ մնայ վանահայրը Ս. Պատրիարքին եւ կեդրոնական վարչութեան հետ, նոյնչափ ազդու կը լինի իր խօսքն եւ արդիւնաւոր իր աշխատանքը։

Բարեկամ, բայց ես միշտ կը մոռնամ, որ նամակ է գրածս եւ ոչ ճառ. նամակագրութիւնը խօսակցութեան մօտ բան մ՚է, որու մէջ ամէն խնդիր կը յուզուի առանց խորունկը մտնելու, իսկ ես Երուսաղէմի խնդրոյն վրայ ծանրացայ մնացի, թէեւ իրօք ծանր է խնդիրն ալ եւ կրնայ աւելի խօսք վերցընել, եւ այս ալ կենդանի լեզուի կարօտ է:

 

Կ. Պոլիս, 23 դեկտ. 1864.

 

Երուսաղէմի Պատրիարքը դեռեւս այս տեղ է եւ պիտի մնայ մինչեւ որ Բ. Դռնէն պատրիարքական պէրաթն ելնէ, մինչեւ որ ազգային Վարչութեան կողմէն Երուսաղէմի Կանոնագիրը շինուի: Առջինը զուտ պաշտօնական ձեւ մ՚է. երկրորդը Սահմանադրութեան մի էական պահանջում, մանաւանդ պատրիարքական պաշտաման մէկ կարեւոր կէտը:

Ըստ Սահմանադրութեան, ինչպէս որ դիտես, Կանոնագիրն առաջ եւ ապա Պատրիարքն, եթէ ներելի է ըսել, պիտի շինուէր, որպէսզի այս՝ անոր գործադրութեան հսկէ: Բայց աննիստ Ընդհանուր ժողով մը, թերեւս կը յիշես թէ՝ ինչ կերպով Պատրիարքն առաջ կարգել որոշեց եւ կանոնն ետքի ձգեց: Պատճա՞ռ, որպէսզի Աթոռն աւելի եւս թափուր չմնայ: Ասի սնոտի նկատում մ՚էր, իսկ այն կիսատ Ընդհանուր ժողովին կիսատ որոշումն ալ անսահմանադրական: Նորընտիր Պատրիարքն՝ առանց ձեռքը Կանոնագիր մ՚ունենալու՝ անգործ պիտի նստի, որով Աթոռին արդի վիճակը փոխուած չլինիր: Իսկ Ընդհանուր ժողովին դիւանն այն ատեն կտրուկ ճամբայ մը բռնել ուզեց, երբ տեսաւ որ երեսփոխանները մէկ տեղ գումարելու դժուարութիւն կայ: Հեռուէն գրով կարծիք հարցուց այս մասին, եւ կարծեմ յիսունի չափ ձայն գտնելուն պէս՝ նախապէս Պատրիարքն ընտրելու որոշում ըրաւ: Դիւանին այս ոսկեզօծ հատը ժողովուրդը կլլեց եւ իր այս անտարբերութեամբը դեռ շատ բաներ ունի կլլելիք…

Այս պարագան, որ արդէն մոռցուած՝ եւ կարելի է աննշան թուի, յիշելովս՝ միտքս Պատրիարքին ընտրութիւնն աւրել եւ Կանոնագիրն առաջ շինել ըսել չէ բնաւ, այլ ապօրինաւորութիւն մը նշաւակել, ապօրինաւորութիւն մ՚որ կրնայ ապագային մէջ նորանոր անպատեհութիւններ ծնիլ: Վասնզի եթէ այսօր կուսակցութեան պարագլուխ մ՚ելնէ ըսէ, - կ՚ուզեմ, որ Պատրիարքն աթոռէն իջնէ կամ Քաղաքական ժողովը հրաժեշտ տայ, հերիք է, որ կերպով մ՚երեսփոխաններէն յիսուն քուէ հաւքէ: Այս քուէներն Ընդհանուր ժողովին վճիռը կազմելու չափ ոյժ պիտի ունենան հարկաւ՝ վերագոյն յիշած օրինակիս համեմատ, եւ հետեւապէս Քաղաքական ժողովը պիտի լուծուի կամ անոր նախագահը գահավիժի։

Օրէն է, որ ընդհանուր ժողով մը մեծ մասամբ գումարուի, ներկայացած խնդրոյն վրայ խորհի, խօսի, վիճաբանի եւ յետոյ քուէ տայ եւ որոշէ: Եթէ մեր երեսփոխանները կանխաւ ազգային ամէն խնդիրներու տեղեակ՝ եւ իրենց կարծիքը մաղէ անցած, զտուած եւ լուսաւորուած լինէին, թերեւս ներելի լինէր նաեւ արտաքոյ կարգի պարագայի մէջ խնդրել, որ իւրաքանչիւր երեսփոխան իր նստած տեղէն կարծիքը կամ քուէն ղրկէ ո՛ւր որ անկ է, այն ատեն հարկ չէր լիներ նաեւ գաւառական երեսփոխանաց ներկայութիւնն այստեղ, եւ եթէ (Աստուած գիտէ երբ) ընտրուին, թերեւս հեռագրով բանակցին:

Բայց քանի որ փորձով գիտենք, որ մեր երեսփոխաններէն շատերը շատ նիւթերու վրայ կարծիք մ՚առանձին երկնելու կարողութիւն չունին, քանի որ ընդհանուր ժողովին մէջ մէկ քանի վարպետ գլուխներ եւ խօսուն լեզուներ կան որ ըստ քմաց ամէն բան կը մեկնեն եւ ստէպ իրենց համոզման ուրիշները համոզելու տաղանդն ու զօրութիւնն ունին, ի հարկէ պարտ է, որ երեսփոխանը իւրաքանչիւր խնդիր առանձինն ուսնելէն ետեւ՝ կանոնաւոր ատենի մէջ անոր վրայ ըստ կարի վիճին, որով Սահմանադրութեան պայմանը կատարելէն զատ՝ կարծեաց ընդհարումէն համոզում մը ստացած եւ ասոր վրայ օրինաւոր եւ հիմնական որոշում մ՚ըրած կը լինին:

Այլ Երուսաղէմի վանուց Կանոնագիրն, որով պիտի կառավարէ Պատրիարքը զմիաբանութիւնն, ո՞վ պիտի շինէ:

-Կեդրոնական վարչութեան խառն ժողովն, եւ պիտի վաւերէ զայն Ընդհանուրը: Կ՚իմանամ որ արդէն այս Կանոնագրին խմբագրութեան կը պարապին եւ վանորէից խորհուրդին, եթէ կայ, նոյնպէս Միաբանութեան կամ Պատրիարքին կարծիքը հարկաւ պիտի խնդրեն այս մասին:

Եթէ իմ կարծիքս հարցընող լինէր կամ եթէ ազգային Ժողովներու մէջ, որոց մէջ օտար եմ, ձայն ունենայի, պիտի առաջարկէի որ Կանոնագիրը չշինուած Երուսաղէմի վանքին բարոյական եւ նիւթական վիճակը քննուի, մեր վանական հաստատութեանը դրութիւնն եւ ոգին, որ բոլորովին տարբեր է եւրոպականէն, լաւ մը հասկցուի եւ ապա գործադրելի մի բան յօրինուի եւ ոչ մտածին կամ Մխիթարեան:

Ազգային վարչութիւնն, որ այժմ մութին կը գործէ եւ շատ ու շուտ կը գործէ, կ՚ըսեն, պէտք է որ յատուկ քննիչ մը ղրկէ ի Ս. Երուսաղէմ. քննիչ մ՚որ ասկէ առաջ լուսահոգի Յովհաննէս պատրիարքը հրաւիրելու, եւ սահմանադրապէս երեք պատրիարքցուներն ընտրել տալու համար ղրկուած հրաւիրակաց եւ քննիչին չնմանի, քննիչ մ՚որ ոչ տէր Հիւնքեար Պէյ եւ ոչ Գալուստ պատուելի լինի, որ ինքը չքննուի եւ չփորձուի, իմա չհրապուրուի, եւ ինքն աչ միաբան չդառնայ, քննիչ մ՚որ ազգին օգուտը սիրող, հմուտ, բանիբուն եւ ունեւոր մէկը լինի, որ վանքին ամէն հանգամանքն անաչառ եւ անհաշտ աչօք քննէ, որ միաբանից իլիկը ծլիկը զննէ, որ վանքին ելքն ու մուտքը, թէ սրբազան եւ թէ անսուրբ իրերը, նիւթական արդի կարողութիւնը հետազօտէ, հաշուէ եւ բոլոր այս կարեւոր կէտերուն վրայ զինքը ղրկողին տեղեկագիր մը տայ: Այս քննութիւնն ոչ միայն շինուելիք Կանոնագրին հիմ պիտի բռնուի, այլեւ նորընտիր Պատրիարքին առաջին քայլն եւ առաջին փափաքը պէտք է որ լինի, եթէ իրօք կը փափաքի ցոյց տալ ազգին ինչ որ է վանքին արդի վիճակը, զոր կ՚ողբայ, եւ ինչ որ պիտի լինի յուսադիր վիճակը, զոր կը խոստանայ ի հարկէ երբ Վարչութեան աջակցութիւնը ստանայ: Այս աջակցութեան առաջին փորձը պիտի լինի առաջարկած քննութիւնս. քննութիւն մի, զոր Սահմանադրութիւնն իսկ կը պահանջէ:

 

Արդ՝ քանի որ Վարչութիւնն անոր ուժովն իրաւունք ստացած է հաշիւ պահանջել Միաբանութենէ երբ որ կամի, տրուելիք հաշուին օրինաւորութիւնն եւ ճշտութիւնն ինչպէս կարող պիտի լինի վաւերել երբ վանքին ներսը դուրսն, ելածն ու մտածն ի մօտոյ քննած չլինի կանխաւ:

Այս յառաջարկութիւնս իմս չէ, արդէն շատերն ըրած են, եւ հիմակ եւս ընող կայ. այժմ այս ընողը չքարկոծուիր, անհաւատ չկոչուիր, վանքին գանձն, որ արդէն պարապ է, թալլել տալու ամբաստանութեամբ չհալածուիր, պապա բառն իբր ճիւաղ աչքին չերեւիր: Վասնզի այժմ սուրբ Յակոբայ վանքը Սահմանադրութեան առջեւ անառիկ եւ անհպելի դղեակ մը չէ, վասն զի այժմ վանահայրն Եսայի եպիսկոպոսն է, որուն խորհրդովը Վարչութեան կը պատկանի հիմնովին մաղել, շաղել, սրբել Միաբանութիւնը, վերականգնել տաճարն, անոր իրաւունքները ձեռք բերել եւ այնպիսի Կանոնագիր մը շինել, որ Սահմանադրութեան համաձայն եւ վանուց վիճակին յարմար եւ արդիւնաւոր լինի:

 

Յ. Գ. Երուսաղէմի փոխանորդ Սահակ եպիսկոպոսը պատահմամբ մը տեսայ, գունատ, նիհար եւ աչացը լոյսը մարեր էր, անպատում վշտով մը ճակատը խորշոմեր էր: Ո՜հ, մեծ մարդ, այս վիճակին մէջ պիտի տեսնէի քեզ: Առջի իրիկուն ալ անոր վրայ երազ մը տեսեր էի, զոր պիտի պատմէի անոր եթէ հետը մտերմութիւն ունենայի: Կ՚երազէի որ Սահակ եպիսկոպոսը մեծահատոր գիրք մը կ՚յօրինէ, որուն նպատակը պիտի լինի ապացուցանել թէ՝ Ազգը սխալած է Երուսաղէմի պատրիարքի ընտրութեան մասին, եւ թէ ինքն այս պաշտօնին նախասահմանուած էր ի վերուստ: Այս գիրքն Եսայի եպիսկոպոսին կը նուիրէ: Եսայի եպիսկոպոսը նուէրը սիրով կ՚ընդունի եւ փոխարէն անոր ձեռքը գիր մը կ՚տայ: Սահակ եպիսկոպոսը գիրը կը բանայ եւ կը կարդայ սա խօսքն. — Ազգին ձայնը Նախախնամութեան ձայնն է որ զիս կոչեց: Տո՛ւր փոխանորդութեանդ ՓՈՔՐԻԿ հաշիւն եւ ճանբայ ելիր:

Եթէ երազագիտութիւն ունիս՝ մեկնէ այս երազս խնդրեմ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019